«ՔՈՐՈՆԱ» ՎԱՐԱԿԸ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ՉԷ ԵՒ ԱՅՍՈՒՀԵՏԵՒ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԱՆՍԻՐԵԼԻ ՄԵՐՁԱՒՈՐԸ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ

Ամէն օր երբ կ՚անցնի, մեր աչքերը աւելի խոշոր կը բանանք, աւելի իմանալու համար աշխարհն ու մարդկութիւնը իրեն թիրախ դարձուցած քորոնա «նոր» վարակին մասին։

Մինչ մարդկային կորուստներու թիւերը կը բարձրանան, անդին գիտնականներ եւ ուսումնասիրողներ կարեւոր վկայութիւններ կը ներկայացնեն, անոնցմէ ոմանք նոր տեսութիւններ մէջտեղ կը բերեն, սակայն այս բոլորէն վեր կը շարունակէ ուրուագծուիլ, որ վարակը «կատակ» մը չէ։

Օրերս քորոնա վարակին մասին կարեւոր եւ ուշագրաւ վկայութիւն մը տուած է ռուսաստանցի վարակաբան Ալեքսէյ Պոտեխին, որուն կողմէ մամուլին տրուած տեսակէտներուն մէջ կարմիր թելի պէս կ՚անցնի այն գաղափարը, թէ այս վարակը այնքան ալ վախազդու չէ ու անպայման պիտի թուլանայ։

Պոտեխին նաեւ հաստատակամօրէն կը հաւատայ, թէ վարակը ունի իր դրական կողմերը, թէպետեւ այդ առումով «վրան բաց» յայտարարութիւններ չի կատարեր, սակայն կը փորձէ վերհանել վարակին դրական կողմ ունենալու մասին իր վարկածները։

Ամէն պարագայի իմ ընթերցողներուն խորհուրդ պիտի տամ կարդալ արեւմտահայերէնի վերածուած ներքոդրեալ նիւթը, որ օրեր առաջ լոյս տեսաւ հայրենի «Հայկական Ժամանակ» թերթին մէջ։ Ի դէպ, նիւթը ռուսերէն արեւելահայերէնի թարգմանած է նոյն թերթի աշխատակիցներէն՝ Շուշաննա Գրիգորեան։

ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԷՆ

Սեն Փեթերսպուրկի Պետական համալսարանի մանրէաբանութեան ամպիոնէն փրոֆ. Ալեքսէյ Պոտեխին քորոնա վարակի ներկայ իրավիճակի վերաբերեալ վերլուծութիւն մը ներկայացուցած է։ Յայտնի գիտնականը նշած է տասն կարեւոր կէտեր, որոնց ճամբով կը փորձէ լոյսին բերել քորոնաժահրի ընդհանուր «նկարագիր»ը։ Ստորեւ իմ ընթերցողներու ուշադրութեան կը ներկայացնեմ ռուս գիտնականին դիտարկումները, որոնք ամփոփուած են տասն կէտերու մէջ։

1- Ըստ գիտնականին, քորոնան, ընդամէնը ժահր մըն է, նոյն անունը կրող ընտանիքի ներկայացուցիչներէն մին, որ նախապէս ներկայացուած էր մարդու սուր շնչառական ժահրային վարակներու ընդհանուր տեսադաշտի տակ: Այս ժանտախտ չէ: Ո՛չ ջրծաղիկ է, ոչ ալ կարմրուկ՝ վաղուց յայտնի մեր սերունդին: Այն նոյնիսկ քորոնա վարակը չէ, որ 2002-ին անսովոր թոքաբորբ կը յառաջացնէր եւ շատ աւելի դաժան էր: Ներկայիս ժահրը կը սպաննէ այնպէս, ինչպէս յատուկ է իւրաքանչիւր «ինքն իրեն յարգող» վարակի, որ նոր փոխանցուած է գազաններէն մարդոց: Բայց կը սպաննէ չափաւոր կերպով: Աշխարհի մէջ թոքախտէն ամէն օր կը մահանայ այնքան մարդ, որքան COVID-19-էն մահացած է այս ամբողջ ընթացքին, նաեւ այնքան՝ որքան մալարիայէն: Պարզապէս, մարդիկ այդ թիւերուն չեն հետեւիր, որովհետեւ այդ հիւանդութիւնները օրերս տարածուող քորոնային նման խուճապ չեն ստեղծած։

2- Ըստ գիտնականին, ժահրը բաւական վարակիչ է: Աւելի վարակիչ է, քան կրիփը, պակաս վարակիչ, քան խոզուկը կամ կարմրախտը։ Անոր տարածումը, ինչպէս նաեւ վարակուածներու եւ մահացածներու թիւերը կ՚ազդեն մարդոց տրամադրութեան վրայ։ Գիտնականը նաեւ կը նշէ, որ իր ապրած Սեն Փեթերսպուրկի մէջ 8 դէպք կայ... իսկ Չինաստանի մէջ վարակակիրներու թիւը անցած է 80 հազարը... Չինաստանի միլիառանոց բնակչութեան մէջ 80 հազար դէպքը, համաճարակի գրեթէ երեք ամսուայ ընթացքին, ընդամէնն է, ոչ թէ «արդէն»ը: Այստեղէն է, որ խուճապը կը տարածուի: Ան նաեւ կը դիտարկէ, թէ «Մենք Ռուսաստանի մէջ համաճարակի սկիզբն ենք: Քանի մը շաբաթէն իրավիճակը, ակնյայտօրէն, կը վատթարանայ, ինչպէս որ տեղի ունեցած է այլ երկիրներու մէջ: Բայց այդ դեռ շատ հեռու կ՚ըլլայ այն համաճարակներէն, զորս մարդկութիւնը զգացած է իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին, բացառութեամբ վերջին յիսուն տարուան: Եւ գրեթէ ոչ ոք կը մահանայ այդ համաճարակաբանութեան չափանիշներով: Հետեւաբար, հարկաւոր է մէկ կողմ թողնել խուճապը»:

3- Ալեքսէյ Պոտեխին դիտել կու տայ, որ ժահրը բռնկեցաւ մէկ երկրէ եւ դուրս գալով այդ երկրի սահմաններէն, տարածուեցաւ աշխարհով մէկ: Այդ անխուսափելի էր: Ան կը նշէ. «Պէտք չէ վախնալ «համաճարակ» բառէն. այդ միայն կը նշանակէ, որ հիւանդութեան դէպքեր յայտնաբերուած են աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ, եւ ոչ թէ մարդկութիւնը կանգնած է ոչնչացման վտանգին առջեւ: Բայց եթէ իւրաքանչիւր երկիր յառաջիկայ ամիսներուն կ՚իրառէ Չինաստանի փորձը, ապա դէպքերը կը նօսրանան: Յամենայնդէպս, իւրաքանչիւր երկրի բնակչութեան փոքր տոկոսը համաճարակի զոհ կը դառնայ, բայց այդ փոքր տոկոսն ալ զգալի թիւ կը կազմէ: Արգելափակումները (քարանթինա) նպատակ ունին կարճ ժամանակի ընթացքին կանխել չինական ցուցանիշներու կրկնումը այլ երկիրներու մէջ: Անվտանգութեան միջոցառումները, որոնք ձեռնարկած է Չինաստանը եւ այժմ կը ձեռնարկէ Եւրոպան եւ ամբողջ աշխարհը, բացարձակապէս աննախադէպ են: Հակահամաճարակային միջոցառումներու հիմնական նպատակը զանգուածային բռնկումներու ժամանակ հիւանդանոցներու վրայ բեռի նուազեցումն է (ինչ որ տեղի կ՚ունենայ այժմ Իտալիոյ մէջ եւ որ ողբերգական կը թուի) եւ ժամանակի ընթացքին վարակի տարածման կանխումը»։

4- Ռուս գիտնականին կարծիքով՝ քորոնա վարակի հետեւանքով արձանագրուած մահերու վիճակագրութիւնն ու տուեալները հաւաստի են: Զանոնք ոչ ոք կը կարողանայ թաքցնել մեր օրերուն, երբ համացանցով կրնան յայտնուիլ մարդիկ եւ յայտարարել, որ իրենց այս կամ այն հարազատը մահացած է թոքաբորբէն կամ քորոնա վարակէն եւ հաշիւ կը պահանջեն միւսներէն: Ան նաեւ կը նկատէ, թէ՝ «Ներկայիս շատ դէպքեր չեն յայտնաբերուիր, մանաւանդ որ յայտնաբերուած բոլոր դէպքերը կը հաշուառուին: Որքան աւելի ցած է վարակուածներու թիւը, այնքան աւելի ցած է մահացութիւններու ցուցանիշը»։

5- Պոտեխին կ՚ըսէ, թէ՝ «Քորոնա՝ պսակաձեւ ժահրը ոչ մէկ կապ ունի մարդկային գործօնի հետ եւ «չէ փախած» ոչ մէկ տարրալուծարանէ: Մինչ աշխարհը խուճապի մէջ է, ամբողջ աշխարհի SARS-CoV տարրալուծարաններուն մէջ արդէն բազմաթիւ նոր բաներ պարզուած են: Օրինակ՝ ժահրը տարածուած է Չինաստան, մէկ անձէ, այսինքն՝ որեւէ մէկը որեւէ տեղ, որեւէ կենդանիի վատորակ միս կերած է: Կամ ալ, ոեւէ մէկը պարզապէս գտնուած է շուկայի մը մէջ, ուր, ըստ էութեան, մէկ վանդակի մէջ գտնուած են օձեր, չղջիկներ, հաւեր, մողէզներ, մուկեր, ապա զանոնք եփած են յաճախորդներու համար մէկ սեղանի վրայ, չմտածելով անգամ մաքրութեան պայմաններուն մասին»: Ան նաեւ կը դիտարկէ, որ՝ «այդ բոլորը իտէալական միջավայր է այն ժահրերուն համար, որոնք հակուած են «փորձել իրենց բախտը» մէկ այլ մարմնի մէջ: Եւ ժահրերը, որոնք կ՚իյնան նոր տիրոջ մարմնին մէջ, այնտեղ յարմարուելու համար, անխուսափելիօրէն ձեռք կը բերեն նոր յատկութիւններ եւ յաճախ կը դառնան յարձակող: Բացի այդ, մէկ անգամ ցատկելով անծանօթ կենդանի օրկանիզմի մը մէջ, ժահրը կրկին կը ցանկայ փորձարկել այլ օրկանիզմ, միաժամանակ յարմարելով նոր տանտէրներուն հետ: Ինչ-որ տեղ այդ շղթային մէջ կարելի է մարդու օրկանիզմը ըլլալ: Այս առաջին ժահրը չէ, որու ծագումը պէտք է փնտռել չինական շուկաներուն մէջ: Գուցէ հիմա Չինաստանը վերակազմաւորէ զանոնք: Բայց, փաստօրէն, գուցէ մեր բախտը բերած է, որ ժահրը այսքան մեղմ ստացուած է»։

6- SARS-CoV քորոնա վարակը չի կրնար արագ հեռանալ մեր կեանքէն: Այն չ՚անհետանար, հնարաւոր չէ զայն վերացնել մեկուսացում-արգելափակումներով: Այս ժահրի դէմ դեղամիջոցներ չկան, ինչպէս նախապէս եղած գրեթէ բոլոր ժահրերու դէմ, բուժական բոլոր միջոցառումները, որոնք կը կատարուին, ներքին հիւանդութիւններու դէմ պայքարելու բնոյթ ունին: Գիտնականին կարծիքով՝ քորոնայի պատուաստը պատրաստ պիտի ըլլայ ամրան։ Այս առումով ալ կ՚ըսէ. «Կը կարծեմ, որ պատուաստը կը ստեղծուի ամրան, սակայն զանգուածային կիրառումը կ՚երկարի հաւանաբար մինչեւ տարեվերջ, քանի որ հնարաւոր չէ որեւէ պատուաստի փորձարկման ժամկէտները կրճատել: Աշխարհի բնակչութեան մեծ մասին վիճակուած է «տանիլ» այս ժահրը: Այս կարեւոր է, քանի որ որեւէ վարակիչ հիւանդութեան լաւագոյն բուժամիջոցը հաւաքական դիմադրողականութիւն ձեռք ձգելն է: Մի՛ հաւատաք, կրկնակի վարակման մասին լուրերուն: Մարդուս մօտ բոլոր տեսակի քորոնա վարակներու պարագային՝ վարակումէն յետոյ կայուն դիմադրողականութիւն կը ձեւաւորուի»։

7- Ռուս գիտնականը համոզուած է. «Քորոնա վարակը առհասարակ նման չէ կրիփի ժահրին: Քորոնաժահրերը չունին առանձնայատկութիւններ եւ գործելակերպեր, որոնք կ՚ապահովեն կրիփի ժահրերու բնորոշ բարձր փոփոխականութիւնը: Անոնք, ամենայն հաւանականութեամբ, կը հետեւին նման վարակներու սովորական ընթացքին: Որքան աւելի երկար փոխանցուին մարդոց, այնքան աւելի մեղմ են ախտանիշները: Ժահրի նոր ձեւեր հազուադէպ կը յայտնուին եւ արդիւնաւէտօրէն չեն յաղթահարեր դիմադրողական պատնէշը, որ կը յառաջանայ առաջին վարակուելէն յետոյ: Համաճարակային ներկայ իրավիճակը կրնայ երկարիլ շուրջ կէս տարի: Աստիճանաբար ժահրը կը դառնայ բնականոն, բազմաթիւներ կը հիւանդանան եւ մարդկութիւնը կը սկսի վերադառնալ իր բնականոն կեանքին»։

8- Ալեքսէյ Պոտեխին կարեւոր դիտարկումներ կատարած է ժահրին երեխաներու փոխանցուելուն վերաբերեալ՝ ու ըսած է. «Յուրախութիւն բոլորին, երեխաները գրեթէ չեն վարակուիր, սակայն կրնան վերցնել ժահրը ու անոր ուղեկից ոչ ախտանշանային տարբերակով, առանց որեւէ ախտանիշի: Չափահաս առողջ անձերու մեծ մասը հիւանդութիւնը կը տանի ոտքի վրայ, մէկ մասը թեթեւ ջերմութիւն կ՚ունենայ, մէկ մասին մօտ ալ ախտանիշները կ՚ըլլան կրիփի նման: Հիւանդանոցներ յայտնուողներու փոքր տոկոսը կը մահանայ, մեծ մասամբ թոքաբորբի առկայութեան պարագային: 70 տարեկանէ վեր վարակակիրներու պարագային հաւանական մահուան վտանգի առջեւ կը կանգնի իւրաքանչիւր 5 կամ 6-րդ հիւանդը»:

9- Գիտնականը նաեւ կը նշէ, թէ՝ «Կենսաբանութեան տեսանկիւնէ, եթէ մենք նայինք մարդուն որպէս կենդանիներու տեսակներէն մէկը, քորոնա վարակը պէտք չէ համարուի անոր օրկանիզմի համար չափազանց վտանգաւոր բան մը: Ան կը սպաննէ թուլացած դիմադրողականութեամբ կամ հիւանդ մարդիկը (ինչպէս որեւէ վարակիչ հիւանդութիւն) եւ չափաւոր կերպով կը նուազեցնէ տարիքային մեծ խումբի բնակչութիւնը: Նոյնիսկ հարիւր տարի առաջ, մարդկութիւնը այդ փիլիսոփայօրէն կ՚ընկալէր որպէս Աստուծոյ նախախնամութիւն: 2020 թուականի համաշխարհային քորոնա վարակի համաճարակը կրնար պարզապէս համեմատելի ըլլալ կարմրուկի կամ փոլիոյի բռնկման հետ: Բայց կայ նաեւ այն մօտեցումը, թէ մենք չենք ցանկար այս ժահրին զոհ տալ ծերերէն ոչ մէկը, որովհետեւ անոնց մէջ կան մեր սիրելիներէն շատերուն ծնողներն ու մեծ հայր-մայրերը: Եւ որպէսզի զանոնք հեշտութեամբ չյանձնենք մահին, անոնք պէտք է ժամանակին տեղաւորուին այս նպատակով յարմարցուած հիւանդանոցային սենեակներու մէջ ու օգտուին շնչառութիւնը դիւրացնող սարքերէ։ Մենք գիտենք, որ սենեակներու քանակը սահմանափակ է եւ թոքերու արհեստական օդափոխիչ սարքերը հաւանաբար ապահովուած չեն։ Անոնք գրեթէ ամէնուր սուղ են եւ բացի այդ, կը կիրառուին նաեւ այլ մարդոց համար, որոնք ինքնուրոյն չեն կրնար շնչել, ոչ թէ քորոնա» վարակային հիւանդութեան պատճառով»։

10- Աւարտին Ալեքսէյ Պոտեխին կը նշէ, որ մեկուսացում-արգելափակման միջոցառումները արդարացուած են ու կ՚ըսէ. «Նոյնիսկ աշխատանքի կարելի է չերթալ, մանաւանդ, եթէ այնտեղ հասնելու համար պիտի օգտագործէք մեթրօ, հասարակական փոխադրամիջոց եւ ողբերգական ոչինչ կ՚ըլլայ, եթէ որոշակի ոլորտի աշխատակիցներ աշխատանքի չներկայանան: Ի դէպ, պէտք չէ ինքնամեկուսացումը շփոթել ընկերային աշխուժութեան ողջմիտ նուազեցման հետ: Այս ժահրը այնքան ալ սարսափելի չէ, որպէսզի անդամալուծէ մարդոց կեանքը: Պէտք չէ խանութներէն ամբարել մէկ տարուայ ուտելիքի պաշար, խանութները դժուար թէ դադրին աշխատելէ: Պէտք չէ սարսափիլ փողոց դուրս ելլելու մտքէն կամ վախնալ աշխատանքի երթալէ, եթէ անիկա իսկապէս կարեւոր աշխատանք է: Պարզապէս պէտք է շրջապատին մէջ սահմանել նուազագոյն հաղորդակցութիւն միւսներուն հետ: Այսպէս թէ այնպէս մեր շրջապատին մէջ, մեծ մասը կրնայ հիւանդանալ, կարեւորը՝ այդ չըլլայ միաժամանակ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Ապրիլ 6, 2020