ԻՆՔՆԱԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Կը բնակիմ Քարական քաղաքի Տիմարիօ փողոցին վրայ։ Ծնունդէս ի վեր։

Ծնած եմ 1935 թուականին։ Նախորդ կեանքիս մէջ, կ՚ըսեն, թուղթի վրայ էի՝ գծագիր։ Այդ չեմ յիշեր թէեւ, բայց այսօրուայ վիճակս այդ յետագծով կը բացատրեմ ես ինծի։ Ճակատագիրս ըլլայ կարծես...

Մնացած ամէն ինչը, ծնունդէս ի վեր, շատ լաւ կը յիշեմ։

Նախ բացուող, փորուող, խորացող փոս էի։ Ամէն մէկ քայլս աւելի մութ էր, աւելի խոնաւ, աւելի ցուրտ։ Գիտէի, որ բնական էր այդ ամէն ինչը. ցաւ, աղմուկ, պատռում... երկունքն էր որ կար։

Յետոյ կազմաւորումն էր։ Դանդաղ, նոյնքան ցաւոտ, բայց յուսատու։ Ու մարդիկ էին, որ կը վխտային շուրջ բոլորս, մասնակցելով երազիս՝ կայանալ, կայանալ, կայանա՜լ...։ Եւ ինչքան կ՚անցնէին շաբաթները, այնքան կը մօտենայի լոյսին, այնքան նկատելի, նոյնիսկ զգալի կը դառնային ջերմ շողերն արեւուն։

Քանի մը ամիս վերջ՝ ոսկորներ ու կմախք էի արդէն։ Աճած էի, կազմաւորուած, ու տկլոր կանգնած արեւին։ Հասակ էր, որ կը նետէի, եւ բարձունքիս հետ տեսադաշտ էր, որ կը բացուէր։ Դիմացս շարուած՝ եղբայրներ ու քոյրեր։ Մի քանին թիկնեղ, մի քանին լայնոտ, մի քանին կարճ, մի քանին հսկայ։

Արագ անցաւ մանկութիւնս, շատ արագ։ Աչքս գոցած-բացած՝ քոյր-եղբայրներէս մէկ մասէն խոշոր էի արդէն։ Ազատ տեսարան էր դէմս. բլուրներ, ծառեր, երկի՛նք վերջապէս։ Անմեղ-անհոգ մանկութիւնս սակայն, անցեալ դարձաւ օր մըն ալ։ Հագած, կապած, զարդարած էին զիս, եւ պատրաստ էի (որոշած էին) շահագործման։ Պատրաստ էի ծառայելու մարդոց ու շուկային...

Եւ անթիւ անհամար մարդոց հետ ամէնօրեայ յարաբերումն էր, որ սկսաւ։ Ազատօրէն արեւին նայելու, քամին մարմնիս վրայ ընդունելու, փայլքովս հպարտանալու ժամանակները ոչ եւս էին արդէն։ Շուկան էր, որ, չեմ գիտեր ինչպէ՞ս, չեմ գիտեր ե՞րբ, չեմ գիտեր որո՞ւ թոյլտուութեամբ՝ եկած մտած էր ինձմէ ներս, գրաւած էր կարծես զիս, եւ գոյք էի դարձեր։ Շատ ժամանակ պէտք չեղաւ, որ նախկին անպէտք վիճակիս թախծոտ կարօտով կը նայէի։ Ու մաշում, կքում, աղտոտում ամէն օր, մինչեւ... կրկին անպիտանութիւն։

Հիմա անպէտք եմ դարձեալ՝ խարխլած ծերունի։ Բայց տարբեր անպէտք ըլլալ մըն է այս մէկը։ Անհորիզոն, անյոյս, եւ տեսակ մը լքեալ։ Լքեալ ոչ միայն մարդոց կողմէ - զանոնք արդէն չե՛մ իսկ փնտռեր - այլ կեանքին, որ ինծի տուեր էին... ինչո՞ւ, ո՞ր իրաւունքով, ո՞ր որոշմամբ։

Կեանքին, որ տուին, եւ որ հիմա ետ առնել կ՚ուզեն։ Կը մնաս, կ՚ըսեն, որպէս գծագիր։

«Ներէ մեզի»…

ԵՐԱՄ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2019