ՄՈՄԵՐԸ ՎԱՌԵՆՔ…

-Նոնա՛, մոմ վառենք:

Մինչ եկեղեցիէն դուրս մթնոլորտը տօնական է, Կաղանդ պապան եւ անոր ընկերակցող կերպարները կ՚երգեն ու կը պարեն, փոքրիկ ձեռքը ափիս մէջ սեղմած՝ երկուքով կը մտնենք եկեղեցի:

-Քանի՞ հատ մոմ պիտի վառենք,- կը հարցնէ մանուկ Տեսիլը:

-Եօթը հատ,- կը պատասխանեմ՝ զինք մոմերուն մօտեցնելով:

Լռութիւն է եկեղեցւոյ մէջ, կիսալոյս, խորհրդաւոր: Միասնաբար կ՚ուղղուինք վառող մոմերուն կողմը՝ իւրաքանչիւրս տարբեր զգացումներով ողողուած: Մանուկին համար անմեղութիւնն է տիրականը, բնականաբար, մոմերուն լոյսն ու բոցը, անոնց պարին առթած հետաքրքրութիւնը, մոմ վառելու արարողութիւնը ինքնին ուրախութիւն կը սփռէ անոր մաքուր սրտին խորերը: Իմ սրտիս ու մտքիս մէջ տիրական է տարի մը եւս անցեալին յանձնելու իրականութիւնը, իսկ երբ տարի մը եւս կը կորսուի կեանքէդ, պահ մը կանգ կ՚առնես մտածելու, թէ կորսուածը իսկապէս արժէքաւո՞ր է յաճախ: Կը մտածեմ, որ այդ պահերուն մարդ քիչ մը նուազ անձնասէր ըլլալու է, որպէսզի կարենայ՝ ինքնիրեն հետ հաշուեյարդար կատարել, իր լաւ ու վատ գործերը նժարին դնել, իր ներաշխարհին հետ անկեղծանալ, մոմերու լոյսը իր հոգիին խորերը տանելու քաջութիւնը ունենալ, որպէսզի ամէն բան յստակ երեւի, մակերեսայնութեամբ չծածկուի ու խաբկանքներու պատուարները փուլ գան…

-Վառենք, վառենք…,- կը շշնջայ մանուկը՝ կարծես չուզելով խանգարել ընդհանուր լռութիւնն ու խոկումս:

Այո՛, կը վառենք եօթն ալ, եւ զանոնք կը զետեղենք այնպիսի դիրքով, որ միանան անոնք, աւելի ուժեղ լոյս ու տաքութիւն տալու զօրութիւն ունենան:

Կը վառենք մեր սիրելիներուն համար, որպէսզի անոնք անպակաս ըլլան մեր կեանքէն, ըլլան առողջ ու ժպտուն, տիրական ու աշխոյժ, լուսաւորեն մեր կեանքն ու ուղին, ուր երբեմն, երբ իյնանք կամ շեղինք անկէ, ըլլան մեզի ապաւէն ու առաջնորդ:

Կը վառենք աշխարհի բոլոր մանուկներուն համար, որպէսզի Կաղանդ պապուկը այցելէ ամէնուն, նուէրներ տայ ցուրտն ու մութը, ռումբերուն պայթիւնները իրենց ընկեր դարձուցած անմեղ մանուկին ու պատանին եւս, որովհետեւ անոնք կամովին չէ, որ ընտրած են նման կեանք՝ զրկուելով տօնը զգալէ, անոր բարիքները վայելելէ: Նաեւ՝ բոլոր այն զաւակներուն համար, որոնց ծնողները մոռցած են, թէ որքա՜ն վեհ առաքելութիւն ստանձնած են իրենք՝ լոյս աշխարհ բերելով իրենց գուրգուրանքին կարիքն ունեցող անմեղ էակները:

Կը վառենք մեզմէ առյաւէտ հեռացած մեր սիրելիներուն յիշատակին համար, յատկապէս անոնց, որոնց չհասանք մեր սէրն ու կարօտը արտայայտելու, ուշացանք խոստովանելու, որ իրենք թանկագին ու կարեւոր են մեզի համար… արդեօք մե՞նք ուշացանք, թէ՞ իրենք շուտ մեկնեցան ու բաժնուեցան մեզմէ…

Կը վառենք Լիբանանի համար, ուր բացած ենք մեր աչքերը՝ կամայ-ակամայ, ուր կ՚ապրինք՝ դիւրինն ու դժուարը մեր առօրեային հետ շաղախելով, ուր կը պայքարինք հայ մնալու համար: Կը սիրենք այս երկիրը, թէկուզ ան չսիրէ մեզ, ի վերջոյ հո՛ս է, որ իրենց առաջին հանգիստ շունչը առին ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր մեծ ծնողները, հո՛ս է, որ կերտեցին, կառուցեցին ու աճեցան, այս երկրի հողին է, որ իրենց արիւնը միախառնեցին մեր երիտասարդները: Խաղաղութի՜ւն Լիբանանին, աւելի լաւ կեանք՝ հոս ապրողներուն:

Կը վառենք մեր թանկագին Հայաստանին համար եւ ի սրտէ կը մաղթենք, որ անիկա մնայ անսասան, ան-ցընցում, նորը կերտելու հեւքին մէջ վնասները չըլլան բազում, այլ նորը բերէ բարին, լաւը, անկեղծը, անաղարտը: Վերջապէս Հայաստանն է, մեր բոլորին վեհագոյն արժէքը, սիրելին անպայման, թանկագինը միշտ, ի՛նչ ալ ըլլան պայմաններն ու ժամանակները: Նաեւ՝ հերոսական Արցախին համար, որպէսզի անոր զաւակները այդ հողին վրայ ապրին ու արարեն, եւ ոչ թէ անոր տակ ննջեն…

Կը վառենք ձիւնածածկ Արարատին համար՝ յուսալով, որ անոր գագաթին հանգչող սպիտակին բիւրեղութիւնը տարածուի իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ, մաքրէ զայն անձնականութենէ, տիրական դարձնէ հաւաքականը, ազգայինը (…):

Կը վառենք Յիսուս Մանուկին համար, շնորհակալութիւն կը յայտնենք Անոր շա՜տ ու շա՛տ բարիքներու համար, կ՚աղօթենք, որ Ս. Ծնունդի առիթով երկինքը լուսաւորած աստղը նաեւ ըլլայ մեր կեանքը լուսաւորող: Կ՚աղօթենք, որ Մանուկը խաղաղութիւն սփռէ աշխարհին, համերաշխութիւնը՝ մարդկութեան, սէր, սէր ու շա՜տ սէր, այնքան, որ ատելութիւնն ու չարիքը չքանան:

-Վերջացա՜ւ…,- ափսոսանքով կ՚ըսէ Տեսիլը՝ նայելով արցունքով ծանրաբեռնուած կոպերուս եւ իր փոքրիկ թեւերով կը գրկէ ողջ էութիւնս:

Կրկին ձեռք-ձեռքի կը հեռանանք՝ միանալու տօնական մթնոլորտը վայելողներուն: Աւելի լուսաւոր է եկեղեցին, աւելի ջերմիկ է շրջապատը, մեր մոմերը կը շարունակեն բոցավառիլ՝ լուսաւորելով մեր ներկան եւ յուշելով, որ Աստուծոյ լոյսն է ատիկա, բարիին ու կատարեալին լոյսը, որուն պէտք է ձգտիլ եւ անով ապրիլ…

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Երկուշաբթի, Յունուար 7, 2019