«Դա Իմը Չէր…»
Հայաստան-սփիւռք վեցերորդ համաժողովի աշխատանքները աւարտելէ ետք ուզեցի դարձեալ այցելել Հայաստանի պատմական որոշ վայրեր: Տեսած էի Գառնին, Գեղարդը եւ Խոր Վիրապը, բայց բնականաբար կ՚արժէր զանոնք նորէն տեսնել: Վերջապէս, չէ՞ որ իմն է, մերն է, Հայաստանն է: Եւ նորէն այցելելն ու տեսնելը կ՚աւելցնէ ջերմութիւնը եւ հպարտութիւնը հայուն՝ իր քաղաքակրթութեան նկատմամբ, ինչ որ անհրաժեշտ գրաւական է ապրելու եւ երբեք՝ ձանձրացուցիչ:
Ջիւանը մեր վարորդն է: Միջին տարիքի հայաստանցի հայը, որ կ՚ապրի Երեւան: Ան իր ու ընտանիքին ապրուստը կը հոգայ զբօսաշրջիկներ պտտցնելով Հայաստանի տարբեր վայրեր: Կը հանդիպի բազմաթիւ մարդոց՝ հայ թէ օտար, եւ այս իմաստով վարժուած է ըլլալ համբերող: «Մարդիկ տարբեր բնաւորութեան տէր են,- կ՚ըսէ Ջիւան,- պէտք է համբերել: Կ՚ըլլան պարագաներ, երբ մարդիկ կ՚ուզեն անցընել իրենց այցելութիւնները քիչ մը սանձարձակ, առանց հաշուի առնելու սահմանուած ժամը: Մեր երկիրն է, որ ցոյց կու տամ, եւ անոր համար կ՚արժէ ամէն համբերութիւն»:
Ջիւանը միշտ չէ, որ կը զրուցէր, հաւանաբար՝ նկատի առնելով այցելուն եւ յարգելով անոր տրամադրութիւնները: Բայց ան ունի իր պատմութիւնը, եւ ես ուզեցի իմանալ ատիկա:
Ջիւան ամուսնացած է եւ ունի երկու դուստր: Հայաստանի մէջ ընտանիքին ապրուստ ճարելը եղած է դժուար, ուստի ընտանիքը տարած է Ռուսաստան՝ աշխատելու եւ անոնց ապահովելու բարօր կեանք: Իսկ աշխատանքային վայրը եղած է Ռուսաստանի հարաւային մասին շատ հեռաւոր շրջաներէն մին: Ռուսաստանի մէջ է, որ ան բախտաւորուած է իր երկրորդ զաւակով: «Հագուստի գործ կ՚ընէի»,- Ջիւանն է խօսողը: Եկամուտը լաւ էր: Երեւի ինք, ընտանիքը եւ պարագաները բոլորը միասին ձեռնարկած էին այս աշխատանքին: Բայց այս բարւոք վիճակը երեւի չէր գոհացներ Ջիւանը: Ան ունէր տխրութիւն մը իր սրտին ու հոգիին մէջ: Ռուսաստանի շնորհած կեանքին ու ընտանեկան ապահովութեան մէջ կար պակասաւոր իրականութիւն մը, որ Ջիւանը դարձուցած էր տխուր…:
«Դա իմը չէր», ըսաւ Ջիւան: Եթէ կար նիւթական ապահովութիւնը, որուն միջոցով կ՚ապրեցնէր իր ընտանիքը, բայց նաեւ առկայ էր տխրութիւնը, երբ կը զգար, թէ այդ ամբողջ ունեցածը «իրը չէր», իր երկիրը ու հողը չէին… Այս կացութեան մէջ կը զգար նաեւ, որ «իրենինին» մէջ ապրիլը տարբեր էր եւ ամբողջական: Ուստի Ջիւանն ու իր ընտանիքը վերադարձած են Երեւան:
Բայց ուզեցի իմանալ Ջիւանին ներկայ կեանքին մասին: «Իսկ հիմա ինչպէ՞ս է կեանքդ Հայաստանի մէջ», հարցուցի:
Ջիւան անկեղծ էր: Ան յստակացուց, որ Հայաստանի մէջ իր եկամուտը աւելի նուազ էր, քան ինչ որ կը վաստկէր Ռուսաստանի մէջ: Բայց ան հաշտուած էր այս իրականութեան հետ: «Քիչ լինի, թող Հայաստանի՝ իմինին մէջ լինի», ըսաւ ան՝ միշտ պահելով իր գոհունակ ժպիտը, որուն մէջ կրնայիր տեսնել իր հաշտ ու համոզուած հոգին: Հոգին, ուր նաեւ կ՚արտացոլար ուրախութիւնը «իրենինին» մէջ ըլլալու եւ ապրելու գիտակցութեան:
Հայաստան-սփիւռք վեցերորդ համաժողովը լաւ կազմակերպուած էր, եւ օրակարգի վրայ շատ էին համահայկական մեր հիմնահարցերը՝ Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքեան տեսադաշտերու մէջէն: Եւ երեք օրերու վրայ երկարած համաժողովը դարձաւ «հեւք» մը իւրաքանչիւր մասնակից հայու համար, միասնաբար ապրեցանք մեր շատ մը հիմնախնդիրները՝ Հայաստանի զարգացման եւ պաշտպանութեան քաղաքականութեան առանձնայատկութիւնները, արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ եւ հայապահպանումի մարտահրաւէրներ: Բայց նաեւ անհրաժեշտ էր այդ բոլորը վեր առնել իբրեւ մէկ ամբողջութիւն ու իւրաքանչիւր ուղղութիւն տարանջատել իր տարբեր ոլորտներուն մէջէն, նաեւ՝ տեսադաշտերը քննարկել, լուծումներ առաջարկել ու անոնց իրականացման աշխատանքի ձեռնարկել:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը համաժողովի առաջին լիագումար նիստին ըրաւ համահայկական մեր կեանքին այժմէական մէկ ախտաճանաչումը: «Սփիւռքը կը մաշի եւ Հայաստանը կը պարպուի», ըսաւ ան: Անոր այս մատնանշումը սոսկ քննադատութեան համար չէր, այլ զգաստութեան կոչ էր՝ ուղղ-ւած բոլոր հայերուն, համաժողովին մասնակից կամ ոչ: Եւ անհրաժեշտութիւնը՝ հայուն համար ըլլալ զգոյշ եւ արթուն տիրող համընդհանուր մթնոլորտին ու պայմաններուն, սփիւռքեան թէ հայրենի իրականութիւններու մէջէն հաւասարապէս, ու անոնց համար:
Համաժողովի փակման լիագումար նիստին Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց նաեւ կարեւոր մարտահրաւէր մը: «Ժողովը այսօր չվերջացաւ, այլ նոր սկսաւ», ըսան ան: Իսկ «նոր սկսիլը» գործին հաւատալու եւ անոր կառչելու անհրաժեշտութիւնն է: Նախարարին գործունէութիւնը՝ տարիներու վրայ երկարած, ցոյց կու տար, թէ ան աշխատասէր ղեկավարն է, որ կը հաւատայ հայու կեանքի շարունակականութեան անհրաժեշտութեան, իսկ այդ գրաւականին համար ան միշտ պատրաստ է հայուն այս կեանքին համար «դրական ուժ» սրսկել: Ուժը, որ հայուն համահայկական կեանքերուն պիտի տայ նոր սլացքներ կերտելու տեսլականը: Եւ այս տեսլականներով կեանքեր կերտելու զգաստութեան համար էր, որ Հրանոյշ Յակոբեան ժողովը չաւարտեց, այլ տուաւ անոր «նոր սկիզբ…» անունը:
Բայց այս երկու «զգաստութիւններուն» միջեւ կարծէք կար զիրար կապող նախաձեռնութիւն: Եւ այդ Ծիծեռնակաբերդ տրուած այցելութիւնն էր եւ նոր ծառ մը տնկելու իրականութիւնը: Եթէ պահ մը «յիշեցինք» անցեալը եւ մեր նահատակները, բայց նաեւ «պահանջեցինք» նորը: Եւ նորը եղաւ մեր հաւաքական ու միասնական «աշխատանքով», ուր մէկ կողմէ կային հայուն միտքերն ու գրիչները, բայց նաեւ՝ բահերն ու բրիչները… Պարզապէս՝ հաւաքական գործը, երբ բոլորս միասին նոր ծառ մը եւս աւելցուցինք հայրենի հողին մէջ: Եւ այս նորին մէջէն եւ նոյնինքն հայրենի հողին կապ-ւելով է, որ հայը պիտի շարունակէ ապրիլ:
Ու՝ դարձեալ Ջիւանը: Ան այսօր կը հաւատայ «իր» հողին՝ իմա՛ Հայստանին պատկանելիութեան: Եթէ ան կ՚ապրի «քիչով», բայց կ՚ապրի գոհունակ եւ վճռական, որովհետեւ որոշած է «չմաշիլ» եւ «չպարպուիլ»…
Եւ ասիկա այսօրուան հայուն գլխաւոր հրամայականն է՝ թէ անհրաժեշտ է պահել «իմը»՝ «մերը», հայրենիքը՝ իմա՛ հայն ու հայուն ինքնութիւնը եւ անոր համահայկական կեանքը:
Եւ հայուն այս ամբողջական կեանքը կը պահուի գործով: Հոն, ուր «նորը» անընդհատ կը սրսկուի, որպէսզի նոյնինքն այս հայուն կեանքը «չմաշի» եւ նաեւ կը շին-ւի, որպէսզի «չպարպուի»: Եւ հոն ու այդպէս է, որ կ՚ապահովուի հայուն կեանքին շարունակականութիւնը:
«Դա իմը չէր…»: Քանի հայուն փնտռածը՝ «իմը», նոյնինքն իր հայուն շարունակական կեանքն է:
Եթէ Ջիւանին փնտռածը կեանքն է, բայց նաեւ՝ իմս եւ իւրաքանչիւր հայունը: Կեանքը, որ եթէ նոյնիսկ հայը պիտի ապրի «քիչով», բայց պիտի ապրի գոհունակութեամբ եւ հպարտութեամբ:
Եւ այս հայուն ամբողջական կեանքն է, զոր պիտի պահենք եւ շարունակենք:
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ