Ա­նուն, Եր­ջան­կու­թիւն, Ու­շի­մու­թիւն

Ան­շուշտ գիւ­տե­րը միայն ճար­տա­րա­գի­տա­կան, ար­հես­տա­գի­տա­կան մար­զե­րուն մէջ չեն ըլ­լար: Հո­գե­բան­նե­րը եւս նո­րու­թիւն­ներ կը յայտ­նա­բե­րեն, երբ կ՚ու­սում­նա­սի­րեն մար­դոց զգա­ցում­նե­րը, հո­գե­կան աշ­խար­հը, վա­րուե­լա­կեր­պը, նա­խա­սի­րու­թիւն­նե­րը եւ նաեւ… ա­նու­նը: Կրնան ո­մանց հա­մար ա­սոնք միայն հո­գե­բան­նե­րու պնդում­ներ, այլ ոչ ճշգրիտ գի­տու­թիւն նկա­տուիլ, սա­կայն կ՚ար­ժէ կար­դալ:

*

ԵՐ­ՋԱ­ՆԻԿ ՄԱՐ­ԴՈՒ
­ՍՈ­ՎՈ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵ­ՐԸ

Ու­րա­խու­թիւ­նը վա­րա­կիչ է: «Ֆրա­մինկ­համ հարթ սթատ»ի հե­տա­զօ­տող­նե­րը, ո­րոնք ա­ւե­լի քան քսան տա­րիէ  կը զբա­ղին «եր­ջան­կու­թեան տա­րա­ծում» ե­րե­ւոյ­թի ու­սում­նա­սի­րու­թեամբ, յայտ­նա­բե­րած են, որ ա­նոնք, ո­րոնք եր­ջա­նիկ մար­դոց­մով շրջա­պա­տուած են, մեծ հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն կայ, որ ա­պա­գա­յին ի­րենք ալ եր­ջա­նիկ մար­դիկ կը դառ­նան: Ա­տի­կա լաւ պատ­ճառ է ա­նընդ­հատ գան­գա­տող ըն­կեր­նե­րու թի­ւը կրճա­տե­լու եւ կեն­սու­րախ մար­դոց­մով շրջա­պա­տուե­լու հա­մար:

Հե­տա­զօ­տող հո­գե­բան­նե­րը կ՚ը­սեն.

Ա­նոնք կը ժպտին։ 
­Նոյ­նիսկ ե­թէ դուք ձեզ ու­րախ չէք զգար, մտա­ծե­ցէ՛ք ո­րե­ւէ լաւ բա­նի մա­սին ու ժպտե­ցէ՛ք այդ մա­սին մտա­ծե­լով: Ա­տի­կա պի­տի օգ­նէ: Բայց կա­րե­ւո­րը՝ մի՛ ձե­ւաց­նէք: Ե­թէ դուք ժպտիք, բայց միա­ժա­մա­նակ վատ բա­նի մա­սին մտա­ծէք, ա­ւե­լի վատ կը զգաք:

Ա­նոնք կը զար­գաց­նեն վե­րա­կանգն­ման ու­նա­կու­թիւն։ ­
Ոչ թէ եր­ջան­կու­թիւ­նը, այլ վե­րա­կանգ­նե­լու այդ ու­նա­կու­թիւնն է ընկ-ճըւա­ծու­թեան յատ­կա­նի­շը: Եր­ջա­նիկ մար­դիկ գի­տեն, թէ ինչ­պէ՛ս ուշ­քի գան ցնցում­նե­րէ ետք: Ա­տի­կա իւ­րա­յա­տուկ զէնք է ան­խու­սա­փե­լի ա­նա­խոր­ժու­թիւն­նե­րու դէմ, ո­րոնք կան բո­լո­րին կեան­քին մէջ:

Ա­նոնք կը ձգտին եր­ջա­նիկ ըլ­լալ։ ­
Ա­յո՛, ա­տի­կա նոյն­քան դիւ­րին է, որ­քան կը հնչէ, պար­զա­պէս ձգտե­լով եր­ջա­նիկ ըլ­լալ՝ կա­րե­լի է բարձ­րաց­նել ներ­քին զգա­ցու­մը:

Ա­նոնք ու­շա­դիր են լաւ բա­նե­րու նկատ­մամբ­։
 Եր­ջա­նիկ մար­դիկ ու­շա­դիր են ոչ միայն մեծ նուա­ճում­նե­րու, այլ փոքր յաղ­թա­նակ­նե­րու հան­դէպ: Երբ մենք ժա­մա­նակ կը յատ­կաց­նենք  լաւ ման­րուք­նե­րը նկա­տե­լու հա­մար, մենք կը ստա­նանք ա­ւե­լի մեծ զգաց­մուն­քա­յին պա­շար, ո­րուն շնոր­հիւ մեր կո­րո­վը կը բարձ­րա­նայ օ­րուան  ըն­թաց­քին:

Ա­նոնք կը գնա­հա­տեն պարզ հա­ճոյք­նե­րը։
­ Հան­րա­յին պար­տէ­զին մէջ  պաղ­պա­ղակ ու­տե­լը, շու­նը շո­յե­լը, ծիա­ծան տես­նե­լը… եր­ջա­նիկ մար­դիկ կը գնա­հա­տեն նման բա­նե­րը: Եր­ջան­կու­թիւ­նը ման­րուք­նե­րու մէջ գտնե­լը եւ ա­մէն բա­նի հա­մար շնոր­հա­կալ ըլ­լա­լը ու­ղիղ ճամ­բայ է դէ­պի եր­ջան­կու­թիւն:

Ա­նոնք կը սի­րեն ոչ միայն առ­նել, այ­լեւ տալ։ 
Դ­րա­կան տրա­մադ­րուած մար­դիկ ի­րենց ծան­րա­բեռ­նուած ա­տեն ալ կրնան ժա­մա­նակ գտնել բա­րի գործ ը­նե­լու հա­մար, ո­րով­հե­տեւ գի­տեն, որ այդ բա­րի­քը օր մը ի­րենց կը վե­րա­դառ­նայ եւ ու­րա­խու­թիւն կը պար­գե­ւէ: Կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քը կամ պար­զա­պէս ան­շա­հախն­դիր բա­րի ա­րարք­նե­րը լաւ կ՚անդ­րա­դառ­նան թէ՛ հո­գե­ւոր, թէ՛ ֆի­զի­քա­կան ա­ռող­ջու­թեան վրայ, եւ նման մար­դիկ ա­ւե­լի հա­զուա­դէ­պօ­րէն ընկ­ճուա­ծու­թեան մէջ կ՚իյ­նան:

Ա­նոնք ու­նակ են կորսնց­նե­լու ժա­մա­նա­կի զգա­ցո­ղու­թիւ­նը։­
 Երբ դուք ծան­րա­բեռնուած էք ո­րե­ւէ կա­րե­ւոր ու բարդ բա­նով, դուք կը կորսնց­նէք ժա­մա­նա­կի զգա­ցո­ղու­թիւ­նը: Եր­ջա­նիկ մար­դիկ են­թա­գի­տակ­ցա­բար կը փնտռեն նման զբա­ղում, որ ա­նոնց առ­ջեւ յստակ նպա­տակ­ներ կը դնէ, մար­տահ­րա­ւէր կը դառ­նայ, որ­պէս­զի յայտ­նուին այս­պէս կո­չուած «ժա­մա­նա­կի հոս­քի» մէջ, որ յա­ջո­ղու­թեան զգա­ցո­ղու­թիւն կը յա­ռա­ջաց­նէ:

Ա­նոնք յա­րա­բե­րու­թիւ­նը կը նա­խընտ­րեն թե­թեւ շա­տա­խօ­սու­թե­նէ­։ 
Ոե­ւէ մէ­կուն հետ թե­թեւ նիւ­թե­րու շուր­ջը մէկ-եր­կու բառ փո­խա­նա­կե­լու մէջ ոչ մէկ վատ բան կայ, բայց լուրջ հար­ցե­րու շուր­ջը եր­կար զրոյց­նե­րը հրա­շա­լի կա­րե­լիու­թիւն են ու­րախ եւ եր­ջա­նիկ զգա­լու հա­մար: Ա­տի­կա նաեւ ա­ւե­լի մեծ բա­ւա­կա­նու­թիւն կը պատ­ճա­ռէ, քան՝ դա­տարկ զրոյց­նե­րը: Մա­հա­ցող մար­դոց գլխա­ւոր զղջում­նե­րէն մէ­կը ա­սի­կա է. «Ափ­սոս, որ իմ զգա­ցում­նե­րուս մա­սին խօ­սե­լու հա­մար­ձա­կու­թիւն չեմ ու­նե­ցած»:

ԻՆ­ՉՈ՞Ւ ԽԵ­ԼԱ­ՑԻ ՄԱՐ­ԴԻԿ
­ՆՈՒԱԶ ԸՆ­ԿԵՐ­ՆԵՐ ՈՒ­ՆԻՆ

Գիտ­նա­կան­ներ յայտ­նա­բե­րած են, թէ ին­չո՛ւ խե­լա­ցի մար­դիկ ա­ւե­լի նուազ ըն­կեր­ներ ու­նին:

Հո­գե­բան­ներ Նոր­ման Լի եւ Սա­թո­շի Քա­նա­զաուա բրի­տա­նա­կան «Հո­գե­բա­նու­թիւն»  ամ­սա­թեր­թին հա­մար պատ­րաս­տած են հե­տա­զօ­տու­թիւն մը, ուր կը նշուի, որ խե­լա­ցի մար­դիկ ջղա­յին կը դառ­նան հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին:

Եր­կար ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցի մը մէջ կա­տարուած հե­տա­զօ­տու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան 18-28 տա­րե­կան կա­մա­ւոր­ներ: Բա­ցա­յայ­տուե­ցաւ, որ մտա­յին բա­ւա­կան բարձր կա­րո­ղու­թիւն ու­նե­ցող ան­հատ­ներ շատ հա­ճոյք չեն ստա­նար բա­րե­կա­մու­թե­նէ, ըն­կեր­նե­րէ: Ա­ւե­լի՛ն. ա­նոնք կեան­քէն դժգո­հու­թիւն­ներ ու­նին:  Ա­սոր գլխա­ւոր պատ­ճա­ռը այն տե­սու­թիւնն է, ըստ ո­րուն, խե­լա­ցի մար­դիկ ա­ւե­լի կեդ­րո­նա­ցած կ՚ըլ­լան եր­կա­րա­տեւ նա­խա­գի­ծե­րու վրայ, եւ հա­ղոր­դակ­ցու­թիւ­նը զի­րենք կը շե­ղէ, կ՚ան­ջա­տէ ատ­կէ:

Կը նշուի նաեւ, որ խիտ բնակ­չու­թեամբ վայ­րե­րու մէջ մար­դիկ ի­րենց ընդ­հա­նուր կեան­քէն դժգոհ են:

Երբ խե­լա­ցի մար­դիկ ի­րենց ըն­կեր­նե­րուն հետ յա­ւե­լեալ ժա­մա­նակ կ՚ան­ցը­նեն, ա­տի­կա զի­րենք նուազ եր­ջա­նիկ կը դարձ­նէ: Այդ ան­հատ­նե­րը ա­ւե­լի ու­նակ են դի­մա­կա­յե­լու (առ­նուազն՝ ե­ղա­փո­խա­կան ա­ռու­մով) մար­դոց դէմ ցցուող ներ­կա­յի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը:

«Յա­ւե­լեալ թի­ւով խե­լա­ցի ան­հատ­ներ, ո­րոնք ընդ­հա­նու­րէն ա­ւե­լի բարձր մա­կար­դա­կի ու­շի­մու­թիւն ու­նին եւ ու­րեմն ա­ւե­լի մեծ կա­րո­ղու­թիւն՝ լու­ծե­լու ե­ղա­փո­խա­կան նոր խնդիր­նե­րը, կրնան ա­ւե­լի նուազ դժուա­րու­թեանց հան­դի­պիլ այդ խնդիր­նե­րը լու­ծե­լու ա­տեն», կ՚ը­սեն գիտ­նա­կան­նե­րը:

Հե­տա­զօ­տու­թեան ար­դիւն­քին վրայ հիմ-նըւե­լով՝ գիտ­նա­կան­նե­րը եզ­րա­կա­ցու­ցած են, որ խե­լա­ցի մար­դիկ նուազ ու­շադ­րու­թիւն յատ­կաց­նե­լով հա­ղոր­դակ­ցու­թեան՝ փաս­տօ­րէն ա­ւե­լի լաւ եւ ա­րագ կը յար­մա­րին կեան­քին: Ու­րեմն, թե­րեւս, ըն­կեր­նե­րու նեղ շրջա­նակ մը այն­քան ալ գէշ չէ, կը մտա­ծեն հո­գե­բան­նե­րը:

Կա­րե­ւոր է յի­շել, որ ա­սոնք Քա­նա­զաուա­յի եւ Լիի  պնդում­ներն են, այլ ոչ՝ հաս­տա­տուած տե­սու­թիւն­ներ:

ՀԵ­ՏԱ­ԶՕ­ՏՈՂ­ՆԵՐ ԳՏԱԾ ԵՆ
­ԿԵԱՆ­ՔԻ Ա­ՄԵ­ՆԷՆ ԵՐ­ՋԱ­ՆԻԿ ՏԱ­ՐԻ­ՔԸ

Աւստ­րա­լիա­ցի հե­տա­զօ­տող­ներ  ճշդած են այն տա­րի­քը, երբ մարդ ա­մենէն եր­ջա­նի­կը կը զգայ, եւ՝ այն տա­րի­քը, երբ ա­մե­նէն դժբախ­տը կ՚ըլ­լայ:

Ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը ցոյց տուած է, որ ա­մե­նէն դրա­կան զգա­ցում­նե­րը մար­դիկ կ՚ու­նե­նան 15-20 տա­րե­կա­նին: Այդ տա­րի­նե­րը ա­նոնց կեան­քի ա­մե­նէն եր­ջա­նիկ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը կ՚ըլ­լայ: Քսան տա­րե­կա­նէն ետք մար­դոց եր­ջան­կու­թեան աս­տի­ճա­նը հետզ­հե­տէ կը նուա­զի (այդ ըն­թաց­քին մար­դիկ ի­րենց կեան­քէն նուա­զա­գոյն հա­ճոյ­քը կ՚առ­նեն), իսկ 50 տա­րե­կա­նէն ետք կրկին կը սկսի ա­ւել­նալ:

Ու­սում­նա­սի­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձած 30-50 տա­րե­կան ան­հատ­ներ ը­սած են, որ այդ տա­րի­նե­րը ի­րենց կեան­քի ա­մենէն դժբախտ ժա­մա­նա­կաշր­ջան­ներն են:

Հո­գե­բան­ներ հաս­տա­տած են, որ կեան­քի մէջ ո­րոշ պա­հեր կան, երբ մար­դոց եր­ջան­կու­թեան աս­տի­ճա­նը կը բարձ­րա­նայ:

ՍԷՐ, ԵՐ­ՋԱՆ­ԿՈՒ­ԹԻՒՆ ԵՒ ԱՍ­ՊԱ­ՐԷԶ ԳՏ­ՆԵ­ԼՈՒ ԼԱ­ՒԱ­ԳՈՅՆ ՏԱ­ՐԻ­ՔԸ

Բրի­տա­նիա­յէն գիտ­նա­կան­ներ հե­տա­զօ­տու­թիւն մը կա­տա­րե­լով ճշդած են ի­տէա­լա­կան տա­րի­քը՝ երկ­րորդ կէ­սը փնտռե­լու եւ աս­պա­րէզ կա­ռու­ցե­լու:

Հե­տա­զօ­տու­թիւ­նը ցոյց տուած է, որ ան­հատ մը ֆի­զի­քա­կան լա­ւա­գոյն վի­ճա­կի մէջ կը գտնուի 30-ա­կան տա­րի­քին: Այդ տա­րի­քին մար­դիկ ընդ­հան­րա­պէս ա­ռող­ջու­թեան գա­գաթ­նա­կէ­տին վրայ կը գտնուին: 32 տա­րե­կա­նին ան­հատ մը ա­ռա­ւե­լա­գոյն հա­ճոյ­քը կը ստա­նայ սե­ռա­յին յա­րա­բե­րու­թե­նէ, ու­րեմն գիտ­նա­կան­ներ խոր­հուրդ կու տան այս տա­րի­քին փնտռել ըն­կե­րա­կից կամ կո­ղա­կից մը:

Աս­պա­րէ­զի գա­գաթ­նա­կէ­տին մար­դիկ կը հաս­նին ընդ­հան­րա­պէս 38 տա­րե­կա­նին: Եր­ջան­կու­թեան ա­մե­նէն մեծ աս­տի­ճա­նին մար­դիկ կը հաս­նին 39 տա­րե­կա­նին: Միայն 40 տա­րե­կա­նին, ըստ հե­տա­զօ­տու­թեան հե­ղի­նակ­նե­րուն, ան­հա­տը կը հա­սուն­նայ կազ­մե­լու հա­մար իր ըն­տա­նի­քը: 42 տա­րե­կա­նին մար­դիկ ընդ­հան­րա­պէս կը հաս­նին աշ­խա­տա­վար­ձի ցան­կա­լի մա­կար­դա­կի, բայց ի­րենց նիւ­թա­կան բար­գա­ւա­ճու­մով կը գո­հա­նան 47 տա­րե­կա­նին:

ՄԱՐ­ԴՈՒ Ա­ՆՈՒ­ՆԸ ԻՐ ՀԵՏ­ՔԸ
­ԿԸ ՁԳԷ Ա­ՆՈՐ ՃԱ­ԿԱ­ՏԱ­ԳԻ­ՐԻՆ ՎՐԱՅ

Գիտ­նա­կան­նե­րը կը կար­ծեն, որ ա­նու­նը իր հետ­քը կը ձգէ մար­դու ճա­կա­տա­գի­րին վրայ: Ա­նու­նէն կա­խեալ է մար­դուն վա­րած ապ­րե­լա­կեր­պը, ինչ­պէս նաեւ՝ աշ­խար­հը ընկա­լե­լու, ըմբռ­նե­լու ա­նոր ու­նա­կու­թիւ­նը:

Բրի­տա­նա­ցի մաս­նա­գէտ­նե­րը հե­տա­զօ­տու­թեան ժա­մա­նակ պար­զած են, որ մար­դը են­թա­գի­տակ­ցօ­րէն կ՚ընտ­րէ կեան­քի այն ձե­ւը, որ կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ իր ա­նուան: Բա­ցի ատ­կէ, մար­դիկ հա­կուած են ըն­կե­րու­թիւն ը­նել ա­նոնց հետ, ո­րոնց ա­նուն­նե­րը հա­մա­հունչ են ի­րենց սե­փա­կան­նե­րուն:

Գիտ­նա­կան­նե­րը նաեւ նկա­տած են, որ բարդ ար­տա­սա­նուող ա­նուն­ներն ու մա­կա­նուն­նե­րը յա­ճախ մար­դու հա­մար տաղ­տուկ, ան­պա­տե­հու­թիւն կը ստեղ­ծեն, իսկ դպրո­ցա­կան տա­րի­նե­րուն կ՚ազ­դեն նաեւ յա­ռա­ջա­դի­մու­թեան վրայ:

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ  վի­ճա­կագ­րա­կան տուեալ­նե­րը ցոյց տուած են, որ ա­ւե­լի յա­ճախ բարձ­րա­գոյն ու­սում կը ստա­նան պարզ ա­նուն­նե­րով մար­դիկ: Գիտ­նա­կան­նե­րը կը կար­ծեն, որ կոշտ բա­ղա­ձայն­նե­րով ա­նուն ու­նե­ցող մար­դիկ ա­ւե­լի վճռա­կան բնա­ւո­րու­թիւն ու­նին, քան ա­նոնք, ո­րոնց ա­նուն­նե­րուն մէջ փա­փուկ հնչիւն­ներ կան:

Պատ­րաս­տեց՝ ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

«Ազ­դակ», Լի­բա­նան

 

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2016