ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ
ՄԵՆԱԿԵԱՑ ՄԵՂՐԱԼՈՒՍԻՆ
Մեր գիտցած ըմբռնումով՝ մեղրալուսինը կ՚ըլլայ երկու հոգիի համար, հարս ու փեսայ։ Սակայն կ՚երեւի թէ կան բացառութիւններ, հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։
Ուրեմն այս դէպքը կը պատահի Փաքիստանի մէջ։ Նորապսակ ամոլ մը՝ Արսալան Սեւէր Պրէթ եւ Հումա Մոպին, կը ծրագրեն իրենց մեղրալուսինը անցընել Յունաստանի մէջ։ Օդանաւի տոմսակները կը գնեն, իջեւանելիք պանդոկը կ՚ապահովեն եւ կ՚երթան յունական հիւպատոսարան վիզա առնելու համար։
Մինչեւ հոս արտակարգ ոչ մէկ երեւոյթ։ Սակայն եկուր տես, որ ի ՜նչ ի ՜նչ պատճառներով, հիւպատոսը կը մերժէ փեսային Յունաստան մուտքի վիզա տալ։ Գիտենք, որ Փաքիստան իսլամական երկիր մըն է եւ թերեւս Արսալանի անունը կը գտնուէր սեւ ցանկի վրայ (no fly list), որպէս կասկածելի անձ մը…։
Ճարահատ՝ Հումա կ՚որոշէ առանձին երթալ Յունաստան, որպէսզի օդանաւի եւ պանդոկի վճարուած գումարը լման չվատ-նըւի եւ գոնէ կէսով մը կարենայ անոր արժէքը օգտագործել։ Եւ ահա քեզի մենակեաց մեղրալուսինի եզակի երեւոյթ մը։
Կը կարծեմ, որ գնահատանքի արժանի է հարսին վճռակամութիւնը եւ փեսային թոյլտուութիւնը, որ հարսը մեղրալուսինը առանձին անցընէ։ Երկու չարեաց փոքրագոյնը, պիտի կոչէր հայկական ասացուածքը։
Եւ ահա հարսը ուր որ գացած է, նկարուած է ձեռքերը լայն բացած՝ որպէս թէ փեսան ըլլար իր կողքին...։ Դիտեցէք նկարը, որ ցոյց կու տայ հարսը Աթէնքի աւերակներուն մէջ: Ան մէկ ձեռքով կը նկարուի (selfie), իսկ միւս ձեռքով ալ երեւակայութեամբ կը գրկէ իր բացակայ փեսան (տես նկարը)։ Պատիւս արժանաւորաց։
ՅԱՆԴՈՒԳՆ ԱՐԾԻՒՆ ՈՒ ՄԱՐԴԱՍՊԱՆ ԿՈԿՈՐԴԻԼՈՍԸ
Կ՚ըսուի, թէ անասունները կը սպաննեն՝ ուրիշ անասուն կամ մարդ արարած, միայն եթէ անօթի ըլլան։ Սա անտառի օրէնքն է, ուր մեծ անասուններ կ՚որսան փոքր անասուններ՝ իրենց գոյութիւնը կարենալ շարունակելու համար։ Այս օրէնքը նոյնն է թռչնազգիներու եւ ծովային կենդանիներու համար ալ։
Մեր պատմութեան առաջին դէպքը կը պատահի Աւստրալիոյ հիւսիսային երկրամասի (northern territory) Alice Springs Desert զբօսայգիին մէջ, թռչուններու ցուցադրութեան մը հանդիսութեան ընթացքին։
Արդարեւ արծիւ մը երկինքէն դէպի երկիր կը խոյանայ եւ կը ջանայ մօրը գիրկէն երախայ մը յափշտակել։ Գիտենք, որ արծիւներուն տեսողութիւնը շատ սուր կ՚ըլլայ եւ անոնց խոյանքը շատ արագ։
Բարեբախտաբար սակայն երախային գլխարկը արգելք կը հանդիսանայ, որ մեր յանդուգն արծիւը կարենայ հասնիլ իր նպատակին։ Սարսափազդու այս դէպքը նկարահանուած է անոնց մօտ գտնուող հանդիսատեսի մը կողմէ։ Ով գիտէ խեղճ արծիւը որքա ՜ն անօթի էր։
Մեր պատմութեան երկրորդ դէպքը կը պատահի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ֆլորիտա նահանգի Օրլանտօ քաղաքին մէջ։ Walt Disney World պանդոկը իջեւանած զբօսաշրջիկ մը, իր երկու տարեկան մանչ զաւակին հետ Lane Graves կը գտնը-ւէր, մերձակայ արուեստական լիճի ափին, երբ խոշոր կոկոր- դիլոս մը ափ գալով, երկվայրկեանի մը մէջ կը յափշտակէ անմեղ մանուկը եւ կ՚անհետանայ ջուրին յատակը...։
Խուզարկող ոստիկանները մի քանի օրեր ետք միայն կը գտնեն մանուկին հագուստէն մնացած մասնիկներ, հաստատելով երախային ստոյգ մահը։
Դարձեալ Ֆլորիտայի մէջ՝ բայց այս անգամ Sea World զբօսայգիին մէջ, կէտ ձուկ մը իր մարզիչին մահուան պատճառ կը դառնայ։ Այս դէպքը կը պատահի 2010 թուականին, ի ներկայութեան մի քանի հարիւր հանդիսատեսներու։
Իսկ 2003 թուականին Լաս Վեկասի նշանաւոր պանդոկներէն մէկու մը հանդիսասրահին մէջ, ճերմակ վագր մը խոշտանգեց տարիներու իր երկու մարզիչներէն մին՝ Ռոյ Հորնը։ Բարեբախտաբար այս դէպքը մահ-ւամբ չվերջացաւ։
Չմոռնանք, որ արծիւը, կոկորդիլոսը, կէտ ձուկն ու վագրը կենդանիներ են եւ որքան ալ մարզուին՝ անասնային իրենց բնազդը երբեմն կը յաղթէ իրենց կերտած բարեկամութեան ու անոնք ակամայ կը դառնան մարդասպաններ։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Զարթօնք»
Հարթակ
- 11/22/2024