ՏԱԼԻԱՅԻՆ ԳՈՐԳԸ

Եթէ Հալէպի մէջ գորգի գործածութիւնը, ձմրան, միայն առտնային անհրաժեշտութենէն մէկը կը համարուէր ու գետինը որպէս փռոց կը գործածուէր, Հայաստանի մէջ փռոցէն անդին կը ծառայէ նաեւ որպէս բազկաթոռի ծածկ, պատերէն կախուած վարագոյր եւ տունը տաքցնելու կամ նոյնիսկ զարդարելու միջոց: Ու հայաստանցի տուներուն մէջ գորգերը բոլոր եղանակներուն համար գործածելի իրեր են: «Գորգ» եւ «կարպետ» բառերը հոմանիշներ են, եւ ունին իմաստային նուրբ տարբերութիւն: Ըստ Է. Աղայանի «Արդի հայերէնի բացատրական բառարան»ին, (հատոր առաջին, 1976, Երեւան, էջ 254) գորգերը կ՚ունենան խաւէ մակերես, իսկ կարպետները՝ ոչ: Մեր նախնիքը գորգի միջոցով նամակներ գրած են ու պատմական արժէքներ պահած՝ գորգի հիւսուած ծալքերուն մէջ: Հայկական գորգերը կը յատկանշուին նաեւ տոհմի ու վայրի եւ այլ նշաններով ու զարդարանքով: Յիշենք Ղազարոս Աղայեանի յայտնի «Անահիտ» հէքեաթը, որուն մէջ գորգը իշխանին փրկութեան միակ միջոցը եղաւ: Իւրաքանչիւր ստեղծագործող անպայման իր կնիքը կամ հետքը կը դրոշմէ անոր վրայ, որպէս յուշ, որպէս փաստ, կամ գուցէ՝ պատգամ: Ահա այդ գորգերէն մէկն է նաեւ Տալիային նկարագրած գորգը:

Համացանցային հայերէնի դասընթացքի աշակերտուհիներէս մէկն է Տալիա Ալ-Սաիտը, որուն արմատները կու գան Ակն գիւղէն, ապա՝ Եգիպտոս, եւ վերջապէս 1968-ին՝ Նիւ Եորք: Տալիան Նիւ Եորք ծնած է: Փոքր տարիքին յաճախած է հայկական միօրեայ վարժարան եւ իր հայերէնի իմացութեան ատաղձը հոնկէ կու գայ, առաւելաբար:

Մեր դասապահերը շատ հաճելի եւ հեզասահ կ՚ընթանան, որովհետեւ կը զգամ, որ ան միայն սոսկ լեզու չէ որ կ՚ուզէ սորվիլ, անցեալի պեղում մըն է որ կը կատարէ ու անցեալի այդ թելը գտնելով կ՚ուզէ ամուր կառչիլ անոր: Հաճոյքով կը կարդամ իր շարադրութիւնները, որոնք անցեալի ոգեկոչում են մեծաւ մասամբ եւ՝ փորձ մը, թերեւս, զանոնք կրկին վերապրեցնելու, ներկային բերելու: Ահաւասիկ իր յիշողութիւններէն մէկը, որ գորգագործութեան կը վերաբերի.

«…Մեր տան հիւրանոցի պատին գորգ մը կը կախուէր: Մեծ մայրիկիս մայրը շինած էր զայն: Թէեւ տան մէջ ուրիշ զարդարանքներ ալ կային, սակայն մեզի՝ փոքրերուս համար այդ գորգը թարկարժէք իր կը նկատուէր, որովհետեւ կը նկատէինք, որ տնեցիներուն կողմէ որքա՜ն ուշադրութեան կ՚արժանանար ան: Հիացումով կը դիտէի գորգին վրայի նկարզարդուած պատկերներն ու գոյները: Հիմա է որ, որպէս նկարչութեան մասնագէտ, տարբեր աչքով կը դիտեմ ու կը տեսնեմ իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն:

«Մեծ մայրիկիս մայրը՝ Գայիանէ Անկրակեանը գծած, բուրդը մանած, ներկած ու հիւսած է այս գորգը Եգիպտոսի Ասիւթ քաղաքին մէջ, ուր հասած էր 1913-ին, Եղեռնի տարիներուն: Այրի կին մըն էր, երկու աղջիկներով: Այս գորգը հիւսած է ի յիշատակ 1918-ի Հայաստանի առաջին անկախացման:

«Գորգին մէջ կայ Արարատը, ինչպէս նաեւ Մայր Հայաստանի պատկերը, որ արեւի ճառագայթներուն առջեւ, գահի վրայ նստած է ան: Վերը կան Կիլիկիոյ թագաւորութեան դրօշները: Իր ոտքին տակը կայ սարդենի ճիւղ եւ գրութիւն մը, որ կ՚ըսէ. «Ողջո՜յն քեզ Հայաստան»: Գորգին եզերքը ծաղկազարդուած է տարբեր գոյներով: Ահա այս շրջանակին մէջ կը գտնուի իմ ամենէն սիրած մասս. պզտիկ կապոյտ քառակուսի մը եւ իր մէջ սֆինքսը, եգիպտական բուրգերը եւ փոքրիկ ուղտ մը: Այս մասը շատ կը սիրեմ, քանի որ գորգին պատմական արժէքին կողքին, մեծ մօրս մայրը անձնական կնիք մը դրած է անոր վրայ, որ կը յուշէ իր ընտանեկան վիճակն ու պատմութիւնը՝ մարմինը Եգիպտոս է, բայց միտքն ու սիրտը՝ Հայաստան:

«Անոր միտքին ու ստեղծագործած պատկերին միաձուլումը կը յուզէ զիս ու շատ հետաքրքրական կը թուի ինծի, մանաւանդ որ իմ արուեստիս գլխաւոր ճառագայթումը կը հանդիսանայ»:

Տալիան գծագրիչ է: Ու իր արուեստին մէջ եւս, բնականաբար, կ՚արտացոլան, այն ամէնը, զորս կը նկատեմ իր մէջը իւրաքանչիւր դասապահու ընթացքին. ինքնութեան կանչ ու պահանջ: Ու այդ գորգի կտորը Տալիան մասունքի պէս կը պահէ. կը խնամէ, կը բանայ, օդ առնել կու տայ, յետոյ կրկին իր համապատասխան պահոցին մէջ կը դնէ, որպէս վկայութիւն ու արուեստի կարեւոր նմոյշ:

Տալիային այս գրութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ, որ աւելի մօտէն հետաքրքրուիմ այս արուեստով: Ու լայն աշխարհ մը կը բացուի դէմս: Կ՚իմանամ ամենահին՝ Ն.Ք. 5-րդ դարուն հիւսուած «Պազիրիկ» գորգին մասին, հայկական գորգերը նախշազարդած ներկերուն, ինչպէս նաեւ միջնադարեան հայկական գորգերու տեսակներուն մասին, ըլլան անոնք վիշապի տեսքով, արծիւի, օձի, թէ յաւերժութիւն խորհրդանշող պատկերներով: Կը տեղեկանամ արշաւանքներու, հալածանքներու ենթարկուած գորգերուն մասին, ի վերջոյ պատմութիւն մը ամբողջ պահուած է այս արուեստին ետին: Միշտ ալ սիրած եմ հայկական գորգերը, նախշերը ու մեծապէս հիացած եմ տեսնելով գորգագործներու համբերատար եւ ճաշակաւոր աշխատանքները: Ուրախ եմ մանաւանդ, որ առ այսօր այս արուեստը կը շարունակուի եւ յատուկ դասընթացքներ տեղի կ՚ունենան՝ ուսուցանելու համար այս նրբաճաշակ եւ արժէքաւոր գործը:

ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2017