ԽՈՐՔԸ
«Դէմքերը, ախ, բութ են այնպէս, կարծես շինուած են տապարով»
Ե. Չարենց
Յուզումները փոխանցիկ են ելեկտրական հոսանքի նման. տխրութիւնը՝ տխրութիւն. ուրախութիւնը՝ ուրախութիւն կը տածէ առանց հիմնաւոր պատճառի: Ժպիտը անշուշտ ներքին գոհունակութեան, բարեհաճութեան, մտերմութեան կամուրջ մըն է անվարան: Այս՝ շուկայի անգիր եւ ընդհանրացած օրէնքն է. անձը (յաճախորդը) գոհացած կը զգայ ինքզինք աւելի: Հարցին խորքը հաճելիութիւնն է ինչ որ փնտռուած է ամէնուր: Ծնողք-զաւակ, ուսուցիչ-աշակերտ, գործատէր-գործաւոր, ընկերներ իրարու հետ հաշտ եւ հաճելի. այդ է որ երբեմն դասընկերը կ՚ըլլայ ընկեր ու ապա՝ բարեկամ… եթէ անկեղծ է յարաբերութիւնը եւ յետին միտքէ հեռու:
Յետին միտքերու ռահվիրաները քաղաքականութիւն խաղացող անձիք են, որոնց ո՛չ ժպիտին, ո՛չ խօսքին, ոչ իսկ դաշինքին ու ոսկեայ գրիչին կարելի է վստահիլ. պատմութիւնը վկայ:
Այս այսպէս է. այս է մարդ արարածն ու իր գործելակերպը. երկու հակադիր ուժերու գոյակցութեան ճանապարհին:
Յատկանշական գրութիւն մը կայ մարդու երկուութեան վերաբերեալ, գրուած՝ սկովտիացի հեղինակ՝ Ռոպէր Սթիվընսընի Տքթ. Ճեքիլ եւ Մսթըր Հայտ: Հայտը մարդու խորքը կը ներկայացնէ իր ամբողջ ժխտականութեամբ, որ ստորին Եսն է, կը գործէ առանց բանականութեան հակակշիռին: Այդ է որ տակաւին տիրական է համայն աշխարհի տարածքին. փաստ՝ պատերազմներն ամօթալի ու անվերջանալի… «Կաթիլ մը մեղր»ի՞ համար… գուցէ, եւ գուցէ եւ ոչ։ Խնդիրը խորն է աւելի, որ կու գայ անհունէն, իրեն հետ ունենալով նաեւ Տքթ. Ճեքիլը, իբրեւ զսպիչ ուժ, համամարդկային փիլիսոփայութիւնները, որոնք անկարող են կասեցնելու արշաւը, հրդեհը կը շարունակուի… Փիլիսոփայութեամբ հասած ենք մարդու բարձրակէտին, բայց խորքը՞… կը գործէ բնազդայինը: (Օրինակ մը միայն. Նիցչէ ըսած է.- «Միայն մէկ քրիստոնեայ եղած է աշխարհի մէջ, ան ալ Յիսուսն է»:)
Թէ ինչ կ՚ըսէ Օշօ իր ՄԵՍԻԱ գիրքին մէջ.-
«Մահաթմա Կանտի պատասխանատու է Հնդկաստանը յանձնելու մէջ Րաժիվ Կանտիի ընտանիքին. մի քանի եղելութիւններ եւ դուք պիտի հասկնաք ինչո՞ւ ես կ՚ըսեմ, թէ գոյութիւն ունեցող ամենէն խորամանկ քաղաքագէտն էր ան աշխարհի: Ամերիկացի գրող մը որ Մահաթմա Կանտիի կենսագրութեան գրառութիւնը կ՚ընէր, հարցուց իրեն.- «Դուք դէմ էք զէնքի, բանակի։ Եթէ երկիրը անկախանայ, ի՞նչ պիտի ընես քու բանակդ եւ զէնքերդ որ ունիս» եւ Կանտի առանց աչքերը թարթելու ըսաւ.- «Բանակները պիտի լուծարուին. անոնք պէտք է դաշտերը երթան աշխատանքի եւ գործարանները՝ արտադրելու, իսկ զէնքերը ովկիանոս պիտի նետուին. մենք ոչ-վայրի ժողովուրդ ենք»։
Յետոյ երբ անկախութիւնը եկաւ, եւ Փաքիստան յարձակեցաւ Գաշմիրի վրայ, Մահաթմա առաջինն էր որ օրհնեց այն երեք օդանաւերը, որոնք կը թռչէին իր տան վերեւէն (Պէտք չէ տուն կոչենք քանի որ պալատ էր) այդ օրերու ամենահարուստ անձին՝ Ժուկալ Գիշորէ Պիրլայի կը պատկանէր, իսկ Կանտի հոն կը մնար: Դուրս ելլելով պալատէն՝ պարտէզ՝ օրհնեց օդանաւերը, քանի որ անոնք կը սուրային Փաքիստանի վրայ յարձակելու, որոնց կը հետեւէին նաեւ՝ այլ օդանաւեր:
Մոռցած էր իր յանձնառութիւնը իբրեւ ոչ-վայրի քաղաքագիտութեան ռահվիրայ: Եւ անկէ ետք՝ ո՛չ մէկ բառ արտասանեց զէնքերը ովկիանոս թափելու, բանակը ցրուելու, որպէսզի դաշտերը ոռոգեն եւ գործարանները աշխատցնեն: Բանակը կը սպառէր 75 առ հարիւրը դաշտերու բերքին, առանց որեւէ ներդրում ունենալու…: «Ասոնց ամէնը պարզապէս տզրուկներ են:»
Եզրակացութի՞ւն… «Ա՜խ, բութ են այնպէս, կարծես…»
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան