ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔԷՆ

ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ ԴԻՄԱՑ

Սփիւռքահայ զոյգ մը զբօսաշրջիկներ, հայրենասիրական գաղափարներով ոգեւորուած, անպայման կը փափաքին այցելել Զօրավար Անդրանիկի տուն-թանգարանը: Հեղձուցիչ տաքը կը քամէ կարծես անոնց մարմիններուն ջուրը, հակառակ անոր, որ անոնք մի քանի քայլ միայն կը քալեն թաքսիէն մինչեւ թանգարանին մուտքը, ուր հանգիստ շունչ մը կը քաշեն ի տես այնտեղ զետեղուած պաստառին, որ կը յուշէ, թէ թանգարանը բաց է 12:00-17:00: Յետ միջօրէի ժամը չորսն է, երբ անոնք կը հասնին։ Սակայն, թանգարանի դարպասին դուռը փակ գտնելով, զարմացած կը փութան կողքը՝ Կոմիտասի Պանթէոնի այգին, մինչ հոնկէ անցնող տատիկ մը կը գրաւէ անոնց ուշադրութիւնը:

Տատիկին ծամածուռ դէմքը, արեւէն խանձած մաշկը, ճակտին ծալքերը փայլեցնող քրտինքի կաթիլները ներքին անհանգստութիւնը կը մատնէին կարծես անոր: Ձեռքին բռնած էր մի քանի տոպրակ, որոնց մէջ սմբուկները, վարունգները, պղպեղներն ու լոլիկները տաքէն թոռմելու վրայ էին: Զբօսաշրջիկները, ուրիշը չգտնելով, կը դիմեն տատիկին.

-Տատի՛կ, Անդրանիկի թանգարանը փա՞կ է արդէն, հակառակ հոն յուշուած ժամացուցակին:

Ձեռքով մատնանշելով պաստառը զբօսաշրջիկներէն մէկը հազիւ թէ պիտի շարունակէ իր խօսքը, պիտի ջանայ տեղեկութիւններ քաղել տատիկէն՝

-Զզուացրիք, էլի՛, ձեր այս հարցերով, ես ի՞նչ իմանամ:

Կը պատասխանէ տաքէն յոգնած տատիկը ու կ՚ուղղուի դէպի թանգարանին կողքի նրբանցքը, ուր կը բնակի հաւանաբար:

ԽՆՁՈՐԵՍԿԻ ՄԷՋ

Հանրակառքերը խճողում մը ստեղծած են աւանի մուտքին։ Սիւնիքի մարզի այս գողտրիկ անկիւնի հրաշալիքներուն մասին տեղեկացած զանազան երկիրներէ ու ազգերէ զբօսաշրջիկներ ժամանած են ու մինչ այդ միայն պատկերներով ծանօթ այս գեղեցկութիւնը կ՚ուզեն վայելել, ըմբոշխնել:

Հանրակառքին մէջ, մինչեւ տեղ հասնիլը, տեղեկութիւններ շրջած էին։ Մին խօսած էր ճօճուող կամուրջին տասներկու թոն կշռելու մասին, միւսը պատմած էր, թէ ինչպէս քարանձաւներուն մէջ մարդիկ ապաստանած էին պատերազմի տարիներուն, ուրիշի մը նիւթը եղած էր Մխիթար սպարապետը, որուն անգլուխ մարմինը թաղուած է այստեղ, դամբարանի մը մէջ...։ Այսպէս, տեղեկութիւններով մէկը միւսին գիտելիքը ամբողջացուցած էր կարծես, մինչ տեղւոյն վրայ օտարներուն թարգմանուած էին ըսուածները, որոնք արձանագրութիւններ կատարած էին իրենց յուշատետրերուն մէջ:

Զբօսաշրջիկները անհամբերութեամբ կը լքեն հանրակառքը ու մաս առ մաս կը սկսին իջնել դէպի ճօճուող կամուրջն ու քարանձաւները տանող անհատնում աստիճաններէն։ Իւրաքանչիւր թեքութեան տեղադրուած փայտեայ նստարաննեը՝ մէկ կողմէն, զգլխիչ բնութիւնը՝ միւս կողմէն, կը փարատեն յոգնութիւնը:

Ձոր տանող այս աստիճաններուն վրայ իսկական հէքեաթային մթնոլորտ կայ, որ իւրաքանչիւրին մէջ բարիք մը կը ցանէ կարծես, օգնութեան ձեռքեր կ՚երկարին տարիքով քիչ մը մեծերուն հասնելու, տեղի կ՚ունենան զուարթ զրոյցներ, զորս կարծես կ՚ունկնդրեն լեռներուն վրայ զինուորներու նման շարուած ծառերը ու դուն մնալ կ՚ուզես հոն, կեանքդ այդ հրաշքին գիրկը շարունակել, բնութեան հետ հաղորդակցիլ ու վայելել անոր բարիքները:

Վերադարձին, հանրակառքերը բարձրանալէ առաջ, կազդուրուելու համար լուացուիլ ուզողները զուգարանին դրան դէմ կարգի կը սպասեն։ Խնամուած ու մաքուր է զուգարանը, սակայն նկատելի է անոր տանիքը տեղադրուած ոչ շատ մեծ ջրամբարը։ Ահա ներսէն կը լսուի տեղւոյն մամիկին ձայնը, որ մեղմութեամբ ներս մտնողները կը յորդորէ ջուրը խնայելով գործածել ու ստուգել ծորակին փակուած ըլլալը.

-Ինչո՞ւ,- կը հարցնէ այցելուներէն մէկը:

-Էս ջուրը մենք ենք լցրել էստեղ, ջու-րի խողովակներ չկան, դոյլերով ենք բերել, որ դուք օգտագործէք, էս հատուածում տակաւին ջուրը չի ապահովուել, դժուար թէ էդ ձորից ջուրը վեր հասնի:

Հէքեաթային այս միջավայրին մէջ իսկապէս ամէն ինչ տակաւին կոյս է: Եւ կոյս ըլլալուն համար ալ՝ դեռ նախնական:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Յուլիս 6, 2018