Փրոֆ. Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան. Հայագիտութեան Բազմավաստակ Ու Մեծարժէք Երախտաւորը
Հայագիտական մեծարժէք ժառանգութեան տէր՝ բազմավաստակ հեղինակութիւն է Փրոֆ. Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան (1896-1989), որուն ծննդեան 120-ամեակը կը նշուի Սեպտեմբերի 5-ին:
Բանասէր ու պատմաբան, յատկապէս բիւզանդագիտութեան եւ հայկական մանրանը-կարչութեան խորիմաց հետազօտող՝ Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան գիտական իր ամբողջ ճանաչողութիւնը, կորովն ու աշխատանքը նուիրաբերեց հայ ժողովուրդի ուրոյն եւ հարուստ մշակոյթն ու արուեստը աշխարհին ծանօթացնելու՝ գիտական համակողմանի արժեւորման լոյսին բերելու ծառայութեան:
Ինչպէս որ մեծարժէք հայագէտին նուիրուած հանրագիտական իր անդրադարձին մէջ ամերիկեան «Արուեստի պատմաբաններու բառարան»ը կ՚ընդգծէ, «Տէր-Ներսէսեանի ակադեմականութիւնը կը յատկանշուի ընդհանուր պատմութիւնն ու արուեստի պատմութիւնը իրարու զօդելու ընդունակութեամբ: Անոր «Հայաստան եւ Բիւզանդական կայսրութիւնը» (1954) գործը կը սկսի ամբողջապէս պատմագիտական գլուխներով: Ան նաեւ հրատարակեց պատմութեան ամբողջական գիրք մը՝ «Հայերը» (1969): Թէեւ անոր գործը կեդրոնացաւ ընդհանուր առմամբ բիւզանդական դարաշրջանին վրայ, այդուհանդերձ, անոր նուիրումը յատկապէս հայկական արուեստին անձնա-դըրոշմ էր ու մտաւորական: Ան կը հակադ-րըւի իր նախորդին՝ Ժոզէֆ Սթրզայկովսքիին՝ համաձայն չըլլալով ժանրի ընդհանրացումին կամ չափազանցութեան երթալուն (Կարսոյեան)»…
Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան ծնած է 1896-ի Սեպտեմբերի 5-ին, Պոլիս, Միհրան Տէր-Ներսէսեանի եւ Ագապի Օրմանեանի ընտանեկան յարկին տակ: Կանուխ տարիքէն զրկը-ւած է ծնողներէն: Անոր դաստիարակութեան եւ կրթութեան գործը ստանձնած են մօրաքոյրը՝ Եւգինէ Օրմանեան եւ մօրեղբայրը՝ Պոլսոյ պատրիարք, պատմաբան, բանասէր, աստուածաբան Մաղաքիա Օրմանեան:
Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան աւարտած է Պոլսոյ Էսաեան վարժարանը, ապա՝ անգլիական Հայսքուլը (բարձրագոյն դպրոց): 1915-ին գացած է Պուլկարիա, ապա՝ Զուիցերիա: 1917-1919 թուականներուն ան ուսանած է Ժընեւի համալսարանի գրականութեան բաժնին մէջ: 1919-ին տեղափոխուած է Փարիզ, ուր Սորպոնի համալսարանին մէջ աշակերտած է բիւզանդագէտներ Շ. Գիլին, Գ. Միլէյին, ռոմանական եւ գոթական արուեստներու պատմաբան Հ. Ֆոսիյոնին: 1922-ին Փարիզի Բարձրագոյն ուսումնասիրութեանց դպրոցին մէջ եղած է Գ. Միլէյի օգնականը:
1930-1931 թուականներուն Սիրարփի Տէր-Ներսէսեանը եղած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Մասաչուսեց նահանգի Ուելեսլիի գոլէճի արուեստի պատմութեան դասախօս, 1937-1947 թուականներուն՝ նոյն գոլէճի արուեստի բաժնի եւ Ֆարնսվորթ թանգարանի տնօրէն: 1946 թուականին Հարուըր-տի համալսարանի Տումպարթըն Օքս գիտահետազօտական հաստատութեան մէջ արժանացած է բիւզանդական արուեստի փրոֆեսէօրի կոչման, իսկ 1963 թուականէն՝ վաստակաւոր փրոֆեսէօրի տիտղոսին:
1963-ին Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան հան-գըստեան կոչուեցաւ եւ վերադարձաւ Փարիզ: Այնուհետեւ դասախօսութիւններով հանդէս եկաւ եւրոպական բազում համալը-սարաններու մէջ: 1973 թուականին ի մի բերաւ գիտական իր տարբեր աշխատասիրութիւնները եւ հրատարակեց «Բիւզանդիոնը եւ հայկական ուսումնասիրութիւնները» խորագրով:
Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան մահացաւ 1989-ի Յունիս 7-ին եւ թաղուեցաւՎիրոֆլէյի գերեզմանատան մէջ, Ֆրանսա: Մեծ հայագէտին անձնական գրադարանը նուիրուեցաւ Երեւանի Մատենադարանին: Յետմահու, անոր «Մանրանկարչութիւնը Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան մէջ, տասներկրորդէն տասնչորրորդ դար» գործը 1993-ին արժանացաւ Տումպարթըն Օքս մատենաշար թիւ 31-ի հրատարակութեան: Իսկ Ֆրանսայի մէջ, ի պատիւ մեծ հայագէտին, հայ-բիւզանդական մանրանկարչութեան Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան հիմնադրամ հաստատուեցաւ Էնսթիթիւ տը Ռըշերշի մէջ:
Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան թղթակից անդամ էր Ֆրանսայի Արձանագրութեանց ու գեղարուեստական գրականութեան ակադեմիային, Ֆրանսայի Հնագէտներու ազգագրական միութեան, Բրիտանական ակադեմիային: Արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու եւ պարգեւներու, այդ շարքին՝ Անգլիոյ Հնագէտներու միութեան ոսկէ շքանշանին (1960), Ֆրանսայի Արձանագրութեանց ու գեղարուեստական գրականութեան ակադեմիայի Շլիւմպէր-Ժէի անուան (1963), Հայաստանի Անանիա Շիրակացիի անուան (1981) մրցանակներուն: Ան գիտական զեկուցումներով հանդէս եկած է միջազգային տարբեր գիտաժողովներու մէջ, ինչպէս՝ արեւելագէտներու Մոսկուայի համագումարը (1960) եւ պատմաբաններու սովետաֆրանսական գիտաժողովը (Երեւան, 1969):
Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան հեղինակ է շուրջ 140 մենագրութեանց եւ յօդուածներու՝ ֆրանսերէն, անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով:
Լոյս ընծայած է «Բարեղամի եւ Հովասափի վէպի նկարազարդումը» (1938, ֆրանսերէն) բիւզանդագիտական ուսումնասիրութիւնը, որուն համար արժանացած է ֆրանսական Գրականութեան եւ պատմութեան ակադեմիայի մրցանակին, ապա՝ «12, 13, 14 դարերու հայկական նկարազարդ ձեռագրերը Վենետիկի Մխիթարեան հայրերու գրադարանին մէջ» երկը (ֆրանսերէն), որուն համար արժանացած է Փարիզի Յունական ուսումնասիրութիւններու միութեան մրցանակին, այնուհետեւ՝ «Հայաստանը եւ Բիւզանդական կայսրութիւնը» (1945, անգլերէն), որուն համար ստացած է Զօրավար Պրեմոն մրցանակը:
Հրատարակած է նաեւ «Չեսթէր Պիթի գրադարան. հայկական ձեռագրերու ցուցակ՝ հայ արուեստի պատմութեան ներածականով» (1958), «Աղթամար, Ս. Խաչ եկեղեցի» (1965), «Հայկական ձեռագրերը Ֆրիր արուեստի պատկերասրահին մէջ» (1963), «Հայկական ձեռագրերը Ուոլթերսի արուեստի պատկերասրահին մէջ» (1973, բոլորը անգլերէն) աշխատութիւնները:
Սիրարփի Տէր-Ներսէսեանի երկու կարեւոր յօդուածները, գրուած՝ 1944-45-ին («7-րդ դարու երկ մը՝ նուիրուած պատկերներու պաշտպանութեանը») եւ 1946-ին («7-րդ դարու հայկական մանրանկարչութիւնը եւ Էջմիածնի Աւետարանի մանրանկարները»), հակառակ մինչ այդ ընդունուած տեսակէտին, կ՚ապացուցանեն, որ հայերը առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդներէն են, որոնք ունեցած են որմնանկարչութիւն: Տէր Ներսէսեան 1933 եւ 1964 թուականներուն «Էջմիածնի Աւետարանի» սկզբնաւորման (989 թ.) եւ աւարտման (7-րդ դար) մանրանկարներու օրինակով բացայայտեց այն, որ հայերը 7-10-րդ դարերուն ունեցած են ինքնատիպ բարձրարուեստ մանրանկարչութիւն:
Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ