ԱԿՆԱՐԿ ՄԸ՝ ԱՐԵՒԱԾԱՂԻԿԻ ՄԱՍԻՆ

Տուներու բարեկամական այցելութեան ընթացքին հայրենադարձները՝ յատկապէս կիները, յաճախ զիրար կ՚ընդունին հայկական սովորութեամբ: Ատենին խորթ թուացող կարգ մը հիւրասիրական երեւոյթները հիմա մեծ սիրով կը կիրարկուին՝ «Սուրճը, պաղպաղակը, խմորեղէնը, հիւթը, պտուղը միասին կը հիւրասիրուի՞ն», զարմանքով հարցուած հարցումները հիմա հասկնալի են, այլ՝ նոյնութեամբ կիրարկելի:

Այս հիւրասիրութեանց մէջ իր անբաժան տեղն ունի սերմուշքան՝ արեւածաղիկի սերմը: Նախապէս, երբ նպարավաճառէն «արեւածաղիկի կուտ» կը խնդրէինք՝ «հայերէն խօսա, էլի՛» պատասխանը իսկոյն յանդիմանական շեշտով մը կը հարուածէր, չէինք գիտեր ուրկէ եւ ինչու ըլլալը. մինչ հիմա երբ սերմուշքա կը խնդրենք՝ «հա՛, արեւածաղիկի սերմե՞ր էք ուզում», ժպտերես կը պատասխանէ ծախողը: Այ քեզ փոփոխութի՜ւն...:

Հալէպ ալ ունէինք արեւածաղիկի կուտ, սակայն ձմերուկի կուտը կը գերազանցէր անոր, որ տեսակ-տեսակ բովածութեան ձեւերով վաճառախանութներուն ցուցափեղկերէն աչք կը քթթէր՝ պարսկականը, եգիպտականն ու թրքականը շարուած կ՚ըլլային կողք-կողքի. եգիպտականի այս սերմերուն մանր տեսակներն ալ կային, որ սերմուշքային պէս ափ մը չրթելով ժամ մը կը զբաղէր անձը՝ «եթէ շատախօսի մը այցելութեան պիտի երթաս, այս կուտէն կէս քիլոն բաւարար է, որ անհաճոյ խօսակցութիւնները ընդհատուին», կը հեգնէր բարեկամ մը այս մանր եգիպտական ձմերուկի սերմերը նկատի ունենալով:

Իսկ այսքան հռչակաւոր արեւածաղիկները ծնունդ առած են Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ Քրիստոսի ծնունդէն 3000 տարի առաջ: Անոնք յայտնաբերուած են Ամերիկային հետ, եւ հետազօտութիւններու հետեւանքով՝ բացայայտուած տարիքը: Արեւի նմանող այս ծաղիկները արեւ աստուծոյ խորհրդանիշն էին բնիկ ամերիկացիներուն մօտ, իսկ ինգաները արեւածաղիկը կ՚երկրպագէին զայն սրբազան ծաղիկ սեպելով, կ՚օգտուէին նաեւ բոյսին արտադրած ձէթէն, որպէս դեղամիջոց կ՚օգտագործէին զայն:

Եւրոպացիները 1510 թուականին «արեւոտ ծաղիկ» կոչեցին զայն ու սերմերը բերելով, ցանեցին իրենց հողերուն վրայ: Կը պատմը-ւի նաեւ, որ Ռուսաստանի Պետրոս Առաջին ցարը իր այգիին մէջ տնկել տուած է այս ծաղիկներէն, որպէսզի «փոքր արեւներ» ունենայ իր տեսահորիզոնին մէջ, ինչպէս նաեւ այս սերմերու ալիւրով պատրաստուած հացը իր սեղանէն անպակաս էր:

Այսպէսով, ժամանակի ընթացքին, լայն տարածում գտած այս արեւանման ծաղիկը ճանչցուած է աշխարի բոլոր երկիրներուն մէջ:

Հինէն նաեւ ունինք աւանդապատումներ այս ծաղիկին մասին: Ըստ յունական աւանդապատումին Բաբելոնի թագաւորին աղջկան՝ Կլիտիային սէրը մերժած է արեւի արքայ Աբոլլոնը, քանի որ ան հմայուած էր Կլիտիայի քրոջ գեղեցկութեամբ: Իշխանուհին յուսահատ թափառած է դաշտերուն մէջ, օրերով շրջած ու իր մերժուած սիրոյ պատմութիւնը պատմած արեւի ճառագայթներուն. եւ օրին մէկը ոտքերը մխրճուած են հողին եւ արմատներու վերածուած, մարմինը ցցուած ցօղունի մը պէս, իսկ գլուխը արեւին ուղղութեամբ բարձր մնացած: Իշխանուհին արեւը դիտող ծաղիկի մը վերած-ւած է: Ահա թէ ինչու արեւածաղիկը միշտ արեւին ուղղութեամբ կը թեքի եւ կը կոչուի «արեւածաղիկ»:

Մեքսիքական աւանդապատումը կը պատմէ, թէ (Shochitl- մեքս. ծաղիկ) Շոշիթըլ անունով պատանուհի մը լերան գագաթը բարձրանալով արեւին հետ զրուցել շատ կը սիրէր: Օր մը զրոյցին ընթացքին արեւէն կը խնդրէ մնալ ու երբեք չանհետանալ: Արեւը ի պատասխան աղջկան խնդրանքին ամիսներով իր ներկայութեամբ կ՚երջանկացնէ զայն, ոչ ամպի նշոյլ մը կ՚երեւի երկնքին մէջ, ոչ կաթիլ մը անձրեւի հաւանականութիւնը կը կանխագուշակուի եւ արեւուն ճառագայթները հետզհետէ կը չորցնեն բոլոր ցանքերը, սովը կը տարածուի, շատեր սովամահ կ՚ըլլան: Պատանուհին կը տեսնէ մարդոց տառապանքը ու կ՚անդրադառնայ իր սխալին եւ իսկոյն լերան գագաթը բարձրանալով արեւէն տեղումներ կը խնդրէ. խնդրանքին պատասխանը չ՚ուշանար, սակայն պատանուհին կը տխրի ամէն օր արեւը չտեսնելուն համար: Տխուր մէկ պահուն, երկնքին նայելով՝ արեւը որոնելով, կ՚արձանանայ եւ շատ գեղեցիկ ծաղիկի մը կը վերածուի: Ահա թէ ինչու տարուան բոլոր եղանակներուն արեւածաղիկին հայեացքը միշտ վեր է, ան արեւին ոսկեայ գունդին ընթացքին կը հետեւի եւ կ՚որոնէ իր սիրեցեալը:

«Արեւոտ ծաղիկ»ը Եւրոպա հասնելուն պէս կը դառնայ ամենասիրելի ծաղիկը, կը ցանուի բոլոր ակնյայտ վայրերուն մէջ՝ պալատներու, թագաւորական այգիներու...: Եթէ ակնարկ մը նետենք այդ շրջանի արուեստին, կարելի է նկատել, թէ որքան տարածուած ու սիրուած նիւթ մըն էր արեւածաղիկի գեղեցկութեան ընդօրինակութիւնը կտաւներու վրայ: Հոլանտացի աշխարհահռչակ նկարիչ Վան Կոկի սիրած նիւթն էր արեւածաղիկները, անոր համար իւրայատուկ նշանակութիւն ունէին եւ ան բազմաթիւ կտաւներու վրայ, տեսակաւոր երանգաւորումներով, նկարած է այս գեղեցիկ ծաղիկը:

Վան Կոկեան գեղանկարչութեան խորհըր-դանիշը կը համարուի արեւածաղիկը:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Յուլիս 5, 2019