ԼԵՒՈՆ ԱՆՏՈՆԵԱՆ. «ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՄԵՆՔ ՏԵՍԱՆՔ ՀԱՅՈՒ ԱՆԿՈՏՐՈՒՄ ԿԱՄՔԸ. ԱՅԴ ԷՐ ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆԸ»

Հայաստանի նախին սփիւռքի նախարարութեան Միջին Արեւելքի վարչութեան աշխատակիցներէն Լեւոն Անտոնեան կը պատասխանէ մեր հարցումներուն։

-Վերջերս դուք գործուղղուեցաք Հալէպ, ի՞նչ եղաւ ձեր առաջին տպաւորութիւնը, ի՞նչ կրնաք ըսել Հալէպի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակին մասին։

-Անցնող երեք տարիներուն ընթացքին ես ընդգրկուած էի Սուրիոյ համայնքի հետ կատարուող աշխատանքներուն մէջ եւ մեծ մասամբ Հայաստանի մէջ փորձեցինք այդ աշխատանքները համակարգել։ Անշուշտ միշտ կապը պահելով Հալէպի եւ Դամասկոսի Հայաստանի դիւանագիտական կազմին հետ: Կը յիշեմ յատկապէս, 2016 թուականի սեպտեմբեր-հոկտեմբեր ամիսները, որոնք շատ ծանր էին Հալէպի համար եւ այդ օրերուն կը փորձէինք անմիջական կապի միջոցով թէ՛ վիճակի մասին տեղեկութիւն ստանալ, թէ՛ հասկնալ ընդհանուր դրութիւնը, որպէսզի կարողանանք այստեղ որոշակի քայլեր ձեռնարկել, մարդիկ ընդունիլ, որովհետեւ այդ ժամանակահատուածին հայկական թաղամասեր հրթիռներու թիրախ դարձած էին, եւ այդ մէկը պատճառ դարձաւ, որ Հայաստան գան մեծ թիւով սուրիահայեր: Յիշեցնեմ, որ 2016 թուականի հոկտեմբերին, երբ նախաձեռնութիւն եղաւ առաջին մարդասիրական օգնութիւնը տեղափոխելու Սուրիա, որ վստահուեցաւ Սփիւռքի նախարարութեան՝ ես տեղափոխութեան ողջ գործընթացին մասնակցեցայ, մեկնեցայ Սուրիա, սակայն այդ ժամանակ առիթ չեղաւ համայնքին հետ աւելի մօտէն շփուելու, մեկնեցայ Լաթաքիա եւ տեղւոյն համայնքին հետ ծանօթացայ, ուր նաեւ կային Հալէպէն տեղափոխուած հայրենակիցներ: Բայց այս անգամուան այցը իրօք շատ աւելի կարեւոր, նաեւ խորհրդանշական էր մեզի համար։ Այցելութիւնը կ՚իրականանար Հայաստանի անկախութեան տարեդարձի օրերուն: Մեկնեցանք Դամասկոս, ուր տեղւոյն համայնքին հետ շատ կարճ հանդիպումներ ունենալէ ետք այցելեցինք նաեւ Հալէպ, ուր սեփական մաշկի վրայ զգացինք եւ տեսանք նաեւ այդ բոլորը, որու մասին երկար տարիներ լսած էինք։ Ունեցանք շատ հակասական զգացողութիւններ, որովհետեւ երբ մտանք Դամասկոս, այդ աւերածութիւնները այնքան ալ զգալի չէին մութին, բայց երբ առաւօտ կանուխ դուրս եկանք՝ Դամասկոսի արուարձաններէն սկսեալ աւելի նկատելի դարձան այդ աւերածութիւններու ահռելի պատկերները։ Անցանք Հոմսէն, որ կրնամ ըսել իննսուն տոկոսով աւերուած էր եւ լրիւ լքեալ վիճակի մէջ, կարծես թէ երկրաշարժ տեղի ունեցած էր այդ ամբողջ տարածքին վրայ... Ամենածանրը Խանասէրի ճանապարհը հատելն էր, որուն մասին շատ յաճախ լսած էինք։ Այդ ճանապարհը շատ վտանգաւոր ճանապարհ մըն էր, որովհետեւ շատ նեղ էր, ինքնաշարժները մէկ գիծով կ՚երթային, իսկ միւս գիծով ետ կու գային: Անշուշտ այս բոլորէն անդին տեղ-տեղ նկատելի էր վերանորոգման գործընթաց մը եւ ճանապարհի որոշ հատուածներուն վրայ նկատելի էր, որ կառավարութիւնը վերակառուցման աշխատանքներ կը կատարէր։ Ըստ իս, Հոմսը շատ աւելի վատ վիճակի մէջ էր, քան՝ Հալէպը: Բաց աստի, Հալէպի մուտքի հատուածէն արդէն կը սկսիս հասկնալ, որ բաւական ծանր է վիճակը, ընդհուպ մինչեւ յուզական, որովհետեւ այդ պահուն հոգիիդ մէջ ամէն ինչ կը խառնուի իրար, կը փորձես հասկնալ ինչո՞ւ, կը փորձես հասկնալ ի՞նչն էր այդ բնակչութեան մեղաւորութիւնը, կը հասկնաս նաեւ, որ այդ շրջանները խաղաղ բնակչութեան վայրեր են եւ ակնյայտ է, որ այդտեղ եղած է արդիւնաբերութիւն, գիւղատնտեսութիւն ու մարդիկ այդտեղ ապրած եւ ստեղծագործած են...: Երբ մտանք Հալէպ՝ սկսանք առանձին հատուածներու մէջ տեսնել, որոշակի, անտրամաբանական ձեւաչափով հրթիռակոծուած եւ ռմբակոծուած արուարձաններ, առանձին բնակավայրեր: Այցելեցինք նաեւ Նոր Գիւղի շրջանը եւ անցանք Հալէպի բերդի քովէն, որուն շուրջը քարուքանդ էր: Ականատեսները պատմեցին, թէ ինչպէս Հալէպի բերդը օգտագործուած է ահաբեկիչներու կողմէ, որպէս Հալէպը թիրախ դարձնելու կարեւոր կէտ: Նոր Գիւղի շրջանը նոյնպէս շատ յուզիչ վիճակի մէջ էր, մէկ կողմը տեսանք, թէ ինչպէս շինութիւնները կանգուն մնացած են, միւս կողմը աւերածութիւններ էին, այնտեղ հանդիպեցանք հայերու, որոնք խանութ, արհեստանոց ունին՝ կ՚աշխատին եւ կ՚ապրին, միւս կողմէ մարդիկ, որոնք տխուր են, կային նաեւ մեծ թիւով զինուած մարդիկ, հետեւաբար ակնյայտ էր, որ Սուրիոյ մէջ տակաւին կը տիրէր պատերազմական վիճակ: Նոյնիսկ խանութպանը, որ նստած էր իր խանութը՝ ձեռքին ունէր զէնք, որ իր անվտանգութեան երաշխիքն էր: Այցելեցինք նաեւ բոլոր հայկական վարժարանները, որոնց կողքը նոյնպէս կանգնած էին ապահովական ծառայողներ, ինչպէս նաեւ հայ տղաք, որոնք կը փորձեն իրենց օճախները, իրենց սեփականութիւնը պաշտպանել...: Շատ յուզական էր այդ աւերակներու մէջ տեսնել մարդիկ, որոնք ամէն գնով կը փորձեն կանգուն մնալ եւ իրենց կեանքը շարունակել...:

-Ի՞նչպէս էր առաջին շփումը համայնքի եւ պատուիրակութեան միջեւ, որովհետեւ այս այցելութիւնը աննախընթաց էր վերջին հինգ տարուան ընթացքին:

-Նախ նշեմ, որ 2012 թուականէն մինչեւ օրս նմանատիպ պաշտօնական որեւէ այցելութիւն տեղի չէր ունեցած: Շատ կարեւոր էր մեզի համար այս այցը, մանաւանդ, որ ան համընկնեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնակատարութեան օրերուն, միւս կողմէ կարեւոր էր նաեւ, որ այդտեղ գտնուէինք սփիւռքի նախարարի մակարդակով։ Շատ կարեւոր էր, որ մօտէն ծանօթանայինք իրադարձութիւններուն, որովհետեւ իրավիճակի վերաբերեալ ամենաճիշդ պատկերացումը կրնայինք ստանալ, երբ անձամբ տեսնէինք այդ բոլորը: Հալէպի մէջ մեր առաջին մեծ հանգրուանը Նոր Գիւղն էր, ուրկէ ալ սկսանք հայկական թաղամասերու մէջ մեր շրջագայութեան։ Մեզ դիմաւորեց Հալէպի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը եւ մեր նախկին գլխաւոր հիւպատոսը, որ ներկայիս ստանձնած է արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պաշտօնը: Շրջեցանք եւ տեսանք ահաւոր աւերածութիւնները, ուր միեւնոյն ժամանակ կային իրենց խանութները վերաբացած հայորդիներ, որոնց աչքերուն եւ ընդհանուր տրամադրուածութեան մէջ յոյս ու հաւատ կար: Իրենց համար մեր ներկայութիւնը ոգեւորիչ էր, որովհետեւ իրօք կարեւոր էր, որ անոնք իրենց մարմնին վրայ զգային ոչ միայն հոգեբանական աջակցութիւնը, այլ նաեւ՝ ֆիզիքական ներկայութիւնը, ի դէմս Հայաստանի պատուիրակութեան, ի դէմս սփիւռքի նախարարութեան եւ գուցէ իրենց խնդիրները տեղւոյն վրայ շատ արագ վեր հանելու եւ հասկնալու մեր յետագայ ընելիքները: Շատեր խօսեցան ու զրուցեցին մեզի հետ եւ մենք հասկցանք, որ գրեթէ հայ համայնքի անդամներու ամէն երկրորդը ունէր կորսնցուցած հարազատ, եւ իւրաքանչիւր երկրորդը զրկուած է իր բնակավայրէն, իր բնակարանը քանդուած է՝ կամ կիսով չափ կամ ամբողջովին: Կային մարդիկ, որոնք իրենց խանութները լրիւ կորսնցուցած էին, բայց կային նաեւ մարդիկ, որոնք փորձելով ամէն ինչ, իրենց մէջ ուժ գտած էին վերադառնալու եւ իրենց ունեցուածքին տէր կանգնելու: Տեսանք խանութներ, որոնք անուշեղէն կը վաճառէին, կար կօշկակարի խանութ եւ այլ փոքր խանութներ, որոնք կ՚աշխատէին, ինչպէս որ կը գործեն բազմաթիւ սուրիահայեր այսօր Երեւանի մէջ: Ամէն ոք իր հերթին փորձեց ներկայացնել իր ընտանիքի պատմութիւնը, իր ապագան՝ ինչպէս որ կը տեսնէ...: Իսկապէս շատ ոգեւորիչ էր նաեւ տեսնել Նոր Գիւղի մէջ վարժարանները եւ դպրոցները, որոնք կը շարունակէին գործել: Ոգեւորիչ է այն փաստը, որ երբ մարդիկ որոշած են հեռանալ Սուրիայէն, ընտրած են եւ որոշած են տեղափոխուիլ Հայաստան:

-Սուրիահայերը, այսինքն՝ հասարակ ժողովուրդը կամ պաշտօնաւոր մարդիկ՝ համայնքային պատասխանատու, կրօնական գործիչներ ակնկալիքներ ունի՞ն Հայաստանէն:

-Շփման արդիւնքով պարզուեցաւ, որ որպէս մերձաւորարեւելեան շրջան, առհասարակ անվտանգութեան խնդիրը տակաւին առկայ է, այսինքն չենք կրնար ըսել, որ մարդիկ հարիւր տոկոս ապահով վիճակի մէջ են, որովհետեւ մեր Հալէպ գտնուած օրը նոյնիսկ՝ մեզմէ ոչ հեռու շրջան մը ռմբակոծուեցաւ եւ բազմաթիւ մարդկային կորուստներ արձանագրուեցան: Այսինքն անվտանգութեան խնդիրը անընդհատ կայ, բայց այդ իրականութեան մէջ՝ մենք միայն կրնանք եւ կը շարունակենք ըսել, որ մեր դռները բաց են բոլորին եւ պատրաստ ենք ընդունիլ բոլորը Հայաստանի մէջ: Միեւնոյն ժամանակ շատ կարեւոր է շարունակել կատարել մարդասիրական օգնութիւններ, որոնք մենք նախապէս իրականացուցինք, որովհետեւ այդ բաւական արդիւնաւէտ էր, մանաւանդ այս փուլին, նաեւ հասկնալով իրենց պէտքերը՝ կարելի է այդ ուղղութեամբ աջակցութիւն ցուցաբերել: Հայաստանէն ակնկալիքը միանշանակ կը կայանայ կապի պահպանմամբ՝ շատ կարեւոր էր, որ մարդիկ իրօք զգան, թէ իրենք լքուած չեն, իրենք կարեւոր են, զգան, որ զիրենք կը յիշենք եւ այն ծրագիրները, որոնք մենք կ՚իրականացնենք՝ անոնք այդ ծրագիրներուն մաս կը կազմեն ամենատարբեր մակարդակներով։ Նաեւ պահանջք կար, որ իրականացուին փոխայցելութիւններ, նոյնիսկ շատեր դժգոհեցան, որ Դամասկոսի մեր այցելութինը շատ կարճ էր, կ՚ուզէին որ աւելի երկար ժամանակ անցընենք, շփուինք եւ համայնքի խնդիրներուն աւելի մօտէն ծանօթանանք: Կարեւոր է նաեւ, որ ոլորտային մասնագէտներ այցելեն, գուցէ ոլորտային նախարարութիւններ՝ հաշուի առնելով վերաշինութեան ծրագիրները: Գիտէք, մենք խորհրդարանի մէջ ունինք երկու հայ ներկայացուցիչներ, որոնք խորհրդարանական գործունէութիւն կ՚իրականացնեն, այս տեսանկիւնէն նաեւ հետաքրքրական է իրենց համագործակցութիւնը, որովհետեւ իրենք կ՚ուզեն նաեւ պետութիւնը աշխուժացնել եւ փոխայցելութիւններ իրականացուին: Այսինքն համայնքը համագործակցութեան պատրաստ է՝ բոլոր մակարդակներով: Ինչպէս նաեւ համայնքային կառոյցները իրենց հերթին, մեզի հետ հանդիպումներ ունեցան՝ թէ՛ Առաքելական, թէ՛ Աւետարանական, թէ՛ Կաթոլիկ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ: Քննարկուեցան տարատեսակ հարցադրումներ եւ արեւմտահայերէնի մասին քննարկումներ եղան, որ իրօք արեւմտահայերէնի պահպանութեան ուղղութեամբ աշխատանքներ կան։

-Ասկէ մէկ տարի առաջ Սուրիան, Հալէպը հայկական լրահոսին մէջ գլխաւոր տեղ կը գրաւէին: Այսօր սփիւռքի, նաեւ Հայաստանի մէջ, Սուրիոյ օրակարգը դարձաւ երկրորդական: Հայաստանը այդ առումով այսօր ի՞նչ կեցուածք ունի, որովհետեւ Հայաստանը, եթէ դրամագլուխ տրամադրողը չէ, սակայն սփիւռքի կարողականութիւնը շարժողն է եւ կրնայ ի սպաս դնել Սուրիոյ: Այսօր Սուրիոյ հետ կապուած մենք օրակարգի լուրջ խնդիր ունինք, այսինքն ճիշդ է, որ կը խօսուի վերակառուցման մասին, սակայն այդ առումով յստակ քաղաքականութիւն չկայ։

-Սուրիոյ հարցը տակաւին օրակարգի վրայ է: Յամենայնդէպս, Սուրիոյ Օգնութեան խաչի հետ հանդիպման ընթացքին այդ բոլորը հասկցուեցաւ, նաեւ ականատես եղանք այն վերականգնողական գործողութիւններուն, որովհետեւ առանձին հատուածներու մէջ արդէն զգալի էր թէ՛ ասֆալթապատման աշխատանքները, թէ՛ բարեկարգման աշխատանքները, թէ՛ բնակարաններու վերաշինութեան առանձին աշխատանքները։ Այսինքն որոշակի փուլային ծրագիր մեկնարկած էր եւ բացի անկէ, որ ականատես եղանք այս բոլորին, միեւնոյն ժամանակ մենք հանդիպեցանք նաեւ Հալէպի նահանգապետին հետ եւ հասկցանք, որ թէ՛ համայնքը եւ թէ նահանգապետը, միասնաբար, կը փորձեն վերաշինութեան զանազան տեսակի փուլային ծրագիրներ իրականացնել՝ բարեկարգելու համար հատուածներ, յատկապէս այն հատուածները, ուր հայութիւնը համեմատաբար պատերազմի տարիներուն կրցած է մնալ եւ պարզապէս որոշակի նիւթական վնասներ եւ խնդիրներ ունեցած է: Իսկ գալով մեզի՝ մեր հիմնական առաջարկը, այսինքն Հայաստանի կառավարութեան առաջարկը կը կայանայ անոր մէջ, որ թէեւ մենք չունինք այդպիսի լուրջ միջոցներ վերաշինութեան ընդհանուր գործընթացին մասնակցելու համար, բայց Հայաստանի Հանրապետութիւնը որոշ ոլորտներու մէջ, որոնց առընչութեամբ ունի մասնագէտներ եւ որոշակի կարողութիւններ՝ պատրաստ է աջակցութեան: Սակայն այս պարագային կարեւոր է նաեւ, որ նման առաջարկ ձեւակերպուի սուրիական կողմէն։ Ինչպէս հասկցանք, իրենք ունին որոշ միջոցներ, որոշ պատկերացումներ, բայց եւ այնպէս, պատրաստ են մեզի հետ համագործակցելու եւ յոյս ունինք, որ յառաջիկային որոշակի այլ գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներ Սուրիա կ՚այցելեն՝ հասկնալու այդ ուղղութիւնները եւ համագործակցութեան կարելիութիւնները։

-Ի՞նչ տպաւորութիւններով վերադարձաք։

-Մեր այցի ամբողջ տեւողութեան ինծի համար հնչող գլխաւոր պատգամը հայու անկոտրում ոգիին ներկայութիւնն էր։ Հայը, ուր ալ ապրի կը ծաղկեցնէ, կը զարգացնէ եւ կը վերաշինէ այդ երկիրը։ Հոն տեսանք մարդիկ, որոնք կը փորձեն ամենադաժան պայմաններու մէջ իրենց կեանքը շարունակել եւ այդ մէկը իրօք շատ յուսադրիչ էր:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Մարտ 6, 2020