ՍԵՒՑԱՒ - ՀՆԴԿԱԽՏ (ԽՈԼԵՐԱ)

Կը շարունակենք բժշկապետ Վահան Արծրունիի «Բժիշկի զրոյցներ» շարքի գրքոյկներուն արեւմտահայերէնի վերածումը եւ մեր ըներցասէրներու ուշադրութեան յանձնելը զանոնք: Այս եւ յաջորդ գրութիւններով բժշկապետին «ԽՈԼԵՐԱՅԻ ՄԱՍԻՆ» գրքոյկը պիտի ներկայացնենք, որ գրուած է 1904-ին:

Այս գրքոյկը խմբագրուած է ժողովրդական բժշկական-առողջապահիկ գրուածներու խմբագրական մասնաժողովի նախագահ՝ Ա. Բաբայեանի կողմէն: Այս գրքոյկը գլխաւորաբար գրուած է Կովկասի հասարակ ժողովուրդին համար:

Գրքոյկի ներսի կողքին վրայ կայ նաեւ հետեւեալ արձանագրութիւնը. «այս հեղինակութիւնը արժանացած է Կայսերական Կովկասեան Բժշկական Ընկերութեան կտակած Քեթխուդեանի մրցանակին»:

Գրքոյկը կը սկսի բժշկապետին յառաջաբանով, այսպէս.

Երբ երկրի մը վրայ անբախտութիւն մը վրայ կու տայ, ժողովուրդը պէտք չէ ձեռքերը ծալէ ու ըսէ. «Աստուծոյ կամքն է»: Երբե՛ք պէտք չէ մոռնալ այն իմաստալից ասացուածքը, թէ՝ «Աստուծոյ վրայ յոյս դի՛ր, բայց դուն ալ անգործ մի՛ մնար»: Պէտք է յիշել եւ այն միւս առածը, թէ՝ «դուն քեզ օգնէ՛, որ Աստուած ալ քեզի օգնէ»: Մեր բոլոր ուժերը պէտք է հաւաքենք խոլերային դէմ կռուելու համար, որովհետեւ ասիկա վարակիչ հիւանդութիւն մըն է եւ սարսափելի կոտորածներ կ՚ընէ ամէն դասակարգի մարդոց մէջ:

Այս հիւանդութեան դէմ կարելի է պայքարիլ երկու ձեւով. կամ հասարակութիւնը եւ ինքզինք վարակուելէն ու հիւանդանալէն պաշտպանելով, կամ (եթէ, Աստուած չընէ, մէկը հիւանդանայ) անմիջապէս բժշկութեան դիմելով:

Այս գրքոյկին մէկ նպատակն ալ այն է, որպէսզի ցոյց տանք, թէ ի՛նչ ձեւով պէտք է ժողովուրդը եւ իւրաքանչիւր անհատը պաշտպանել վարակումէ եւ թէ ի՛նչպէս բժշկուիլ, եթէ տրուած վայրին մէջ բժիշկ չկայ:

Սակայն, այդ սարսափելի աղէտին հետ կռուելու համար, անհրաժեշտ է ամենէն առաջ ծանօթանալ անոր հետ:

ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՍ

1. ՄԻ ՔԱՆԻ ԽՕՍՔ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ ՊԱՏԱՀԱԾ ԽՈԼԵՐԱՅԻՆ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Խոլերայի արմատը հեռաւոր Հնդկաստանը կը համարուի [այդ պատճառով ալ մեր լեզուով հնդկախտ ալ կը կոչուի], հնդիկներուն սրբազան Գանգէս գետին ափերը: Այս պատճառով ալ այդ հիւանդութիւնը յայտնի է հնդկական կամ ասիական խոլերիա անունով, որով ան եւրոպական կամ մանկական խոլերիայէն կը զանազանուի: Այս երկուքը ո՛չ մէկ առընչութիւն ունին իրարու հետ եւ տարբեր պատճառներէ յառաջ կու գան: Բացի ատկէ, մանկական խոլերան երբեք համաճարակի ձեւ չի՛ ստանար: Գանգէս եւ Պրահմափութրա գետերու ափերուն տարին տասներկու ամիս խոլերան ժողովուրդին կը ճարակէ, երբեմն թուլնալով, երբեմն սաստկանալով եւ սաստկութեամբ բռնկելով: Այդ տեղերէն հիւանդութիւնը սարսափելի արագութեամբ փոթորիկի նման բոլոր երկիրներուն վրայով կ՚անցնի, թափանցելով աշխարհի ամենէն հեռաւոր անկիւնները եւ իր հետ տանելով հազարաւոր ու հարիւր հազարաւոր կեանքեր: Մեր երկիրը (Կովկասը) անցեալ դարուն մի քանի խոլերային համաճարակներ տեսած է, անոնցմէ մէկ քանին զարհուրելի ուժով բռնկեցան, միւսները՝ աւելի թոյլ էին:

Մեր երկրին պատմութիւնը կը յիշատակէ այս դարուն մէկ շարք խոլերային համաճարակներ: Առաջինը 1823-ին երեւաց Սալիանայի մէջ. այդտեղ ինչ որ անյայտ ցաւի պատճառով ուղղակի առաջին օրը եօթ մարդ մեռաւ: Այս հիւանդութիւնը Պարսկաստանէն եկած էր, Տալիշինեան խանութենէն եւ սկսած էր կոտորածներ ընել Կասպից ծովի ափերուն: Այդ ժամանակ Կովկասի մէջ առաջին կարանտինը հիմնուեցաւ, Պաքուի եւ Լէնքօրանի պարսկական ծովափէն եկած ապրանքներուն եւ նաւերուն համար:

Հազիւ հինգ տարի անցած էր, երբ 1828-ին Պաքուի շրջանին մէջ երկրորդ համաճարակը բռնկեցաւ: Հետեւեալ տարին խոլերան Հիւսիսային Կովկաս մտաւ, իսկ 1830-ին, 27 յունիսին Թիֆլիզի առաջին դէպքերը երեւցան: Այն ժամանակուան զինուորական նահանգապետ՝ հրամանատար Ստրիկալովը շատ խիստ միջոցներ ձեռք առաւ՝ ցաւի տարածուելուն դէմ, բայց այդ միջոցները բաւարար չէին: Ան, ի միջի այլոց, կը գանգատէր գլխաւոր հրամանատար՝ Պասկեվիչին, թէ՝ «բժիշկներու պակասութիւն կայ, որովհետեւ եղածներէն երկուքը ուրիշ տեղ ուղարկուած են, իսկ մնացածներէն երկուքն ալ արդէն մեռած են»: Այս համաճարակը այնքան սաստիկ էր, որ քաղաքը ամայի դարձաւ, մնացած էին ծառայողները եւ աղքատները, որոնք փախչելու միջոց չունէին: Պասկեվիչը՝ ինք, ժողովուրդին փախուստը կը քաջալերէր. ան բոլոր կառավարչական ատեանները փակեց: Փախչողները, անշուշտ, հիւանդութիւնը շրջակայ գաւառները տարածեցին: Այս համաճարակը ահագին աւերումներ կատարեց. միայն Թիֆլիզ քաղաքին մէջ 53 օրուան ընթացքին խոլերայէն 3 հազար մարդ մեռաւ. հետեւաբար, 10 հոգիէն՝ մէկը, որովհետեւ այդ ժամանակ քաղաքին մէջ հազիւ 30 հազար բնակիչ կար: Այս պատճառով ալ այս համաճարակը մեր մէջ յայտնի է «մեծ խոլերա» անունով: Երրորդ համաճարակը Ախալցխայի գաւառին մէջ սկսաւ՝ 1839-ին, ապա՝ 1840-ին Ալեքսանդրապոլի մէջ երեւաց, իսկ հետեւեալ 41 եւ 42 թուականներուն տարածուեցաւ Երեւանի եւ Շիրվանի գաւառներուն մէջ, սակայն շնորհիւ ձեռք առնուած միջոցներուն, Թիֆլիզ չհասաւ:

«Մեծ խոլերայէն» նուազ սաստիկ չէր նաեւ այն համաճարակը, որ 1847-ին բռնկեցաւ:

Այդ տարուան յունիս ամսին անտանելի տաք էր եւ խոլերան ամբողջ երկրին մէջ զարհուրելի ծաւալ ստացաւ եւ զոհերուն թիւը արագութեամբ՝ օր օրի սկսաւ աճիլ: Այս համաճարակը այնպիսի սարսափ տարածեց, որ Ներսէս Ե. Կաթողիկոսին հրամանով՝ ամէն օր եկեղեցիներէն ներս մաղթանքներ կը կատարուէին եւ պատարագ կը մատուցուէր: Բոլորը կը հաղորդուէին, որովհետեւ ոչ ոք կրնար յուսալ, թէ վաղը ողջ կ՚ըլլար: Եւ, իրապէս, ականատեսներու ըսելով, հիւանդութիւնը կը սպաննէր զոհը քառորդ կամ կէս ժամուան ընթացքին. զոհերուն թիւը օրական հարիւրի կը հասնէր:

Հետեւեալ համաճարակները աւելի թեթեւ անցան, թէեւ դարձեալ բաւականին զոհեր տարին: Ռուս զօրքերը 1855-ին շատ վնասուեցան: 1857-ին խոլերան դարձեալ Պարսկաստանէն անցաւ եւ Թիֆլիզ հասաւ. ապա, մի քանի տարի դադրեցաւ եւ դարձեալ 1865-66 թուականներուն երեւաց, բայց այս անգամ ան Ռուսաստանէն եկած էր, ուր ան աւերումներ գործեց մինչեւ 1870 թուականը: Ամենէն առաջ համաճարակը Կուպանի շրջանին մէջ երեւաց: Կարճ ժամանակէ ետք Փոթին եւ Քութայիսը այդ ցաւի սոսկումներուն ենթարկուեցան եւ ցաւը արագութեամբ տարածուեցաւ ու ճարակեց մինչեւ Թիֆլիզ, Գանձակ եւ Շաուշի, ու մտաւ Պաքուի նահանգը: Պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, 1871-ին խոլերայէն 2124 հոգի մեռան. բայց այդ թիւը անտարակոյս իսկականէն նուազ է: Այնուհետեւ մինչեւ 1892-ը այլեւս խոլերայի մասին ձայն չկար, երբ յանկարծ ան Պաքուի մէջ բռնկեցաւ, ուր բերուած էր Պարսկաստանէն Անդրկասպեան երկրի վրայով:

Այս համաճարակը տակաւին թարմ է բոլորի յիշողութեան մէջ: Պաքուէն ան Թիֆլիզ անցաւ. իսկ այստեղէն ճիւղաւորուելով, մէկ կողմէ Պաթում եւ Սեւ ծովի ափերը հասաւ, իսկ միւս կողմէ Երեւանի նահանգը եւ Կարսի շրջանը: Այս վերջին խոլերայի գլխաւոր օճախները Պաքուն եւ Երեւանը դարձան, ուր բազմաթիւ մարդիկ կոտորուեցան եւ աւելի շատ կը կոտորուէր, եթէ կառավարութիւնն ու քաղաքային վարչութիւնները խիստ միջոցներ ձեռք առած չըլլային:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 1 

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2022