«ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՍ ՊԱՀՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՀՈՒՆՉ՝ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐ Կ՚ԱՌՆԷ»

Հայաստանի առկայ քաղաքական տագնապին մէջ միշտ զգալի է սահմանադրութեան հաւատարիմ մնալու խնդիրը, թէեւ կացութիւնը բաւական բարդ է։ Այսօրուայ պայմաններով Հայաստանի զինեալ ուժերը եւ կառավարութիւնը ձեւով մը տարբեր ճամբարներու մէջ են եւ ընդդիմութիւնն ալ դիրք գրաւած է զինեալ ուժերու կողքին։ Լարուած իրավիճակին մէջ կայ կարծիքներու մեծ տեսակաւորում մը։ Այս իրավիճակին մէջ զրուցեցինք Հայաստանի «Հանրապետական» կուսակցութեան վառ ներկայացուցիչներէն Արփինէ Յովհաննիսեանի հետ, որ «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» հանրահաւաքներուն ժամանակ ալ հանդէս կու գայ ելոյթներով։ Ան մօտաւոր անցեալին եղած էր խորհրդարանի փոխ-նախագահ։ Ստորեւ՝ մեր զրոյցին սղագրութիւնը։

*

-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք ստեղծուած իրավիճակը՝ յատկապէս, որ սահմանադրական տագնապի դրան սեմին ենք։ Նախագահը ո՛չ կը մերժէ եւ ոչ ալ կը հաստատէ զօրավար Օննիկ Գասպարեանը պաշտօնանկ ընելու հրամանագիրը եւ այսպէսով Հայաստանը աւելի անորոշ վիճակի մը մէջ կը յայտնուի։

-Մենք ո՛չ թէ տագնապի կ՚երթանք, այլ կը գտնուինք խոր սահմանադրական, քաղաքական, բարոյահոգեբանական ճգնաժամի մէջ, ընդ որում իրաւական տեսանկիւնէն եւս։

Ես կը կարծեմ, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը անգործութիւն դրսեւորելու իրաւունք չունէր։ Ան կա՛մ պէտք է վաւերացնէր այդ որոշմնագիրը եւ կամ ուղարկէր Սահմանադրական ատեան: Հաշուի առնելով, որ ընդհանուր սպայակոյտի նախագահի պաշտօնազրկման թէ՛ շարժառիթը եւ թէ հիմքը սկզբունքօրէն հակասահմանադրական էր, ապա ակնյայտ էր Սահմանադրական ատեան ուղարկելու անհրաժեշտութիւնը։ Ես մշտապէս կոշտ քննադատութեամբ հանդէս եկած եմ նախագահին դէմ՝ նկատի ունելալով, որ ան շատ դէպքերու մէջ դրսեւորած է հակասահմանադրական անգործութիւն։ Հետեւաբար, ճիշդ է, որ հանգուցալուծումը այնպէս պէտք է ըլլայ, որ Օննիկ Գասպարեան շարունակէ պաշտօնավարել եւ յետոյ հերթը Սահմանադրական ատեանինը ըլլայ: Իսկ քաղաքական ճգնաժամի հանգուցալուծումը՝ այլ ձեւով, քան Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը, ես չեմ տեսներ, որովհետեւ բոլոր խնդիրներու ծագման աղբիւրը Նիկոլ Փաշինեանն է։ Ինքն է, որ հարցեր կը ստեղծէ, չի կրնար ոչ մէկու հետ յարաբերուիլ, բոլոր քաղաքական ուժերուն հետ խնդիրներ ունի, բացի իր գրպանային քանի մը մանր մունր կուսակցութիւններէն: Հիմնական քաղաքական դաշտի դերակատարները զինք կը մերժեն, նաեւ մեծ հաշուով՝ Ռուսաստանի հայ համայնքը, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, կաթողիկոսները, նախկին նախագահները, նաեւ բանակը: Ան այս պայմաններով Հայաստանը կը տանի դէպի կործանում՝ իր հետ միասին:

-Իսկ ընդդիմութեան քայլերը ինչպէ՞ս կը գնահատէք:

-Ընդդիմութեան քայլերը կը գնահատեմ՝ որպէս այս պահու պատասխանատուութեան համահունչ սահմանադրական քայլեր, որովհետեւ ընդդիմութիւնը՝ ի տարբերութիւն սադրիչ եւ մարդ զոհող, մարդասպան վարչապետին, չ՚ուզեր ոեւէ մէկու ֆիզիքական կամ իրաւական անվտանգութիւնը զոհել: Բայց, իր գործողութիւններով վարչապետը կը ստիպէ դիմել քայլերու կոշտացման։ Թէ ինչպիսի՞ քայլեր, կը գերադասեմ այս պահուն լռել:

-Ի՞նչ խօսք ունիք ըսելու սփիւռքին:

-Սփիւռքին կ՚ըսեմ. ժամանակն է, որ Նիկոլ Փաշինեանին տրուած այդ ահռելի աջակցութիւնը ետ վերցնէք։ Որովհետեւ դուք իրեն այդ լիազօրութիւնը տուած էիք Հայաստանը զարգացնելու համար, իսկ ան Հայաստանը կործանած է։ Այսօր մենք կործանման վերջի՛ն, վերջին հանգրուանի եզրին կանգնած ենք:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մարտ 6, 2021