ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ԱՅՈ՛, ՉԼՍԵՑԻ

Քաղաքացի արաբը, որդի արաբացիութեան, որդի արաբներուն առտու կանուխ իր անկողինէն ելաւ, անմիջապէս պաղ ջուրով իր երեսը լուաց, ան սուր ածելիով մը ինչպէս որ պէտք էր՝ ածիլուեցաւ, մազերը սանտրեց կոտրուած սանտրով մը, ապա նախքան «դատի» թուղթերուն ծրարը իր թեւին տակ առնելը, անցողակի նայուածք մը նետեց իր դէմքին ու կեցուածքին, յետոյ՝ իր մօր ու քրոջ, ու ուղղուեցաւ դէպի պետական կառոյցներ, որպէսզի իր իրաւուքնին ետեւէն իյնայ: Տանտէրը խաբած էր զիրենք ու քսան տարիներու «բարի լոյս, դրացի», «բարի գիշեր, դրացի»ները ուրացած էր, եւ դատական հայց ներկայացուցած էր, որպէսզի իրենց վարձած տունը դատարկէին ու զիրենք այդ տունէն փողոց վռնտէր:

Ինք, սակայն, վստահ էր, որ պետութիւնը զինք պիտի չի՛ մոռնար իր այս դժուարութեան մէջ, եւ թէ անարդարութեան նիզակը որպէսզի տեղ գտնէր իր սիրտին մէջ՝ չէ՛ր կրնար թափանցել պետական բոլոր կառոյցները, ներառեալ պաշտօնեաները, կնիքները եւ արձանագրութիւնները: Փոխադրամիջոց մը բարձրացաւ եւ ուղղուեցաւ դէպի համապատասխան դատաւորի գրասենեակը, որ Արդարութեան նախարարութենէն ներս կը զբաղէր քաղաքացիներու նմանատիպ խնդիրներով:

Դռնապանը. կը լսեմ:

Քաղաքացին. յարգարժան դատաւորը այստե՞ղ է:

Դռնապանը. ո՛չ, ճամբորդած է:

Քաղաքացին. ո՞ւր:

Դռնապանը. Ժընեւ, միջազգային իրաւագէտներու համաժողովին մասնակցելու:

Քաղաքացին. ե՞րբ կը վերադառնայ:

Դռնապանը. չեմ գիտեր: Ու ան ընկղմեցաւ Արսէն Լիւփէնի պատմութիւններէն մէկուն մէջ…:

Իսկ քաղաքացին ուրիշ փոխադրամիջոց մը բարձրանալով, ուրիշ պատասխանատուի մը դիմելու գնաց:

Ուրիշ դռնապան մը. հրամմեցէ՛ք:

Քաղաքացին. այսինչ պարոնը այստե՞ղ է:

Դռնապանը. ո՛չ, Սէուլ ճամբորդած է, ներկայ գտնուելու Պաղեստինի ժողովուրդին սատարելու համար գումարուած համագումարին:

Քաղաքացին. ե՞րբ կը վերադառնայ:

Դռնապանը. չե՛մ գիտեր: Ու ձգելով թէյնիկ վերցուց, որպէսզի թէյ պատրաստէ:

Քաղաքացին ուրիշ փոխադրամիջոց մը բարձրացաւ, ուրիշ պատասխանատուի մը դիմելու համար:

Քարտուղարուհին. հրամմեցէ՛ք:

Քաղաքացին. այսինչ դոկտորը այստե՞ղ է:

Քարտուղարուհին. ո՛չ: Լակոս ճամբորդած է, Էրիթերիոյ ժողովուրդին սատար հանդիսանալու համար գումարուած համագումարին:

Քաղաքացին. ե՞րբ կը վերադառնայ:

Քարտուղարուհին. չե՛մ գիտեր…, եւ «ալ-Շապաքէ» պարբերականը վերցուց…:

Քաղաքացին ուրիշ փոխադրամիջոց մը բարձրացաւ, ուրիշ պատասխանատուի մը դիմելու համար:

Ուրիշ քարտուղարուհի մը. հրամմեցէ՛ք:

Քաղաքացին. այսինչ պրն. դոկտորը այստե՞ղ է:

Քարտուղարուհին. ո՛չ: Ան Մալթա ճամբորդած է, Քուրիոյ ժողովուրդին սատար հանդիսանալու համար գումարուած համագումարին:

Քաղաքացին. ե՞րբ կը վերադառնայ:

Քարտուղարուհին. չե՛մ գիտեր եւ ընկղմեցաւ «ալ-Պորտա» պարբերականին մէջ:

Երբ աշխատանքային ժամը լրացաւ եւ պետական կառոյցներն ու գրասենեակները պաշտօնեաներէ դատարկուեցան, ու այնտեղ բացի թուղթերէն, գործարքներէն ու փաստաթուղթերէն բան չէր մնացած, տակաւին աստիճաններ բարձրանալ ու իջնելէն իր ոտքերը ուռելէն ետք, իր առջեւ ուրիշ ճար չկար, բացի իր նման հարիւրաւորներու պէս հանրակառք սպասել՝ իր տուն ու իր ընտանիքին վերադառնալու համար: Իսկ երբ բախտը երեսին ժպտեցաւ ու հանրակառքը եկաւ, բարձրացած ատենը հայհոյանք լսեց իր հասցէին, իսկ իջած ատեն՝ կողոպտուեցաւ:

Երբ թաղի մուտքին հասաւ, յանկարծակիի եկաւ տեսնելով իր տան ապրանքները փողոցին մէջ, իսկ իր մայրն ու քոյրը անոնց վրայ նստած: Անոնք իրենց մէկ ձեռքը այտին դրած… այս աշխարհը կը դիտէին: Եւ քանի որ ինք բնաւորութեամբ խաղաղ էր, հանգիստ կերպով հարցուց.

-Ե՞րբ պատահեցաւ ասիկա:

Մայրը առանց իրեն նայելու՝ պատասխանեց.

-Երթալէդ քիչ ժամանակ ետք:

Ան մխիթրական կերպով շոյեց անոր ուսը եւ ոտքը խաչելով ապրանքներու կոյտին վրայ նստաւ՝ իր գործարքին թուղթերը թեւին տակ: Քնքուշօրէն լուռ նստած քրոջ նայեցաւ, ու հարցուց.

-Ի՞նչ ունի:

Մայրը պատասխանեց.

-Մեր այս հոգին վրայ, մինչ ապրանքներն ու հագուստները կը հանէինք տունէն, ան կռացած էր, անցողներէն մէկը մօտենալով կսմթեց յետոյքը:

Հառաչելով, ըսաւ.

-Բան մը չէ…:

Մայրը ըսաւ.

-Բան մը չէ, բան մը է…: Հիմա ի՞նչ պիտի ընես. գիշերը արդէն եկաւ: Փողո՞ցը պիտի քնանանք:

Իր մօր ըսաւ.

-Մի՛ յուսահատիր, մայրիկ: Ես վստահ եմ որ պետութիւնը պիտի չմոռնայ զիս:

Մինչ կը խօսէր, ոստիկան մը մօտեցաւ իրենց՝ ոտքերը յոգնութան պատճառով հազիւ քաշելով…: Մինչ թուղթեր կը հանէր իր կաշիէ պայուսակէն, հարցուց անոր.

-Դո՞ւն ես այսինչ քաղաքացին:

Քաղաքացին. այո՛:

Ոստիկանը. զինուորական ծառայութեան կանչուած ես…:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 23

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Յունիս 5, 2024