ՎԵՐԱՕԾՈՒՄ ՈՒ ՎԵՐԱՊՐՈՒՄ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ

-Մա՛մ, ես այդ աւազանին մէ՛ջ մկրտուած եմ, յիշեցի՜...

Կ՚ըսէ որդին ու մոռնալով անօթութիւնը կ՚անսայ յուշերուն կանչին: Կը ժպտի ան դիտածին ետին ի՛րը տեսնելով՝ «Հահա, մկրտութեանս օրը որքա՜ն ջանք թափեց տէր հայրը, որ կարենայ նստեցնել զիս այդ աւազանին մէջ, ես յամառօրէն ոտքի կը մնայի. մինչեւ հիմա կը դիտեմ ու կը խնդամ» շշուկով մը ինքնիրեն կը փսփսայ ու մօր հետ կը հետեւի համացանցային սփռումին:

ԳԱՆԱՏԱ

-Where is my blue shirt, mom, can I have it?

-Քանի՞ անգամ ըսած եմ քեզի, որ հայերէն խօսիս. մի քանի ամսուան ընթացքին այսքան օտարանալը շատ է. գնա՛, հոն է կապոյտ վերնաշապիկդ, հագուէ՛ ու մի խանգարեր զիս:

Կ՚ըսէ մայրը Համբիկին, որ հետաքրքրուած կը մօտենայ տեսնելու, թէ ի՞նչ է մօրը այսքան ուշի ուշով դիտածը, ու՝

-Օ՜հ, ասիկա մեր եկեղեցին է, որ ամէն կիրակի կը յաճախէինք,- կ՚ըսէ լեզուն փոխելով ու կը նստի մօրը քով:

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ

Ծերունազարդ ամուսիններ համակարգիչի պաստառէն սփռուածին հետեւելով իսկոյն կ՚անդրադառնան, որ իրարու սեղմուած նստած են ու ակնապիշ կը հետեւին. անոնք իրենք զիրենք է որ կը տեսնեն հարսանեկան զգեստով կանգնած խորանին դէմ «այո՛» ըսած պահուն. «այո՛» մը, որ պարուրեց զիրենք ու կէս դար միասնաբար համերաշխութեամբ մաքառեցան անոնք «կեանք» կոչուածի դժուարութեանց դէմ ու դիտելով, ահաւասիկ, կը վերապրին անցեալի այդ պահերը, ու՝

-Տե՛ս, Սեպուհ, Սուրէն Սրբազանն ալ հոն է, մեզ պսակողը,- կ՚ըսէ կինը խորհրդաւոր լռութիւնը խզելով:

Ու կը դիտեն անոնք նախկին ու ներկայ Բերիոյ թեմի հոգեւոր հովիւներուն ընթացքը, սրբալոյս միւռոնով վերանորոգուած սիւներուն օծումը, կը ցնծան անոնց հոգիները, այնպէս ինչպէս յուզուեցան, պոռթկացին նոյն կառոյցին աւերումը, ամայացումը տեսնելով:

... Ու այսպէս հալէպահայ համայնքի հին ու նոր աշխարհասփիւռ զաւակները յուշերու թելերով կը վերապրէին ու կ՚ուրախանային համայն հայութիւնը ցնծացնող այս երեւոյթին ի տես: Կը դիտէին բոլորը եւ ոչ միայն, այլ անոնք ներկայ էին հոն, այդ պահուն, ներկայ՝ հոգեպէս:

Կը դիտէին եկեղեցւոյ շրջափակի՝ Ազգ. Հայկազեան վարժարանի ուսուցիչները ու կը վերապրէին իրենց ազատ պահերը, զորս առաւելաբար կը նախընտրէին անցընել դատարկ, խորհրդաւոր այս եկեղեցւոյ սիւներուն հովանիին ներքեւ, զոյգ մը մոմի շողով ծունկ մը աղօթքի բերած խաղաղութիւնը ըմբոշխնելով:

Կը դիտէին նոյն վարժարանի սաները, որոնք շաբաթական այցելութեամբ կը ցնծացնէին Աստուծոյ տունը իրենց նորաբողբոջ շրթներէն շարականներու թերի հնչիւններ արձակելով:

Կը դիտէին երեքշաբթի օրերը եկեղեցի յաճախող կիները, որոնք երբեմն կը նեղանային աշակերտներուն զբօսանքի աղմուկէն:

Կը դիտէին ո՛չ միայն հալէպահայերը ու սրտաբուխ մաղթանքներով կը մեկնաբանէին իրենց ապրումները դիմատետրի էջերուն վրայ:

«Եթէ տէրը ինք չշինէ տունը, զուր տեղը կը յոգնին զայն շինողները, եթէ Տէրը ինք չպահպանէ քաղաքը, զուր տեղը կը հսկեն պահապանները» (Սաղ. 127.1)

Տիրոջ կամքի հզօրութիւնն էր որ կը տարածուէր սրբազան հօր հնչիւններով, կը հասնէր պատերազմի պատճառով գաղթական համայնքի զաւակներուն ունկերուն ալ, կը տեսնէին անոնք՝ ներսի թէ դուրսի հալէպահայերը, կը տեսնէին վերականգնումը, պատերազմէն ետք խաղաղութիւնը, գիշերուան մութէն ետք արշալոյսի շողառաք երկինքը: Տեսնելով կը խաղաղէր անոնց ներսը՝ հաւատքով սպասուած բանի մը հասած ըլլալու խաղաղութեամբ, ու կը մարէր անոնց ներսէն պատերազմի բոցկլտումը տեղը տալով նորանոր յոյսերու:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Ապրիլ 5, 2019