ՅԱՐԳԵԼ… ՈՍԿԻ ԿԱՆՈՆԸ

Մա՛նաւանդ ամերիկահայերը։ Այո՛, մանաւանդ ամերիկահայերը շատ լաւ հասկցած են, որ Հայաստանը պէտք չէ «գլուխ դնէ» Ռուսաստանի հետ։ Ո՛չ միայն այդքանը, այլեւ անոնք կը գիտակցին, թէ Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսաստանի ազդեցութիւնը՝ ինչքան ալ նուազի, թուլանայ կամ կարկամի, պիտի շարունակէ մնալ տիրական։

Ամերիկահայ մեր բարեկամներուն մօտ կերպով մըն ալ շեշտուած պէտք է ըլլայ որոշակի հակառուսականութիւն մը, բայց այդ մէկը չենք գտներ, այլ կը նկատենք աւելի պարզ յստակատեսութիւն եւ առկայ իրականութիւններուն կապակցութեամբ շեշտուած ողջախոհութիւն։

Այս վերջինը, որ Հայաստանի մէջ սկսած է տիրական դառնալ՝ ի մասնաւորի 2020 թուականի Արցախի՝ ողբերգական հետեւանքներ ունեցած պատերազմէն ի վեր։

Վերադառնալով ԱՄՆ-ի հայ-կական շրջանակներուն մօտ տիրական դէմք համարուած մարդոց տեսակէտներուն, ապա հարկ է յստակեցնել, որ անոնք իրերուն չեն նայիր երազախաբի աչքերով, այլ կը փորձեն արդար նժարի մը վրայ դնել Հայաստանի այսօրուան դիրքը, ներուժը, նաեւ երկրի շուրջ խմորումները, որոնք այդքան կարեւոր են հայոց պետութեան ու ժողովուրդին համար։

Այստեղ նաեւ մէկդի դնենք, որ հայ ժողովուրդը (Հայաստան պետութենէն շատ առաջ) սերտ եւ եղբայրական յարաբերութիւններ մշակած ու նոյնիսկ օգտուած է այդ յարաբերութիւններէն ու վերադառնանք իրական դաշտ,  ուր մեզի համար երեւելի պէտք է դառնայ, որ Հայաստանի կողմէ որեւէ երկրի հանդէպ, հարեւանի կամ մերձաւորի, հեռաւորի կամ անդրովկիանոսային երկրի հանդէպ թշնամութիւնը ո՛չ միայն անպէտք, այլեւ՝ վնասաբեր, նոյնիսկ աղիտաբեր արարք է։

Ինչպէս պատահեցաւ, օրինակ, Արցախի պարագային, երբ Ռուսաստանի աչքերուն առջեւ Ատրպէյճան կարողացաւ վերջակէտ մը դնել այդ հիմնախնդրին։

Պատճառը ռուսե՞րն էին այդ բոլորին, պատճառը Ալիեւի գոռոզ վարչակա՞րգն էր, կամ առաւելապէս մենք էինք՝ հայերս, որ ո՛չ միայն չհասկցանք ստեղծուած իրադրութեան բարդութիւնը, այլեւ խնդիրները կամաց-կամաց փարատելու փոխարէն աւելիով դժուարացուցինք Արցախի վիճակը։

Շատեր պիտի նշեն ու նոյնիսկ մեղաւորներ փնտռելէ անդին՝ պիտի երթան աւելի հեռու ու նշեն, որ այսօր եւս հը-նարաւոր է Արցախը «ազատագրել»։ Մեծ խնդիր մը չունիմ այդ խօսոյթին հետ, որուն կապակցութեամբ լռութիւն մը պահելը մեծագոյն դարմանն է։ Խնդիրը, սակայն, այլ տեղ է, որովհետեւ նոյն անոնք, որոնք Արցախի ազատագրութեան մասին կը խօսին, Արցախի պաշարման ամբողջ տեւողութեան ծպտուն մը չհանեցին, որովհետեւ շատ լաւ գիտէին, թէ անզօր պիտի ըլլան գետնի վրայ իրավիճակ մը փոխելու։ Այդ ալ մէկ կողմ դնենք ու գանք այսօրուան պատկերին։

Հիմա ներկայ ժամանակներուն Հայաստանի մէջ երկու տեսակ խօսոյթ կայ։ Մին Արեւմտեան պլոքէն կառչելու փորձն է, որ տակաւին չէ ամբողջացած եւ որուն առաջամարտիկը կը հանդիսանան Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները։ Երկրորդ ուժը երկրի ընդդիմութիւնն է, որ ամբողջ էութեամբ կը հաւատայ, թէ եթէ Երեւան շտկէ իր ուղեգիծը ու դէպի Մոսկուա թեքի, ապա միայն այդ պարագային կարելի պիտի ըլլայ Արցախը դարձեալ տուն բերել։

Անշուշտ, Արցախ դրոյթին վերաբերեալ այդ նոյն ընդդիմութիւնը յստակ գիծեր չի գծեր ու չի ներկայացներ ո՛չ Արցախի տուն վերադառնալու դրոյթ-ծրագիրները, ո՛չ ալ կը յայտնէ իր տեսակէտը, թէ արդեօք նպատակայարմարութիւն մը կա՞յ, որ այսօր Հայաստան հաստատուած ղարաբաղցիները ետ Արցախ կամ Լեռնային Ղարաբաղ վերադառնան ու ապրին Ատրպէյճանի լուծին տակ կամ, լաւագոյն պարագային ունենան, որոշակի ինքնավարութիւն։

Թէեւ շատերուն համար կըր-նայ վերացական համարուի այստեղ ակնարկուած կէտը։ Խօսքը Լեռնային Ղարաբաղի մասին է, որ կը շարունակէ իբրեւ Արցախ ներկայացուիլ ու տարբեր առումներով ալ գրաւել ներսի եւ հայկական սփիւռքի մեծ ու փոքր հարթակները։

Ուրեմն հիմա պէտք է հասկնալ, թէ Արցախը դարձած է քաղաքական գործիք մը, որուն շնորհիւ ալ ընդդիմութիւնը կը փորձէ նեղը դնել Փաշինեանի իշխանութիւնը։ Այս բոլորին մէջ թէեւ կայ որոշակի ճշմարտութիւն մը, սակայն, անկէ աւելի խորունկ եւ աւելի խորքային կայ Հայաստանի արեւելումի հարցը, որ իր մէջ կը պարունակէ մեծ ռիսքեր ու վը-տանգներ։ Ի՞նչ պիտի ստանայ Հայաստան Արեւմուտքէն։ Բարի կամեցողական խօսքերէն, պատերազմի պարագային կարգ մը ոչ-շատ որոշիչ զէնքերու մատակարարումէն եւ այլ ընկերային տիպի նիւթական յատկացումներէն կամ վարկերէն անդին՝ հարցումին պատասխանը դեռ յստակ չէ։ Այսինքն, Արեւմուտքի հետ հեռանկարը որոշակիօրէն կը շարունակէ մնալ անյստակ եւ բաւական աղօտ։

Միւս կողմէ, կան վարկածներ, ըստ որոնց Փաշինեան մինչեւ այս պահը կը շարունակէ հանդիսանալ Ռուսաստանի հաւատարիմ որդին ու իր ստեղծած քաղաքական վերնախաւին մէջ կան տարրեր, որոնք շատ ալ գոհ չեն իր վարմունքէն։ Փաշինեան, որ յաճախ անսպասելի, տրամաբանութենէ վեր ու վտանգաւոր խօսոյթով ելոյթներ կ՚ունենայ անկարելի է, որ հաշուի առած չըլլայ Ռուսաստանի գոյութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ։ Անշուշտ, կայ նաեւ մօտեցում, թէ Փաշինեանի երաժշտութեան տակ նուագող քաղաքական դէմքերէն շատեր Ռուսաստանի դէմ իրենց կեցուածքները կը կատարեն միայն ու միայն համաձայնեցնելով... վարչապետին հետ։

Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան կամ արեւելումին մասին կարծիք կը յայտնեն, հաւանաբար չեն մտներ այս մանրամասնութիւններուն մէջ, սակայն, կը յուսան, թէ Հայաստան կարմիր գիծերը չի հատեր ու մանաւանդ՝ այս ծանր ժամանակներուն մաս չի կազմեր Արեւելք-Արեւմուտք մեծ պայքարին։

Այսպիսիներու շարքին կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ երկար տարիներ դիւանագիտական գործունէութիւն ծաւալած դեսպան Էտուըրտ Ճէրէճեան, որ ներկայիս 85 տարեկան է։ Վերջերս Երեւանի «Մետիամաքս» գործակալութիւնը ուշագրաւ հարցազրոյց մը թողարկեց իր հետ։ Մանրամասնօրէն մեկնաբանելով արեւելումի խնդիրները՝ Ճէրէճեան միշտ ի մտի ունենալով այն ոսկի կանոնը, որ Հայաստան ամէն ինչ պէտք է ընէ երբեք Ռուսաստանի թշնամութեան առարկայ չդառնալու համար։

Կրնայ հարկաւ, նաեւ պէտք է, որ Հայաստան յարաբերի իր շրջածիրի բոլոր երկիրներուն հետ, սակայն, ամենակարեւորն է, որ ան Ռուսաստանի թշնամութեան առարկայ չդառնայ։ Արդարեւ, այդ մէկուն հետեւանքները կրնան ըլլալ պարզապէս կործանարար։

Այս առումով պատկերացնելու համար տեսանելի ապագան, հարկ է քիչ մը սպասել՝ դիտարկելու համար, որ Երեւան պաշտօնապէս ի՛նչ քայլերու պիտի դիմէ հաւասակշռելու համար դէպի Արեւմուտք իր քայլերը, հանդարտեցնելու համար Ռուսաստանը ու առաւելապէս՝ վերանորոգելու համար կողմերու բաւական հարուածներ ստացած վստահութեան բարակ դերը։ Երեւան ի վերջոյ պարտաւոր է ընկալել, որ բոլոր նախապաշարումներէն անդին՝ հնարաւոր է սիրել կամ չսիրել որեւէ երկիր, սակայն, անհնար է հաշուի չնստիլ տուեալ երկրի ուժին ու աշխարհաքաղաքական կշիռին հետ։

*

Դեսպան Ճէրէճեանի հարցազրոյցը պիտի ներկայացնենք յառաջիկային։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յուլիս 6, 2024