ԱՆԻԾԵԱԼ «ՔՈՐՈՆԱ»Ն ԵՒ ՄԵՆՔ

Հրահանգ է եւ վերջ: Տնեցիք ինծի բացարձակապէս արգիլեցին տունէն դուրս գալ: Իրաւունք ունին: Որովհետեւ… անէ՛ծք չար սատանային… որովհետեւ ա՛յդ «քորոնա» ըսուած ե՛ւ վախազդու, ե՛ւ մահացու որակուած անկոչ «հիւրը», մեր ապրած ա՛յս հայահոծ քաղաքն ալ հասած է: Ինծի համար մերիններուն այս կեցուածքը, պարզապէս արտայայտութիւնը եւ արձագանգն է իրենց մտահոգութեան եւ միեւնոյն ժամանակ իրենց հոգածութեան ցուցանիշը՝ հանդէպ տան մեծին, տարեցին, ծնողքին:

Իմ կարգիս, իբրեւ հնազանդ հայր, մեծ հայր եւ ամուսին, թէեւ որոշ ժամանակ մը պիտի չկարենամ թոռներուս ներկայութիւնը վայելել եւ կամ զրկում անոնց հետ խաղալէ, առողջութեանս սիրոյն, այս թելադրանք-հրահանգը սիրով ընդունած եմ: Եւ այսպէս, ինքնամեկուսման կամ տնային կամաւոր «կալանքի» այս վիճակիս մէջ, օրուան ընթացքին, ինքզինքս վերագտնելու համար, միշտ առանձնանալու կարիքը զգալով, սենեակէս ներս ինքզինքս ամփոփել փորձեցի:

Ու քիչ մը շատ մտահոգ եւ նոյնքան մտածկոտ, ամէն առաւօտ կանուխ, գրասեղանիս դիմաց նստած, սկսած եմ կամ կարդալով զբաղուիլ եւ կամ ալ համակարգիչիս վրայ մտորումներս արձանագրել: Երանի, կ՚ըսեմ մտովի, թոռներս ու իրենց նման պարտադիր արձակուրդ առած բոլոր աշակերտները, ամէնօրեայ ընթերցումներով զբաղուին: Բայց այս մէկը ուրիշ հարց է: Իսկ իմ կարգիս, երբեմն ալ սենեակիս պատուհանը զարդարող ճերմակ ու թափանցիկ վարագոյրը վեր առնելով՝ հետաքրքրութեամբ դուրսը դիտել կ՚ուզեմ: Մեր թաղը:

Թաղ ըսի: Աստուած իմ, կատարեալ մեռելութիւն: Ամայութիւն: Ո՛չ եկող եւ ո՛չ ալ գացող: Մեր այս տարածութիւնը այսքան անաղմուկ չէ եղած, երբեք: Աներեւակայելի, բայց իրաւ: Նոյնիսկ երկու մայթերու եզերքին շարուած ինքնաշարժները, կարծես սառած ըլլան: Անշարժ եւ անգործածելի: Թաղի փոքրերուն ձայներն ալ քաշուած են մայթերէն: Նոյնիսկ պատկից դրացիս, որ օրական քանի մը անգամ թաղին մէկ ծայրէն միւսը քալելով, իր «մարզանքը» կ՚ընէ, ան ալ կ՚երեւի ինծի նման, տան մէջ ինքզինք բանտարկած ըլլալու է: Մէջտեղ չկայ:

Անոր համար, օրերս, զանազան հասկնալի եւ տարօրինակ մտածումներով խառնուած, կապած եմ առօրեայ մտահոգութիւններուս: Մէկ խօսքով, դարձած եմ նոր սովորութիւններու գերին: Այս բոլորին կողքին աւելցնեմ, որ հայրենի եւ տեղական հեռատեսիլի կայաններէն սփռուած լուրերը անպայման մտիկ կ՚ընեմ: Չեմ «փախցներ»: Ինքնաբերաբար այդ պահուն կը կապուիս նկարներուն, ձայնին եւ բառերուն, որոնք կը ստեղծեն պահեր, որոնք չեն մոռցուիր: Բոլոր արտասանուած բառերը կը պարտադրեն յստակ իրականութիւն մը: Ու կրկին եւ կրկին ինքնաբերաբար, իբրեւ մարդ, եւ հայ մարդ՝ կը մտահոգուիմ: Ինծի այնպէս կը թուի, թէ աշխարհը սկսած էր փոխուիլ:

Անկեղծօրէն նման մտածումներու անթիւ փշրանքներով կը լեցուի միտքս: Բայց միշտ կ՚ուզեմ, որ այս միտք ըսուածը ազատուի այն բոլորէն, որոնք փուշի նման խռուած են գլխուս մէջ: Ասիական համերգը յիշեցնող միշտ նոյն եւ լայն հարցումը կրող ցաւագին միտքեր, տխուր եւ երկար, որոնք կը հրաժարին կանգ առնել:

«Քորոնա» ժահր, «Քորոնա» ժահրախտ, «Պսակաժահր», «Պսակաձեւ» ժահր, «Պսակաւոր» եւ կամ «Քորոնա» թագաժահրախտ, ինչ կ՚ուզէք անուանեցէ՛ք, նոյնն է. մարդասպան համաճարակ մը ըլլալէ չի դադրիր: Ժահր մը, որ այս օրերուն սարսափի մատնած է ամբողջ աշխարհը: Ու երկրէ եւ կամ քաղաքէ ներս՝ ժահրին տարածումը զսպելու նպատակով, արտակարգ դրութիւն հռչակուած է։ Այս կը նշանակէ, որ այս տագնապին պարտադրած արտակարգ իրավիճակի պայմաններուն եւ պահանջներուն ենթարկուելու պարտաւորութեան տակ ենք, բոլորս ալ անխտիր, սակայն որքան ժամանակով, տակաւին յայտնի չէ: Այս նաեւ կը նշանակէ, թէ աշխարհը այս ժահրի ստեղծած փոթորիկներով մեծապէս ու ծանրօրէն ցնցուած է եւ տակաւին այնպէս կ՚երեւի, թէ հորիզոնին վրայ սկսած են կուտակուիլ մութ ամպեր, որոնք «կ՚աւետէին» սոսկալի «մրրիկներու» գալուստը: Այլ խօսքով, համայն աշխարհը, վարակիչ եւ մահացու ժահրին տեսակաւոր «բոցերուն» մէջ կ՚այրի: Համայնակուլ աղէտ: Սարսափելի: Երկրագունդը շրջուած է կարծես: Ամէն երկիր իր խնդիրներով սկսած է «տապկուիլ»: Այսինքն, ինքն իր մէջ կծկուած, մեկուսացած ապրիլ: Ամէն տեղ կեանքը չարացած է: Այլեւս աշխարհը ուրիշ է, ու կեանքն ալ ո՛չ համ ունի եւ ո՛չ ալ հոտ: Ո՞ւր մնացին մեծ բաղձանքները, մեր յոյսերը, մեր խորհուրդները, մեր ծրագիրներու սիրոյն տարուելիք աշխատանքները, եւ վերջապէս, մեր բոլորին՝ ակնկալութիւնները: Հաստատապէս՝ վաղուան անստուգութիւն: Ահա այս օրերու մեր վիճակը։ Անոր համար տակաւին ներսս կը վխտան ծանօթ ու անծանօթ կուտակումներ:

Պէտք է, ըսել, որ ժահրին յատուկ մատնանշումները արդէն կատարուած են: Բոլորս շատ լաւ գիտենք եւ կը տեսնենք, որովհետեւ աշխարհը այլեւս բաց գիրք է, ամէն մարդ կրնայ իր մատներով թղթատել զայն: Այլեւս չկայ հեռու կամ մօտ, իմս կամ քուկդ: Անոր համար այս դարը մռայլ է: Թէեւ հետաքրքրական, բայց միաժամանակ սարսափազդու: Ու այս ճակատագիրն է, որ կը հիւսէ աշխարհի մեր կեանքը: Ու այդ ճակատագիրը նախասահմանուած չէ: Ուղղութիւնները շատ են: Նպատակները բազմազան: Իսկ ընտրութիւնը՝ կախում ունի մեր կամքէն: Ուստի ամենէն առաջ՝ պէտք է լսել եւ յարգել հրամցուած մօտեցումներն ու ցուցմունքները: Ու ամենէն կարեւորը՝ մեզմէ կ՚ակնկալուի եւ կը պահանջուի յաւելեալ զգաստութիւն:

Արդ, խնդրեմ ըսէ՛ք, ինչպէ՞ս հաւատալ վաղուան արեւին: Որովհետեւ… դժուար էր երէկը հաշտեցնել այսօրուան հետ: Երկիրներ դժբախտութեան հետ դաշինք կնքած են կարծես: Տեսանելի է: Արդ, ի՞նչ բանի կառչիլ: Այս բոլորին դիմաց, այս նոր աղէտին ներկայութեան, կը զգաս կեանքի արժէքը եւ անպայման հաւատքին եւ յոյսին աղաղակը լսելի կ՚ուզես դարձնել: Եւ մենութեանս մէջ շատ մտածումներ, սարսափով մտքէս կ՚անցնին: Յոյսերու քայքայում, որուն հետեւանքով զգացումը կը խեղդուի կուրծքիդ մէջ:

Այս օրերուն ամէն երկրի հորիզոնին վրայ խտացած է մահուան շունչը: Ֆիզիքական ոչնչացման վտանգը կախուած է: Կարելի չէ ընտրել ո՛չ օրը եւ ոչ ալ ժամը: Ամէն օր եւ ամէն վայրկեան դէպքերը կը վազեն ճակատագրին ետեւէն: Ուստի՝ անհրապոյր ժամեր եւ օրեր:

Այս է կեանքը: Ժողովուրդներու բաժին ինկած է քանդիչ ցնցումներ, կեանքի սպառնալիքներու կողքին:

Մարդոց ուղեղներու մէջ վախը ամէն բան քանդած է եւ կարգ մը տեղեր կեանքն ալ կորսնցուցած է իր հրապոյրը: Ցաւալի իրականութիւնն է, որ կ՚ապրի բոլորի հոգիներուն մէջ, բարձրահունչ ահազանգի նման՝ տագնապալից: Մարդիկ, մեծով պզտիկով աստուածներու ջերմութեամբ ծունկի կու գան եւ երկինքէն ողորմութիւն կը խնդրեն: Ամէն երկիր մէջ կայ տխրութիւն եւ կայ մահ:

Ահա թէ ինչո՛ւ հազար անգամ երգուած կրկնուած խօսքերս, աղօթքներս ու աղերսներս յանկարծ կը յիշեմ, սրտիս մէջ պահելով կեանքիս հին նկարները: Կը զգամ, որ բոլորին նման ես ալ սկսած եմ յոյս մուրալ: Բայց կարծես այդ մէկը կ՚ուշանայ: Մտքիս մէջ մեր վաղն է միշտ, իմս, ընտանիքիս, գաղութիս, հայրենիքիս: Այս բոլորը կամաց կամաց արթնցող բաբախումներ են, կեանքի պայքարէն վիրաւոր եւ յուսախաբ միտքերով միասին: Այս չի նշանակեր, որ ամէն բան բախտին պէտք է ձգել: Այո՛, շատ դժուար է կշռել տարողութիւնը կորուստներուն: Սակայն եւ այնպէս կարեւոր է, թէ ինչպէս կ՚ըմբռնենք կեանքն ու հասարակութիւնը: Այլեւս յստակ է, թէ փոխուած են ժամանակները ու նաեւ ապրելու եւ գոյատեւելու մեր պայմանները: Ու թէեւ կարճամտութիւն է խօսիլ առարկայական պայմաններու մասին, բայց հակառակ այս բոլորին կ՚ուզեմ մտածումներովս լռութիւնը եւ ուրախութիւնը որսալ: Եւ կը մաղթեմ, որ ամէն մարդ անհատ, եզակի սակայն հաստատ ինքնագոհութեամբ դիմէ իր գիտակցութեան:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2020