ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԸՍՏ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ

Մէկ-երկու օր առաջ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կրկին անգամ մուտք գործեց իր ծիսական-արարողական կեանքի ամենէն խորախորհուրդ ժամանակաշրջանը, որ յայտնի է Քառասնորդաց պահեցողութիւն կամ Մեծ պահք անուններով:

Հայ Եկեղեցւոյ զաւակներէն շատերը յատուկ նախապատրաստութիւն կը տեսնեն մուտք գործելու այս ժամանակաշրջանէն ներս, իրենց միտքերուն եւ հոգիներուն մէջ ունենալով բազմաթիւ ակնկալութիւններ եւ սպասումներ: Անդին, ուրիշներ, առանց որոշակի նախապատրաստութեան, զուտ որպէս հետաքրքրասիրութիւն կամ իրենց նախնիներէն ժառանգած աւանդոյթ կամ սովորութիւն, յանձն կ՚առնեն պահեցողութիւնը: Բնականաբար, մարդ արարածը ազատ կամեցողութիւն ունենալով, ազատ է իր պահեցողութիւնը անցընելու ձեւին կամ կերպին ընտրութեան մէջ: Այստեղ փորձենք սակայն հասկնալ, թէ ի՞նչ է պահեցողութիւնը եւ ո՞ր տեսակի պահեցողութիւնը կրնայ ընդունելի ըլլալ եւ օգտակար դառնալ պահեցողի հոգիին համար:

Ի՞ՆՉ Է ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Պահեցողութիւնը իր ընդհանուր եւ պարզ հասկացողութեան մէջ այն ժամանակաշըր-ջանն է՝ կարճ կամ երկար, ուր մարդ ինքնամփոփման փորձ կը կատարէ, հասկնալու համար՝ թէ ո՛ւր հասած է եւ ի՛նչ վիճակի մէջ կը գտնուի: Այլ խօսքով պահեցողութիւնը բացառապէս ինքնաքննութեան, ինքնաճանաչողութեան եւ ինքնամաքրման ժամանակաշրջան է, ուր մարդ մուտք կը գործէ կեղտոտ ոտքերով ու ձեռքերով, մթագնած միտքով ու հոգիով, եւ դուրս կու գայ մաքրուած եւ սրբուած ձեռքերով ու ոտքերով, ինչպէս նաեւ պայծառացած եւ լուսաւորուած միտքով ու հոգիով: Մաքրութիւնն ու պայծառացումը անշուշտ կը պատկանի բոլոր այն պահեցողներուն, որոնք պահեցողութիւնը ընկալած են որպէս այդպիսին, այսինքն՝ որպէս մաքրման եւ պայծառացման շրջան:

Ո՞Ր ՏԵՍԱԿԻ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐՆԱՅ ԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ԸԼԼԱԼ

Հարցումը կրնայ շատերուն համար զարմանալի թուիլ, սակայն, իւրաքանչիւր պահեցող պէտք է ինքն իրեն այս հարցումը ուղղէ, գիտնալու համար՝ թէ արդեօք իր պահեցողութիւնը ընդունելի՞ է, թէ՞ ոչ: Վերը անդրադարձայ, որ մարդիկ՝ պահեցողներ, զանազան կերպեր կ՚որդեգրեն պահք պահելու համար, անշուշտ տարբեր դրդապատճառներ ունենալով: Ճիշդ է, որ ըստ իւրաքանչիւր ընկալումին իրենց կատարած արարքը պահք, պահեցողութիւն կը կոչուի, սակայն ի՞նչ օգուտ կը քաղենք այդ պահքէն կամ պահեցողութենէն: Ահա այս հարցումի պատասխանին հիման վրայ է, որ յայտնի կը դառնայ, թէ պահեցողութեան մեր որդեգրած կերպը ընդունելի է կամ ոչ:

Այսպէսով, եթէ մեր պահեցողութիւնը հիմնուած է Աստուածաշունչ մատեանին եւ Եկեղեցւոյ Ս. Հայրերուն թելադրութիւններուն վրայ, բնականաբար մեր պահքը ընդունելի կը դառնայ, որովհետեւ ճշմարիտ աղբիւրէն է, որ կը խմեն եւ ըստ այնմ կ՚առաջնորդուին եւ իրենց քայլերը կ՚առաջնորդեն:

Եսայի մարգարէն շա՜տ գեղեցիկ կերպով կը բացատրէ, թէ ընդունելի պահեցողութիւնը ի՛նչպէս պէտք է ըլլայ. «Այդ ինչպէս է, որ մենք ծոմ պահեցինք, եւ Դուն չի տեսար, զրկանքներու ենթարկեցինք մեզ եւ Դուն չ՚իմացար: Արդ, ձեր ծոմապահութեան օրերուն ձեր ցանկութիւնները կը կատարէք եւ կսկիծ կը պատճառէք բոլոր անոնց, որոնք ենթակայ են ձեզի: Հակառակութեան եւ կռիւներու մէջ կը պահէք եւ կը բռնցկահարէք տկարը: Իսկ Իմ ինչին է պէտք այդպիսի ծոմապահութեան օրը. դուք պիտի գաք պիտի բողոքէք ինծի եւ Ես պիտի չլսեմ ձեզ: Այդպիսի ծոմապահութիւն չէ, որ Ես ընտրեցի, եւ ոչ ալ այնպիսի օրը, երբ մարդ իր անձը կը տանջէ: Եթէ պարանոցդ կորացնես օղակի նման ու տակդ քուրձ եւ մոխիր տարածես, այդ ալ սակայն չեմ համարեր ծոմ եւ ընդունելի օր. այդպիսի ծոմապահութիւնը չէ, որ Ես ընտրեցի կ՚ըսէ Տէրը. քանդէ անիրաւութեան հանգոյցը, խորտակէ քու վաճառականական խարդախութիւնն ու բռնութիւնը, ներէ ու արձակէ նեղեալներն ու պատռէ բոլոր անիրաւ մուրհակները: Քաղցածներուն բաժնէ քու հացդ եւ անօթեւան աղքատները տար քու տունդ, եթէ մերկ մարդ տեսնես հագցուր զայն, բայց քու ընտանիքիդ զաւակը մի անտեսեր: Այն ժամանակ այգեբացի պէս պիտի ծաւալի քու լոյսդ. եւ արագօրէն պիտի հասնի քու ապաքինումդ, քու առջեւէն պիտի ընթանայ քու արդարութիւնդ եւ Աստուծոյ փառքը պիտի պահպանէ քեզ:

Այն ատեն պիտի կանչես եւ Աստուած պիտի լսէ քեզ. մինչեւ դուն խօսիս, Ան պիտի ըսէ. «Ահա հասած եմ»:

Եթէ դուն քու մէջէդ հեռացնես խարդախութիւնը, ձեռնձգութիւնն ու տրտունջի խօսքերը, քու հացդ յօժար սիրտով քաղցածներուն տաս եւ չքաւոր մարդիկը կշտացնես, այն ատեն խաւարի մէջ կը ծագի քու լոյսդ, քու խաւարդ կը վերածուի միջօրէի: Քու Աստուածդ ամէն ժամ քեզի հետ կ՚ըլլայ, քու անձդ ըստ ցանկութեան յագեցում կը ստանայ, եւ քու ոսկորներդ կը լիանան ու կ՚ըլլան ինչպէս ջրարբի պարտէզ, ինչպէս աղբիւր, որմէ ջուրը չի պակսիր» (Ես. 58. 3-11):

Արդարեւ, տեսնենք թէ ըստ Աստուածաշունչին ի՞նչ է պահեցողութիւնը:

Ծննդոցի մէջ ականատես կը դառնանք պահեցողութեան առաջին թելադրութեան, որ Աստուծոյ կողմէ տրուեցաւ Ադամին ու Եւային. «Տէր Աստուած պատուիրեց Ադամին ու ըսաւ. «Դրախտին մէջ ամէն ծառի պտուղներէն կրնաք ուտել, բայց բարիի եւ չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտէք, որովհետեւ այն օրը երբ պիտի ուտէք անկէ, մահկանացու պիտի դառնաք»» (Ծն 2.16-17):

Ելից գիրքին մէջ կը հանդիպինք պահեցողութեան այլ վկայութեան մը, երբ Մովսէս մարգարէն նախքան Աստուծմէ պատուիրանները ստանալը, քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր ծոմապահութիւն կատարեց. «Մովսէս Տիրոջ հետ էր քառասուն օր ու քառասուն գիշեր: Ան հաց չկերաւ, ջուր չխմեց եւ տախտակներու վրայ գրի առաւ ուխտի խօսքերը տասը պատուիրանները» (Ելք 34.28):

Տէր Յիսուս Ի՛նք եւս Իր մկրտութենէն ետք պահք պահեց: Այդ մասին կը կարդանք Մատթէոսի աւետարանին մէջ. «Յետոյ Յիսուս Սուրբ Հոգիին կողմէ տարուեցաւ անապատ՝ սատանայէն փորձուելու համար: Քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր ծոմապահութեամբ անցընելէ ետք՝ անօթեցաւ» (Մտ 4.1-2):

Մատթէոսի աւետարանին մէջ դարձեալ կը կարդանք. «Երբ ծոմ կը պահէք, տրտումերես մի՛ ըլլաք կեղծաւորներուն նման, որոնք իրենց երեսը կը կախեն, որպէսզի մարդոց ցոյց տան, թէ ծոմ կը պահեն։ Վստահ եղէ՛ք, միայն ասիկա է անոնց վարձատրութիւնը։ Ընդհակառակը, երբ դուն ծոմ կը պահես, օծէ՛ գլուխդ եւ լուա՛ երեսդ, որպէսզի մարդիկ չտեսնեն, թէ ծոմ կը պահես, այլ՝ միայն Հայրը, որ անտեսանելի է, եւ Հայրդ, որ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս» (Մտ 6.16-18):

Մարկոսի աւետարանին մէջ մեր Տէրն ու Փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոս շատ դիպուկ կերպով կը բացատրէ ճշմարիտ պահեցողութեան ինչութիւնը. «… Յետոյ Յիսուս Իր մօտ կանչեց ամբողջ ժողովուրդը եւ ըսաւ անոնց.

-Բոլորդ ալ լսեցէք զիս եւ լաւ իմացէք. որեւէ բան, որ դուրսէն կը մտնէ մարդուն մէջ, չի՛ կրնար պղծել զայն, այլ՝ ինչ որ դուրս կ՚ելլէ մարդէն, ատիկա կը պղծէ մարդը: Ով որ ականջ ունի լսելու, թող լսէ:

Երբ Ան ժողովուրդէն բաժնուեցաւ եւ տուն մտաւ, աշակերտները Անոր հարցուցին, թէ ան ի՞նչ կ՚ուզէր ըսել Իր այդ հանելուկային խօսքով:

Յիսուս անոնց ըսաւ.

-Դուք այդքան անմիտ էք: Չէ՞ք հասկնար, թէ ինչ որ դուրսէն մարդուն մէջ կը մտնէ, չի՛ կրնար պղծել զայն, որովհետեւ դուրսէն եկածը ո՛չ թէ անոր սիրտը կը մտնէ, այլ՝ անոր ստամոքսը եւ ապա դուրս կ՚ելլէ մաքրելով բոլոր կերածները:

Եւ Ան շարունակեց.

-Ընդհակառակը, ինչ որ մարդէն դուրս կ՚ելլէ, ատիկա է, որ կը պղծէ մարդը, որովհետեւ մարդուն ներսէն, այսինքն՝ սիրտէն է, որ դուրս կ՚ելլեն չար մտածումները. շնութիւն, պոռնկութիւն, գողութիւն, սպանութիւն, ագահութիւն, չարութիւն, նենգութիւն, գիջութիւն, չար նախանձ, հայհոյութիւն, ամբարտաւանութիւն, անզգամութիւն: Այս բոլորը չար բաներն են, որ մարդու ներսէն ելլելով կը պղծեն զայն» (Մրկ 7.14-23):

Գործք առաքելոցին մէջ կը կարդանք. «Անտիոքի Եկեղեցւոյ մէջ մարգարէներ եւ ուսուցիչներ կային...: Օր մը, երբ անոնք պաշտամունք կը մատուցէին Տիրոջ եւ ծոմապահութեան մէջ էին, Սուրբ Հոգին ըսաւ.

-Տրամադրեցէ՛ք Բառնաբասն ու Սօղոսը այն գործին՝ որուն կոչած եմ զիրենք:

Այն ատեն ծոմապահութեամբ եւ աղօթքով ձեռք դրին անոնց վրայ եւ եւ ղրկեցին» (Գրծ 13.2-3):

Տակաւին բազմաթիւ օրինակներ կարելի է մէջբերել Աստուածաշունչ մատեանէն, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի կերպով կը խօսին, պահքի-ծոմապահութեան մասին:

Աւարտելով, պահեցողութիւնը ճշմարիտ պահեցողութիւն կը դառնայ եւ հոգիի փրկութեան կը նպաստէ, երբ անոր ընկերակից դարձնենք Սուրբ Գիրքի ընթերցանութիւնը, որովհետեւ Սուրբ Գիրքի ընթերցանութեամբ է, որ մարդ կը գտնէ ու կը սորվի ինքնամաքրման եւ ինքնաճանաչման ճանապարհը:

Բարի ճանապարհորդութիւն բոլոր պահեցողներուն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

5 մարտ 2019, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 7, 2019