ԽԱՂԱՔԱՐՏԵՐ ԵՒ ՀԱՇՈՒԱՐԿՆԵՐ

Պատերազմական գործողութիւններու սկիզբէն ի վեր անցած է 9 օր։ Ռազմական գործողութիւնները ճիշդ է՝ կը շարունակուին, սակայն, երեւելի սկսած է դառնալ, որ յառաջիկայ իրադարձութիւնները պիտի ըլլան իրենց «թնդութեամբ» աւելի նուազ՝ քան անցնող օրերը։

Քաղաքական գետնի վրայ յայտնի է, անշուշտ, որ Ռուսաստան երբեք չի պատրաստուիր որեւէ ձեւով դադար տալ այս պատերազմին, որ Մոսկուայի ամենաբարձր պատասխանատուներուն կողմէ կը բնորոշուի՝ որպէս «Ուքրայնայի դէմ յատուկ գործողութիւն»։ Ուշագրաւ է նաեւ, որ Ռուսաստանի նախագահ Փութին կը կարեւորէ երկու հիմնական նախապայման՝ ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու համար։ Այդ նախապայմաններուն առաջինը Տոնեցքի եւ Լուկանսքի անկախութեան ընդունուիլն է։ Երկրորդը՝ բնականաբար, Ուքրայնան ամէն տեսակ հիւլէական զէնքէ զերծ երկիր մը դարձնելն է։ Անշուշտ, այս բոլորի լոյսին տակ ամենէն «ցնցիչ» լուրը Զելենսքիի Քիեւէն հեռանալու լսումն է, որ բարոյական առումով ալ (եթէ անշուշտ լուրը հաստատուի, որովհետեւ կան լուրջ հերքումներ) պիտի համարուի ծանրագոյն հարուած մը՝ այն ուժերուն դէմ, որոնք կը փորձեն Ուքրայնան պաշտպանել ռուսերէն։ Այդ ուժերուն հիմնականը երկրի բանակն է, որ մինչեւ այս պահը կը շարունակէ կռուիլ՝ հակառակ անոր, որ Փութին անոր վերնախաւին կոչ ուղղած էր՝ ձերբազատուիլ Զելենսքիէն եւ նոր էջ մը բանալ այս երկու երկիրներուն միջեւ, որոնք բոլոր առումներով հարուածներ ստացած են ու ներկայիս վիրաւոր։ Ուքրայնայի բանակէն ձայն չելաւ, անշուշտ, իսկ հիմա Զելենսքիի այս հեռացման լսումը կրնայ հազար ու մէկ հարցադրումի առիթ հանդիսանալ։ Ի վերջոյ, ի՞նչ իմաստ ունէր այս ահասարսուռ պատերազմին տանիլ երկիրը, երբ ժողովրդավարութեան անունով իր շուարած ժողովուրդին «գայլի աւետարան» կարդացող Զելենսքին առաջին առիթով հեռացաւ եւ իր գորշ ճակատագրին թողուց աւերուած Քիեւը։

Ռազմական առումով երէկ ամենէն ուշագրաւը Ուքրայնայի Ինէրհոտար քաղաքի Զապարոժիա կորիզային-աթոմական ելեկտրակայանի (Եւրոպայի մեծագոյնը) ռուսական ուժերու տիրապետութեան տակ անցնելու լուրն էր։ Այս մասին յայտարարեց Ռուսաստանի բանակի բանբեր Իկոր Քոնաշինքով։ Բաց աստի, ան ըսաւ, որ «ազգայնամոլ-ահաբեկիչ» ուքրանացիներ փորձած են հրդեհ հանել կայանին մէջ, բայց չեն յաջողած ու կայանը ապահով վիճակի մէջ է։

Մինչ այդ, դանդաղօրէն յստակ կը դառնայ, որ Ուքրայնայի ծովային հատուածը արդէն իսկ կտրուած է մայրցամաքէն եւ կը գտնուի ռուսական ուժերու տիրապետութեան տակ։ Այս առումով ալ, ըստ վերջին տուեալներուն, մասամբ ուքրանացիներու ձեռքը կը շարունակէ մնալ խիստ կարեւոր քաղաք մը՝ Մարիոփոլը, որու անկումը, ըստ ռուսական աղբիւրներու, օրերու հարց է։

Բոլոր առումներով ահռելի վիճակ մը կը տիրէ Ուքրայնայի շարք մը քաղաքներուն մէջ։ Մասնաւորապէս ծանր հրթիռակոծումներ տեղի կ՚ունենան Կրամաթորսքի, Խարքովի եւ Մարիոփոլի վրայ։ Ըստ «Պի. Պի. Սի.»ի, ռուսական ուժերը կ՚օգտագործեն՝ այն մարտավարական միջոցները, որոնք մօտաւոր անցեալին Հալէպի մէջ, իսկ աւելի վաղ Չեչենիոյ մէջ օգտագործուած էին։ Անշուշտ, յստակ չէ, թէ ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ՝ Արեւմուտքի բանբեր համարուող այս աղբիւրը։ Չի բացառուիր, որ պատերազմի այս փուլին իւրաքանչիւր աղբիւր լուրեր տարածէ՝ միայն ու միայն այս կամ այն կողմի շահերուն սպասարկելու մարտավարութեամբ։ Հասկնալի է, որ պատկերը ամբողջական դարձնելու համար հարկաւոր է լսել ու կարդալ բոլորին կողմէ տրուած տեղեկութիւնները, եւ այսպէսով աչալուրջ մօտեցումի մը յանգիլ հիմնարար եզրակացութիւններու համար։

Այլ գետնի վրայ մեծ քանակութեամբ ռազմամթերք հասած է ու կը շարունակէ հասնիլ Ուքրայնայի բանակին համար՝ մասնաւորապէս Քիեւի մէջ։ Անոնց շարքին կան գերարդիական զէնքեր։ Այդպէս կը խօսուի նաեւ Խարքով քաղաքի պարագային, ուր Ուքրայնայի բանակը գրեթէ պաշարուած կը համարուի։ Սա երկրորդ մեծ քաղաքն է։ Ան աւերուած է եւ այնտեղ երէկ մեծ թիւով զոհեր եղած են։

Աւարտելու համար այս բաժինը հարկ է վերադառնալ մայրաքաղաք Քիեւի իրադրութեան։ Քիեւցիք երէկ կը շարունակէին զինուիլ ու կը սպասէին, որ երկրի խորհրդարանը արտահերթ նիստ մը գումարելով քաղաքացիներուն համար հրապարակէ յատուկ օրէնք մը՝ ազատօրէն զէնք գործածելու մասին։ Յստակ է, որ ռուսական զօրքերը այդքան ալ հեռու չեն մայրաքաղաքէն։ Այս պատերազմի «շախ-մաթ»ային քայլը Քիեւի գրաւում-անկումը պիտի ըլլայ եւ վերջին տուեալներով՝ ռուսական բանակը կը գտնուի Քիեւէն ընդամէնը 24 քիլօմեթր hեռաւորութեան վրայ։ Կը նշուի նաեւ, որ ռուսական զօրքերու մեծ կուտակումներ երեւցած են՝ մասնաւորապէս Նիքոլայեւ արուարձանային աւանին մէջ, որ կը համարուի մէկ կողմէ Օտեսայի եւ միւս կողմէ Մարիոփոլի միջեւ կարեւոր հանգոյց-քաղաք մը։ Շատ հաւանաբար Մարիոփոլի անկումէն ետք ընթացք առնէ դէպի Քիեւ ռուսական բանակի վերջին «սփրինթ», որ պիտի ունենայ «նաքաութի» ամբողջական հետեւանք՝ տապալելով ի վերջոյ Զելենսքիի վարչակարգը ու նոր բեկում մը մտցնելով արդէն օրերէ ի վեր ընթացող այս արիւնալի պատերազմին մէջ։

Մինչ ռազմական ծանր գործողութիւնները կը շարունակուէին՝ պնդուեցաւ, որ  Ուքրայնայի նախագահ Զելենսքի կը լքէր երկիրը։ Այս մասին առաջին անգամ յայտարարեց Ուքրայնայի խորհրդարանի պատգամաւորներէն Իլիա Քիվա, ըստ որու Զելենսքի հատած է Ուքրայնա-Լեհաստան սահմանը եւ «հաստատուած» այդ երկրի ԱՄՆ-ի դեսպանատան մէջ։ Ան նաեւ վստահեցուցած է, թէ Զելենսքի պիտի շարունակէ մնալ երկրի ղեկավար եւ այնտեղէն իր հրամանները պիտի արձակէ։ Ի դէպ, բնաւ ալ զարմանալի չէր Զելենսքիի «հեռացումը» եւ սա կապ ունի, բնականաբար, ռուսական զօրքերու Քիեւ մօտենալուն հետ։ Նոյնպէս ուշագրաւ էր, որ Ուքրայնայի նախագահական համակարգի բարձրաստիճան աշխատակիցներէն Միխայիլ Պոտոլեաք, որ երէկ առաւօտեան վաղ ժամերէն սկսեալ կը մերժէր պատասխանել միջազգային լրատուամիջոցներու հարցումներուն, թէ ո՞ւր կը գտնէր Զելենսքի։ Պոտոլեաքի լռութիւնը մեծ հարցադրումներու տեղի տուաւ։

Աւարտելով նշենք, որ Զելենսքիի վերջին յայտարարութիւնները կը վերաբերէին Ուքրայնայի երկինքը փակ պահելու, Արեւմուտքէն արդիական կործանիչներ ստանալու (որոնք միլիառաւոր տոլարներ կ՚արժեն), նաեւ Զապարոժիայի գրաւումով Մոսկուայի կողմէ միջուկային պատերազմի մը հրահրուելուն։

Մինչ նոր օր մը սկսած է, շատ կարեւոր պիտի ըլլայ հաստատել այն լուրը, ըստ որու, Զելենսքի խոյս տուած է Ուքրայնայէն։ Իսկ եթէ այդ տեղեկութիւնները հաստատուին պաշտօնապէս, ապա կարելի պիտի ըլլայ հետեւցնել, որ արիւնալի պատերազմի այս փուլը արդէն հասած է իր աւարտին։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մարտ 5, 2022