ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ՈՒՇԱՆԱՅ. ԻՆՉՈ՞Ւ

Այն պա­հուն, երբ Լի­բա­նա­նի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Մի­շէլ Աուն հրա­մա­նա­գիր մը ստո­րագ­րե­լով Սաատ Հա­րի­րին երկ­րի վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նին կը կո­չէր, երկ­րի քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն մեծ տո­կո­սը կու գար հա­մո­զուե­լու, որ կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մու­թեան հար­ցը պի­տի վճռուի ըն­դա­մէ­նը քա­նի մը օ­րուան ըն­թաց­քին:

Բայց ի­րա­կա­նու­թիւ­նը այդ­պէս չէր:

Տար­բեր «խա­ղե­րու» եւ ուղղակի կամ անուղ­ղա­կի ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւան­քով ցայ­սօր Լի­բա­նա­նը կը շա­րու­նա­կէ մնալ ա­ռանց կա­ռա­վա­րու­թեան, իսկ գոր­ծող վար­չա­պետ Թամ­մամ Սա­լամ հան­դէս կու գայ գոր­ծա­կա­տար-վար­չա­պե­տի հան­գա­ման­քով:

Երկ­րի քա­ղա­քա­կան կեան­քի կա­րե­ւոր ա­ռանցք­նե­րը հասկ­նա­լու հա­մար պէտք է շեշ­տադ­րել, որ Լի­բա­նա­ն կը կա­ռա­վարուի հա­մայն­քա­յին դրու­թեամբ մը, ո­րուն հի­մամբ կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ եւս պէտք է յար­գուի հա­մայնք­նե­րու ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ընդ­հա­նուր պատ­կե­րը:

Այս պատ­ճա­ռով է նաեւ, որ որեւէ հանգ­րուա­նի երկ­րին մէջ կա­ռա­վա­րու­թիւն մը կազ­մե­լու հար­ցը կը դառ­նայ բա­ւա­կան «տան­ջա­լից»:

Լի­բա­նան այն­պի­սի եր­կիր մըն է, ուր քա­ղա­քա­կան շա­հերն ու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կրնան շատ ա­րագ եւ անս­պասե­լի փո­փո­խու­թիւն­նե­րու են­թար­կուիլ եւ «խառ­նել» սպա­սուած ու «պատ-­րաս­տուած» բո­լոր բեմագրութիւնները:

Այդ ա­րագ եւ անս­պա­սե­լի փո­փո­խու­թիւն­նե­րու ծի­րին մէջ պէտք է ան­պայ­ման յի­շա­տա­կել ներքրիս­տո­նէա­կան մա­կար­դա­կի վրայ ե­ղած նոր դա­շին­քը, ո­րուն եր­կու կող­մե­րը քրիս­տո­նէա­կան՝ «Լի­բա­նա­նեան ու­ժեր»ն ու «Ազ­գա­յին ա­զատ հո­սանք»ը ա­ւե­լի քան քսանվեց տա­րուան «քէն»է ետք յա­ջո­ղե­ցան հա­ւա­քա­կան շա­հե­րու յե­նա­րան մը գտնել ու միաս­նա­բար երկ­րորդ կող­մին՝ «Ազ­գա­յին ա­զատ հո­սանք»ի հիմ­նա­դիր եւ ա­ռաջ­նորդ զօ­րա­վար Աու­նի նա­խա­գա­կան թեկ­նա­ծու­թիւ­նը ա­ռա­ջադ­րել:

Լի­բա­նա­նի պատ­մու­թեան քա­ջա­ծա­նօթ ո­ե­ւէ մէկը շատ լաւ կը յի­շէ 1990 թուա­կա­նի Յունուարին ծայր ա­ռած այն «եղ­բայ­րաս­պան» կռիւ­նե­րը, որոնք տե­ղի ու­նե­ցան քրիս­տո­նէա­կան եր­կու ու­ժե­րուն մի­ջեւ եւ յան­գե­ցան «փակ եւ ան­կախ գօտի» հա­մա­րուող շրջա­նի կազ­մա­քանդ­ման:

Թէ­ժա­գոյն զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քով եր­կու կող­մե­րէն զո­հուե­ցան հա­զա­րա­ւոր լի­բա­նան­ցի­ներ, իսկ ա­ւե­լի ուշ եր­կու քրիս­տո­նեայ ղե­կա­վար­նե­րը «դուրս մնա­ցին» քա­ղա­քա­կան կեան­քէն մին՝ բան­տարկուե­լով (Սա­միր Ժաա­ժա), իսկ երկ­րոր­դը՝ (Լի­բա­նա­նի այ­սօ­րուան նա­խա­գահ զօ­րա­վար Մի­շէլ Աուն) դէ­պի Փա­րիզ աք­սո­րուե­լով:

Այդ օ­րե­րուն էր նաեւ, որ եր­կու կող­մե­րուն մի­ջեւ ա­տե­լու­թիւնն ու կիր­քը հա­տեց տրա­մա­բա­նու­թեան բո­լոր սահ­ման­նե­րը: Այ­սօր այդ տխուր դէպ­քե­րէն քսանվեց տա­րի ետք, ոչ ոք կրնար պատ­կե­րաց­նել, որ եր­բեմ­նի «ո­խե­րիմ թշնա­մի­նե­րը» դառ­նան «հա­ւա­տա­րիմ բա­րե­կամ­ներ»:

Ան­շուշտ այս բո­լո­րին պէտք է վե­րա­բե­րիլ մեծ կաս­կած­նե­րով, ո­րով­հե­տեւ ինչ­պէս ա­մէ­նուր, Լի­բա­նա­նի մէջ ալ քա­ղա­քա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եւ դա­շինք­նե­րը հիմ­նուած են միայն շա­հե­րու վրայ եւ բնա­կան է նաեւ, որ անոնք ըլ­լան յա­րա­փո­փոխ ու յա­րա­շարժ:

Եր­կու հիմ­նա­կան քրիս­տո­նէա­կան ու­ժե­րու մեր­ձե­ցու­մը Լի­բա­նա­նի մէջ ստեղծեց նոր ու «հե­տաքրք­րա­կան» վի­ճակ մը, ո­րուն դի­մաց հիմ­նա­կան միւս «խա­ղա­ցող»ը՝ շիի կող­մը բա­ւա­կան զար­մաց­ած ու ան­հա­նգիստ մօ­տե­ցում­նե­րով կը հե­տե­ւէր ե­ղած զար­գա­ցում­նե­րուն:

Ե­թէ Աու­նի նա­խա­գահ դառ­նա­լը յա­ջո­ղե­ցաւ քրիս­տո­նէա­կան ու­ժե­րու, վար­չա­պետ Սաատ Հա­րի­րիի, բայց մա­նա­ւանդ «Հիզ­պուլ­լահ»ի «լուռ քուէ»ով, այ­սօր ի­րա­վի­ճա­կը բո­լո­րո­վին տար­բեր է: Ու յստակ է նաեւ, որ կա­ռա­վա­րա­կան «մաս­նա­բա­ժին­նե­րու» տի­րա­նա­լու հա­մար ըն­թա­ցող պայ­քա­րը, բացի ներ­հա­մայն­քա­յին ըլ­լա­լէ, երկ­րին մէջ դար­ձեալ «գլուխ ցցող» քրիս­տո­նէա­կան «ու­շա­ցած դա­շինք»ին դէմ է:

Այդ պայ­քա­րի ա­ռա­ջա­մար­տի­կը «Հիզ­պուլ­լահ»ը չէ, ինչ­պէս շա­տեր կ­՚են­թադ­րեն, այլ Խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Նե­պիհ Պըր­րին է, ո­րուն հա­մար երկ­րին մէջ ձե­ւա­ւո­րուող ո­րե­ւէ դա­շինք պէտք է ըլ­լայ «վե­րահս­կե­լի»:

Ե­թէ «Հիզ­պուլ­լահ»ի հա­մար գլխա­ւոր «կար­միր գիծ»ե­րը ա­պա­հո­վուած են Նա­խա­գահ Աու­նին հետ նա­խօ­րօք կա­յա­ցած հա­մա­ձայ­նու­թեան (2006) հիմ­քով, ա­պա Պըր­րիի հա­մար ներ­քին դաշ­տին մէջ կարեւորը ազ­դե­ցու­թեան գօ­տի­նե­րու գերխն­դիրն է: Ան­շուշտ ազ­դե­ցու­թեան գօ­տի ը­սե­լով պէտք է հասկ­նալ ոեւէ ա­ռաջ­նոր­դի իր «կող­մին­նե­րուն» մա­տու­ցուե­լիք ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն կամ բաշ­խուե­լիք պաշ­տօն­նե­րուն խնդի­րը: Ու այս ձեւով ոեւէ քա­ղա­քա­կան ա­ռաջ­նորդ կը փոր­ձէ պա­հել, պահ­պա­նել ու «սնու­ցել» իր ընտ­րա­զան­գուած­նե­րը:

Այդ շա­հար­կում­նե­րուն հա­մար է նաեւ, որ ըն­թա­ցող պայ­քա­րը կը թէ­ժա­նայ ու կը խան­գա­րէ հե­զա­սահ կա­ռա­վա­րու­թեան մը ստեղ­ծու­մը: Իբր այդ ալ ե­լեւ­մուտ­քի, հան­րօ­գուտ շի­նա­րա­րու­թեանց, ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան եւ ջու­րի, ար­դա­րա­դա­տու­թեան եւ ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րարու­թիւն­նե­րը կը դառ­նան իս­կա­կան կռուախն­ձոր:

Մինչ խորհրդա­րա­նի նա­խա­գա­հը իր տրա­մադ­րու­թեան տակ ե­ղած բո­լոր հնա­րա­ւոր մի­ջոց­նե­րով կը ճնշէ վե­րա­տի­րա­նա­լու հա­մար ի­րեն «բա­ժին ին­կած» նա­խա­րա­րա­կան թղթա­պա­նակ­նե­րուն, ան­դին «Լի­բա­նա­նեան ու­ժեր» եւս կա­տա­ղի պայ­քար կը մղէ զօ­րա­վար Աու­նին հա­մար ցու­ցա­բե­րուած բա­ցա­յայտ նե­ցու­կին փոխարէն ստա­նա­լու հա­մար «նա­խա­րա­րա­կան պա­նիր»էն յար­­գե­լի բա­ժին մը:

Ար­դիւն­քը ան­շուշտ կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մու­թեան ու­շա­ցումն է, ո­րուն վարժ են Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րը:

Այ­սօր դրուած ա­մե­նէն նուրբ խնդի­րը երկ­րի նա­խա­գա­հին ու­նե­նա­լիք ընդ­հա­նուր վե­րա­բե­րումն է կա­պուած՝ այն պա­րա­նաձ­գու­թիւն­նե­րուն, որոնք կը կա­տա­րուին քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն կող­մէ: Կող­մե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րը կը թուի ան­զի­ջող ըլ­լալ, մա­նա­ւանդ, որ այդ մօ­տե­ցում­նե­րուն ար­դիւն­քով կազ­մու­թեան օ­րա­կար­գը կը մնայ բաց եւ ան­լու­ծե­լի:

Հան­րու­թիւ­նը, որ մեծ յոյ­սեր կա­պած է Նա­խա­գահ Աու­նի «վճռա­կան» քայ­լե­րով եր­կի­րը կա­ռա­վա­րե­լու մօ­տե­ցում­նե­րուն, այ­սօր կ­՚ապ­րի սպա­սո­ղա­կան պա­հեր: Ար­դեօք Նա­խա­գահ Աուն պի­տի յա­ջո­ղի՞ «սանձ»ը ձեռ­քին առ­նե­լով հան­դէս գալ բո­լո­րին գո­հա­ցում տա­լու դիր­քե­րէ, կամ թէ ու­նե­նա­լով ներ­քին եւ ար­տա­քին կա­րե­ւոր լծակ­ներ՝ կարգ մը նուրբ կէ­տեր հա­րուա­ծե­լով ստեղ­ծել քա­ղա­քա­կան նոր հան­գա­նակ եւ կազ­մել տալ կեդ­րո­նա­կան նոր կա­ռա­վա­րու­թիւն:

Զօ­րա­վար Աուն ժա­մա­նա­կի լուրջ խնդիր ու­նի եւ իր հա­մա­կիր­ներն ու հե­տե­ւորդ­նե­րը կը գի­տակ­ցին պա­հուն նրբու­թիւնն ու լրջու­թիւնը: Յա­ռա­ջի­կայ շա­բաթ­նե­րուն այս բո­լո­րը յստակ պի­տի դառ­նան ու պարզ պի­տի դառ­նայ ա­նոր քա­ղա­քա­կան ու­ժին իս­կա­կան ե­րե­սը:

Ի վեր­ջոյ «ոչ ըն­դու­նե­լի» ու­շա­ցու­մէն հիմ­նա­կան տու­ժո­ղը երկ­րի տնտե­սու­թիւնն է ու քա­ղա­քա­ցին, սա­կայն ակ­նե­րեւ է նաեւ, որ նոր նա­խա­գա­հի ընտ­րու­թիւ­նը (նոյ­նիսկ ա­ռանց նոր կա­ռա­վա­րու­թեան) բա­ւա­կան սեղմ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցի մը ըն­թաց­քին յա­ջո­ղե­ցաւ առ­նուազն հե­ռու պա­հել «նոր պա­տե­րազմ»ի մը վտան­գը եւ օգ­նեց, որ երկ­րին մէջ դրա­կան մթնո­լորտ մը ձե­ւա­ւո­րուի:

Այս բո­լո­րի կող­քին սա­կայն կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մու­թեան ու­շա­ցու­մը լի­բա­նան­ցի­նե­րուն հա­մար դար­ձաւ յու­սա­բեկ­ման նոր ա­ռիթ, յի­շեց­նե­լով որ հա­մայն­քա­յին դրու­թիւ­նը կեն­սա­կերպ դար­ձու­ցած երկ­րին մէջ բո­լո­րը հե­ռու են ի­տէա­լա­կան հա­մա­ձայ­նու­թեան դրոյ­թէն, որ կը շա­րու­նա­կէ մնալ ա­նի­րա­կա­նա­լի ե­րազ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2016