ԱՆԱՀԻՏԻՆ ԹԻՐԱԽԸ
Երկու երիտասարդներուն ձեռքերը այնքան ամուր բռնուած են իրարու, անքակտելի կապ մը կ՚ուզեն ստեղծել անոնք, մին արական է, միւսը՝ իգական: Յորդանանի օդանաւակայանն են. հայեացքներով ինչե՜ր կը փոխանակեն, ու գիրկընդխառնում մը, որ աղջկան հեկեկուն մարմինին դողը կը խաղաղեցնէ կարծես: Բայց ի զուր է ամէն ինչ, ո՛չ մարմինները կը խաղաղին, ոչ ալ երկու միացած սրտերը հանգիստ կը տրոփեն, մօտ է բաժանման պահը, ու կրքոտ համբոյրներուն կ՚ընկերանան խոստումներ.
Անհոգ եղիր, շուտով կը վերադառնամ,- կ՚ըսէ աղջիկը:
Հաւատա՞մ, հաւատա՞մ որ կու գաս, ու նորէն կը գրկե՞մ ջերմ մարմինդ:
Անշուշտ պիտի գամ, կը խոստանամ, ես չեմ կրնար առանց քեզի կեանքս շարունակել:
Կը վստահիմ խօսքիդ, բայց շուտ եկուր, չեմ դիմանար: Խոստացիր նաեւ որ պիտի չհամոզուիս հօրդ ու մօրդ ըսածներուն, անոնք կ՚ուզեն բաժնել մեզ, գիտեմ չեն ուզեր մեր միութիւնը, բայց յիշէ խօսքերս, ես քեզ աշխարհի ամենաերջանիկ կինը կը դարձնեմ, շատ կը սիրեմ քեզ:
Գիտեմ, գիտեմ, իմ ալ սէրս անսահման է, կը խենթանամ առանց քեզի:
Զրոյցը կ՚ընդհատուի բարձրախօսէն արձակուած հնչիւններով, ճամբորդներու մեկնումին ժամը հասած է ու անոնք պէտք է տեղաւորուին օդանաւի նստարաններուն վրայ:
Երիտասարդներուն յուզումը չափ չունի, աղջիկը կը զսպէ ինքզինք ու կը փորձէ քակել ձեռքը տղուն սեղմ ձեռքերուն մէջէն. անկարելի կը թուի, վերջին համբոյր մըն ալ կը դրոշմէ անոր շրթներուն վրայ ու աչքերով կը վստահեցնէ, որ միութիւնը մօտ է, անոնց ձեռքերը կը թոյլնան, կը քակուին, մատները կը հպին իրարու ու կը մեկնին արցունքոտ աչքերով ու Անահիտին վերջին խոստումով.
Ահմատ, սպասէ՛ ինծի, շուտով կը վերադառնամ:
Խոստում մը, որ տրուած պահէն իսկ ծրագիրներու կը վերածուի: Վերադառնալն է Անահիտին միակ թիրախը: Այս պահէն իսկ, կարօտը կը սկսի կրծել հոգին: Այնքան երիտասարդ է ան ու տաքարիւն, որ նոյնիսկ քրիստոնեայի ու այլակրօնի միութենէն յառաջացած թնճուկները միտքը չեն խանգարեր։ Մարդը նախքան քրիստոնեայ կամ իսլամ ըլլալը՝ մարդ է, ինչո՞ւ կրօնքը պիտի խոչընդոտէ անոնց միութիւնը, կը մտածէ կոյր սիրահարը: Ու միայն որոշում մըն է որ կ՚ուրուագծուի անոր մտքին մէջ, որոշում մը, որ չի ճանչնար որեւէ արգելք. ան վճիռը արձակած է արդէն:
Արցունքը աչքերուն Անահիտ անգամ մը եւս կը դիտէ Ահմատը, որ քայլ-քայլ կ՚անհետանայ հորիզոնէն: Ետեւ կը դառնայ երիտասարդուհին ու արդէն կը նկատէ հայրը, որ զինք կը փնտռէ: Ան կը քալէ հօրը հետ, կը միանայ ընտանիքին ու կը տեղաւորուի օդանաւի նստարանին վրայ:
Միսաք՝ Անահիտին հայրը, առած է իր որոշումը, վաճառած է Յորդանանի տունը, որ երկար տարիներու տքնումով ու կաթիլ առ կաթիլ խնայելով կրցած էր գնել: Սուրիացի Միսաք ընտանիք կազմած էր Հալէպի մէջ, ուրկէ ութ տարիներ առաջ, աշխատանքին բերումով, ընտանեօք տեղափոխուած էր Յորդանան: Ան զօր ու գիշեր փառք կու տար Բարձրեալին՝ ջերմիկ ընտանիքին հացն ու ապրուստը կարենալ ապահովելուն համար: Սակայն հիասթափութիւն մը պատած էր անոր, սեւցած էր տեսահորիզոնին վրայ ամէն ինչ, մտածելու ունակութիւնը կորսնցուցած էր, միայն մեկնիլ էր որ կը փափաքէր ան, անմիջապէս որ զգացած էր աղջկան ու Ահմատին յարաբերութիւնը:
Անահիտ՝ Միսաքին միակ դուստրը, ուսման փափաք չունենալուն համար կը նետուի գործի ասպարէզ: Հայրը նախ չէր արտօնած, բայց Անահիտին կրկնուող խնդրանքներուն անսալով համաձայնած էր վերջապէս, մայրն ալ միջամտած էր ըսելով. «Ձգէ՛, թող երթայ, աշխատի, տե՛ս, հոս բոլորը կ՚աշխատին, իր ծախսը կը հոգայ ու մարդու մէջ կը մտնէ, ընկերային շրջանակ կ՚ունենայ»:
Անահիտ աչքառու ու լեզուանի, տաքարիւն տասնութամեայ աղջիկ մըն է: Աշխատանքի դիմումը առաջին իսկ վայրկեանէն կ՚ընդունուի եւ գործարանի մը մէջ կը սկսի աշխատիլ: Ամիսներ ետք, գործարանատիրոջ մէկ հատիկ տղուն համակրանքը կը բացայայտուի Անահիտին նկատմամբ: Ճլվլուն աղջիկը ինք ալ նոյն զգացումը կը փոխադարձէ անոր հանդէպ: Այսպէս, օրերն ու ամիսները կը գլորին անոնց մտեմութեան խորացումով: Անահիտ կը սկսի գործէն ուշանալ, մայրն ու հայրը կը նկատեն զայն ու երբ հարցնեն՝ սուտով մը կը պարտկէ ան իր արարքը, մինչեւ այն օրը, երբ հայրը զիրենք կը տեսնէ շէնքի աստիճաններուն վրայ: Անկէ ետք, Միսաք կ՚արգիլէ Անահիտին գործի երթալ ու ընդհանրապէս չ՚արտօներ առանձին տունէն դուրս ելլել:
Այս վիճակն ալ արդէն երկար չի տեւեր, Միսաք անմիջապէս տունն ու կահ-կարասին կը վաճառէ, Հայաստան փոխադրուելու համար անհրաժեշտ ամէն ինչ աճապարանքով կը կարգադրէ: Միայն երկրէն հեռացնելով աղջկան կրնար մոռցնել տալ այս կապը, նիւթական վնասները աչքին չէին գար, էականը շեղած աղջիկը ճամբու բերելն էր:
Սակայն Անահիտ օր ըստ օրէ աւելի կը մօտենար Ահմատին, հոգեկան կապը աւելի կը սերտանար անոնց միջեւ, գիշերները մայրն ու հայրը քնանալէն ետք մինչեւ լոյս համացանցով կը հաղորդակցէր Ահմատին հետ, երբեմն ալ մտերիմ ընկերուհիին միջամտութեամբ կը տեսնուէր անոր հետ:
Կը ճամբորդէ Անահիտ վերադառնալու հեռանկարով անշուշտ: Գացած օրէն իսկ կը փակուի իր սենեակը, ո՛չ մէկուն հետ կը հաղորդակցի, ո՛չ ալ հօր ու մօր հետ շրջապտոյտներու կ՚ելլէ, նոյնիսկ երբ հարազատները այցելեն իրենց, սենեակէն դուրս չ՚ելլեր:
Այսպէս կ՚անցնին օրեր ու շաբաթներ, հայրը սակայն հանգիստ մտքով ինքզինք կը համոզէ մօրը ըսելով. «Կ՚անցնի, կը մոռնայ, կ՚ընտելանայ, քիչ մը ժամանակի կը կարօտի, համբերենք. կարեւորը մենք հեռացուցինք զինք հոնկէ»:
Ու ահա օր մը, երբ կ՚արթննան, կը զննեն Անահիտին սենեակը, հոն չեն գտներ զինք, անհանգիստ մտմտուքով նորէն կը նային, տան բոլոր անկիւնները կը փնտռեն, չեն գտներ Անահիտը: Իրար անցած վիճակի մէջ աղջկան անկողինին ծածկոցը վեր կը վերցնէ մայրը, ուր կը գտնէ թուղթի կտոր մը, որուն վրայ Անահիտ գրած է հետեւեալը.
«Ահմատը օդանաւիս տոմսը ղրկեց, ես կը մեկնիմ իրեն քով»:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ