ԿԵԱՆՔ ԻՄԱՑԵԱԼ ԱՆՄԱՀՈՒԹԻՒՆ Է

Մեր հայրիկը յաճախ կը կրկնէր այս արտայայտութիւնը. «Մարդ ուր որ ծնի, այնտեղ ալ պէտք է մեռնի»։

Կենսափիլիսոփայութիւն մը՝ զոր կը կապէ գոյութեան մեծագոյն զոյգ խորհուրդները երկրին։ Որքան խորիմաստ եզր մը՝ ուր կեանքի գնացքին անիւները կը թաւալեցնէ նոյն տարածքին վրայ, անկէ բխած ընկերային եւ պատմամշակութային ընտելացման խաղաղ ընթացքով։ Տեսակ մը ճակատագրական համաձայնագիր հողին եւ վրան ծլարձակած նորածին էութեան միջեւ։

Սակայն միշտ չէ որ նման ցանկութիւններ իրականանան։ Կեանքի անակնկալ եւ տարաբնոյթ զարգացումները կը ստիպեն մարդոց լքել իրենց ծննդավայրը եւ յանգիլ տարբեր հողի վրայ։

Մեր ընտանիքին եւս վիճակուեցաւ նման այլընտրանք։ Պատերազմը ցրեց մեզ աշխարհի բաց տարածքին վրայ ու մեր հայրիկը իր մահկանացուն կնքեց հայրենի հողին վրայ։ Տէրը անոր պարգեւեց աւելի երանաւէտ վախճան մը, արժանացնելով հայրենի հողին մէջ ննջելու բախտին, ջրելով հայրիկին իսկ դաւանած ասոյթը։

Այս ընթացիկ ամրան, դարձեալ միացան մեր ընտանիքի անդամները իրարու։ Երկու տարուայ համաճարակին յառաջացուցած արգելքները շրջանցելով, ունեցանք իրարու մօտ ըլլալու մեծագոյն բերկրանքը։

Թոռներս ու զաւակներս մօտս էին։ Իմս էր ամբողջ աշխարհը…։ Հայկական աւանդական ընտանիքներուն բնորոշ՝ սիրոյ եւ կարօտի յագեցման ապրումները անփոխարինելի եւ աննիւթ սնունդ էին բոլորիս։

Բնականաբար սկսաւ հայրենի չքնաղ բնաշխարհը վայելելու ծրագիրը։ Նախապէս այցելած ու չայցելած վայրերը հնարաւորինս կը մտնէին մեր օրակարգը։ Սակայն ժամանակը իր արագ սլացումով կը յուշէր, թէ մօտեցած է սիրելիներէն բաժանումի ժամկէտը։ Տակաւին կային յոյժ կարեւոր կատարելիք այցելութիւններ…։

Հայրիկին շիրիմին առջեւ թոռներս գլխիկոր, աղօթքով եւ խնկարկումով կը սգային իրենց մեծ հօր կորուստը։

-Բայց ես բան մը պիտի ըսեմ քեզի Տա՛տօ, բախտի բերմամբ մարդ ուր ալ ծնի, պէտք է անպայմանօրէն այստեղ գտնէ իր յաւիտեան հանգիստը։

Տունդարձի ճամբուն դարձեալ աւագ թոռս է որ կը յիշեցնէ.

-Կ՚ուզեմ վերջին տեղ մըն ալ այցելել։ Կարելի՞ է մեզ Եռաբը-լուր տանիք, դիմեց վարորդին։

Կարելի չէ նման յուզիչ եւ հոգեշարժ պահեր ամենայն հարազատութեամբ վերարտադրել։

Մեր տեսադաշտին առջեւ կ՚երկարէր սրբազնագոյն նահատակներու ծովածաւալ շիրմաքարեր։ Դաժան պատերազմին սեւ մանգաղի կանաչ կեանքերու հնձան էր մեր աչքերուն առաջ։

Թոռներս սահմռկած կը դիտէին։ Անոնց դէմքերը անսովոր արտայայտութիւն առած էին, մինչ շուրթներէն կարծես մնջիկ կը հոսէին Թէքէեանի վերարտադրուած բառերը.

«Ահաւոր բան մը այնտեղ կատարուած է մութին մէջ»։

Այո՛, այդ ահաւոր բանը պատերազմն էր։ Մարդկային կեան-քի պատմութեան յաւիտենական չարիքը՝ անժամանցելի եւ անյաղթահարելի։

Փոքրերուն աչքերուն մէջ կայծի շիթեր բոցկլտացին, այդ իրենցմէ միշտ մերժուած, սակայն միշտ առկայ չարիքին ընդդէմ։ Դատապարտում՝ արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը մերժող ուժերուն դէմ։

Այս բոլորին ետին, կար նաեւ խորը հաւատք ապրելու եւ այս աղէտը յաղթահարելու անկոտրում կամք։

Ես անոնց աչքերուն մէջ կարդացի նոր հաստատագիր մը, որ ի չիք կ՚ընէր «Մահ իմացեալ անմահութիւն է» ասոյթը, այլ կ՚ըսէ.

«Կեանք իմացեալ, անմահութիւն է»։

ՆՈՐԱ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2022