ԺԱՔ ՏԵՐԻՏԱ՝ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ (Ա.)

Սիրոյ մասին պատմութիւնները օրինակներ կու տան, թէ ինչպէս կրնանք մեր կեանքը նուիրել այլ մարդու մը։ Իսկ ընկերութեան մասին պատմագրութիւնները յաճախ կը խօսին այն մասին, թէ ինչպէս կրնանք նուիրուիլ մեր կեանքին։

Ֆրանսացի իմաստասէր, գրականագէտ, մշակութաբան ու փիլիսոփայ Ժաք Տերիտա երբ կը դասախօսէր բարեկամութեան մասին, ան հիացած էր Արիստոտելի վերագրուող «O philoi, oudeis philos» խօսքով։ Այս տարօրինակ միտքը, որ կը պարունակէ թէ՛ հաստատում եւ թէ՛ ժխտում, թարգմանուած է որպէս՝ «Օ՜հ իմ ընկերներ, ընկերը գոյութիւն չունի»։ Ոմանք կ՚ըսեն, որ Արիստոտել նկատի ունէր աւելի պարզ բան մը. ան որ ունի բազմաթիւ ընկերներ, իրականութեան մէջ ընկեր չունի։ Բայց Տերիտա աւելի համախոհ գտնուեցաւ այն մտքին, որ իր նախընտրած թարգմանութեան ակնյայտ հակադրութիւնն էր։ Ան կը կարծէր, որ Արիստոտելի վերոյիշեալ միտքը հասկնալը մեզ կը տանի նոր «դաշինք»ներով ու հնարաւորութիւններով լի ապագայի մը։

Տերիտա, հաւաքելով իր դասախօսութիւնները 1994 թուականին հրատարակեց «Բարեկամութեան քաղաքականութիւնը» գիրքը, որու իւրաքանչիւր հատուածը կը սկսի Արիստոտելի կամ անոր ազդեցութեան տակ գտնուող այլ փիլիսոփաներու՝ Ֆրիտրիխ Նիչէի, Էմմանուէլ  Քանթի եւ քաղաքական տեսաբան Քարլ Շմիթի նման մտաւորականներու արտայայտած գաղափարներով։ Ինչպէս միշտ, այս գիրքին մէջ եւս Տերիտայի արտայայտածները «կասկածելի վճռականութիւն»ն են՝ ընկերն ու թշնամիի, անձնական ու ընկերային կեանքի, ապրելու եւ «ուրուական»ին։ Մինչ գիրքի մէկ մասը կը կեդրոնանայ անհատական բարեկամութեան եւ հաւաքական «եղբայրութեան» տարբերութեան վրայ, միւս մասը խոշորացոյցի տակ կը դնէ գաղտնիքներու դերը բարեկամութեան եւ հասարակութեան մէջ։

Ինչպէս կը նշեն տեսաբանները, արդի կեանքը լի է «անհատականացուած» անձերով, որոնք կը փնտռեն կեդրոն մը եւ կասկածի տակ կը դնեն իրենց կեանքի շարժիչ ուժը։ Գործնական իմաստով բարեկամութիւնը դիտաւորեալ կատարուած անհասկնալի երեւոյթ մըն է. յարաբերութիւն, որ հեշտութեամբ կրնայ սահիլ կեանքի «երկրորդ փլանը»։ Ոմանց համար բարեկամութիւնը երկարակեաց է, կշռական ու չափական, իսկ ոմանց համար ան երբեմն մտերմութիւն է, որ կը ձեւաւորուի տարիներ առաջուան խօսակցութիւններու շարունակութենէն։ Մեր կեանքին ներգրաւուած են մարդիկ, որոնց հետ միայն լուրջ հարցերու մասին կը խօսինք, նաեւ կան մարդիկ, որոնք իմաստ ունին հարբած գիշերներու «քէֆ»ին մէջ։ Մեր ընկերներէն ոմանք կարծէք կը լրացնեն մեզ, իսկ ոմանք՝ կը բարդացնեն մեր կեանքերը։

Ինչպէս կը գրէ Տերիտան՝ ընկերութեան անկեղծութիւնը՝ ուրիշի աչքերէն զինք ճանչնալու մէջ է։ Մենք կը շարունակենք ճանչնալ մեր ընկերը, նոյնիսկ եթէ ան այլեւս մեզի չի նայիր։ Տերիտա կը պնդէ, որ այն պահուն, երբ կ՚ընկերանանք մէկու մը հետ, պատրաստ կ՚ըլլանք ընդունիլ, թէ մեզմէ մէկը միւսէն աւելի երկար պիտի ապրի։ Ըստ Տերիտայի՝ բարեկամութեան մեր ներառած այն բազմաթիւ տենչերու մէջ ոչինչ կրնայ համեմատուիլ այս անզուգական յոյսին՝ մահէն անդին ապագայի հանդէպ այս խանդավառութեան հետ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

•շարունակելի

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2022