ՆՈՐԱԾԻՆ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒՆ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Կը շարունակենք բժշկապետ Վահան Արծրունիի «Բժիշկի զրոյցներ» շարքի գրքոյկներու արեւմտահայերէնի վերածումը եւ մեր ըներցասէրներու ուշադրութեան յանձնել զանոնք: Այս եւ յաջորդ գրութիւններով բժշկապետին «Նորածին երեխաներուն հիւանդութիւնները» գրքոյկը պիտի ներկայացնենք, որ գրուած է 1902-ին:

Գրքոյկը կը սկսի բժշկապետին նախաբանով, այսպէս.

Բոլորն ալ գիտեն, թէ ո՛րքան երեխաներ կը կոտորուին ծնողներու մեղքով կամ տգիտութենէն:

Նորածին երեխան նոր ծիլ մըն է, զոր պէտք է խնամել, այլապէս ան կը թառամի, կը չորնայ:

Ան մօր արգանդին մէջ՝ տաք ջուրի մէջ կ՚ապրէր, իսկ հիմա դուրս եկած է՝ օդի մէջ, եւ այդ օդը շատ աւելի պաղ է, քան արգանդին ջուրը:

Ան մօր արիւնէն սնունդ կը ստանար, հիմա ինք պէտք է կուլ տայ եւ մարսէ իր սնունդը:

Ան անշունչ էր, թոքերը դատարկ, հիմա պիտի շնչէ, այսինքն՝ իր դատարկ թոքերը պէտք է օդով լեցնէ:

Ի վերջոյ, անոր աչքերը փակ էին, ան մութի մէջ կ՚ապրէր, հիմա աչքերը կը բանայ եւ արեւին կը նայի:

Այս յանկարծակի փոփոխութեան ազդեցութիւնը ահագին է դեռակազմ նորածինի կազմուածքին վրայ եւ ծնողներուն զգուշութիւննու խնամքը շատ պէտք է ըլլայ, որպէսզի այդ փոքր բողբոջը չվանսուի:

***

Երեխաները յաճախ ուղղակի մեռած կը ծնին, յաճախ ալ իրենց հետ այնպիսի արատներ ու հիւանդութիւններ կը բերեն, որ շատերը ուղղակի ծնած օրն իսկ կը մեռնին:

Այդ հիւանդութիւնները բազմատեսակ կ՚ըլլան: Մենք այս գրքոյկին մէջ ո՛չ բոլորը յառաջ պիտի բերենք, այլ այնպիսիները, որոնք ամենէն շատը կը պատահին:

Այս փոքրիկ էակներուն հիւանդութիւններուն պատճառները ի՞նչ են:

Անոնք զանազան են: Բայց մեծ մասամբ ծնողները՝ իրե՛նք են մեղաւոր:

Իւրաքանչիւր տարի աշխարհի մէջ հարիւր հազարաւոր երեխաներ կը փճանան այն պատճառով, որ ծնողները իրենք՝ հիւանդ եղած են:

Սոսկալի երեք ախտեր կան, որոնք մարդկութիւնը կը լափեն, որոնք ընտանիքի, սերունդներու, ամբողջ ցեղի մը անբախտութեան պատճառ կը դառնան:

Ատոնք են. վեներական ախտերը (սիֆիլիս կամ վատ ցաւը), թոքախտը եւ արբեցողութիւնը (ալքոհոլիզմ):

Այս ախտերով վարակուած ծնողներէն կամ երեխայ չի՛ ծնիր կամ ալ եթէ ծնի ալ, հիւանդոտ եւ ապրելու անընդունակ կ՚ըլլայ:

Հետեւաբար, հիւանդոտ եւ արատաւոր մարդիկ առանց բժիշկի խորհուրդի երբե՛ք պէտք չէ ամուսնան:

Նոյեմ. 1902
Թիֆլիզ

Ա.

ՆՈՐԱԾԻՆԻ ԽԵՂԴՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ ԿԱՄ ՇՆՉԱՀԵՂՁՈՒԹԻՒՆ

Երեխան երբեմն կիսամեռ կը ծնի, այսինքն՝ գրեթէ անշունչ: Աշխարհը տեսած ատեն, չի՛ ճչար, կարծես ուշաթափած ըլլայ: Անոր մաշկը մուգ-կապոյտ կամ մեռելեային գոյն ունի: Շնչառութիւնը գրեթէ բոլորովին դադրած է, կամ երբեմնապէս միայն խռպոտ շունչ կը քաշէ: Երեխային աչքերը փակ կը մնան, մարմինն ու անդամները անշարժ եւ սառած: Ներքեւի ծնօտը կախուած, աչքերը բիբերէն դուրս պրծած, լեզուն ուռած եւ բերանէն դուրս եկած: Անոր կենդանութեան միակ նշանը անոր սիրտիկին թոյլ եւ անկանոն բաբախումն է, որ կը զգաք, եթէ ձեր ականջը կուրծքին դնէք:

Այս դրութիւնը նորածինի խեղդուածութիւն կամ շնչահեղձութիւն կը կոչուի. ան յայտնի է նոյնպէս կեղծ մահ կամ կրծեցեալ մահ անունով:

Խեղդուածութիւնը կրնայ ունենալ մի քանի աստիճաններ: Ան ընդհանրապէս հետեւանք է ծանր բերքին [ծննդաբերութեան], երբ երկունքը երկար տեւած է, երբ մանուկին դիրքը անկանոն եղած է (ոտքերու կամ ուսի դիրք), կամ երբ ծննդկանին ջուրերը ժամանակէն առաջ բացուած են: Այս դէպքերուն, երեխան, մօր արգանդէն դեռ դուրս չեկած, մի քանի անգամ կը փորձէ օդ ներս շնչելու, բայց օդին փոխարէն (կամ օդին հետ միասին) արգանդի հեղուկները կը լեցուին իր թոքերուն մէջ1:

Ի՞նչ պէտք է ընել այս պարագային:

Ամենէն առաջ մատը պէտք է փափուկ բարակ կտոր մը փաթթել եւ անով բերանին մէջ հաւաքուած լորձունքը մաքրել: Ապա, եթէ երեխան չի՛ կենդանանար, պէտք է անմիջապէս արհեստական շնչառութիւն յառաջ բերել:

Բոլոր միջոցներէն յարմարագոյնը հետեւեալն է.

Պորտը շուտով կապելէ եւ կտրելէ ետք, երեխան կը պառկեցնեն մէջքի վրայ, երկու ձեռքով այնպէս կը բռնեն, որ բութ մատը թեւին վրայով կուրծքը սեղմէ, թեւատակերը գրկէ ցուցամատը, իսկ մնացած մատները գրկեն թիակները: Երեխան այս ձեւով բռնած կը բարձրացնեն եւ գլուխին վրայ կախ կը գցեն, որու ժամանակ երեխային ոտքերը կը ծալուին փորիկին վրայ եւ բերանէն ու քիթէն դուրս կը թափին կուլ տուած լորձունքն ու հեղուկը: Երկու երկվայրկեան մը այսպէս վեր բռնելէ ետք, նոյն ձեւով մինչեւ գետին կ՚իջեցնեն: Այս ընթացքին կուրծքը կը լայննայ եւ երեխան կը սկսի շնչել: Այդ բարձրացնելն ու իջեցնելը 8-10 անգամ կը կրկնուի, որմէ ետք երեխան տաք լողարանի մէջ կը դնեն: Այդ ընթացքը պէտք է կրկնել, մինչեւ որ երեխան ճիչ արձակէ, աչքերը բանայ եւ սկսի ազատ ու խոր շնչել: Ընդհանրապէս, 20-30 վայրկեան անհրաժեշտ է ատոր համար:

Սակայն կրնայ պատահիլ, որ մի քանի վայրկեան, նոյնիսկ մի քանի ժամ երեխան կարծես լաւ կը շնչէ, ու յանկարծ դարձեալ ուշաթափութեան մէջ կ՚իյնայ: Այս պարագային անշուշտ որ ցնցումը դարձեալ պէտք է կատարել: Ընդհանրապէս, պէտք չէ իրար անցնիլ, շփոթիլ, այլ՝ պէտք է սառնասիրտ մնալ եւ տոկունութեամբ արուեստական շնչատուութիւն յառաջ բերել:

Եթէ մաշկին, բերանին ու քիթին թաղանթները տակաւին ամբողջութեամբ իրենց զգացողութիւնը չեն կորսնցուցած (ինչպէս այդ մէկը տեղի կ՚ունենայ ծանր խեղդուածութեան ընթացքին2). պէտք է աշխատիլ գրգռել զանոնք: Ատոր համար, բերանին լորձունքները մաքրելէն յետոյ (ինչպէս քիչ առաջ բացատրեցինք), երեխային երեսին ու մարմինին սառն ջուր պէտք է սրսկէք, կամ փոփոխակի տաք ու սառն լողարաններու (վաննաներու) մէջ դնէք, մարմինը փափուկ քաթանով շփէք, քիմքը մատով տրորէք, փետուրով քիթին խուտուտ տաք: Այս բոլորը, անշուշտ, կարելի է միաժամանակ ընել:

Եթէ տեսնէք, որ այս միջոցներով 2-3 վայրկեանէ ետք երեխան կենդանութեան նշաններ ցոյց չի տար, հետեւեալ դիւրին միջոցը փորձեցէք.

Բարձի մը վրայ երեսնիվար պառկեցուցէք զայն, այնպէս որ գլուխը բարձէն կախ իյնայ. ոտքերն ու մարմինը բռնեցէք եւ վեր բարձրացուցէք, այնպէս որ գլուխէն բարձր ըլլան եւ մի քանի ակնթարթ (երկվայրկեան) այդպէս պահեցէք: Այս գործողութեան նպատակը փորն ու կուրծքը սեղմելն է, որպէսզի լորձունքները դուրս նետուին: Ատկէ ետք մէջքի վրայ դարձուցէք, գլխավեր կանգնեցուցէք եւ արմունկներէն բռնելով, թեւիկները կուրծքին սեղմեցէք (նպատակը կողերը սեղմելով թոքերուն մէջի օդը դուրս քշելն է): Երրորդ գործողութիւնը թեւերը բարձրացնելն է (երեխան մէջքի վրայ պառկած կը մնայ), ինչէն կուրծքը կը լայննայ եւ դուրսի օդը զօրաւոր կերպով թոքերուն մէջ կը լեցուի:

Այս գործողութիւնը (թեւերը կուրծքին սեղմելն ու վեր բարձրացնելը) մի քանի անգամ կը կրկնուի, մինչեւ երեխային շնչառութեան բացուիլը:

Նկարագրածս վերջին ձեւը այն առաւելութիւնը ունի, որ դիւրին գործադրելի է եւ կրնայ տաք վաննայի մէջ ալ կատարուիլ:

Հիմա տեսնենք, թէ ի՜նչքան ժամանակ պէտք է շարունակել կենդանացման փորձերը:

Յաճախ, մի քանի վայրկեան այսպէս ընելէ ետք կը յուսահատին, երեխան մեռած կը համարեն ու ձեռք կը վերցնեն անկէ: Երբեմն ալ, տեսնելով, որ ան մէկ-երկու անգամ շունչ առաւ, կամ ճչաց, փրկուած կը համարեն ու կը դադրեցնեն արհեստական շնչատուութիւնը, եւ խեղճը շուտով դարձեալ կը դադրի շնչելէ:

Նախ պէտք չէ յուսահատիլ, որովհետեւ երբեմն առերես բոլորովին անշնչացած երեխաները նոյնիսկ, կը կենդանանան, հետեւաբար պէտք է տոկունութեամբ շարունակել, քանի դեռ սիրտը բաբախելէ չէ դադրած: Երկրորդ, պէտք չէ մոռնալ, որ մէկ-երկու անգամ ճիչ արձակելը կամ մի քանի անգամ շունչ առնելը տակաւին ապացոյց չեն, որ երեխան կենդանացած է: Երեխան կարելի է փրկուած համարել այն ատեն միայն, երբ շնչառութիւնը ազատ է, սիրտը կանոնաւոր եւ առողջ կը բաբախէ, երբ դէմքը վարդագոյն է եւ աչքերը բաց են, երբ մաշկը դիւրզգայուն դարձած է:

Բ.

ԳԼՈՒԽԻ ԱՐՆԱԿՈՅՏ (արնուռուցք)

Երբ մօր կոնքը նեղ է, երեխան դժուար կը ծնի, եւ մօր երկունքներէն անոր գլուխը ոսկորներուն մէջ կը սեղմուի եւ իր ձեւը կը փոխէ: Երեխան այլակերպուած գլուխով կը ծնի: Նոյն սեղմումէն նորածինին գլուխին կաշիին տակը շատ արիւն կը հաւաքուի եւ ուռուցք կը կազմէ, մեծ կամ փոքր ուռուցք: Եթէ մարդ մատով կամաց մը սեղմէ այդ ուռուցքը, կը զգայ, որ ան հեղուկով (արիւնով) լեցուած է:

Երբեմն այդ արնակոյտը մի քանի օրուան ընթացքին կ՚անհետանայ, բայց յաճախ ան երկար ամիսներ կը տեւէ եւ ծնողներուն անհանգստութիւն կը պատճառէ:

Ճշմարիտ է, արիւնը երբեմն չի՛ ներծծուիր, այլ՝ թարախ կը դառնայ եւ պէտք կ՚ըլլայ ծակել. սակայն, ընդհանրապէս, ուռուցքը ինքն իրեն կը հալի ու կը կորսուի: Պէտք է ոչինչ ընել, այլ՝ սպասել. իսկ երբ երեխան տաքութիւն կ՚ունենայ, պէտք է բժիշկի դիմել եւ առանց անոր ոչինչ ընել:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 1

Վաղարշապատ


1 Երբեմն արգանդին մէջէն կը լսուի դեռ չծնած երեխային նուազ ճիչը. ասիկա նշան է, որ ան սկսած է շնչել: Այս ձայնին ժողովուրդը առանձին նշանակութիւն կու տայ, որ ան, ինչպէս կը տեսնէք, չունի:

2 Եթէ մատով քիմքը քերած ատեն, երեխան կուլ տալու կամ փսխելու շարժումներ կ՚ընէ, ինչպէս նաեւ մարմինին սառն ջուր սրսկած ատեն, այդ կը նշանակէ, թէ խեղդուածութիւնը թեթեւ է: Հակառակ պարագային, երբ երեխան այդ գրգռումներուն անշարժ կը մնայ, ապա՝ ծանր է:

Հինգշաբթի, Մայիս 5, 2022