ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ ԵՐԵՒՈՅԹԸ (1878-1943) ԴԱՐԱՍԿԶԲԻ ՀԱՅ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
1878-ին Պոլսոյ Սկիւտար թաղին մէջ լոյս աշխարհ կու գար մանուկ մը, որուն պիտի վիճակուէր դառնալ ոչ միայն հայ, այլեւ միջազգային չափանիշով աչքի զարնող երեւոյթ մը։ Այդ մանուկը յետագային պիտի դասէին դարուս հինգ նշանաւոր կիներէն մէկը։ Ան Զապէլ Յովհաննէսեանն էր, որ ամուսնանալէ ետք նկարիչ Տիգրան Եսայեանի հետ, պիտի կոչուէր Զապէլ Եսայեան։
Պատանեկութիւնը անցած էր իր առեւտրական հօր տնտեսական վերիվայրումներու եւ յարափոփոխ պայմաններու մէջ։ Ուումնատենչ էր հայրը եւ կը հաւատար իր դստեր ուժերուն։ Հետեւաբար թաղի Ս. Խաչ դպրոցը աւարտելէ ետք ան կը քաջալերէր երիտասարդութեան նոր սեմին մտած տասնեօթ տարեկան Զապէլը, որպէսզի հետեւէր Եւրոպայի ամենէն բարձր վարկանիշը վայելող Սորպոնի համալսարանին գրականութեան ճիւղին (պատմութիւն, հոգեբանութիւն, ընկերային-հասարակական գիտութիւններ)։ Այսպիսով ան կ՚ըլլար իգական սեռի ԱՌԱՋԻՆ ներկայացուցիչը, որ որպէս Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացի կը հետեւէր համալսարանական կրթութեան՝ գիտութեան վերոյիշեալ տաճարին մէջ։
Ի պատիւ Զապէլ Եսայեանի պէտք է ըսել, թէ որպէս ֆրանսերէնի գիտակ ան կը սկսի տպուիլ ատենի ամենէն հռչակուած վարկ վայելող Mercure de France-ի մէջ։ Այս երեւոյթի չի վրիպիր Փարիզ հաստատուած Արշակ Չօպանեանի ուշադրութենէն (Համիտեան հալածանքներու պատճառով Արշակ Չօպանեան չէր կրնար Պոլիս վերադառալ)։ Մեծանուն գրողն ու գրականագէտը կը հրաւիրէ աշխատակցիլ «Ծաղիկ» եւ «Անահիտ» թերթերուն։
Զապէլ Եսայեան, որ փոքր տարիքէն յայտնի էր որպէս ըմբոստ, բայց ոչ ապստամբ ու խռովարար պարմանուհի մը, կը զգար որ իր տեղը Պոլիսն է, հայութիւնը եւ կանանց յառաջդիմութեան համար տարււող աշխատանքներու միջավայրը, ուր պարարտ հող կար իր մասնագիտութիւնը ի սպաս դնելու։ Հետեւաբար ուսումն աւարտելէ ետք կը վերադառնայ Պոլիս, ուր շատ գործ կար կատարուելիք, մանաւանդ օրիորդաց ու կանանց իրաւունքներու, պարտաւորութեանց, ուսման ու հասարակութեան զարգացման աւելի՛ պիտանի դառնալու բնագաւառին մէջ։
Պոլսոյ մէջ իրմէ առաջ եւ իր շրջանին արդէն կարգ մը լուսաւոր կիներ հիմը դրած էին կանանց ազատագրութեան գործընթացին, յատկապէս կեդրոնանալով անոնց հասարակական եւ մանաւանդ կրթութեան ու դաստիարակութեան դերին բարձրացման վրայ։ Սրբուհի Տիւսաբ, Զապէլ Ասատուր, Արշակուհի Թէոդիկ, յետագային Հայկանոյշ Մառք հոյլին վրայ որպէս թարմ ուժ կ՚աւելնար Զապէլ Եսայեան, որ ոչ թէ միայն գիրքերու եւ մամուլի միջոցաւ ծանօթ էր եւրոպական կանանց շարժումներուն, այլ տեղւոյն վրայ ծանօթացած էր եւրոպական մայրաքաղաքներուն մէջ տեղի ունեցող խմորումներուն։
ՊՈԼԻՍ ՎԵՐԱԴԱՐՁԷՆ ԵՏՔ
Թէ ի՞նչ պիտի դառնար եւ մինչեւ ո՛ւր պիտի բարձրանար Զապէլ Եսայեան «Լոյսի քաղաքին» մէջ՝ կարելի է գուշակել, բայց Պոլիս վերադարձէն ետք երիտասարդ համալսարանաւարտ ու խոհուն մտաւորական Զապէլ Եսայեան իր առջեւ կը գտնէր գործունէութեան ընդարձակ ասպարէզ մը։ Իր դաւանած սկզբունքները կիրարկելու, հասարակութիւնը բարեշրջելու եւ հայ կանանց դերը բարձրացնելու նախանձախնդրութեամբ ան «կը յարձակի» մի քանի ճակատներու վրայ։
Ա.- Գրականութիւն
Թուենք Զապէլ Եայեանի գործերը՝ արձակ եւ բանաստեղծութիւն։ Գրած է վիպակներ, պատմուածքներ, հրապարակախօսական ակնարկներ եւ յօդուածներ, ճամբորդական նկարագրութիւններ, որոնցմէ յիշատակելի են հետեւեալները՝ «Կեղծ հանճարներ», «Վերջին բաժակը», «Հոգիս աքսորեալ», «Սիլիհտարի պարտէզները», «Աւերակներուն մէջ», «Նահանջող ուժեր», «Կրակէ շապիկ», «Պրոմեթէոս ազատագրուած»։
Գրագիտուհիին արձակ ստեղծագործութիւններուն մէջ ստուար թիւ մը կը կազմեն կնոջ հոգեկան աշխարհին, իւրայատկութեանց, հասարակական դիրքին նուիր-ւած գործերը։ Հետեւեալ տողերը լաւագոյնս կ՚արտայայտեն Զապէլ Եսայեանի գաղափարական հիմքը։ Ան կը գրէ. «Կինը աշխարհ չէ եկած մինակ հաճելի ըլլալու համար։ Կինը ծնած է իր խելքը, մտային, բարոյական եւ ֆիզիքական յատկութիւնները զարգացնելու համար։ Ինքզինքնին յարգող բոլոր կիներուն իտէալը միայն հաճելի ըլլալը պէտք չէ ըլլայ, այլ երկրիս վրան գործօն բարերար մը դառնալը»։ Եւ այս տողերը գրուած են աւելի քան դար մը առաջ, երբ կիները կը նկատուէին լաւագոյն պարագային թանկագին կարասի մը, բիւրեղեայ անօթ մը, բայց հասարակութեան մէջ անոնց դերը խիստ սահմանափակուած էր անցնող դարերու քաղաքակրթութեան մէջ ամրացած կաղապարներու պատճառով - կինը Եւան էր, որ խաբեց Ադամը, ան՝ այր մարդը թիկունքէն զարնողն է, չարիքներու աղբիւրը, փառասէրը, պճնասէրը եւ այլն, եւ այլն։
Փաստօրէն կինը զոհն էր այր մարդու տիրապետութեան եւ գերակայութեան անհեթեթութեան։ Կնոջ սրբազան պարտականութիւնն էր «հնազանդ ըլլալ ամուսինին» (յիշեցէք Ս. Պսակի խորհուրդի ժամանակ քահանայի հարցումը), հոգալ այր մարդուն ֆիզիքակական եւ այլ կարգի պէտքերը (մինչեւ իսկ ոտքերը լուալ), ինքնապաշտպանութեան համար պատասխան չտալ ամուսինին, տխեղծ մանուկի ծնունդին համար պատասխանատու եւ յանցաւոր նկատուիլ եւ նման բաներ։
Զապէլ Եսայեան, ինչպէս իր ժամանակակից մտաւորական ափ մը լուսաւորեալ կիներ, աւելի խորութեամբ կը ներկայացնէր կնոջ դերը առողջ հասարակութիւն մը եւ հետեւաբար առողջ ազգ մը կերտելու ջանքերուն մէջ։ Եսայեանի վէպերուն եւ վիպակներուն մէջ յատկանշական կը դառնան կանանց հոգեբանութիւնը վերլուծող միտումներ։ Կնոջ հոգին նուրբ է, երբեմն անմեկնաբանելի, խորունկ եւ առեղծուածային, որոնք զինք կը զատորոշեն այր մարդէն, բայց չեն հակադրուիր կամ հակասութեան մէջ չեն մտներ այր եւ կին յարաբերութեան մէջ։ Այլ՝ կինը կ՚ամբողջանէ ու կ՚առողջացնէ մթնոլորտը։
Բնականաբար Զապէլ Եսայեան իր արձակ գործերուն մէջ պիտի անդրադառնար ամուսնութեան հարցին։ Իրեն համար ընտանեկան առողջ մթնոլորտը կը սկսի ապագայ կողակիցներու ազատ ընտրութեամբ։
Հայ գրականութեան մէջ Զապէլ Եսայեան տակաւին չգերազանցուած գրագիտուհին է հոգեբանական վէպին։ Ան՝ կնոջ նրբագոյն զգացումները կը փնտռէ ու խորապէս կը թափանցէ կնոջ հոգեկան նուրբ ծալքերէն ներս։ Ոչ ոք մեր գրականութեան մէջ իրեն չափ թափանցեց կնոջ փխրուն հոգիէն ներս՝ ներկայացնելու համար կնոջ մը լուռ տառապանքները եւ թաքնուած արցունքները։ «Հոգիս աքսորեալը» ստեղծագործութեան մէջ ան խոր հարազատութեամբ կը ներկայացնէ արուեստագիտուհիի մը հոգեվիճակը, ուր կինը չ՚արժանանար պէտք եղած ուշադրութեան, կը դառնայ հասարակութեան անտարբերութեան առարկան, մինչ ինք կ՚ուզէր գնահատուիլ որպէս արուեստագիտուհի։
«Համբերութեան բաժակը» կը ներկայացնէ կինը, որուն նմանները շատ շատ էին, եւ են, մեր հասարակութեան եւ այլ ազգերու հասարակութեանց մէջ։ Խորաթափանց ու իրապաշտ վերլուծումներով հեղինակը ցոյց կու տայ կինը, որ թէեւ կը սիրէ, բայց նախապաշարումներու կծիկ մըն է, պատճա՞ռը՝ իր չսիրած անձին հետ ամուսնացած ըլլալն է։
Հերոսական հայ կնոջ կերպարը չէր կրնար վրիպիլ Զապէլ Եսայեանի ամենատես աչքէն։ 1909-ի Ատանայի կոտորածէն անմիջապէս ետք ան պատուիրակութեամբ մը կը ղրկուի Կիլիկիա, ուր ականջալուր եւ ականատես կ՚ըլլայ հայ ժողովուրդի քանի մը օրուայ ընթացքին ենթարկուած կոտորածներու եւ սարսափներու նկարագրութեանց ու տեսարաններու, բայց այդ ահաւոր դէպքերու ընդմէջէն ան կը կը յայտնաբերէ հերոսական հայ կիներ, որոնք իրենց եղբայրներուն եւ ամուսիններուն կողքին հաւասարապէս զէն ի ձեռին կռուեցան գերազանց ուժերու դէմ։ «Աւերակներուն մէջ» վերնագրուած գեղարուեստական յատկանիշներով հարուստ յուշագրութեան մէջ ան կը նկարագրէ Ատանայէն արեւելք գտնուող Չորք-Մարզպան աւանի մէջ հանդիպած իգական սեռին պատկանող կենդանի վկաներ, որոնք իրենց մէջ պահած էին մեր ցեղին իւրայատուկ մարտնչող ոգին ու վճռակամութիւնը։
Զապէլ Եսայեանի սոյն գիրքը ներշնչման աղբիւր դարձաւ պոլսահայ մտաւորականութեան եւ յատկապէս հայ յառաջադէմ կանանց համար, որոնք իրենց ուշադրութիւնը սեւեռեցին Կիլիկիոյ այս գեղատեսիլ ափերուն եւ լեռնալանջերուն վրայ ապրող հայութեան։
Բնաւորութեամբ ու խառնուածքով հաւասարակշռուած ընբոստ մըն էր Զապէլ Եսայեան, յատկապէս երբ հարցը կը վերաբերէր ճշմարիտ արժէքներու պահպանման ու արմատաւորման։ Ամէն հին ու աւանդական սովորութիւն անվերապահօրէն օգտակար չէր։ Կային իրենց դարը վաղուց ապրած աւանդութիւններ, սնոտիապաշտական ու յետադիմական կեցուածքներ ու նախապաշարումներ, որոնք կը խանգարէին հասարակութեան առաջընթացը։ Մանաւանդ կեղծիքը եւ աւելորդապաշտութիւնը չէին հանդուրժուեր իր կողմէ, որովհետեւ անոնք կը խոչընդոտէին հասարակութեան առողջ երթը։
Այս առումով ուշագրաւ է դեռ շատ երիտասարդ տարիքին գրած «Կեղծ հանճարներ»ը, ուր հեգնութեան կ՚արժանանան յատկապէս Փարիզի մէջ համբաւ փնտռող կարգ մը մտաւորական գրողներ։ Կարելի է հարիւր առ հարիւր չհամաձայնիլ գրագիտուհիին չափազանցեալ բնորոշումներուն հետ, սակայն կային նկատի առնուելիք դիտողութիւններ իր մօտեցումներուն մէջ։ Այր-կին, հարուստ-աղքատ, հարուստ փեսացու-հարսնցու թեմաներուն կը հանդիպինք նաեւ իր այլ գործերուն մէջ, ինչպէս՝ «Սկիւտարի վերջալոյսներ», «Շնորհքով մարդիկ», «Սիլիհտարի պարտէզները» եւ այլն։
Բ.- Քաղաքականութիւն եւ հասարակական գործունէութիւն
Վերոյիշեալ ասպարէզները կարելի է նկատել Զապէլ Եսայեանի մղած ռազմաճակատի յաջորդ դաշտերը։
Նախ պէտք է միանգամընդմիշտ արձանագրել, որ Զապէլ Եսայեան լուսաւորեալ մարդասէր մըն էր (humanist)։ Ան հեռու էր ազգային մեծամտութենէ եւ գերակայութեան զգացումէ։ Մարդը մարդ էր իրեն համար։ Որպէս հասարակական գործիչ, ան իր կարելին ըրաւ օգնութեան ձեռք մեկնելու աննեցուկին ու իր տունէն տեղէն բռնի կերպով տեղահանուածին եւ պատերազմի պատճառով փախստական դարձածներուն՝ առանց հաշուի առնելու տուժուածներուն ազգային կամ կրօնական պատկանելիութիւնը։
Պատմութիւնը արձանագրած է կարեւոր փաստեր այս առընչութեամբ։ Այսպէս, Պալքանեան պատերազմի տարիներուն (1912-1913) հազարաւոր թուրքեր կամ թրքացուածներ եւ մահմետականներ մազապուրծ ազատուելով կռիւներու արհաւիրքներէն, եկան եւ լեցուեցան Պոլիս։ Վոսփորի ափերը եւ համեստ թաղերն ու հրապարակները կը վխտային անոնցմով։ Զապէլ Եսայեան եղաւ այն ազնիւ կինը, որ ոգի ի բռին իր հայրենակիցներուն կոչ ըրաւ խղճալ ու նեցուկ կենալ ինկածներուն ու սոված ծարաւ Պոլսոյ ափերը հասած մարդոց։ Միայն ազնուագոյն հոգի մը կրնար այսպէս վարուիլ փոխանակ ներքուստ հրճուելու։ Ի՜նչ հեգնանք սակայն, որ Զապէլ Եսայեան միակ կինն էր, որուն անունը կը գտնուէր երկրի ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ պատրաստուած հայ մտաւորականներու ցանկին մէջ, որուն անդամները պիտի աքսորուէին ։
Օսմանեան կայսրութեան իգական սեռին շահերու պաշտպանութեան ուղղութեամբ ան իր հրապարակագրական գրութիւններով եւ գործունէութեամբ կը պայքարէր կանանց բարոյական եւ մտաւորական վիճակը բարեփոխելուե համար։ Հայ կինը պէտք է իր բոլոր ունակութիւնները ի սպաս դնէր հասարակութեան բարելաւման ու առողջացման, չտարուէր արտաքին շպարով եւ մարդը չչափէր իր հագուստէն, տան կահ կարասիներէն ու գործածած գոհարեղէններէն։ Չէ՞ք կարծեր, որ այսօր ալ տակաւին կան բազմահազար կիներ, որոնք իրենց շրջապատի կիները կը գնահատեն կամ կ՚արժեւորեն իրենց բարձրորակ ու սուղնոց զգեստներով, պայուսակներով եւ կօշիկներով...
Զապէլ Եսայեանը գործօն առաքելութեան մէջ կը տեսնենք նաեւ Պօղոս Նուպար փաշայի ծրագիրներուն մէջ։ Վերջինիս խնդրանքով ան կը շրջի Միջին Արեւելքի աքսորավայրերը, ապաստարանները, հիւղաւաններն ու որբանոցները՝ նպատակ ունենալով յստակ ու ճշգրիտ պատկերը ներկայացնելու աշխարհի այս տարածքա-շըրջանին մէջ իր գոյութիւնը քաշքշող արեւմտահայ գաղթականներուն եւ մնացորդացին, որպէսզի ի վերջոյ Պօղոս Նուպար կարենար թիւերու լեզուով խօսիլ Ազգերու լիկայի եւ մօտալուտ եւրոպական համաժողովներուն մասնակից պետութիւններու ղեկավարներուն հետ։
Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն անմիջապէս ետք (28 մայիս 1918-ին) Զապէլ Եսայեանը կը տեսնենք Աւետիս Ահարոնեանի գլխաւորած Ազգային պատուիրակութեան մէջ՝ որպէս խորհրդական եւ բարձրորակ թարգմանիչ։
1927-ը բեկումնային տարի մը կ՚ըլլայ Զապէլ Եսայեանի կեանքին մէջ։ Ինք անկուսակցական մըն էր եւ զինք կը մտահոգէր հայութեան ապագան։ Հետեւաբար, անսալով նորաստեղծ Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարութեան, ի մասնաւորի Ալեքսանդր Միասնիկեանի կոչին, ան կ՚այցելէ Հայաստան։ Այստեղ ան իր աչքերով կը տեսնէ տոտիկ տոտիկ ոտքի կանգնող եւ իր վէրքերը բուժող հայրենի ժոովուրդին ջանքերը։ Ան որոշումը կը կայացնէ վերջնականապէս Հայաստան հաստատուելու ուղղութեամբ։ Կը վերադառնայ Փարիզ եւ կը գրէ իր «Պրոմէթէոս ազատագրուած» հատորը։ Պրոմէթէոսը յունական դիցաբանութեան այն կիսաստուածն էր, որ համարձակած էր գիտութեան լոյսը գողնալ եւ յանձնել մարդկութեան, որուն համար ան խիստ պատիժի կ՚ենթարկուի ահեղ Զեւսի կողմէ, կը շղթայուի ու կը նետուի Կովկասեան լեռներու խոր կիրճերէն մէկուն մէջ։
Պրոմէթէոսը նորաստեղծ Հայաստանն էր, որ քանդած էր վեց հարիւր տարիներու ստրկութեան շղթաները եւ բռնած էր գիտութեան ու զարգացման ուղին։
Տրամաբանական էր որ Զապէլ Եսայեան որոշէր վերջնականապէս կայք հաստատել հայրենիքի մէջ՝ իր մտաւորական կարողութիւնները ի սպաս դնելու Խորհրդային Հայաստանի վերականգնման։ Հետեւաբար, դրական պատասխան տալով Հայաստանի ղեկավարութեան հրաւէրին, ան 1935 թուականին իր զաւակները առնելով վերջնականապէս կը հաստատուի Երեւան՝ չանսալով բարեկամներու խորհուրդներուն որ Խորհրդային Հայաստանի վարչակարգը կրնար բարի աչքով չընդունիլ իր հայրենադարձութիւնը։ Շուտով Զապէլ Եսայեանը կը տեսնենք գրական աշխոյժ գործունէութեան մէջ՝ միաժամանակ որպէս դասախօս արեւմտեան գրականութեան եւ պատմութեան Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս։
Ցաւօք սրտի այս մեծագոյն կնոջ ներդրումը հայ իրականութենէն ներս շատ շուտով կասեցուեցաւ՝ անհատի պաշտամունքի տխմարագոյն տարիներուն։ Հազիւ երկու տարի անցած ան մեղադրուեցաւ որպէս… ֆրանսական կայսերապաշտութեան գործակալ եւ նետուեցաւ «չեկայի» բանտախուցը։ Ան դատապարտուեցաւ մահուան, բայց շնորհիւ կարգ մը ազդեցիկ հայ քաղաքական գործիչներու խորհուրդին, ան անընդհատ նամակներով դիմեց «ազգերու եւ ժողովուրդներու հայր» յորջորջուած Ստալինին եւ իր մահապատիժը փոխարինուեցաւ տասը տարի սիպիրեան աքսորի։ Վերջին լուրերը իրմէ կը հասնին 1943-ին՝ Սիպերիոյ աքսովայրէն…
Զապէլ Եսայեան իր ետին կը թողուր հսկայական չիրագործուած ծրագիրներ եւ իր զաւակները՝ Հրանդն ու Սոֆիկը, որոնց կեանքն ալ շատ փայլուն ընթացք մը չունեցաւ։
***
Իսկական արժէքները յաւիտեանս անտես չեն մնար եւ օրին մէկը կը յայտնաբերուին անպայման։ Այդպէս ալ պատահեցաւ։ Տասնամեակներ ետք, 8 մարտ 2018-ին, Կանանց միջազգային տօնին օրը ի ներկայութեան քաղաքապետին եւ հայ ու ֆրանսացի մտաւորականներու, հանդիսաւոր արարողութեամբ մը Փարիզի փողոցներէն մէկը անուանուեցաւ Rue Zabel Yesayan՝ «լոյսի քաղաքի» 11-րդ թաղամասին մէջ՝ ոչ շատ հեռու Փեր լա Շեզ նշանաւոր գերեզմանոցէն, ուր յաւիտենապէս կը հանգչին Մոլիերն ու Էտիթ Փիաֆը, Օսքար Ուայլտը, Մարսէլ Փրուստ եւ ուրիշներ։
Լաւատեսօրէն սպասենք, որ յառաջիկայ տարիներուն Երեւանը եւ հայրենի պետութիւնը տէր կենայ իր ապաբախտ դստեր եւ պատշաճ արարողութիւններով դրուի իր բարձրութեան վրայ։
ՏՔԹ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ