ՏԻրան, Փետուրի Տ՚Արթանիանը

Անոր աղջկան՝ Սիլվիա Աճեմեանին մղումով եւ հոգատարութեամբ, կը հրատարակուի գիրք մը՝ նուիրուած քաղաքական ծաղրանկարիչին: Անկասկած, Տիրան եղած է ժողովրդավարութեան ամենէն սուր եւ զուարճալի հրացանակիրներէն մին:

Փիէռ Սատիքէն եւ Սթաւրոյէն առաջ, Տիրան (1904-1991)՝ քաղաքական աշխարհի թունաւոր քննադատ, պատմած է կծու սրամտութեամբ ժամանակակից Լիբանանի պատմութիւնը, յատկապէս՝ պատերազմէն առաջ, Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերը՝ մինչեւ անկախութիւն, անցնելով ֆրանսական հոգատարութենէն: Ան իր երկար ասպարէզին ընթացքին ունեցած է աւելի քան 60 հրատարակութիւններ (ֆրանսերէն, արաբերէն եւ հայերէն), եւ պէտք չէ մոռնալ, որ ստեղծած է Ղանթուսի, Ապու Թաննուսի եւ Քաջ Նազարի կերպարները: Խիզախ եւ ճարպիկ լիբանանեան խոր-հըրդանշական կերպարներ, որոնց խօսքերն ու հակազդեցութիւնները յառաջացուցած են բազմաթիւ ժպիտներ եւ խնդուքներ:

«Ծաղրանկարիչ կը ծնինք, չենք դառնար»: Այս պիտակին տակ կը գտնուին այս ինքնուսին, թատրոնով խանդավառին անհամար նկարները: Ան լաւ կը տիրապետէր գերմաներէնի, որովհետեւ մանկութեան գերմանական դպրոց կը յաճախէր: 197 էջերէ բաղկացած գիրքը, որ կը կոչուի «Տիրան. ծաղրանկարիչ», հրատարակուեցաւ իր ծննդեան 113-րդ ամեակին Շմելի եւ Շըմելիի տպարանին կողմէ եւ խմբագրուեցաւ անոր աղջկան՝ Սիլվիա Աճեմեանին կողմէ:

Ծնած է Հալէպ, 1904-ին: Տակաւին պատանի՝ կը գծէ «Կաւռօշ» հեղինակաւոր երգիծական շաբաթաթերթին մէջ: 22 տարեկանին կը հաստատուի Լիբանան եւ մեծ մուտք կը գործէ լրագրութեան ասպարէզ եւ կը համագործակցի «Լ՚Օրիան»ի, «Լը Ժուր»ի, «Լա Ռեւիւ Լիպան», «Ազդակ», «Այգ», «Նահար», «Սայյատ», «Տապպուր»… հետ։

ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿՐԾՈՂ

Եռալեզու ծաղրանկարները թիրախ կը դարձնէին բոլոր շերտերու մտաւորականները եւ մարդիկը, եւ ան կ՚արծարծէր հասարակական-քաղաքական նիւթեր, որոնք ոչ ոք անտարբեր կը ձգէին: Հանրածանօթ անձնաւորութիւններու կրծողն էր, ինչպէս՝ Քամալ Ժոմպլաթի, Ապտալլա Եաֆիի, Պըշարա Խուրիի, Քամիլ Շամունի, Շարլ Հըլուի, Ֆուատ Շեհապի, Սլէյման Ֆրան-ժիէի, Մաժիտ Արսլանի, Ռեմոն Էտտէի, Սապրի Համատէի…

Արուեստագէտներուն բարեկամ՝ ան կը ձգէ ճշմարտութեան վառ պատկերներ, Ուիլիըմ Սարոյեանի, գեղանկարիչներ՝ Մաթիուի, Փոլ Կիրակոսեանի եւ Տիգրան Տատերեանի եւ ուրիշներու: Քաղաքական, մշակութային եւ աշխարհիկ միջավայրը իր կախարդանքին տակն էր: Բայց ասիկա չի նշանակեր, որ ան չէ անցած տեղական սահմանները՝ հասնելու Նասըրին, Ռուզվելթին, Չըրչըլին, Նիքսընին, տը Կոլին եւ Փոմփիտուին…

Հազարաւոր նկարներու ընդմէջէն դժուարութեամբ ընտրուեցան 250 կտորներ՝ կազմելու համար այս գիրքը: Անոր աղջիկը՝ Սիլվիան կ՚ըսէ, որ կը գծէր ամէն վայրկեան, ամէն տեղ եւ ամէն ինչի վրայ, որ ձեռքը կ՚անցնէր:

ԿՐԱԿՈՂ ԱՐՈՒԵՍՏԸ

Գիրք մը՝ խմբագրուած սրտով եւ նրբագեղութեամբ: Սիլվիա Աճեմեան՝ Սըրսոք թանգարանի նախկին օգնական խնամակալ, այստեղ կը մեծարէ Սաատ Քիուանը՝ իբրեւ «գրող, թարգմանիչ, graphic designer, տպագրական գաղափարներու հետազօտող… ցոյց տալու համար, որ ծաղրանկարչութիւնը փոքր արուեստ մը չէ»:

Վստահաբար ոչ փոքր, այլ՝ կրակող արուեստ, խիղճեր շարժող:

«Շարլի Հեպտօ»ի եւ այլ զոհուած ծաղրանկարիչներու օրինակները տեսանք վերջերս:

Բառերը, վկայութիւնները եւ վերլուծումները վստահաբար կը լուսաւորեն, բայց կեդրոնացումը գծուած գործին վրայ է: Սրամտութիւն, նրբութիւն, դիտարկութիւն, ճկունութեան, ազատութիւն եւ յատկանիշներու հմտութիւն: Խօսելու մարդկային բնոյթի եւ հետեւող կատակերգութեան մասին:

Գիրք մը, որ բարեացակամութեամբ կը ներառէ հեգնանք, ծաղրանք եւ որոշակի համեմունքներ՝ պատշաճութեամբ չափուած, Լիբանանի պատմութեան մասին:

«Տիրան. ծաղրանկարիչ (1904-1991)» գիրքին մակագրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 4 նոյեմբեր 2017-ին, «Պիէլ»ի մէջ տեղի ունենալիք Գիրքերու ցուցահանդէսին ընթացքին, ժամը 5:00-ին, «Գրատուն Անթուան»ի տաղաւարին մէջ:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 4, 2017