ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Գ.

Հարցում. Ինչո՞ւ համար չարչարուիլ չ՚ըսեր, այլ՝ բարձրանալ:

Պատասխան. Վարդապետները կ՚ըսեն չորս պատճառով. նախ՝ որովհետեւ Քրիստոս խաչով բարձրացաւ, ըստ այնմ. «Որ խաչը Իր փառքը կոչեց»: Երկրորդ, որովհետեւ Քրիստոս խաչով օդ բարձրացաւ եւ թշնամին հալածեց: Երրորդ, որպէսզի Նիկոդեմոսը չգայթակղի, այդ պատճառով չարչարուիլ ու կախուիլ չըսաւ, այլ՝ բարձրանալ: Չորրորդ, որովհետեւ բարձր ըսելով Քրիստոսի խաչին բարձրութիւնն ու զօրութիւնը ցոյց տուաւ:

Խօտք. «Որպէսզի Անոր հաւատացողը» (Յհ 3.15):

Մեկնութիւն. Ինչպէս Թուոց գիրքը կը պատմէ, երբ օձը ժողովուրդին կը հարուածէր, ըստ այնմ. «Առանց բժշկութեան որոգայթներ արձակեց», Աստուծոյ հրամանով Մովսէսը պղինձէ օձ մը շինեց եւ փայտի մը վրայ բարձրացուց, որ Քրիստոսի խաչին օրինակ էր: Արդ, օձը պղինձէ էր եւ Աստուծոյ պատգամը ունէր, իսկ ժողովուրդը հաւատքն ու տեսնելը ունէր:

Վեց կերպով օրինակ կը դնէ.

Նախ՝ ինչպէս այնտեղ, անոնք որոնք օձը հաւատքով կը տեսնէին՝ կ՚ապրէին, իսկ անհաւատները՝ կը մեռնէին, այդպէս ալ, ան որ հաւատքով կը տեսնէ խաչեալ Աստուածը եւ բնութեամբ՝ Աստուծոյ Որդի, յաւիտենական կեանքը կը ստանայ, իսկ ան որ անհաստատութեամբ սոսկ մարդ կ՚ըսէ Խաչեալին, յաւիտենական մահը կը կրէ: Նոյնպէս, ան որ հիմա խաչը կը տեսնէ, տակաւին՝ անոնք որոնք իրենց երեսին կը դրոշմեն [խաչը], տակաւին՝ ով որ կը հաւատայ, թէ Պատարագը Աստուծոյ Մարմինն ու Արիւնն է, հոգիով կ՚ապրի, իսկ ան որ սոսկ մարդ [կը տեսնէ]՝ կը մեռնի:

Երկրորդ՝ ինչպէս որ պղինձի օձը մեռեալ էր եւ կեանքը կը շնորհէր տեսնողներուն, այդպէս ալ մեր Տէրը մեռած մարմինով մահը մեռցուց եւ մեզ կենդանացուց:

Երրորդ՝ ինչպէս դրախտին մէջ անիծուած օձը օրհնութիւն կու տար տեսնողներուն, եւ մեր Տէրը օձաձեւ մարմինը առաւ ու խաչեց եւ օրհնութիւն տուաւ Իրեն հաւատացողներուն:

Չորրորդ՝ ինչպէս ան մարմնաւոր օձէն կը փրկէր եւ ժամանակաւոր կեանք կու տար, իսկ մեր Տէրը իմանալի օձէն կը փրկէր եւ յաւիտենական կեանք կը պարգեւէր:

Հինգերորդ՝ ինչպէս որ պղինձէ օձը մաղկատող օձի թոյնէն ազատ էր, այդ պատճառով հարուածուածները կը բժշկէր, այդպէս ալ Տէրը մեղքերէ ազատ ըլլալով, այդ պատճառով մեզի կեանք շնորհեց:

Վեցերորդ՝ ինչպէս որ այն ժողովուրդը, եթէ պղինձէ օձէն հեռանար, դարձեալ օձերէն կը հարուածուէր, այդպէս ալ մենք եթէ բարիքներէն հեռանանք, սատանան մեզ վերստին մեղքերով կը հարուածէ:

Իսկ ուրիշ վարդապետներ չորս պատճառներ կը դնեն.

Նախ՝ որովհետեւ այն օձը բարձր տեղ եւ փայտի վրայ դրուեցաւ, որպէսզի բոլոր ժողովուրդը կարողանար տեսնել, այդպէս ալ Քրիստոս բարձր տեղ մը եւ խաչի փայտին վրայ գամուեցաւ, որպէսզի բոլորն ալ Իրեն նայէին:

Երկրորդ՝ ինչպէս օձով բոլորը չէին փրկուեր, այլ՝ անոնք որոնք օձին կը նայէին, այդպէս ալ Քրիստոսով միայն հաւատացեալները կ՚ապրէին:

Երրորդ՝ ինչպէս որ այն օձը անապատին մէջ բարձրացաւ, այդպէս ալ Քրիստոս քաղաքէն դուրս խաչուեցաւ:

Չորրորդ՝ ինչպէս իսրայէլացիները ժամանակաւոր հիւանդութենէն եւ մահէն փրկուեցան՝ պղինձէ օձին նայելով, այդպէս ալ խաչուած Քրիստոսին հաւատալով յաւիտենական մահէն եւ բոլոր մեղքերէն կը փրկուին: Օձին մասին տե՛ս Գիրք Հարցմանցին մէջ, վեցերորդ հատոր, վաթսունվեցերորդ համար:

Իսկ յորդորակի վերջաւորութեան երբ կ՚ըսէ չարիք չգործել, այլ՝ բարիք, չորս բան կը ցուցնէ. նախ՝ այն է, որ Դաւիթ կ՚ըսէ. «Չարութենէ հեռացիր ու բարութիւն ըրէ» (Սղ 34.14), եւ Մովսէս հրաժարական եւ յանձնառական կ՚ըսէ օրէնքները: Երկրորդ՝ այն է, որ մկրտութեան ժամանակ նախ կը հրաժարինք եւ ապա կը դաւանինք: Երրորդ՝ երբ մեղքերը կը խոստովանինք, ապա՝ կ՚ապաշխարենք: Չորրորդ՝ չար բաներ չգործելով զերծ կը մնանք տանջանքներէն եւ բարիք գործելով Արքայութիւն կը ժամանենք: Ամէն:

ԹԷ ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԱՐԴԻԿԸ ՍԻՐԵՑ

Խօսք. «Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը» (Յհ 3.16):

Մեկնութիւն. Նախ՝ ըսաւ, թէ առաջին փրկագործութիւնը մկրտութեան ժամանակ է: Երկրորդը՝ խաչելութեան: Երրորդը՝ կ՚ըսէ այստեղ:

Վեց բանով ցոյց կու տայ Հօր անչափ սէրը. նախ՝ որովհետեւ Աստուած սիրեց, երկրորդ՝ Միածինը ղրկեց, երրորդ՝ չարչարանքներուն տուաւ [Միածինը], չորրորդ՝ անարժաններուն յանձնեց, հինգերորդ՝ որովհետեւ փրկեց եւ կենդանացուց, վեցերորդ՝ Սուրբ Հոգին տուաւ, որ ետքէն կը յիշէ:

Այսպէս, վեց բան կ՚երեւի Որդիին վրայ այս խօսքէն. նախ՝ որովհետեւ ո՛չ թէ տկարութեան պատճառով խաչին եկաւ: Երկրորդ՝ ո՛չ ալ հրեաներու բռնի զօրութեան պատճառով: Երրորդ՝ որովհետեւ կամաւորաբար եկաւ: Չորրորդ՝ որովհետեւ նաեւ Հօր կամքով, որովհետեւ մէ՛կ է Հօր եւ Որդիին կամքը: Հինգերորդ՝ մարդոց սիրոյն համար: Վեցերորդ՝ որովհետեւ փրկեց մարդիկը ու լուսաւորեց:

Հարցում. Ի՞նչ է սիրելը:

Պատասխան. Ուրիշին բարին կամենալը: Դարձեալ, սիրոյ սկիզբը կամքն է, իսկ կատարումը՝ բարին գործելը, մէջտեղը՝ սէրը, որովհետեւ կամքը մեր մօտ է, բարիքը՝ ուրիշներուն, իսկ սէրը՝ մէջտեղը:

ԿԵՆԴԱՆԻ ՀԱՒԱՏՔԸ

Խօսք. «Որպէսզի Անոր հաւատացողը չկորսուի» (Յհ 3.16):

Մեկնութիւն. Որովհետեւ անհաւատութիւնը կորստեան պատճառ է, իսկ կենդանի հաւատքը՝ կեանքի ու փրկութեան պատճառ է, եւ եթէ մէկը ըսէ, ո՞րն է մեռեալ հաւատքը, կ՚ըսենք, թէ առանց գործերու հաւատքը մեռած է, ինչպէս կ՚ըսէ Յակոբոս, իսկ կենդանի հաւատքն է՝ սիրով եւ բարեգործութեամբ կենդանացած, ինչպէս Պօղոս կ՚ըսէ, հաւատք սիրով յաջողուած, այդ պատճառով այստեղ կ՚ըսէ. «Անոր հաւատացողը», այսինքն՝ սիրով Անոր վերանալով չի՛ կորսուիր, իսկ ըսելը. «Որպէսզի Անոր հաւատացողը», այսինքն՝ որոշակի չէ, ինչպէս հրեայ կամ հեթանոս, այլ՝ ընդհանուր կերպով կը դնէ հաւատալը, ինչպէս մկրտուիլը, որովհետեւ խտրութիւն չկայ:

Խօսք. «Որովհետեւ Աստուած Իր Որդին աշխարհ ղրկեց՝ ո՛չ թէ որպէսզի աշխարհը դատապարտէ» (Յհ 3.17):

Մեկնութիւն. Այստեղ աշխարհ ըսելով մարդիկը նկատի ունի, առաւել եւս հաւատացեալները, որոնք աշխարհի մէջ են, ինչպէս վերեւի համարին մէջ ցոյց տրուեցաւ, թէ Քրիստոս աշխարհի վախճանին պիտի գայ դատելու համար աշխարհը, այսինքն՝ քննելու եւ հատուցելու, սակայն առաջին գալուստով դատելու չեկաւ, այլ՝ դատուելու, որովհետեւ Ինք դատուեցաւ ու դատապարտուեցաւ, չարչարուեցաւ ու մեռաւ, դժոխք իջաւ ու մեզ ազատեց, եւ ո՛չ միայն այսքանը, այլ՝ մեղքերուն թողութիւն տուաւ կիրքերուն եւ գործերուն՝ նախնիներուն եւ մեզի: Աւետարանը սորվեցուց՝ քարոզելով, տակաւին հիւանդները բժշկեց, մեռելները կենդանացուց հրաշքներով, եւ այնպէս տուաւ հաւատքը, այդ պատճառով կ՚ըսէ.

Խօսք. «Ով որ կը հաւատայ Անոր» (Յհ 3.18):

Մեկնութիւն. Այսինքն՝ կենդանի հաւատքով չի՛ դատապարտուիր, որովհետեւ դատապարտութեան պատճառ չունի, այլ՝ կեանքի եւ փրկութեան պատճառ:

ՀԱԿԱՌԱԿ ԱՆՈՆՑ ՈՐՈՆՔ ԲԵՐՔԱԹՈՒՐ [ՔԱՒԱՐԱՆ] Կ՚ԸՍԵՆ

Խօսք. «Իսկ ով որ չի հաւատար Անոր՝ արդէն իսկ դատապարտուած է» (Յհ 3.18):

Մեկնութիւն. Ասիկա այլազգիներուն կարծածին համաձայն չ՚ըսեր, թէ մեղաւորներուն պատիժը ներկայիս կ՚ըլլայ, այսինքն՝ որ կ՚ըսեն թէ այս ժամանակին, մահէն ետք մեղաւորի հոգին բերթաքուր կ՚երթայ, որ օդին մէջ է, այսինքն՝ քաւարան, եւ այնտեղ ըստ իրենց մեղքերու չափին տանջանքներով կը քաւ-ւին, որ քաւ լիցի մեզի այս բանը ըսել, որոհետեւ ասոր վնասները շատ են, որ Հարցմանց Գիրքին տասներորդ հատորին [տասնչորսերորդ] համարին մէջ ըսինք:

Իսկ այստեղ դրինք կրկնակի պատճառով.

Նախ՝ եթէ այդպէս ըլլար, Աստուծոյ մէջ անիրաւութիւն կ՚ըլլար, որովհետեւ անոնք որոնք մարմինով եւ հոգիով գործեցին այստեղ՝ չարիք եւ բարիք, հոգին առանց մարմինի կը փառաւորուի կամ կը տանջուի, որոնց Պօղոս կը յանդիմանէ՝ մեզ բոլորիս դէմ յանդիման ըլլալը Քրիստոսի ատեանին առջեւ, որովհետեւ ըստ գործերու ընկալուած է, թէ բարի եւ թէ չար:

Երկրորդ՝ որովհետեւ ասիկա դատաստանին օրը կը վերցնէ, որովհետեւ եթէ ներկայիս կ՚ըլլայ արդարներուն եւ մեղաւորներուն հատուցումը, ի՞նչ կարիք կայ, որ Քրիստոս դատաստան ու հատուցում կատարէ: Եւ թէ գալուստին պիտի ըլլայ հատուցումն ու դատաստանը, այս մասին Աւետարանիչը կը վկայէ. «Մեռելները պիտի լսեն Աստուծոյ Որդիին ձայնը, անոնք որոնք բարիք գործած են՝ յարութիւն պիտի առնեն ու ապրին, իսկ անոնք որոնք չարիք գործած են՝ յարութիւն պիտի առնեն ու դատապարտուին» (տե՛ս Յհ 5.27-29), եւ Մատթէոսը կ՚ըսէ. «Երբ Հօր փառքով գայ, այն ատեն պիտի բաժնէ ոչխաները այծերէն» (տե՛ս Մտ 25.31-34), եւ արդարները՝ յաւիտեանական կեանքի, իսկ մեղաւորները՝ տանջանքներու: Տակաւին Աւետարանին վկայութիւնները բազմաթիւ են անոնց յանդիմանութեան համար:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 26

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2019