ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ՄԻՋԱԴԷՊ ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

Այն ինչ, որ տեղի կ՚ունենար անցեալ կիրակի, յունիսի 30-ին, տակաւին երկար ժամանակով պիտի դառնայ բազմաբնոյթ քննարկումներու առանցք։

Խօսքը Լեռնալիբանանի մէջ տեղի ունեցած զինեալ միջադէպին մասին է, որուն հետեւանքով ալ սպաննուեցան երկրի փախստականներու հարցերով նախարար Սալեհ ալ Ղարիպի երկու թիկնապահները։

Խնդիրը այն էր, որ կիրակի օր Լիբանանի քրիստոնեայ քաղաքական գլխաւոր ուժի առաջնորդ, նաեւ երկրի արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ որոշած էր շրջայց մը կատարել, դէպի լեռնալիբանանի գիւղեր եւ աւաններ, սակայն տեղի կ՚ունենար «անսպասելի» զինեալ միջադէպ մը, որ նաեւ կը ստիպէր, թէ Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Աունի փեսան՝ նախարար Ժըպրան Պասիլ ջնջէ իր ընթացք առած այցելութիւնը ու վերադառնայ Պէյրութ։

Միջադէպը անսպասելի էր, ոչ անոր համար, որ Լիբանանի բանակը կը համարուի երկրի ապահովութեան գլխաւոր երաշխիքը, այլ անոր համար, որ քաղաքական կեանքի մէջ յաճախակի դարձած եւ բոլոր ուղղութիւններով երեւելի դարձած ցեխարձակումները կը կատարուէին «չափ ու սահման»ի շրջանակներուն մէջ։ Իբր այդ ալ, երբեք սպասելի չէր, որ նախարար Պասիլի կողմէ հնչած խօսքերը պատճառ կը դառնային զինեալ ընդհարումներու։

Ներկայացնելով որոշ մանրամասնութիւններ՝ ըսեմ, որ զինեալ միջադէպը տեղի կ՚ունենար Քապրշմուն շրջանին մէջ։

Ամբողջ կիրակի օրը շրջանը լարուած էր, որովհետեւ «Յառաջդիմական» կուսակցութեան անդամներ եւ համակիրներ փողոց իջնելով կը փորձէին իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնել ընդդէմ նախարար Պասիլին, որ այդ օր որոշած էր իր շրջայցը «համեմել» քաղաքական յայտարարութիւններով։ Նախքան կրակոցներու հնչելը, հարիւրաւոր «ժոմպլաթականներ» կը փորձէին փակել նախարար Պասիլի շարասիւնի ճանապարհը։ Անոնք չէին յաջողեր անդամալուծել նախարարին քայլերը, սակայն փողոցներուն մէջ զգալի կը դառնար գերլարուած իրավիճակ մը։ Հիմնական կրակոցները տեղի կ՚ունենային այն պահուն, երբ փախստականներու հարցերու նախարար Սալէհ ալ Ղարիպի շարասիւնը կ՚անցնէր Քապրշմուն գաւառակէն։ Ի դէպ, Ղարիպ ըլլալով Լիբանանի Դեմոկրատական կուսակցութեան ներկայացուցիչ՝ կը համարուէր Ժըպրան Պասիլի տիւրզի դաշնակիցներէն մին։

Կրակոցներուն հետեւանքով կը զոհուէին նախարար Ղարիպի երկու թիկնապահները, իսկ ճամբեզրին կանգնած եւ անկուսակցական երիտասարդ մը ծանրօրէն կը վիրաւորուէր ու կը փոխադրուէր հիւանդանոց։

Յետմիջօրէի ժամերուն սկիզբ առած զինեալ ընդհարումը կը դադրէր քանի մը ժամ ետք, աւելի ուշ սակայն դէպքին հետեւանքով զոհեր տուած դեմոկրատական-տիւրզիները երկար ատենով մը կը փակէին իրենց տիրապետութեան տակ եղող Խալտէի մայրուղին եւ շրջանին մէջ տարածուած ապահովական մարմիններէն կը պահանջէին արագօրէն ձերբակալել եւ իրաւապահ ատեաններու առջեւ կանգնեցնել յանցագործ տարրերը։

Ճիշդ է, որ դէպքը այսօր մեր ետին է, սակայն յստակ է, թէ Լիբանանի մէջ ընթացք առած են բաւականին բարդ քաղաքական գործընթացներ, որոնք պիտի շարունակուին, մինչեւ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններու փուլը։

Ինչ խօսք, որ երկիրը կանգնած է տնտեսական-ընկերային բաւականին բարդ տագնապներու առջեւ, բայց եւ այնպէս, Լիբանանի քաղաքական կեանքին մօտէն ծանօթ վերլուծողներ շատ լաւ կ՚ըմբռնեն ու շատ լաւ կը հասկնան, թէ ի՛նչ կը նշանակէ Լիբանանի նախագահի ընտրութիւն կազմակերպելը եւ ինչ քաղաքական ու նոյնիսկ տարածքաշրջանային իմաստ կը ներկայացնէ քրիստոնեայ-մարոնի նոր նախագահի մը Պաապտայի նախագահական պալատ հասնիլը։ Չի բացառուիր անշուշտ, որ քաղաքական գործընթացներուն զուգահեռ տեղի ունենան ապահովական ընդհարումներ, ինչպիսին էր տեղի ունեցածը անցեալ կիրակի օր։ Այդ ընդհարումները կրնան տարաբնոյթ մակարդակի ազդեցութիւններ գործել երկրին վրայ ու ներհամայնքային լարուածութեան ընդհանուր վիճակներուն մէջ, շատ հաւանական է, որ տեղայնական բնոյթի բախումները ստանան լայնածաւալ ընդհարումներու իրական բնոյթ։

ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ ՏԻՒՐԶԻՆԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՊԱՏԿԵՐԸ

Հիմա շատեր հարց պիտի տան. արդեօք առաջին անգամն է՞, որ Լիբանանի մէջ նման բախումներ տեղի կ՚ունենան։ Պատասխանը՝ միանշանակ ոչ է, սակայն խնդիրը այն է, որ այս հանգրուանին եւ յատկապէս Լեռնալիբանանի նման զգայուն վայրի մը մէջ նմանօրինակ ընդհարումի մը կատարուիլը, դուռ կը բանայ բաւական մեծ հարցադրումներու։

Նախ եւ առաջ ճիշդ ընկալելու համար Լեռնալիբանանի ընդհանուր վիճակը՝ պէտք է յստակեցնել, որ այսօրուան դրութեամբ որոնք են այն քաղաքական ուժերը, որոնք կարեւոր ազդեցութիւն ունին եւ կը համարուին կարեւոր խաղացողներ։

Քանակական առումով, նաեւ քաղաքական գետնի վրայ բաւական մեծ ազդեցութիւն ունեցող ուժը՝ «Յառաջդիմական-դեմոկրատական» կուսակցութիւնը, որուն նախագահը նախկին երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթն է, որ կուսակցութեան ղեկը ստանձնած է նոյն խմբակի առաջնորդ համարուող իր հօրմէն՝ Քամալ Ժոմպլաթէն (սպաննուած 1977-ին)։ Ուշագրաւն այն է, որ Լիբանանի քաղաքացիական ամբողջ պատերազմին ընթացքին Սուրիոյ «հաւատարիմ» ուժ համարուող «Յառաջդիմական» կուսակցութիւնը վերջին տարիներուն «ճամբար» փոխած է ու դարձած՝ Լիբանանի մէջ գործող եւ Պեշար Էսատի դէմ հանդէս եկող գլխաւոր քաղաքական ուժերէն մին։

Այս նրբութիւնը մատնանշելէ ետք, արդէն իսկ պարզ կը դառնայ, որ միւս երկու տիւրզիական ուժերը՝ «Լիբանանի դեմոկրատական կուսակցութիւն»ն ու «Արաբական դեմոկրատական կուսակցութիւն»ը կը յարին Ութ Մարտի քաղաքական ուժերուն կողմը, այսինքն լայն առումով ալ կը համարուին Ժըպրան Պասիլի, նաեւ «Հիզպուլլահ»ի կողմնակից քաղաքական ուժեր։

Յստակ է նաեւ, որ զանազան առումներով ալ ներքին տարակարծութիւններ ունեցող այս ուժերուն գլխաւոր նպատակն է լայնցնել իրենց ազդեցութեան գօտին եւ ստանալով կառավարական կամ պետական պատասխանատուութիւններ՝ մեծցնել իրենց հաւատարիմ համակիրներու քանակն ու ցանցը։

Բոլոր առումներով ալ բաւական քաղաքականացած իրավիճակ ապրող Լիբանանի մէջ գոյութիւն չունի շրջան մը, գաւառակ մը, գիւղ մը կամ համայնք մը, որ զուրկ է քաղաքական երանգաւորումէ։ Ինչպէս մօտիկ անցեալին, այսօր ալ Լիբանան կը կառավարուի համայնքային դրութեամբ, որուն մէջ սակայն ազդեցիկ դեր կը վերցնեն երկրի համայնքային-կրօնական գունաւորում ունեցող կազմակերպութիւնները։

Կրկնելու գնով ըսեմ, որ Լեռնալիբանանը կը համարուի երկրի ամենէն զգայուն գօտիներէն մին, պարզ անոր համար, այդ շրջաններուն մէջ գործող քաղաքական ուժերը կը սերին նոյն համայնքէն եւ բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը բաղկանայ տիւրզիներէ։ Հետեւաբար շատ հեշտ է ներքին պայքար հրահրելը, մանաւանդ որ երկու հիմնական առաջնորդներու՝ Տիւրզի առաջնորդներ Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Թալալ Արսլանի միջեւ առկայ տարաձայնութիւնները երկար պատմութիւն ունին եւ անոնց միջեւ եղած բախումները յատկապէս վերջին շրջանին սկսած են դառնալ յաճախակի։

Դէպքերու եւ արիւնալի բախումներու կրկնութեան գլխաւոր հիմք կը հանդիսանայ անպատժելիութեան հիմնահարցը, որ զանազան առիթներով ալ կը շեշտաւորուի, որպէս հարցերը լիբանանեան ոճով լուծելու ընտրանքներով։

Անշուշտ այս դրոյթները, գործելաոճը եւ յանցագործները դատուելու եւ դատարանին առջեւ կանգնեցնելու ընտրանքներէն հեռու մնալով է միայն, որ Լիբանան կը կարողանայ հեռու մնալ ամբողջական բախումներու կամ քաղաքացիական նոր պատերազմի իսկական վտանգներէն։

ԴԷՊԻ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Ի վերջոյ յստակ է, որ Լիբանան այսօր մտած է նախագահի ընտրութեան նոր շրջափուլը, որ զանազան առումներով ալ ունի բազմակի իմաստներ։ Ո՞վ պիտի դառնայ Լիբանանի յաջորդ նախագահը հարցադրումէն աւելի Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն համար կարեւոր է լսել պատասխանը՝ «ի՞նչ թեքումով է մեր նախագահը» հարցումին։ Արդեօք նոր նախագահը պիտի շարունակէ՞ իր գործակցութիւնը «Հիզպուլլահ»ին հետ, նաեւ իր միւս ձեռքը մեկնէ սէուտցիներուն, կամ արդեօք ամերիկացիք «ոտքի կանգնելով» պիտի փորձե՞ն ամէն կերպով ամերիկամէտ նախագահ մը պատրաստել։

Բաւականին բարդ է Լիբանանի քաղաքական ընդհանուր տեսարանը, սակայն մտահոգիչն այն է, որ երկրին մէջ տիրող անհանդուրժողութիւնն ու ատելութիւնը կրնան ստեղծել բաւական մտատանջող իրավիճակներ, որոնք ամէն պարագայի տակ հեռու չեն ամբողջական կամ մասնակի պատերազմի մը ընդհանուր պատկերէն։

Այս բոլորը նշելէ ետք, հարկ է նաեւ ըսել, որ կիրակի օրուան պատահարը պարզապէս «քննութիւն» մըն էր, ուղղուած նախ եւ առաջ նախագահի փեսայ եւ նախագահական գլխաւոր թեկնածու՝ Ժըպրան Պասիլին, որ հակառակ նախագահական մրցավազքէն հեռու մնալու իր պնդումներուն՝ բաւական «հաստատ» քայլերով պիտի դառնայ այդ մրցավազքի ամենէն ազդեցիկ դէմքերէն մին։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յուլիս 6, 2019