ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ
ՆԱԽԱՆՁ
Հարցում. Քրիստոնէութիւնը կը հաւատա՞յ նախանձի գոյութեան:
Պատասխան. Նախանձը -որպէս զգացում- գոյութիւն ունի: Մենք գիտենք, որ Կայէնը նախանձեցաւ իր Աբէլ եղբօր: Յովսէփ Գեղեցիկին ալ իր եղբայրները նախանձեցան: Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին ալ հրեայ քահանաները յանձնեցին զԻնք՝ իրենց նախանձին պատճառով:
Հետեւաբար, նախանձը գոյութիւն ունի, սակայն (աչքով դպնալու) գոյութեան չենք հաւատար:
Ոմանք կան, որոնք կը հաւատան, թէ նախանձոտ մարդիկ կան, եթէ աչքով դպնան անոր՝ որուն կը նախանձին, որոշ վնաս մը կը հասնի անոր: Այդ պատճառով, այդպիսիները նախանձէն կը վախնան, ինչպէս նաեւ նախանձոտներէն ու անոնց չարութենէն: Երբեմն ալ կը պահեն այն բարիքները՝ զորս Աստուած կը պարգեւէ անոնց՝ նախանձէն վախնալով: Այդպիսիները այնպիսի հեքիաթներ կը պատմեն այդ տեսակ նախանձին, որ երբեմն առասպելի կը նմանի: Այս տեսակի նախանձին՝ չենք հաւատար, ու զայն վախցնել կամ նախապաշարում կը համարենք:
Նախանձը նախանձուող անձին չի՛ վնասեր, այլ՝ նոյնինքն նախանձողը կը յոգնեցնէ.
Նախանձուողին չի՛ վնասեր, այլապէս բոլոր յաջողակներն ու առաջնեկները նախանձի ու կորսուելու ենթակայ կ՚ըլլային, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնք՝ որոնք լաւ դիրքերու կը տիրանային, կամ պետութեան շնորհած գնահատական նուէրներ ստացողներ նախանձի ու չարիքի հանդիպելու ենթակայ կ՚ըլլային:
Հակառակը կը տեսնենք, սակայն, այն է, որ նախանձողը թախիծի մէջ ու յոգնութեան մէջ կ՚ապրի՝ իր նախանձելուն ու ներքին չարութեան պատճառով. եւ ինչպէս կ՚ըսէ բանաստեղծը.
Համբերէ՛ նախանձողի որոգայթներուն
համբերութիւնդ զինք սպաննողն է,
Կրակը ինքզինք կ՚ուտէ՝ եթէ ուտելու բան չգտնէ:
Արդարեւ ինչո՞ւ համար կ՚աղօթենք նախանձը հանելու համար, եթէ չի՛ վնասեր:
Մենք չենք աղօթեր այսպէս ըսած (աչք դպնալէն) վախնալով, այլ՝ կ՚աղօթենք, որպէսզի Աստուած արգիլէ փորձանքներն ու որոգայթները, եւ դաւադրութիւնները՝ զորս նախանձողները կրնան ընել իրենց չար սիրտերուն պատճառով:
Յովսէփին եղբայրները երբ իրենց եղբօր նախանձեցան, զայն ջրհորին մէջ նետեցին, ապա որպէս ստրուկ ծախեցին զինք, ու գրեթէ պիտի սպաննէին զինք: Կայէնն ալ իր Աբէլ եղբայրը սպաննեց՝ նախանձելով անոր: Հրեայ ժողովուրդին պարագլուխները երբ նախանձեցան Յիսուսին՝ դաւադրութիւն ըրին Անոր դէմ ու զԻնք խաչելու տուին:
Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ՝ «ՀՐԵԱՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՀՐԵԱՅԻ ՊԷՍ ԵՂԱՅ»
Հարցում. Սուրբ Պօղոս առաքեալը ըսած է. «Հրեաներուն հետ հրեայի պէս եղայ՝ որպէսզի հրեաները սիրաշահիմ…: Մովսիսական Օրէնքը չճանչցող հեթանոսերուն հետ՝ հեթանոսի պէս եղայ, զանոնք եւս սիրաշահելու համար: Ո՛չ թէ Աստուծոյ Օրէնքէն դուրս եկայ, այլ՝ Քրիստոսի օրէնքին ենթարկուեցայ» (Ա. Կր 9.20, 21): Արդ, ի՞նչ է այս խօսքին իմաստը:
Պատասխան. Առաքեալը քարոզութեան ու Աւետարանին պատգամը հասցնելու մասին կը խօսէր. որով կ՚ըսէ. Հրեան, Օրէնքին ու մարգարէներուն կը հաւատայ, ու որպէսզի համոզեմ զինք Յիսուսի պատգամով, հրեայի պէս կը խօսիմ անոր՝ Օրէնքին ու մարգարէներուն մասին, ու այն բաներուն մասին, որ անոնց մէջ Յիսուսին կը վերաբերին: Իսկ յոյնը ու անոր նմանները, որոնք Օրէնքին ենթակայ չեն, այդպիսիները Գիրքին չեն հաւատար, ո՛չ ալ մարգարէներուն, ու այդ պատճառով անոնց հետ իրենց ձեւով կը խօսիմ եւ փիլիսոփայութեամբ զանոնք հաւատքին կը բերեմ, որպէսզի Քրիստոսին սիրաշահիմ զանոնք, այդպէս ալ եթէ յոյնին մարգարէներուն մասին խօսեցայ…, որպէսզի զինք սիրաշահիմ Քրիստոսին:
Սակայն «հրեաներուն հետ հրեայի պէս եղայ» նախադասութիւնը, չի՛ նշանակեր հրէական ապրելակերպը: Սուրբ Պօղոս առաքեալը հրէացումի դէմ խիստ պայքար մղեց:
Կարգ մը հրեաներ, որոնք քրիստոնէութիւնը ընդունեցին, կ՚ուզէին քրիստոնէութեան մէջ որոշակի հրէական հաւատալիքներ մտցնել, ինչպէս օրինակ՝ թլփատութիւնը, շաբաթը սուրբ պահելը, ամսամուտերը, ու ինչ որ կախում ունէր ուտելու եւ խմելու, թոյլատրուած եւ արգիլուած բաներուն հետ, ինչպէս նաեւ հրէական բոլոր հաւատալիքներուն հետ՝ պղծութիւններուն եւ սրբացումներուն առընչուած: Այս շարժումը ճանչցուած էր հրէացում անունով: Պօղոս առաքեալ հրեաներուն դէմ պայքարելու ժամանակ ըսաւ. «Կարեւորութիւն մի՛ տաք անոնց՝ որոնք ձեզ կը քննադատեն, թէ ինչո՛ւ չէք պահեր ուտելու եւ խմելու, տօնակատարութեանց, ամսամուտերու եւ շաբաթ օրերու վերաբերող կանոնները. որովհետեւ այդ բոլորը գալիք իրականութեանց շուքն են» (Կղ 2.16-17):
Ուտելու եւ խմելու նախադասութիւնը այստեղ պահեցողութիւն չի՛ նշանակեր, այլ՝ ուտելիքներու մաքրութիւնը կամ պղծութիւնը համաձայն այն ուտելիքներուն, որոնք հրէականութեան մէջ արգիլուած էին, սակայն քրիստոնէութեամբ այլեւս այդպէս չէին:
Պօղոս առաքեալը հրեաներուն մէջ քարոզեց ինչպէս նաեւ՝ հեթանոսներուն: Հռոմի մէջ իր քարոզութեան ժամանակ նախ հրեաներուն խօսեցաւ, ու երբ անոնք մերժեցին զինք ու բաժնուեցան, այդ ատեն դէպի հեթանոսները ուղղուեցաւ (Գրծ 28.17-29):
Որպէսզի սիրաշահէր հրեաները՝ Տաճարին մէջ կը խօսէր ու հրեաներու սինոտներուն մէջ, եւ կը փորձէր համոզել զիրենք այն բոլոր բաներով, որոնք Օրէնքին ու մարգարէներուն մէջ յիշատակուած էին Յիսուսի մասին:
ՍԷՐՆ ՈՒ ՆԵՐՈՒՄԸ
Հարցում. Կը խնդրեմ, որ բացատրէք ինծի Առաքեալին հետեւեալ խօսքը. «Անոր որ քիչ կը ներուի՝ աւելի քիչ կը սիրէ» (Ղկ 7.48): Արդարեւ, ինչպէ՞ս կրնամ Տէրը սիրել, երբ ուշադրութիւն կը դարձնեմ իմ կեանքիս:
Պատասխան. Այս նախադասութիւնը մեր Տէրը ըսաւ, երբ համեմատեց փարիսեցի Սիմոնն ու մեղաւոր կինը, որ Տիրոջ ոտքերը թրջեց իր արցունքներով ու գլուխի մազերով չորցուց: Ան շատ սիրեց, որովհետեւ զգաց թէ Տէրը իրեն շատ ներեց:
Հետեւաբար, դուն ալ, երբ զգաս որ Տիրոջ ունեցած պարտքերդ շատ են, ու Ան այդ բոլորը ներած է քեզի, այդ ատեն դուն ալ շատ կը սիրես: Այս մէկը զգուշութիւն կը պահանջէ ինքզինքին հաշուետու ըլլալու համար, անձը՝ համեմատելով կատարելութեան աստիճաններուն հետ, զորս Տէրը կը պահանջէ…
Ասոր իմաստը այն չէ, որ շատ մեղանչես, որով Տէրը այդ շատը ներէ քեզի, որով սկսիս շատ սիրել զԻնք… որովհետեւ կան բազմաթիւ պատճառներ, որոնք կը մղեն քեզ Տէրը սիրելու:
- Սիրես Տէրը Իր բարիքներուն համար, որովհետեւ ստեղծեց քեզ, որովհետեւ քեզի համար փրկագին եղաւ:
- Սիրես զԻնք, որովհետեւ միշտ կը հոգայ քեզ:
- Սիրես զԻնք, Իր բազմաթիւ խոստումներուն համար, յատկապէս յաւիտենական հանգիստի խոստումներուն համար:
- Սիրես զԻնք, որովհետեւ մարդոց որդիներէն շատ աւելի գեղեցիկ է:
- ԶԱստուած սիրես Անոր անսահման սրբութեան համար:
- Սիրես Զինք Իր անսահման սիրոյն համար, ու այն ուժին ու օգնականութեան համար, որ կը տրամադրէ քեզի:
- Եւ ի՜նչ շատ են պատճառները, որոնք կը մղեն քեզ զԱստուած սիրելու:
Ներումը, արդարեւ, միակ պատճառը չէ զԱստուած սիրելու, ինչպէս պատահեցաւ մեղաւոր կնոջ:
ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ ԶԻՍ ԻՐԵՆՑ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ
Հարցում. Ես աղջիկ պաշտօնեայ մըն եմ ու ո՛չ ուղղափառ գործընկեր մը ունիմ. անոր քոյրը գործիս վայրը կու գայ, համոզելու համար զիս, որպէսզի իրենց յարանուանութեան եկեղեցին երթամ: Ի՞նչ ընեմ. ո՞րն է յարմար պատասխանը, որ կրնամ տալ անոր:
Պատասխան. Ըսէ անոր. փնտռէ՛ այն քոյրերը, որոնք եկեղեցի եւ հոգեւոր հաւաքներու (ժողովներու) չեն երթար, որպէսզի հրաւիրես զիրենք հոգեւոր պաշտամունքներու:
Իսկ ես, մեր եկեղեցիէն ներս կը մասնակցիմ հոգեւոր հաւաքներուն: Ինչո՞ւ համար անպայման կ՚ուզես, որպէսզի եկեղեցիս փոխեմ ու ուրիշ եկեղեցի երթամ:
Տակաւին, ըսէ անոր. եթէ դուն՝ անձնապէս կ՚ուզես հոգեպէս օգտուիլ, հետեւաբար կրնաս գալ մեր մօտ, ուր կը վայելես ունկնդրելով հայկական1 գեղեցիկ եղանակներ, ու կը տեսնես պատարագներուն հիասքանչութիւնն ու անոնց ունեցած հոգեւոր ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ տեսնելու ու վայելելու մեր եկեղեցւոյ սաղմոսները, արարողութիւնները, ընթերցումներն ու սրբապատկերները, որոնք բոլորն ալ հոգեւոր ազդեցութիւն ունին մարդու հոգիին վրայ:
Մի՛ ամչնար այդ աղջիկէն, այլ՝ հաստատակամ եղիր, ինչպէս նաեւ հաւատարիմ եղիր դաւանանքիդ ու եկեղեցիիդ, որովհետեւ անիկա Մայր Եկեղեցին է, որմէ ելած են բոլոր այդ յարանուանութիւնները։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
1 Բնագիրին մէջ ղպտական է:
Հարթակ
- 11/30/2024