ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ՝ ԲԱՅՑ ԻՐԱՒ…

Գաղտնիք մը չէ, որ մարզական աշխարհը լի է անակնկալներով։ Այսօրուան մեր նիւթը պիտի կեդրոնանայ աշխարհահռչակ պասքեթպոլ խաղացող Մայքըլ Ճորտընի վրայ։

Մայքըլ Ճորտըն՝ որպէս արհեստավարժ մարզիկ, 15 տարուայ պատուաբեր վաստակ մը ունի, խաղալով Chicago Bulls խումբին հետ։ Այդ խումբին հետ ան տիրացած է վեց ախոյենական տիտղոսներու եւ երկու անգամ ալ մասնակցած է Ողիմպիական խաղերուն՝ Լոս Անճելըսի մէջ 1984 թուականին եւ Պարսելոնայի մէջ 1992 թուականին, ներկայացնելով Միացեալ Նահանգները։

Իսկ ի՞նչ է անհաւատալի, բայց իրաւը։ Հիմա թոյլ տուէք, որ բացատրեմ։ 1985 թուականին անոր հագած մարզական զոյգ մը կօշիկը (sneakers) վերջերս աճուրդով ծախուած է 560 հազար տոլարի…

Բայց պէտք է դիտել տամ, թէ իր հագած ըլլալու հանգամանքը չէ, որ այդ զոյգ մը կօշիկին գինը բարձրացուցած է այդ աստիճան, այլ այն թէ՝ իր կօշիկներէն մէկուն վրայ Մայքըլի ստորագրութիւնը (տես նկարը) դրոշմուած է ու վերջ։

Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ աճուրդը սկսած էր 300 հազար տոլարով, սակայն վերջին 20 վայրկեաններուն՝ անոր գինը անհամեմատօրէն բարձրացած էր, ինչպէս վերոյիշեալ գումարը կը յայտնաբերէ։

Գնողը անշուշտ այդ զոյգ մը կօշիկը պիտի չհագուի, այլ պիտի պահէ որպէս արժէքաւոր մէկ առարկայ՝ հաւանաբար յուսալով, որ ժամանակի ընթացքին անոր արժէքը աւելի եւս պիտի գնահատուի։

Մայքըլ Ճորտընի հարստութիւնը ցարդ կը գնահատուի 2.1 միլիառ տոլարով եւ ան ունի հինգ զաւակներ՝ երկու ամուսնութիւններէ գոյացած։

Այս տուեալներուն նայելով՝ չեմ կրնար չմտածել, թէ վերոյիշեալ գումարը եթէ մեր տրամադրութեան յանձնուի, որքա՜ն օգտակար պիտի դառնայ մեր կարիքաւոր հաստատութիւններուն, ըլլան անոնք դպրոցներ, թերթեր թէ շատ մը մշակութային միութիւններ։ Ամերիկեան ասացուածքը հետեւեալ ձեւով կը պարզաբանէ մեր մտածումը, wishful thinking.

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Շաբաթ, Յունիս 6, 2020