«ԽԱՉԻՆ ՎՐԱՅԷՆ ԱՐՏԱՍԱՆԱԾ ՏԻՐՈՋ ԵՕԹԸ ԽՕՍՔԵՐԸ» (ՇՆՈՒՏԱ Գ. ՀԱՅՐԱՊԵՏ)
Երկու օր առաջ ստացայ Ղպտի եկեղեցւոյ նախկին հայրապետ, վախճանեալ Շնուտա Գ.-ի գրիչին պատկանող «Խաչին վրայէն արտասանած Տիրոջ եօթը խօսքերը» գրքոյկը, որ տպուած է Ամերիկայի մէջ: Գիրքը թարգմանած է Բրշ. Աւօ Սրկ. Մարգարեան: Վարձքդ կատար Բրշ. Տիրացու:
Յոյժ հոգեշահ աշխատանաք մըն է այս թարգմանութիւնը, որովհետեւ հայրապետին կողմէ մեր Տիրոջ արտասանած վերջին խօսքերը մանրմասնութեամբ մեկնուած են՝ ուղղափառ մեկնութեամբ: Մեզմէ շատերուս համար անհասկնալի եւ քիչ մը տարօրինակ են մեր Տիրոջ ունեցած վերջին արտայայտութիւնները: Սակայն, այս գիրքի ընթերցումով բոլոր խաւար մնացած կէտերը կը լուսաւոր-ւին եւ յստակ կերպով կը հասկնանք մեր Տիրոջ ունեցած այդ արտայայտութիւններուն իմաստն ու նպատակը:
Առաջին արտայայտութիւնը՝ «Հա՜յր, ներէ՛ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ՚ընեն» (Ղկ 23.34):
Այս գլուխին մէջ կը կարդանք. «Որքա՜ն քաղցր սիրտ ունիս, ո՜վ քաղցրիկ Խաչեալ: Այդ անսահման սիրոյդ խորքը մեզի համար անհասկնալի է»:
Նոյն գլուխին մէջ ներողամտութեան եւ մեղքերու թողութեան մասին հայրապետը կ՚ըսէ. «Ներողամտութիւնը, մեղքերու թողութիւնը կը շնորհուի բոլոր անոնց, որոնք երկու մարգարտեայ պայմաններ կ՚ամբողջացնեն Տիրոջ մնացեալ պատուիրաններուն հետ մէկտեղ. հաւատք եւ ապաշխարութիւն: Առանց հաւատքի եւ ապաշխարութեան՝ չկայ մեղքերու թողութիւն եւ փրկութիւն»:
Երկրորդ արտայայտութիւնը՝ «վստահ եղիր, այսօր ինծի հետ պիտի ըլլաս դրախտին մէջ» (Ղկ 23.43):
Այս գլուխին մէջ հայրապետը կը դիմէ մեր Տիրոջ, ըսելով. «Ողորմութեա՛մբդ յիշէ զիս, Տէ՜ր, մի՛ յիշեր մեղքերս»:
Տիրոջ ներկայութեան մասին կ՚ըսէ. «Բոլո՜ր ցաւերս կը մոռնամ քու ներկայութեանդ, որքա՜ն քաղցր է Քու ներկայութիւնդ: Չե՛մ զգար ցաւերս, այլ կը զգամ Քու Սուրբ Հոգիդ, որ կը թափանցէ էութեանս մէջ, կը մաքրէ ու կը սրբէ զիս, եւ կը դառնամ նո՛ր մարդ»:
Հայրապետը թախանձանքով կը դիմէ Տիրոջ. «Տէ՜ր, յիշէ՛ որ հեռու երկիր գտնուող զաւակ մը ունիս, փարախէդ դուրս գտնուող կորսուած ծառայ մը ունիս: Յիշէ՛ զիս, Տէ՜ր, տկարութեանս մէջ, նուաստացումիս մէջ, գերեվարութեանս մէջ: Յիշէ՛ զիս, որ ինկած եմ, որպէսզի բարձրացնես զիս ու միացնես Քեզի: Յիշէ՛ զիս, Տէ՜ր, որովհետեւ «մէկը չունիմ, որ ջուրերը շարժած ատեն զիս աւազան իջեցնէ» (Յհ 5.7)»:
Սովորութեան մը գերի դառնալուն մասին կ՚ըսէ. «Ան որ սովորութեան մը ծառան է՝ անկարելի է որ թողու զայն, նոյնիսկ եթէ անոր ձեռքերն ու ոտքերը խաչին գամուած ըլլան, կամ նոյնիսկ եթէ իր եւ մահուան միջեւ քանի մը վայրկեան մնացած ըլլայ: Եթէ անձը ինք չգործակցի իր սիրտին մէջ գործող շնորհքին հետ, նոյնիսկ մահուան ժամուն կրնայ մեղանչել»:
Տիրոջ հետ ըլլալու մասին հայրապետը կ՚ըսէ. «Քրիստոսի հետ ըլլալը ամենէն լաւ բանն է: Կրնանք ըսել, որ մահն անգամ կը քաղցրանայ՝ երբ Տիրոջ հետ ենք»: «Տիրոջ հետ ըլլալը՝ դրախտէն աւելի գեղեցիկ է, դրախտին մէջ գտնուող ամէն ինչէն աւելի գեղեցիկ է: Տէրը ինքնին՝ դրախտն է, եւ ճշմարիտ շնորհք է մեզի համար Տիրոջ հետ ըլլալը»:
Հոգեւոր կեանքի մասին կը կարդանք. «Հոգեւոր կեանք կը նշանակէ՝ Տիրոջ հետ միանալ»:
Իրաւունքի մասին կը կարդանք. «Տիրոջ համար հաւաքականութեան մը իրաւունքներուն չափ կարեւոր են անհատի մը իրաւունքները»:
Երրորդ արտայայտութիւնը՝ «Մա՛յր, ահաւասիկ զաւակդ...: ...Ահաւասիկ մայրդ» (Յհ 19.26-27):
Ս. Մարիամ Աստուածածինին եւ Յովհաննէս առաքեալին մասին կը կարդանք հետեւեալ խոր վկայութիւնը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի աստուածութեան վերաբերող. «Մարիամ Աստուածածինը, որ իր արգանդին մէջ Տիրոջ աստուածութեան բոցը կրած էր, յանձնուեցաւ այն աշակերտին, որ գրի պիտի առնէր Յիսուսի աստուածութեանը հաստատող Աւետարանը»:
Ընտանեկան պարտաւորութիւններուն մասին կը կարդանք. «Կրօնական պարտականութիւնները պատճառ պէտք չէ ըլլան ընտանեկան պարտաւորութեանց անտեսման»:
Յիսուսի հետեւելու վարձտրութեան մասին կը կարդանք. «Ո՛վ որ հետեւի Յիսուսին՝ օրհնութիւններով ու շնորհքներով պիտի վարձատրուի»:
Ս. Աստուածածինին Յիսուսէ բացի այլ զաւակ չունենալու մասին հայրապետը պատասխանելով բողոքական ու աղանդաւորական հոսանքներու զրպարտութիւններուն՝ կ՚ըսէ. «Այն փաստը, որ Տէրը Սրբուհի Կոյսը յանձնեց Յովհաննէսին, յստակ ապացոյց է, որ Սրբուհին ուրիշ զաւակներ չունէր, ինչպէս որ կը պնդեն բողոքականները:
«Եթէ Սրբուհի Կոյսը ունենար ուրիշ զաւակներ, առաջին հերթին անոցնմէ ոեւէ մէկը պիտի ստանձնէր իր մօր խնամատարութիւնը եւ ստանար անոր օրհնութիւնը: Սակայն Սրբուհի Կոյսը առանձին էր, զաւակներ չունէր, իսկ ատաղձագործ Յովսէփը՝ երկա՜ր ժամանակէ ի վեր ննջած էր: Այս պատճառով ալ՝ Տէրը զայն վստահեցաւ Յովհաննէսին»:
Չորրորդ արտայայտութիւնը՝ «Աստուած իմ, Աստուած իմ, ինչո՞ւ լքեցիր զիս» (Մտ 27.46):
Այս արտայայտութեան մասին անդրադառնալով՝ հայրապետը կը հաստատէ, որ Քրիստոսի աստուածութիւնը բնա՛ւ չբաժնուեցաւ իր մարդկային բնութենէն, որով հաստատած կ՚ըլլայ ուղղափառ դաւանութիւնը, որ է՝ «մի՛ բնութիւն Բանին մարմնացելոյ»: Ինչպէս նաեւ յստակ կերպով պատասխան կու տայ բոլոր անոնց, որոնք կ՚ըսեն, թէ Հայրը լքեց Իր Որդին: Հայրապետը կ՚ըսէ. «Այս արտայայտութիւնը չի՛ նշանակեր, որ Քրիստոսի աստուածութիւնը բաժնուեցաւ Իր մարդկային բնութենէն, ոչ ալ կը նշանակէ, որ Հայրը լքեց Իր Որդին: Բաժանում չկա՛յ հոս, այլ՝ կը նշանակէ, թէ Հայրը արտօնեց որ Իր Որդին չարչարուի:
«Տիրոջ աստուածութիւնը ո՛չ մէկ վայրկեան, ո՛չ մէկ ակնթարթ բաժնուեցաւ Իր մարդկային բնութենէն: Այսպէ՛ս կը հաւատանք ու այսպէ՛ս կ՚աղօթենք Ս. Պատարագի ընթացքին: Եթէ աստուածութիւնը բաժնուած ըլլար Իրմէ՝ Իր շնորհած քաւութիւնն ու փրկութիւնը չէին կրնար ամսահման ըլլալ, բաւարարելու համար ամբողջ մարդկութեան փրկութիւնը, բոլոր ժամանակներուն մէջ: Ուրեմն չկա՛յ բաժանում՝ աստուածային ու մարդկային բնութիւններուն միջեւ»:
Շնորհակալութիւն յայտելու մասին կը կարդանք. «Ամէն ինչի մէջ շնորհակլութիւն յայտնենք ու փառաւորենք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը, Իր մեզի ցուցաբերած սիրոյն ու անձնազոհութեան համար»:
Հինգերորդ արտայայտութիւնը՝ «ծարաւ եմ» (Յհ 19.28):
Այս արտայայտութեան մասին Հայրապետը կ՚ըսէ. ՚Քրիստոս «ծարաւ եմ» ըսաւ, ամբողջացնելու համար մարգարէութիւնները, եւ յայտարարելու համար, թէ մարդկութեան փրկագինը վճարուած էր: Այսուհետեւ, մարդկութիւնը կրնար հանգստանալ:
«Սակայն մեղանչող մարդկութիւնը ծաղրեց Տէրը այն պահուն, երբ Ան մեր փրկագինը կը վճարէր: Ջուրի փոխարէն քացախ տուին Անոր, կրկնապատկելու համար Անոր ցաւերը:
«Եղբայրնե՛ր, արդեօք մե՞նք ալ նոյն բանը կ՚ընենք այսօր: Ամէն անգամ որ Տէրը ծարաւի մեր փրկութեան համար, եւ ուզէ մեր մէջ Իր տնկած որթատունկէն ըմպել, ի՞նչ կը հրամացնենք Անոր: Մեր չար սովորութիւններով, անհոգ ու դատարկ զբաղումներով քացա՞խ կը հրամցնենք Անոր:
«Եղբա՛յրս, ե՛տ քաշէ այդ գեղարդը Քրիստոսի բերանէն: Հեռացո՛ւր Անոր շրթներէն քացախով լեցուն սպունգը: Զղջա՛ քեզ Սիրողը վիրաւորելուդ համար, եւ զղջման արժանի գործե՛ր կատարէ:
«Եթէ լսես Տէրը «ծարաւ եմ» կ՚ըսէ, պատասխանէ Անոր. «Ես, որ իմ մեղքերուս պատճառով կոկորդ չորցուցի, երանի՜ կարենամ արցունքներովս ծարաւդ փարատել: Երանի՜ հարուածես իմ քարացած սիրտիս, որպէսզի անկէ Քու ծարաւդ յագեցնող ջուր ցայտէ»»:
Վեցերորդ արտայայտութիւնը՝ «ամէն ինչ վերջացած է» (Յհ 19.30):
Քրիստոսի մեր փոխարէն շալկած մեղքերուն համար կ՚ըսէ. «Քրիստոս երբ զոհասեղանին վրայ էր, Հայր Աստուած Անոր վրայ դրաւ մարդկութեան բոլո՛ր մեղքերը, բոլո՛րիս մեղքերը, բոլո՛ր սերունդներուն մեղքերը, Ադամէն մինչեւ յաւիտենականութիւն: Դաւաճանութեան, տկարութեան, շնութեան, անբարոյականութեան, սուտի, գողութեան, սպանութեան, նախանձի ու հպարտութեան այլանդակ մեղքերը»:
Մարդ արարածին մեղանչելու մասին խօսելով՝ հայրապետը կ՚ըսէ. «Ամէն օր երբ նոր մեղք կը գործենք, կ՚աւելցնենք Տիրոջ ցաւը»:
Տիրոջ աշխարհին ու սատանային վրայ տարած յաղթանակին մասին, կը կարդանք. «Տէրը պատերազմեցաւ ու յաղթանակեց: Ան մեզ գնեց Իր արեամբ ու հաստատեց Իր հոգեւոր թագաւորութիւնը: Քանդեց սատանային՝ այս աշխարհի թագաւորութիւնը»:
Եօթներորդ արտայայտութիւնը՝ «Հա՛յր, ձեռքերուդ մէջ կ՚աւանդեմ հոգիս» (Ղկ 23.46):
Մեր հոգիներու անմահութեան մասին հայրապետը կ՚ըսէ. ««Հա՛յր, ձեռքերուդ մէջ կ՚աւանդեմ հոգիս» խօսքը կ՚երջանկացնէ մեզ, որովհետեւ այդ խօսքը յստակ ապացոյց է հոգիներու անմահութեան: Հոգին մահուամբ չի՛ մեռնիր: Մահուամբ՝ հոգին մէկ կեանքէն միւսը կ՚անցնի: Սակայն կարեւորը այս բոլորին մէջ՝ հոգիին երթալիք տեղն է: Եթէ անձը գիտնայ, որ մահուընէ ետք իր հոգին դրախտ պիտի երթայ, այն ատեն ուրախութեամբ կ՚ընդունի մահը, եւ Պօղոս առաքեալին նման կը ցանկայ մահը»:
Մեր հոգիները Քրիստոսին յանձնելու մասին հայրապետը կը թելադրէ մեզի. «Այսօրուընէ քու հոգիդ Քրիստոսի՛ն յանձնէ: Հեռացի՛ր սատանայէն ու միացիր Աստուծոյ: Եօթն եկեղեցիներու հրեշտակներուն նման եղիր, որոնք կը գտնուին Տիրոջ աջ ձեռքին մէջ: Աւանդէ հոգիդ Քրիստոսի՛ ձեռքերուն մէջ ու վստահ եղիր, որ Ան քաղցրաձայն պիտի ըսէ. «Անոնց յաւիտենական կեանք կու տամ. անոնք բնաւ պիտի չկորսուին: Ոչ ոք պիտի կարենայ զանոնք յափշտակել Իմ ձեռքէս» (Յհ 10.28)»:
Մեկնելէ ու բացատրելէ ետք մեր Տիրոջ խաչին վրայ ունեցած եօթն արտայայտութիւնները՝ Շնուտա Գ. Հայրապետը գիրքին վերջաւորութեան ալ աւելցուցած է այլ գլուխ մը, զոր վերնագրած է «Քրիստոսի խօսքերուն օգտակարութիւնը»:
Այդ գլուխին մէջ թողութիւն ստանալու եւ ներուելու մասին կը կարդանք. «Թողութիւն ստանալու համար, նախ պէտք է թողութի՛ւն տալ: «Ներցէ՛ք ուրիշներուն եւ Աստուած ալ ձեզի պիտի ներէ» (Ղկ 6.37)ե: «Ներելու համար նախապայմա՛ն է ներելը: Դուն միայն քե՛զ զրկած կ՚ըլլաս ներումէ, եթէ չներես ուրիշներուն»: «Աւելի լաւ է սիրով ներել, ինչպէս որ Յիսուս ըսաւ, քան թէ՝ պարտադրուած»: «Իրականութեան մէջ երբ ներես, դուն քեզի ներած կ՚ըլլաս: Ներէ՛, որպէսզի Տէրն ալ քեզի ներէ: Ու նորէն կ՚ըսեմ, երանի՜ սիրո՛վ ներես»:
Աջակողմեան եւ ձախակողմեան աւազակներուն մասին խօսելով՝ կը պատուիրէ՛ մեզ հայրապետը. «Ո՛վ եղբայր, աջակողմեան աւազակին նման յաւիտենականութեանդ մասին խորհէ: Ձախակողմեան աւազակին նման այս հողեղէն մարմինիդ փրկութեամբ մի՛ զբաղիր»:
Նեղութիւններէն չփախչելու մասին կը կարդանք. «Նեղութիւններէն մի՛ փախչիր, այլ՝ զղջացող աւազակին նման ըսէ. «Պատիժս իրաւացի է»»:
Տէրը յիշելուն մասին հայրապետը հետեւեալ գեղեցիկ խրատը կու տայ մեզի. «Եթէ կ՚ուզես որ Տէրը յիշէ քեզ Իր թագաորութեան մէջ, նոյնպէս ալ դուն յիշէ զԻնք երկրի վրայ, եւ միացուր սիրտդ Իր սիրտին»:
Դարձեալ անդրադառնալոյ Տիրոջ ներկայութեան մասին՝ հայրապետը կ՚ըսէ. «Դրախտի լաւագոյն հաճոյքը՝ Տիրոջ ներկայութիւնը վայելելն է»: «Փափաքէ՛ Տիրոջ հետ ըլլալ, վայելելու համար Իր զուարթ դէմքը»:
Ճշմարիտ երջանկութեան մասին կը կարդանք. «Ճշմարիտ երջանկութիւնը՝ Տիրոջ սէրը, լոյսը, հայրութիւնն ու գուրգուրանքը վայելելուն մէջ կը կայանայ»:
Տիրոջ հետ իրական յարաբերութեան մասին հայրապետը կ՚ըսէ. «Կարեւոր չէ, թէ քանի՞ ժամ կ՚անցընես Տիրոջ հետ, կարեւորը՝ որքա՜ն խորունկ կը թափանցես Անոր սիրտին մէջ: Անկեղծ խօսք մը մեծ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ:
«Անկեղծութեա՛մբ աղօթէ, որպէսզի հասնիս Տիրոջ սիրտին խորերը»:
Գիրքը իր ամփոփ գիծերուն մէջ այս պատկերը կը ներկայացնէ, այլ խօսքով՝ վերեւի կատարած մէջբերումները բանալի գաղափարներն են, որոնց շուրջ եւ որոնց հիման վրայ Շնուտա Գ. Հայրապետը, փորձած է մեկնել Տիրոջ եօթն արտայայտութիւնները:
Լաւ պիտի ըլլայ, որ իւրաքանչիւր ճշմարիտ հաւատացեալ, գէթ մէկ անգամ այս գրքոյկը կարդայ, որպէսզի երբ իր առօրեայ Աւետարանական ընթերցումներու ժամանակ հանդիպի այդ եօթն նախադասութիւններուն, իր միտքին մէջ յստակ ըլլայ անոնց իմաստն ու նպատակը, որով կը կարենայ ա՛լ աւելի խորութեամբ եւ գիտակցութեամ հասկնայ գրուածն ու ըսուածը:
Կրկին անգամ շնորհակալութիւն Բրշ. Աւօ Սրկ. Մարգարեանին այս թարգմանութեան համար: Թող Ամենաբարին Աստուած Իր առատ օրհնութիւնները զեղու վրադ, որպէսզի շարունակես նման աստուածահաճոյ գործեր կատարել:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
11 յունիս 2018