ԱՆՈՂՈՐՄ ԽԱՐՏՈՑԸ

Այս տողերուն շարժառիթը, նախ եւ առաջ, յարգանքն է բարի՜, շա՜տ բարի յիշատակին այն անձին, որ վերեւի խորագիրը ներշնչած խոհերուն հերոսն է պարզապէս։

Տարինե՜ր, շա՜տ տարիներ առաջ, երբ ճակատագրին մեզի ի՞նչ վերապահելը անգիտանալով՝ ենթագիտակցաբար կը մտածէինք, թէ կեանքի սանդխակին աւելի՛ սկիզբին ենք մօտ՝ քան վերջաւորութեան, երբ դեռ կեանքի այլեւայլ պատասխանատուութիւններու տակ չկքած, անհոգ երիտասարդներ էինք, երբ մեր շրջապատի որոշ անձեր, որոնք հասած էին տարիքի մը,- ուր մենք հանգրուանած ենք հիմա,- մեզի կը թուէին արտամոլորակային՝ իրենց կենցաղով, իրենց առօրեայի սա կամ նա մանրամասնութիւններով… Մեր հերոսը յաճախ կը գունաւորէր մեր խօսակցութիւնները իր ակամայ գողտրիկ արկածախնդրութիւններով, որոնք այնքա՜ն անհաւանական կը թուէին մեզի այն ատեն։

Ան մաս կը կազմէր իմ ամենէն մտերիմ ընկերներէն մէկուն գործի շրջանակին, հետեւաբար այդ ընկերս էր մեր հերոսի արկածախնդրութիւններուն պատմիչը։ Այն ատեն ո՛չ կը մտածէինք, հաւանաբար ոչ ալ կրնայինք երեւակայել, թէ իր ասպարէզին առընչուող ինչպիսի՛ պատասխանատուութիւններ շալկած կրնար ըլլալ ան, թերեւս ալ ունենալ անձնական ծանր ու լուրջ ինչ-ինչ մտահոգութիւններ, որոնք զինք դարձուցած էին այդքան մտազբաղ եւ ցրուած եւ իր կամքէն բոլորովին անկախ հեղինակ  դարձուցած՝ այդ արկածախնդրութիւններուն։ Հիմա, տարիներու մշուշը պատած է նաեւ մեր հերոսի բազմազան արկածախնդրութիւններու մանրամասնութիւններուն առընչուող յիշատակներս։ Բայց եւ այնպէս, վերջերս յիշեցի անոնցմէ մէկը, որ շարժառիթը դարձաւ տողերուս։ Անհաւատալի, անհաւանական դէպքի մը նման, ընկերս ինծի պատմած էր, թէ ան ինչպէս օր մը գործընկերներուն հետ ժողովէ մը ետք, սխալմամբ ուրիշ մէկուն վերարկուն հագուելով մեկնած էր։ Այս մանրավէպը, այն ատեն, որքա՜ն զուարճացուցեր էր մեզ, որքա՜ն… 

Մինչդե՜ռ…

Մինչդեռ հիմա, տարինե՜ր, շա՜տ տարիներ ետք, երբ կը մտաբերեմ այս դէպքը, յանկարծ կ՚անդրադառնամ, որ ինծի շատ բնական ու հաւանական կը թուի ան,  որու համազօր արկածները պակաս չեն ըլլար իմ ալ կեանքէս։ Այն օրերէն, երբ մեր հերոսը իմ իրականութենէն այդպէս՝ անջրպետ մը հեռու կը թուէր ինծի, ե՞րբ հասայ իմ այսօրուան իրականութեան, ուր ան կը գտնուէր այդ ժամանակ։ Հիմա ունիմ զղջումի, ամօթի զգացում մըն ալ, որ կը զուարճանայինք այդ պատմութիւններով, թէեւ երբե՛ք չարամտօրէն, քանզի իր գործընկերներուն սիրելին էր ան, իմ նման աւելի հեռաւորներուն համար ալ՝ խիստ համակրելի անձ մը։ Կարեկցանքի զգացում մըն ալ կը պատէ զիս։

Ճիշդ է, ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս հասայ հոս…

Ա՜խ, սա կեանքի անողորմ խարտոցը…

Թող լոյսերու մէջ ննջէ մեր սիրելի Վարուժանը…

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿՈՊԷԼԵԱՆ

Շաբաթ, Մայիս 6, 2023