ՔԱՋՈՒԹԻՒՆ

Դժբախ­տա­բար մարդ ա­րա­րա­ծը իր լի­նե­լու­թեան ճամ­բուն վրայ է տա­կա­ւին ու դեռ «հե­ռու է» ցան­կա­լին, մինչ այդ պայ­քա­րը կը շա­րու­նա­կուի ա­նաս­նա­կան հու­նով, ի­րար յօ­շո­տե­լու, ի­րա­ւունք կոր­զե­լու, ու­նե­նա­լու եւ ա՛լ ա­ւե­լի ու­նե­նա­լու մար­մա­ջով տա­րուած. ահ­ա ու­նինք այսօրուան աշ­խար­հը, որ ար­դէն բռնկած վա­ռօդ մըն է ու ո՞վ պի­տի մա­րէ զայն, եւ ո՞վ կրնայ... գու­ցէ այդ մա­սին մտա­ծե­լու ա­ռիթ չկայ կամ՝ երբ... ա­մէն կիրք հան­դար­տի... ինչ որ հո­րի­զո­նի վրայ չ՚ե­րե­ւիր, պի­տի ըն­թա­նայ կեան­քը այս­պէս պա­տե­րազմ­նե­րու, ար­հա­ւիրք­նե­րու, ջար­դե­րու եւ այլ ե­րե­ւոյթ­նե­րով ան­մարդ­կայ­նա­կան:

Սա­կայն ա­սոր զու­գա­հեռ, մարդ ա­րա­րա­ծի բարձ­րա­գոյն մտա­ծո­ղու­թիւ­նը, փի­լի­սո­փա­յա­կան կամ կ­­րօ­նա­կան ու­ղիով տուած է գո­նէ գո­յա­տե­ւե­լու, ինք­նամ­խի­թա­րան­քի եւ այլ ցուց­մունք­ներ ու ա­ռա­քի­նու­թիւն­ներ. վեր­ջա­պէս կայ վե­րո­յի­շեալ չա­րիք­նե­րը հա­ւա­սա­րակշ­ռող ուժ՝ յա­նուն կեան­քի, ու կեան­քը կ՚ըն­թա­նայ մերթ յու­սա­լով, թէեւ ա­զա­զուն, եւ յա­ճախ ալ ա­րիւ­նա­լի: Ու այս ըն­թաց­քին վար­դա­պե­տու­թիւն­ներ կու տան ուղ­ղու­թիւն եւ սա­կայն զա­նոնք ի­րա­գոր­ծելն է հար­կա­ւոր, ինչ որ սո­վո­րա­կան կեան­քի վազ­քին հեւ­քով տա­րուած զան­գուա­ծը ան­կէ հե­ռու կը նմայ ու նոյ­նիսկ լսել չ­­՚ու­զեր իբ­րեւ ա­նի­րա­կան եւ ե­րե­ւա­կա­յա­կան միտ­քեր. սա­կայն պէտք է մար­զել միտ­քը, մար­մի­նը, հո­գին, ներ­դաշ­նականու­թեան մէջ գտնել ինք­զինք եւ ա­պա ըլ­լալ սո­վո­րա­կա­նէն քիչ մը վեր, ա­ւե­լի վեր, ինչ որ սահ­ման չու­նի, ե­թէ սահ­ման պի­տի հաստատենք, մէկ բա­ռով, կա­տա­րե­լու­թիւն է, ո­րուն մար­դիկ ընդ­հան­րա­պէս Աս­տուած ա­նու­նը կու տան:

Գործ­նա­կա­նա­նալ փոր­ձե­լով, Զէ­նո­յի հիմ­նած Ս­­տո­յի­կեան վար­դա­պե­տու­թեան չորս սիւ­նե­րէն մին է քա­ջու­թիւ­նը: Ար­դա­րեւ փնտռուած ա­ռա­քի­նու­թիւն, սա­կայն հոս պէտք է նշել միւս ե­րե­քը՝ ի­մաս­տու­թիւն, ինք­նա­կա­ռա­վա­րում եւ ար­դա­րու­թիւն, այ­լա­պէս քա­ջու­թիւ­նը ա­ռան­ձին կը մնայ ու ըստ գոր­ծա­ծո­ղի կը զ­գե­նու ժխտա­կան անդ­րա­դարձ:

Քա­ջու­թիւ­նը նախ ինք­զին­քին տի­րա­նա­լու մէջ կը կա­յա­նայ, որ­պէս­զի կա­րե­նայ քա­լել հո­սանքն ի վեր, հա­կա­ռակ իր իսկ դի­մագ­րա­ւած բա­զում դժուա­րութիւն­նե­րուն։ Այ­լա­պէս ձա­խո­ղու­թեան պի­տի մատ­նուի իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը, ո­րոնց­մէ է՝ հո­սան­քին չհե­տե­ւի­լը, այլ՝ թիա­վա­րել հո­սանքն ի վեր, բարձ­րա­նալ ի հե­ճուկս հո­սան­քի տէ­րե­րուն կամ տի­րա­պե­տող­նե­րուն, այս­պէս կո­չուած «վեր­նա­խաւ»ի պիկմէն­նե­րուն, ո­րոնք ճիգ պի­տի չխնա­յեն քա­ջոր­դին վի­ժել, որ կը յա­ւակ­նի բարձ­րա­նալ, տա­պա­լե­լու հա­մար հաս­տա­տուն կար­ծուած ա­թոռ­նե­րը: Ա­սոր լա­ւա­գոյն օ­րի­նակն է Յի­սուս, որ վա­յե՜ր կար­դաց իր օ­րե­ր­ու Փար­իս­ե­ցին­ե­րուն, որ­ոնք չհան­դուրժե­ց­ին զ­­ինք ու մնաց­եա­լը յայտն­ի է, հռոմ­էա­ցին­եր­ու միջ­ո­ցաւ զ­­ինք խաչ­ը հա­նեց­ին՝ որ­պ­էսզ­ի լռեցն­են ճշմարտ­ութ­եան ռահ­վի­րայ մ­­ը, որ հա­ւա­տար­իմ իր իտ­էալ­ներ­ուն՝ կ՚ապ­րէր կեանք մ­­ը իր­են յատ­ուկ: Վեր­ոյ­իշ­եալ­ներ­ը արդ­իւնք են քա­ջութ­եան, մա­նա­ւանդ՝ երբ «ա­յոն ա­յո, եւ ոչ­ը ոչ» կը քար­ոզ­էր:

Համ­ոզ­ում ուն­ի՞ս, հաս­տատ կ­­եց­իր, մի՛ տար­ու­իր ա­ռօր­եայ ընբռ­նումն­եր­ով, տեղ­ի մի՛ տար ի շահ քո՛ւ համ­ոզ­ում­ներ­ուդ. թո՛ղ մար­դոց իր­ենց համ­ոզ­ումներ­ուն հետ, քալ­է քու ճամ­բադ, ինք­նա­յարգ­ութ­եան իւ­րա­յա­տուկ օր­ի­նակ մ­­ը, որ անհ­նար է գտնել շու­կա­յիկ մտած­ո­ղութ­եամբ կլան­ուած հա­սա­րա­կու­թեան մ­­էջ:

Ինքն­ութ­իւն ուն­ե­նալ ու զայն ապ­րիլ գե­րա­գոյն քաջ­ութ­իւնն է, քաջ­ութ­իւն է մահ-ւան աչ­քեր­ուն նա­յիլ ու անց­նիլ ան­կէ անդին՝ ան­մահ­ութ­եան: Չըլ­լանք դե­րա­սանն­եր...։ Մինչ՝ «Աշ­խարհ­ը բեմ է, մար­դիկ դե­րա­սան­ներ»: (Շէյքսփիր)

Դա­րեր­է ի վեր... ի սկզբա­նէ... վա՜յ քե­զի­, աշ­խարհ:

«Քա­ջա­սի՛րտ ե­ղէ­ք, ես աշ­խար­հի­ն յաղ­թե­ցի­»: (Յի­սուս)

Սա պա­տուե­ր է հա­մայն աշ­խար­հի­ն:

ՍԱՐ­ԳԻՍ ՓՈ­ՇՕՂ­ԼԵԱՆ

«Չար­թօնք», Լիբանան

 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2016