ԱՐՑԱԽԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴՐԻՆ «ՎՃՌՈՒՄ»Ը ԴԵՌ ԵՐԵՒԵԼԻ ՉԷ

Ո՛չ միայն Հարաւային Կովկասը, այլեւ մեծ հաշուով Մերձաւոր Արեւելքը, Եւրոպան կամ նոյնիսկ Հեռաւոր Արեւելքը ակնդէտ կը սպասեն, թէ ի՛նչ ճակատագիր պիտի ունենայ Ռուսաստանի ռազմական գործողութիւնը Ուքրայնայի մէջ։ Սա փաստ է։ Մէկ կողմէ «յատուկ գործողութիւն» եւ, սակայն, միւս կողմէ լայնածաւալ պատերազմ։ Բայց եւ այնպէս, տեղ մը երեւելի սկսած է դառնալ, որ այս հակամարտութիւնը ի վերջոյ պիտի աւարտի «ոչ ոքի» արդիւնքով։ Ճիշդ է, որ Ուքրայնան եւ յատկապէս իր բնակչութիւնը այս պատերազմէն դուրս պիտի գան արիւնաքամ, սակայն այդ մէկը պիտի չնշանակէ Ռուսաստանի միանշանակ յաղթանակը։ Անշուշտ, գետին մը կայ, որ Եւրոպան կարիքն ունենայ կարեւոր եւ «համոզիչ» զիջումներ կատարելու եւ անոնց շնորհիւ ալ «լեզու գտնել»ու Մոսկուային հետ։ Այս մէկն ալ կրնայ կերպով մը հաստատել «զերօ արդիւնք»ը կամ «ոչ ոք խաղը» ընդհանուր պրիսմակ մը։

Այս բոլորը այդքան ալ էական չեն Հարաւային Կովկասին համար։ Արդարեւ, այստեղ էական է, որ հակառակ տարուած մեծ ճիգերուն, Մոսկուա-Անգարա կապերը մնացին շատ ամուր, անոր վրայ հիմնուելով ռուսական կողմը յառաջ կրնայ տանիլ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի բոլոր կողմերուն համար ընդունելի եւ տանելի լուծում մը հրապարակ նետելու իր յանձնառութիւնը։ Հայկական վերլուծական շրջանակներէն ներս որոշ փոքրամասնութեան մը կարծիքով, ռուսական կողմը երբեք պիտի չփափաքի, որ Արցախի հարցը լուծում մը գտնէ, սակայն, իրականութիւնը այդպէս չէ։

Առաջին հերթին, այս տարածաշրջանին համար ստեղծուած նոր պատկերը, ռուս-թրքական յարաբերութիւններու նոր մակարդակը, ինչպէս նաեւ ներկայ շահերուն վերաբերեալ իւրաքանչիւրի հաւասակշռուած դատողութիւնը ցոյց կու տան, որ երկու տարի առաջուան աղէտալի պատերազմէն ետք թէ՛ Ռուսաստան եւ թէ Թուրքիա մտադրութիւն չունին ականատես ըլլալու նոր պարանաձգութեան կամ արիւնալի ընդհարումներու։ Ու եթէ այս հետագիծը պահպանուի, ապա յառաջիկայ փուլերուն աւելի քան պարզ պիտի դառնայ, որ ինչպէս Ուքրայնայի պատերազմի ամենաթէժ օրերուն, այնպէս ալ այդ պատերազմէն ետք ո՛չ Անգարա եւ ոչ ալ Մոսկուա պիտի ուզեն, որ այլ «հեռաւոր» կողմեր իրենց «քիթը խոթեն» Արցախի խնդրին մէջ։ Ճիշդ է, որ Արցախի խնդրի պարագային, բնականաբար, իրենց ըսելիքը պիտի ունենան Արեւմուտքի մեծ խաղացողները, հետեւաբար նաեւ Թուրքիան, որ որեւէ պահով խաղին կրնայ միանալ՝ որպէս ՆԱԹՕ-ի լիարժէք անդամ։ Այս բոլորը հաշուի առնելով՝ երեւելի կը դառնայ նոր դրական պատուհան մը, որու բացուիլը յառաջ պիտի մղէ տարածաշրջանը պայթուցիկ ականներէ զերծ ու հեռու պահելու դրական մօտեցումը, որու առաջին փորձաքարը նոյնինքն Արցախի խնդիրը պիտի ըլլայ։

Բախումներով, արիւնով, ռուս-թրքական լարուածութեան կամ յաւելեալ սերտացման վրայ հիմնուելով որեւէ նոր միաւոր կորզելու փորձերը պիտի ձախողին՝ յատկապէս, որ 9 նոյեմբեր 2020-ի հրադադարին մասին խօսելու պահուն բոլոր կողմերը (նոյնիսկ լռելեայն) կը հաստատեն, որ այդ փաստաթուղթը ներկայ ժամանակներուն փոխելու բոլոր հնարաւորութիւնները սպառած են։ Ամէն պարագայի տակ, խօսելով Արցախի հիմնախնդրին վերաբերեալ տարբեր դերակատարներու հետաքրքրութիւններուն մասին՝ հարկ է նշանաւորել, որ այդ առումով մեծագոյն «մասնակից» կողմերը կը շարունակեն մնալ Ռուսաստանը եւ Թուրքիան։ Միակ տարբերութիւնն է, որ այս խաղին մէջ ամենակարեւոր ըսելիքը պիտի ունենայ այն կողմը, որ աւելի մեծ թիւով «գաղտնաբառ»եր կրնայ ունենալ՝ կապուած Պաքուի իշխանակարգին եւ Ատրպէյճանի բովանդակ իշխանութեան։

Այս համայնապատկերին վրայ վերջին օրերուն առանձնապէս ուշագրաւ դարձաւ վերլուծաբան Բենիամին Պօղոսեանի խորհրդածութիւնը, որ հրապարակուեցաւ «Սիվիլնեթ» կայքին վրայ։ Ան Արցախի հիմնախնդիրը տարածաշրջանային մեծ պատկերին մէջ մեկնաբանած է։ Ըստ իրեն, Արցախի վերաբերեալ իրադարձութիւնները չեն կրնար տարանջատուիլ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային գործընթացներէն: Անցեալ փետրուարի 24-ին մեկնարկած Ռուսաստան-Արեւմուտք փաստացի պատերազմի պայմաններուն տակ, Արեւմուտքը ա՛լ աւելի ուժեղացուցած է Ռուսաստանի զսպման եւ երբեմնի խորհրդային աշխարհագրութեան մէջ Ռուսաստանի ազդեցութիւնը հնարաւորինս թուլացնելու ռազմավարութիւնը: Հարաւային Կովկասի պարագային այդ ռազմավարութիւնը կ՚ենթադրէ նա՛խ Արցախէն, յետոյ Հայաստանէն, իսկ աւելի երկարաժամկէտ՝ նաեւ Աբխազիայէն եւ Հարաւային Օսեթիայէն ռուսական զօրքերու դուրս բերուիլը։

Այս շարքի առաջնահերթ խնդիրը ռուսական ուժերու հեռացումն է Արցախէն: Արեւմուտքը սա կրնայ իրագործել երկու ճանապարհով։ Կա՛մ Արցախի մէջ տեղակայել միջազգային (ՄԱԿ-ի կամ ԵԱՀԿ-ի լիազօրութիւնով) խաղաղապահ առաքելութիւն մը եւ կամ հասնիլ Արցախի կարգավիճակի վերաբերեալ Հայաստան-Ատրպէյճան համաձայնութեան ձեռքբերման: Առաջին տարբերակը իրատես չէ, որովհետեւ Ռուսաստան թէ՛ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին եւ թէ ԵԱՀԿ-ի մէջ ունի վեթոյի իրաւունք: Բաց աստի, Ատրպէյճան եւս համաձայն չէ Արցախի մէջ միջազգային խաղաղապահ առաքելութեան մը տեղակայման: Այս պայմաններուն տակ, Արցախէն ռուսական զօրքերու դուրսբերման միակ հնարաւոր տարբերակը հակամարտութեան վերջնական կարգաւորման վերաբերեալ Հայաստան-Ատրպէյճան համաձայնութիւններու ապահովուիլն է: Այդ բանէն վերջ թէ՛ Ատրպէյճան եւ թէ Արեւմուտքը կրնան պահանջել ռուսական ուժերու դուրս բերուիլը՝ պատճառաբանելով, որ Արցախի մէջ այլեւս չկայ նոր պատերազմի մը վտանգը եւ ռուսական ուժերու առաքելութիւնը աւարտած է:

Թէ ի՞նչ կը ցանկանան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոմիութիւնը։ ԱՄՆ-ի եւ ԵՄ-ի տեսանկիւնէն 2020-ի պատերազմէն յետոյ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրով փոխադարձ զիջումը կրնայ ունենալ հետեւեալ տեսքը: Հայաստան կը հրաժարի «Արցախը երբեք չի կրնար ըլլալ Ատրպէյճանի կազմէն ներս» բանաձեւէն, իսկ Ալիեւ կը հրաժարի «Լեռնային Ղարաբաղ գոյութիւն չունի, կարգավիճակը նետուած է պատմութեան աղբահորը» տեսակէտէն: Այս քայլերէն յետոյ Երեւան եւ Պաքու կը համաձայնին Ատրպէյճանի կազմին մէջ Արցախի ինքնավար կարգավիճակին շուրջ: Չի բացառուիր, որ եւրոպացիներն ու ամերիկացիները իսկապէս կը հաւատան, թէ միջազգային երաշխիքներու պայմաններով արցախահայութիւնը կրնայ բարեկեցիկ ապրիլ Ատրպէյճանի կազմէն ներս՝ օգտուելով տեղական ինքնակառավարման Եւրոմիութեան փորձառութենէն եւ Եւրոխորհուրդի ցեղային փոքրամասնութիւններու իրաւունքները երաշխաւորած համաձայնութիւններէն: Ռուսական զօրքերը Արցախէն դուրս հանելու զուգահեռ՝ ԱՄՆ եւ ԵՄ կը փորձեն հնարաւորինս արագացնել Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը: Արեւմուտքի տեսակէտները այս հարցով չեն փոխուած վերջին երեսուն տարիներուն: Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման պարագային հայերը աւելի քիչ պիտի վախնան թուրքերէն, իսկ որքան քիչ վախ ունենան թուրքերու նկատմամբ, այնքան քիչ կապ պիտի ունենան ռուսերու հետ։ Սա ի վերջոյ կը յանգեցնէ Հայաստանի ռուսական ռազմակայանի փակման:

Հապա ի՞նչ կը ցանկայ Ռուսաստան։ Ռուսաստան եւս շահագրգռուած է Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններու մեկնարկով։ Ան այս բանը կը դիտարկէ գործօն մը, որ կը կայունացնէ տարածաշրջանը: Ռուսաստան միշտ ալ ցանկացած է իր ազդեցութիւնը ամրապնդել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ։ Արցախի ռուսական զօրքերու տեղակայումը կը դիտարկէ առաջին հերթին այդ պրիսմակով: Ռուսաստան ներկայիս ցանկութիւն չունի խնդիր ունենալու Ատրպէյճանի կամ Թուրքիոյ հետ։ Սա կը նշանակէ, որ Ռուսաստանի կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչման կամ Արցախը իր կազմը մտցնելու մասին խօսակցութիւնները զուրկ են որեւէ հիմքէ: Սա կը նշանակէ նաեւ, որ Ռուսաստան չի ցանկանար թէկուզ տեղային մակարդակով բախման մէջ մտնելու Ատրպէյճանի հետ՝ Հայաստանի սահմանին վրայ կամ Արցախի շփման գծի երկայնքով։ Դէպքերը բացառելու համար անհրաժեշտ են Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատում եւ սահմանագծում եւ Երեւան-Պաքու պայմանագրի ստորագրում:

Ռուսաստան առայժմ դրական չէզոքութեամբ կը վերաբերի նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին, որը եւս կը դիտարկէ Հարաւային Կովկասի իրավիճակի կայունացման տեսանկիւնէն, նաեւ Ռուսաստան-Ատրպէյճան եւ Ռուսաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ աւելորդ կնճիռներ չստեղծելու ռազմավարութեան շրջածիրէն ներս: Ճանչնալով հանդերձ Արցախը՝ որպէս իրաւականօրէն Ատրպէյճանի տարածք, Ռուսաստան մտադիր չէ այնտեղէն դուրս բերելու իր զօրքերը։ Այս բանը կը դիտարկէ «իրաւականօրէն» Ատրպէյճան, «գործնականօրէն» Ռուսաստանի խնամակալութեան տարբերակ, որպէսզի յառաջիկայ տարիներուն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը կարգաւորուի իրեն համար առաւել ընդունելի ձեւով:

Հարաւային Կովկասով շահագրգռուած բոլոր արտաքին ուժերը այս պահուն հետամուտ են Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի մեկնարկին եւ սահմանազատման ու սահմանագծման իրականացման: Սակայն եթէ Արեւմուտքի ռազմավարական նպատակը Արցախէն եւ Հայաստանէն ռուսական զօրքերու դուրս հանուիլն է, ուրեմն Ռուսաստան կը ձգտի հնարաւորինս մեծցնել իր ազդեցութիւնը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի վրայ: Ակնյայտ է, որ հակառակ եւրոպացիներու բոլոր յոյսերուն, Արցախէն ռուսական զօրքերու դուրս բերուիլն ու անոնց փոխարէն օտարերկրեայ այլ ռազմական ներկայութեան չտեղակայման պարագային Արցախը շատ արագ կը հայաթափուի:

Արցախի մէջ ռուսական ռազմական երկարաժամկէտ ներկայութիւնը եւս հարիւր տոկոսով երաշխաւորուած չէ՝ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային կառուցուածքային փոփոխութիւններու հաշուառմամբ: Ստեղծուած պայմաններուն ներքեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է քայլերու ձեռնարկէ երկու զուգահեռ ուղղութիւններով. ընել իրմէ կախուած ամէն ինչ՝ ռուսական ռազմական ներկայութիւնը Արցախի մէջ հնարաւորինս երկարաձգելու համար եւ, միեւնոյն ժամանակ, մշակել «Plan B» մը՝ որեւէ պատճառով Արցախէն ռուսական զօրքերու դուրսբերման պարագային իրականացուելիք քայլերու վերաբերեալ։ Այս շրջածիրէն ներս Հայաստանի կողմէ պաշտօնապէս Արցախի՝ որպէս Ատրպէյճանի մաս ճանաչումը կամ Ատրպէյճանի կազմէն ներս Արցախի ինքնավար կարգավիճակի մը շուրջ պայմանաւորուածութեան ձեռքբերումը եւ համապատասխան ստորագրութիւնը չեն նպաստեր առաջին խնդրի լուծման: Աւելի նպատակայարմար է կեդրոնանալ Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման ու սահմանագծման վրայ, առանց Արցախի յիշատակման, իսկ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման պարագային խուսափիլ Արցախի կարգավիճակի արծարծումէն՝ պատճառաբանելով, որ այդ բանը կրնան ընել միայն Արցախի իշխանութիւնները: Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստան պէտք է պատրաստ ըլլայ, որ այդ պարագային Ատրպէյճան պիտի շարունակէ ռազմական սադրանքները եւ սահմանի զանազան հատուածներու վրայ հրահրումները։ Բայց եւ այնպէս, Հայաստանի տարածքի ամբողջական կամ մասնակի՝ Սիւնիքի, Վայոց ձորի եւ Գեղարքունիքի մարզերը բռնագրաւելու հաւանականութիւնը մօտ է զերոյի:

Յառաջիկայ տարիներուն արցախահայութիւնը կանգնած պիտի ըլլայ հետեւեալ երկու տարբերակներու ընտրութեան դէմ յանդիման։ Կա՛մ ռուսական ուժերու հեռացում եւ Արցախի շատ արագ հայաթափում եւ կամ «իրաւականօրէն» Ատրպէյճան եւ «գործնականօրէն» ռուսական խնամակալութեան պայմաններու տակ ապրիլ։ Ի հարկէ, պէտք է գիտակցիլ, որ երկրորդ բեմագրութեան պարագային Ատրպէյճան անընդհատ շփման գծի երկայնքով ռազմական սադրանքներ պիտի իրականացնէ, այդպէսով փորձելով արագացնել հայերու հեռացումը Արցախէն:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունիս 6, 2022