ԱԿՆԱՐԿ - 82 - ՓՈՒՆՋ ՄԸ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ՝ ՇՆՈՒՏԱ Գ. ՀԱՅՐԱՊԵՏԷՆ
Ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւորականներէն՝ Հայր Պուլոս Ճորճ հետեւեալ դրուագը կը պատմէ երջանկայիշատական Շնուտա Գ. Հայրապետի մասին:
* Առիթով մը հանդիպեցայ Շնուտա Հայրապետին եւ հարցուցի անոր.
- Ձերդ Սրբութիւն, կրնա՞մ հարցում մը հարցնել:
Ինչպէ՞ս է որ ներքնապէս միշտ խաղաղ եւ զուարթ էք, հակառակ եկեղեցւոյ ամէնօրեայ դիմագրաւած խնդիրներուն: Ձերդ Սրբութիւն, մենք չե՛նք կրնար աչք բանալ մէկ խնդիրէն մինչեւ միւս խնդիրը:
Ան պատասխանեց ինծի.
- Նայէ՛ Տէր Հայր. ես սովորութիւն ըրած եմ իւրաքանչիւր խնդիրի համար աղօթել՝ անգամ մը, երկու եւ երեք...: Երրորդ անգամէն ետք, մեր Տիրոջ կ՚ըսեմ. ո՜վ Տէր, ես աղօթեցի Քեզի ու խնդրեցի Քեզմէ, ինչպէս նաեւ ծանօթացուցի Քեզի իւրաքանչիւր խնդիրին հետ: Արդարեւ, այլեւս Քովդ են..., եւ ահա Դուն ու Քու ժողովուրդդ, Դուն եւ Քու եկեղեցիդ, Դուն վարուէ...:
Իսկ երբ ոեւէ մէկը կը հանդիպի ինծի, կ՚ըսեմ անոնց. մեր Տէրը պիտի վարուի, որովհետեւ տուեալ խնդիրը Իր մօտն է (Հայր Պուլոս Ճորճ):
* Եկեղեցին կորսուած մետաղադրամը կը փնտռէ, որովհետեւ անոր կը պատկանի. այն տասը մետաղադրամներէն մէկն է, որ իրեն կը պատկանի: Ճիշդ է, մետաղադրամը կորսուած է, բայց այդ հանգամանքը չի՛ ժխտեր Եկեղեցւոյ սեփականութիւնը ատոր նկատմամբ, եւ ատոր կորուստը չի՛ խանգարեր Տիրոջ սեփականութիւնը ատոր վրայ:
* Մահէն ետք առիթ չկայ: Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ, թէ մահէն ետք դուռը փակուցաւ եւ անմիտ կոյսերը դուրսը կանգնեցան ու առիթը փախցուցին: Դժոխքի բոլոր բնակիչները կը փափաքին ապրած կեանքէդ մէկ վայրկեան մը:
* Եթէ խաչուած ես, մանաւանդ ճշմարտութեան կամ հաւատքի համար, գիտցի՛ր, թէ իւրաքանչիւր ցաւ որ կը կրես՝ Աստուծոյ մօտ հաշուուած է, եւ երկինքի մէջ իր թագն ունի, իսկ երկրի վրայ՝ իր օրհնութիւնը:
* Աստուած բոլոր միջոցները կը գործածէ, որպէսզի մեզ զգաստացնէ, ըլլայ նեղութիւն, կամ հարուած, կամ հիւնադութիւն, կամ ամօթանք, կամ ձախորդութիւն, որպէսզի զգաստանանք: Սակայն, ինչո՞ւ Տիրոջ հարուածներուն կը սպասենք, որպէսզի զգաստանանք: Ինչո՞ւ հիմա՛ չենք զգաստանար, եւ չենք ստիպեր Աստուծոյ, որ խստութիւն գործադրէ մեզի հանդէպ:
* Մեր կեանքը կը հաշուուի միայն այն օրերով, որոնք Տիրոջ հետ անցուցած ենք, հաստատ մնալով Անոր սիրոյն մէջ: Իսկ մեր կեանքի ընթացքին մեղքի շրջանները, մահուան շրջաններ են:
* Ով որ կը հաւատայ Աստուծոյ եւ Անոր տուած պարգեւներուն, Անոր գիրկին մէջ կը քնանայ, կը հանգստանայ ու վստահ կ՚ըլլայ, որ Աստուած ամէն բան կը կարգաւորէ իրեն համար:
* Մի՛ յուսահատիր, ինչքան ալ սատանային պատերազմները զօրաւոր ըլլան: Դուն քեզի ըսէ, ասոնք պարզապէս պատերազմներ են, իսկ ես Աստուծոյ մէջ պիտի հաստատուիմ:
* Հաւատացէ՛ք ինծի, թէ միակ անցագիրը, որով Աստուծոյ Թագաւորութիւն պիտի մտնէք, հետեւեալ աստուածային վկայութիւնն է. դո՛ւն Իմ որդիս ես:
* Ամենէն դժուար բանը, որ կը յոգնեցնէ մարդուն, այն է, որ առանձին կը մնայ իր դժուարութիւններուն մէջ, առանց հրաւիրելու Աստուծոյ, որ մտնէ անոնց մէջ, որպէսզի փրկէ զինք:
* Եթէ յաջողիլ ուզեցիր, տկարութիւններուդ մասին մի՛ մտածեր, այլ՝ Աստուծոյ զօրութեան մասին մտածէ. ճանապարհի դժուարութեան մասին մի՛ մտածեր, այլ՝ մտածէ այն օգնականութեան մասին, որ ճանապարհի ընթացքին կու գայ քեզի:
* Նեղութիւնը նեղութիւն կոչուեցաւ, որովհետեւ սիրտը նեղցաւ զայն ընդունելու, իսկ լայն սիրտը, ո՛չ մէկ բանէ կը նեղնայ... Իրապէս, մեծ սիրտը ամէն բանով կ՚ուրախանայ եւ Աստուծոյ շնորհակալութիւն կը յայտնէ ամէն ինչի համար եւ ո՛չ մէկ բանէ կը նեղուի, ի՛նչ ալ ըլլան պարագաները:
* Ձեր կեանքի խաղաղութիւնը չի՛ կայանար արտաքին գործօններու վրայ, այլ՝ կը կայանայ հաւատքին եւ սիրտի էութեան վրայ, իսկ Աստուծմով զօրաւոր սիրտը անյաղթահարելի պարիսպ մըն է:
* Աստուած կարող է անկարելին ընել կեանքիդ մէջ, նոյնիսկ եթէ ամէն ինչ իրար անցած ըլլայ վերջնականապէս: Վստահէ՛, որ Աստուած ամէն ինչի կարող է:
* Եղբայրներս, քրիստոնէութիւնը առանց խաչի՝ բացարձակապէս քրիստոնէութիւն չէ: Քրիստոնէութիւնը խաչն իսկ է... եւ խաչը՝ քրիստոնէութիւնն է:
* Երբ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի մարդոց հանդէպ վերաբերմունքին կը հետեւինք, կը տեսնենք, թէ Ան շատ մեղմ եւ քնքոյշ է տկարներուն եւ խեղճերուն հանդէպ, եւ կը տեսնենք, թէ խիստ կը վարուի խստասիրտերուն հետ: Յիսուս երբեք խեղճ մարդու մը դէմ չկանգնեցաւ, այլ՝ կը հաւաքէր տկարները, կը գրկէր զանոնք ու կը խղճար անոնց:
* Եթէ չես կրնար արգիլել ցաւի եւ յուսախաբութեան թռչուններուն գլուխիդ վրայ թռչելէ, արդարեւ, կրնաս արգիլել զանոնք, որպէսզի գլուխիդ մէջ իրենց համար բոյներ չշինեն:
* Անոր որուն նպատակը Աստուած է, պէտք է ցաւի ատոր համար, եւ պէտք է ինքզինք տայ այդ բանին համար, գիտնալով, որ իր յոգնութիւնը ի զուր չէ Տիրոջմով:
* Պէտք է վստահիս, որ Աստուած կրնայ աշխատիլ եւ թէ Ան կը սիրէ քեզ եւ կ՚ուզէ քեզի համար աշխատիլ, ատոր համար իրար մի՛ անցնիր, մի՛ վախնար եւ մի՛ կասկածիր:
* Մարդուն կեանքը Աստուծոյ ձեռքին մէջն է եւ ո՛չ թէ մարդոց: Արդ, մեր հոգը չէ, թէ մարդիկ ի՞նչ կը ծրագրեն մեզի համար, այլ՝ թէ Աստուած ինչ կ՚ուզէ մեզի համար:
* Ձեր զաւակներուն սորվեցուցէ՛ք, որպէսզի բարեգործութիւնը սիրեն, եւ որպէսզի այն կատարեն կատարեալ գիտակցութեամբ, ներքին մղումով՝ միտքով ու սիրտով եւ ո՛չ թէ արտաքին ազդեցութեամբ:
* Ան որ Աստուծմէ կը վախնայ... Այն անձը որ Աստուծմէ կը վախնայ, այն անձն է, որ մեղք չի գործեր՝ ինչքան ալ ծածուկ ըլլայ այն, ինչքան ալ հեռու ըլլայ մարդոց տեսողութենէն, որովհետեւ Աստուած միշտ այդպիսիին աչքերուն առջեւն է: Ուստի, ինչպէ՞ս մեղանչէ եւ այս ահեղ չարիքը գործէ Աստուծոյ առջեւ:
* Ներողամտութիւնը, մեղքերու թողութիւնը կը շնորհուի բոլոր անոնց, որոնք երկու մարգարտեայ պայմաններ կ՚ամբողջացնեն Տիրոջ մնացեալ պատուիրաններուն հետ մէկտեղ. հաւատք եւ ապաշխարութիւն: Առանց հաւատքի եւ ապաշխարութեան՝ չկայ մեղքերու թողութիւն եւ փրկութիւն:
* Քրիստոսի հետ ըլլալը ամենէն լաւ բանն է: Կրնանք ըսել, որ մահն անգամ կը քաղցրանայ՝ երբ Տիրոջ հետ ենք:
* Ամէն ինչի մէջ շնորհակլութիւն յայտնենք ու փառաւորենք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը, Իր մեզի ցուցաբերած սիրոյն ու անձնազոհութեան համար։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ