ԱՍԻԱՆ ԹՐԱՄՓԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻՆ. ԻՆՉՊԷ՞Ս ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆԸ ԿԸ ԶԻՋԻ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻՆ

Միայն տարուան մը ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ փոխած է Միացեալ Նահանգներուն Ասիոյ նայելու ձեւը:

2017-ին ամերիկեան ուժի հիմնաքարերը Ասիոյ, Ճաբոնի, Աւստրալիոյ եւ Հարաւային Քորէայի մէջ աւելի նուազ կը վստահին իրենց երկարամեայ մտերիմ դաշնակիցին եւ պաշտպանին:

Ո՛չ զինուորական խարիսխները վերցուեցան, ո՛չ դեսպանատուները փակուեցան, բայց ամերիկեան նախագահութեան կողմէ արտայայտուած հետաքրքրութեան նուազումը, կեդրոնանալով «Առաջ Ամերիկան» սկզբունքին վրայ, խորապէս ցնցած է իր կարգավիճակը տարածաշրջանին մէջ:

«Այս օրերուն, երբ կը մասնակցկինք միջազգային վեհաժողովներու (Ասիոյ մասին), ոչ ոք իսկապէս կը խօսի Միացեալ Նահանգներու մասին… քիչ մը տարօրինակ է», «Սի.Էն.Էն.»ին ըսած է համալսարանի դասախօս մը:

Միացեալ Նահանգներու՝ տարածքաշրջանին հանդէպ յանձնառութեան անորոշութիւնը տեղական ղեկավարները մղած է իրենց միջեւ կապերը զօրացնելու, պատրաստուելու այն օրուան, երբ Միացեալ Նահանգներ այլեւս նեցուկ պիտի չկանգնի այլեւս:

Միեւնոյն ժամանակ տարածքաշրջանին մէջ զարգացող լուրջ կացութիւններ կրնան փորձարկել Միացեալ Նահանգներու նուիրուածութիւնը դաշնակիցներուն, եւ համալսարանի դասախօսը յայտնեց, որ Չինաստան շատ հաւանաբար պիտի օգտագործէ տագնապի այս կէտերը՝ փաստելու իր շրջանային գերակայութիւնը:

«Չինաստանի Համայնավար կուսակցութեան 100-ամեակն է Յուլիս 2021-ին, եւ կը կարծեմ, որ Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփին ուրախ պիտի ըլլայ ցոյց տալով, որ իր երկիրը դարձած է գերակայ ուժ Ասիոյ մէջ՝ մինչեւ այն ատեն», ըսաւ դասախօսը:

«Միացեալ Նահանգներ կ՚ուզէ փոխել Ասիոյ մէջ իր քաղաքականութիւնը երեք տարի յետոյ, բայց շատ կը կասկածիմ, որ ատիկա կարելի պիտի ըլլա՞յ», աւելցուց դասախօսը: «Չինաստան այժմ կը վերակառուցէ Ասիոյ Խաղաղական ովկիանոսի շրջանին Ասիոյ մէջ ընդհանուր միջազգային կարգը»:

ՀԱՐԱՒ-ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԱՍԻԱ. ՄՈՌՑՈՒԱԾ ԼՈՒՐՋ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Հարաւ-արեւելեան Ասիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի միջեւ ուժի պայքարը ոչ մէկ տեղ այնքան յստակ է, որքան՝ հարաւային Չինաստանի ծովուն տիրանալու պայքարին մէջ:

Շրջանային լուրջ կացութիւն մըն է, որ երկար ժամանակ սպառնացած է ստեղծել մեծ զինեալ պայքար, մինչ հինգ տարբեր երկիրներ այդ տարածքը կը պահանջեն:

Երբ Թրամփ նախագահ ընտրուեցաւ, լարուածութիւնը մարեցաւ, որովհետեւ Ուաշինկթընի եւ Փեքինի ուշադրութիւնը դարձաւ հիւսիս՝ դէպի քորէական թերակղզի, յայտնած է ISEAS Եուսոֆ Իշաք հիմնարկի աւագ պաշտօնեայ Եան Սթորի:

«Եթէ պատմութիւնը իբրեւ օրինակ պիտի առնուի, ատիկա կը նշանակէ, որ լար-ւածութիւնը նորէն պիտի բարձրանայ», ըսաւ ան:

Չինաստանը շարունակած է հարաւային Չինաստանի ծովուն գրաւեալ տարածքը ընդլայնել Հիւսիսային Քորէայի ճգնաժամի ընթացքին եւ շարունակած է շրջանին գրաւումը ընդլայնել օդանաւերու խարիսխները եւ ռատիօտեղակայանքները տեղակայելով:

Սթորի ըսաւ, որ յառաջիկայ երեք տարիներուն  կան տարբեր գիծեր, զորս Չինաստանը պիտի հատէ, ինչ որ պիտի մղէ Միացեալ Նահանգները եւ հարաւ-արեւելեան Ասիոյ այլ երկիրները՝ կատաղի հակազդեցութիւն ցուցաբերելու:

Օրինակ, Չինաստան կրնայ Սփարթլի կղզիներուն վրայ հաստատել օդային պատշպանութեան գօտի, ինչպէս ատիկա ըրաւ արեւելեան Չինաստանի ծովու պարագային, կամ՝ չինական ուժերը կրնան սկսիլ Սքարպորօ Շոալը պահանջելու:

«Մինչեւ հիմա Չինաստան ձեռնպահ մնացած է ուղարկելէ որեւէ զինուորական օդանաւ՝ իր արհեստական կղզիներուն վրայ, բայց տրուած ըլլալով, որ նորութիւններ աւելցուցին իրենց օդանաւերուն վրայ, հարցը միայն ժամանակի կը կարօտի», ըսաւ ան:

«Ատիկա պիտի յառաջացնէ հակազդեցութիւն մը՝ հարաւ-արեւելեան Ասիոյ երկիրներուն կողմէ… ուրեմեն կը կարծեմ, որ Չինաստան զգուշութեամբ կը շարժի այս պահուն: (Բայց) կը կարծեմ, որ եթէ ատիկա ընեն, միւս երկիրները բողոքելէ զատ՝ ուրիշ ի՞նչ տարբերակ ունին»:

Հարաւ-արեւելեան Ասիոյ քանի մը երկիրներ արդէն սկսած են Չինաստանին մօտենալ, քանի որ տարածքաշրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու ազդեցութիւնը կը նուազի, անոնց շարքին՝ 2017-ին Ֆիլիփինի նախագահ Ռոտրիկօ Տութերթի քաղաքականութեան փոփոխութիւնը:

Բայց երկիրը, որ կը փաստէ Չինաստանի աճող ազդեցութիւնը հարաւ-արեւելեան Ասիոյ մէջ, Վիեթնամն է, ըսաւ Սթորի, որ վերջին տարիներուն անակնկալօրէն Միացեալ Նահանգներու դաշնակից դարձաւ:

2017-ին Վիեթնամ պաշտպանութեան եւ ապահովութեան աւելի մօտիկ յարաբերութիւն մշակեց Միացեալ Նահանգներու հետ, մինչ ըլլալով թերեւս վերջին հիմնական ընդդիմութիւնը՝ Չինաստանին դրացի ծովու շրջանին մէջ:

Սթորի կը նշէ, որ որեւէ շարժում Վիեթնամի կողմէ դէպի Փեքին՝ զարմանալի պիտի ըլլայ:

Ըստ անոր, ատիկա պիտի նշանակէ, որ Չինաստան կը յաղթէ տարածքաշրջանին մէջ, եւ հարաւ-արեւելեան Ասիոյ երկիրները զիջումներ կ՚ընեն Չինաստանին:

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԱՍԻԱ. ՃԵՂՔԵՐ՝ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Ասիոյ մէջ ամերիկեան ուժի մեծամասնութիւնը՝ ռազմական եւ դիւանագիտական, կեդրոնացած է Քորէական թերակղզիին վրայ:

2017-ին Հիւսիսային Քորէայի կառավարութիւնը յայտարարեց, որ ստեղծած է հրթիռներ, որոնք կրնան հարուածել ամերիկեան մայր ցամաքը, ինչ որ բառերու պատերազմ ստեղծեց Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Չէն Ընի եւ նախագահ Թրամփի միջեւ, ինչպէս նաեւ հակասող տեսակէտներ Ուաշինկթընի մէջ՝ ճգնաժամը լուծելու համար:

Թէ ինչպէ՛ս խնդիրը կ՚աւարտի, կրնայ որոշել Ասիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու ուժի ապագան, սակայն Ճոն Փարք՝ Հարվըրտ Քենետի դպրոցի Քորէայի աշխատանքային խումբին տնօրէնը, «Սի.Էն.Էն» ին յայտնած է, որ իրադարձութիւնները ցոյց կու տան ամերիկեան ազդեցութեան մէջ յառաջացող ճեղքերը:

«Հիւսիսային Քորէայի ներկայ հիւլէական տագնապը ցոյց կու տայ այն զգալի ջանքը, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է թափէ ցուցադրելու համար իրենց ուժը», ըսաւ ան:

Ատիկա Հիւսիսային Քորէային՝ հիւլէական զէնք ձեռք ձգելէ արգելք հանդիսանալու Միացեալ Նահանգներու անկարողութիւնը չէ միայն: Ռազմական գործողութիւններու կրկնուող սպառնալիքները, որոնք կրնան վնասել Հարաւային Քորէային, մտահոգութիւն յառաջացուցած են Միացեալ Նահանգներու մօտիկ դաշնակիցին մօտ, ըսած է Փարք:

«Տասնամեակներու ապահովութեան սիւնը, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի պաշտպանէ Սէուլը, ինչպէս ատիկա Լոս Անճելըսը ըլլայ, կը թուի, որ կը խախտի», ըսաւ ան:

Հիւսիսային Քորէայի դէմ հաւանական ռազմական միջամտութեան Թրամփի սպառնալիքները, հաւանաբար, յառաջիկայ տարիներուն պիտի փորձարկուին նաեւ: Փարք նշած է, որ 2018 թուականին յաւելեալ հրթիռային փորձարկումներ պիտի կատարուին, ինչպէս նաեւ տեղի պիտի ունենան Հիւսիսային Քորէայի կողմէ հնարաւոր մթնոլորտային միջուկային փորձարկումներ:

Հարեւան երկիրները ուշադիր պիտի հետեւին Միացեալ Նահանգներուն, եւ Ուաշինկթընի կողմէ ծագած որեւէ հակամարտութիւն Սպիտակ տունը պատասխանատու պիտի նկատէ: «Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեան վստահելիութիւնը՝ իբրեւ համաշխարհային կայունութեան երաշխաւորի, պիտի քանդուի», ըսած է Փարք:

Սակայն մինչ միջազգային ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Քորէական թերակղզիին վրայ, Չինաստան կրնայ փորձել Ասիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու ազդեցութիւնը ամբողջովին տարբեր դիտանկիւնէ:

Հոկտեմբերին արտասանած իր խօսքին ընթացքին Սի Ծինփին չհերքեց իր խօսքերը, երբ ըսաւ, որ Թայուանի վերամիաւորումը մայր ցամաքին հետ Չինաստանի համար իր ծրագիրին կարեւոր մասը կը կազմէր:

Չինաստանի իշխանութիւնները 2018-ի սկիզբը յայտարարեցին, որ անոնք պիտի բանան օդային նոր երթուղիներ Թայուանի Սթրէյթներուն, կղզիին մօտ գտնուող տարածքին մէջ, առանց խորհրակցելու Թայփէի կառավարութեան հետ:

«Մէկ բան, որ երբեք չէ փոխուած (Փեքինի համար), Թայուանի դիրքորոշումն է», յայտնեց Հոնք Քոնկ համալսարանի դասախօս մը:

«Անոնք միշտ կը պնդէին, որ Թայուան Չինաստանի մաս կը կազմէ… հիմա, երբ Չինաստան աւելի յաւակնոտ, աւելի հզօր կը դառնայ, եւ ամերիկացիները կը քաշուին, Փեքին կրնայ անակնկալ բան մը ընել»:

Որեւէ քայլ Չինաստանի կողմէ՝ ընդդէմ Թայուանի, պիտի փորձարկէ Միացեալ Նահանգներու ազդեցութիւնը, քանի որ Ուաշինկթըն տասնամեակներ շարունակ Թայփէի մօտիկ դաշնակիցը եղած է:

Եթէ Ամերիկայի խոստումը՝ պաշտպանել կղզին Փեքինի նախայարձակումէն չյար-գըւի, ուրեմն Միացեալ Նահանգներու նահանջը կրնայ նսեմացնել Ուաշինկթընի ազդեցութիւնը եւ տկարացնել դաշինքները Ասիոյ մէջ:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՍԻԱ. ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ

Յունուար 2018-ի երկրորդ շաբթուան ընթացքին հնդկական բանակի հրամանատար Պիփին Ռաւատ յայտարարեց, թէ ժամանակն է, որ Հնդկաստան փոխէ իր պաշտպանական ուշադրութիւնը դէպի հիւսիսային սահմանը, որ կը կիսէ Չինաստանի հետ:

«Երկիրը կրնայ գլուխ ելլել Չինաստանի հաստատակամութեան հետ: Չինաստանը հզօր երկիր է, բայց մենք թոյլ պետութիւն չենք», ըսած է հրամանատարը:

Այս խօսքերը զայրացուցին Փեքինը, արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ պետական լրատուամիջոցները:

Սակայն այսօր Հնդկաստան իր զինուորական կեդրոնացումը Փաքիստանէն Չինաստան կը շեղէ, ինչ որ կարեւոր եւ սպասուած քայլ մըն էր՝ ըստ մասնագէտներու: Հնդկաստանը եւ այլ երկիրներ Ասիոյ մէջ, ներառեալ՝ Ճաբոնը, Միացեալ Նահանգներուն հետ կը վարուէին իբրեւ «մարող ուժ», որուն այլեւս կարելի չէ վստահիլ ապահովութեան նպատակով: Ապագային Ասիոյ երկիրները, մասնաւորաբար՝ Հնդկաստանը եւ Ճաբոնը, կրնան համագործակցիլ ապահովական նպատակներու համար», ըսաւ ան:

Հիւսիսային Ասիոյ մէջ այլ երկիրներ նոր տարբերակը կը պատկերացնեն այլ ձեւով՝ նախընտրելով հաստատ քայլերով մօտենալ Փեքինի կառավարութեան:

Փաքիստանի արտաքին գործոց նախկին նախարարը ըսած է, թէ չի հաւատար, որ իր երկիրը պէտք է ընտրութիւն ընէ Միացեալ Նահանգերու կամ Չինաստանի միջեւ, աւելցնելով, որ Փեքին միշտ ալ մնայուն բարեկամ եղած է Փաքիստանի:

«(Չինաստան) թերեւս միակ իրական ռազմավարական գործընկերն է Փաքիստանի, ոչ այսօրուընէ, կամ՝ վերջին հինգ տարիներու ընթացքին, այլ՝ վերջին չորս տասնամեակներուն ընթացքին: Անոնց հետ մենք ունինք շահերու լիարժէք համըկնում», ըսաւ ան:

Յունուարին Միացեալ Նահանգներ հաստատեցին, որ Փաքիստանին տրամադրուող 1 միլիառ տոլարի ապահովութեան աջակցութիւնը պիտի կասեցնեն, այն պատճառով, որ Փաքիստանի կառավարութիւնը չէ յաջողած համարժէքօրէն սահմանափակել ահաբեկչական խմբաւորումներու գործունէութիւնը իր սահմաններուն վրայ:

Միանմարի վիճայարոյց պետական խորհրդական Աուն Սան Սու Քիը վերջերս այցելեց Փեքին եւ արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան, իսկ Սրի Լանքայի կառավարութիւնը յայտարարած էր, որ Չինաստանի ընկերութեան մը շնորհած է նոր կառուցուող նաւահանգիստը 99 տարի վարձելու իրաւունքը։

Հակառակ անոր որ Հնդկաստանի դրացիները՝ Փաքիստան, Սրի Լանքա եւ Միանմար, սերտօրէն կը գործակցին Չինաստանի հետ, Քարնատ կ՚ըսէ, որ Տելհի ունի առաւելութիւն մը, որ առնուազն մօտիկ ապագային Փեքինը պիտի զսպէ:

«Չինաստան ինքզինքին չի կրնար թոյլ տալ, որ կորսնցնէ հնդկական շուկան: Եթէ շատ նեղացնէ զայն, Տելհի կրնայ փակել հնդկական շուկան չինական ապրանքներուն դիմաց եւ այն ատեն չինական տնտեսութիւնը մեծ հարուած կը ստանայ: Խնդիրները շատ աւելի դժուար են Չինաստանի համար, քան շատեր Արեւմուտքի մէջ կը կարծեն», ըսաւ ան:

ԱՒՍՏՐԱԼԻԱ. ՃԿՈՒՆ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋՈՒԻ

Աւստրալիոյ համար դիւանագիտական առումով ծանր տարի մը եղաւ՝ բռնուած ըլլալով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Չինաստանի կառավարութեան միջեւ բարդ եւ զգայուն յարաբերութիւններու մէջ:

Տարուան երկրորդ կէսին Չինաստան եւ Աւստրալիա յաճախ վէճեր ունեցան, երբ ամբաստանութիւններ եղան, որ Փեքին միջամուխ կ՚ըլլայ աւստրալական ներքին քաղաքականութեան: Չինաստանը ամբաստանութիւնները կտրականապէս հերքեց:

Յունուարին Աւստրալիոյ միջազգային բարգաւաճման հարցերու նախարար Քոնքեթթա Ուելս տեղական լրատու աղբիւրներու ըսաւ, որ Խաղաղականի մէջ Չինաստանի օգնութիւնը պարզապէս կը ստեղծէր՝ «անպէտք շէնքեր» եւ «ոչ մէկ տեղ տանող ճամբաներ»:

Աւստրալիոյ Ազգային համալսարանի դասախօս Հիւ Ուայթ ըսաւ, որ  Աւստրալիա տակաւին թակարդուած է մանթրա-ի (հնդկական աղօթք, երգ) մէջ, որ տասնամեակի մը ընթացքին սահմանած է իր դիւանագիտական ընտրանքները. «Աւստրալիա պէտք չունի ընտրութիւն կատարելու Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի միջեւ»:

Նոյնիսկ աւստրալական արտաքին քաղաքականութեան սպիտակ թուղթը, հրապարակուած՝ 2017-ի վերջաւորութեան, քիչ յղում կ՚ընէ Ասիոյ շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու դերակատարութեան նուազումին:

«Աւստրալիա զգալիօրէն կ՚աջակցի շրջանի տնտեսական եւ անվտանգութեան հարցերուն Միացեալ Նահանգներու  խոր ներգրաւուածութեան, որ եղած է եւ կը շարունակէ մնալ կենսական՝ Հնդկաստանի եւ Խաղաղականի կայունութեան եւ բարգաւաճման համար»

Բայց Ուայթ զգուշացուց, որ յառաջիկայ երեք տարիներուն, թակարդուելով հետզհետէ աւելի յարձակողապաշտ եղող Չինաստանի եւ անհետաքրքիր Սպիտակ տան միջեւ, Քանպերրա կրնայ պատրաստ չըլլալ նոր Ասիոյ համար:

«Աւստրալիա ասոր վերաբերեալ քաղաքականութիւն մը չունի, ան պարզապէս յոյսերու շարք մը ունի», ըսաւ Ուայթ:

«Աւստրալիա իր պաշտպանութեան մարզին մէջ մեծապէս կախեալ ըլլալով Միացեալ Նահանգներէն, որեւէ անջատում, խախտում Ամերիկայի ազդեցութենէն, կամ Ասիոյ մէջ ներկայութենէն՝ կրնայ զինուորական հոսանքի մէջ մնալ», կ՚աւելցնէ ան:

Խնդիրները աւելի բարդացնելու համար Աւստրալիա հաւանական է, որ կառավարական փոփոխութեան ականատես ըլլայ նախքան 2021 թուականը: Վարչապետ Մալքոլմ Թուրնպուլի գլխաւորած ներկայ կառավարութիւնը, ըստ հարցախոյզերու արդիւնքներուն,  ժողովրդականութիւն բնաւ չի վայելեր:

Տակաւին նշաններ չկան, որ Աշխատաւորական կուսակցութեան կազմելիք կառավարութիւնը կրնայ փոխել իր քաղաքականութիւնը Չինաստանի կամ Միացեալ Նահանգներու հանդէպ:

Սիտնիի Լովի հիմնարկի գործադիր տնօրէն Միքայէլ Ֆուլիով համաձայն չէ Ուայթի հետ, որ՝ Չինաստան անպայման Ասիոյ շրջանին մէջ առաջնորդ պիտի ըլլայ, բայց աւելցուց, որ յառաջիկայ տարիներուն նաւարկելու համար Աւստրալիա պէտք է ճկուն դիւանագիտութիւն ունենայ:

«Աւստրալիա պէտք ունի ցանկապատի մը… ձգտելով գործօն դեր խաղալ (դիւանագիտական), ամրապնդելով մեր կապերը այլ երկիրներու հետ: Որքան աւելի շատ կարենանք ամրապնդել մեր կապերը Հնդկաստանի, Ինտոնեզիոյ եւ Ճաբոնի հետ, այնքան աւելի դժուար կ՚ըլլայ Ասիոյ մէջ մէկ պետութեան գերակայութիւնը», ըսաւ ան:

Միքայէլ Ֆուլիով ըսաւ, որ Աւստրալիա պէտք է աշխատի, որպէսզի Միացեալ Նահանգներ այս շրջանին մէջ գործունեայ ըլլան, միեւնոյն ատեն Քանպերրա, երբ իր շահերը կը պահանջեն, պէտք է համագործակցի Չինաստանի հետ:

«Ասիկա շատ յաւակնոտ արտաքին քաղաքականութիւն մըն է: Բազմաթիւ միտքերու մէջ հարցումը հետեւեալն է. աւստրալիական անկայուն քաղաքական համակարգը ի վիճակի՞ է ատոր: Արդեօք Աւստրալիա գերակայ պիտի  դարձնէ՞ արտաքին քաղաքականութիւնը, արդեօք ունի՞ ատիկա կատարելու կամքը», ըսաւ ան:

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Օգտագործուած աղբիւր՝ «Սի. Էն. Էն»

Երկուշաբթի, Փետրուար 5, 2018