ԻՇԻՊ-Ը ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱ՞Յ
Մուսուլէն մինչեւ Ռաքքա, ԻՇԻՊ-ի հակիրճ «կենսագրական»ը։
Ապու Պաքըր Ալ Պաղտատիի երեւումը առաջինն էր վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին։ ԻՇԻՊ («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) անունը կրող ահաբեկչական խմբաւորման ղեկավարը առաջին անգամ երեւացած էր 2014 թուականին, Իրաքի մէջ։ Այդ օրերուն ահաբեկչական խմբաւորումը կը գտնուէր տարերքի մէջ ու Պաղտատի «լաւ հասկնալով» իրավիճակին «մոմենթոմ»ը, դէմս աշխարհին կը յայտարարէր ԻՇԻՊ-ի ստեղծման մասին։
Յայտարարութիւնը կը հնչէր Իրաքի Մուսուլ քաղաքէն, որ աւելի վերջ ալ կը դառնար (շատ կարճ ժամանակի մը համար) ԻՇԻՊ-ի կարեւորագոյն կեդրոնատեղիներէն մին։ Հոն էր նաեւ, որ ԻՇԻՊ կը յաջողէր ստեղծել հասարակական կեանք եւ իսլամական շերիաթի ճամբով ղեկավարել իրեն հետեւող հասարակութիւնը։ Ի դէպ այդ օրերուն էր նաեւ, որ արեւմտեան զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ մէկը միւսին ետեւէն «տաք» յօդուածներ կը պատրաստէին Մուսուլի մասին, փորձելով նկարահանել քաղաքին մէջ առօրեայ կեանքի ամենահետաքրքրական երեսակներն ու դրուագները։
ԻՇԻՊ-ը՝ իր զանազան անուանումներով, իր սեւ ու սպիտակ դրօշակով, երկարամօրուք ճիհատականներով կը հանդիսանար միջազգային լրատուական դաշտի գլխաւոր «նիւզ մէյքըր»ը, կերպով մը՝ «լուր պատրաստողը»։
Ճիշդ է, որ ԻՇԻՊ նաեւ իր ներկայութիւնը փաստեց Սուրիոյ մէջ, ուր եւս դարձաւ ազդեցիկ ուժ, ներկայութիւն ու տարաւ զանազան տարողութեամբ մարտեր։
Հասաւ մինչեւ Փալմիրա. Սուրիոյ ամենէն պատմական քաղաքներէն մին. ապա հոն իր բարբարոսական մօտեցումները յաչս աշխարհին ցոյց տալէ ետք հեռացաւ դէպի Ռաքքա, որ Մուսուլէն ետք դարձաւ ԻՇԻՊ-ի գլխաւոր քաղաքներէն մին։
ԻՇԻՊ-ի Սուրիոյ մէջ ունեցած ներկայութիւնը ազդեցիկ էր։ Ճիշդ է, որ այդ ներկայութիւնը երկար չտեւեց ու կարծուածին պէս ահաբեկչական խմբաւորումը չկարողացաւ դիմադրել իր դէմ մարտի ելած ուժերուն, սակայն յստակ էր, որ արմատական ու ամենածայրայեղ ընկալումներով երեւան եկած ուժը կարողացաւ տակնուվրայ ընել Սուրիոյ «զինուորական քարտէս»ը եւ նոյնիսկ մասնատել ռազմական գետնի վրայ կարեւոր համարուած ձեռքբերումներու հասած իսլամէտ ջոկատները։
Այլ իմաստով ալ ԻՇԻՊ կարողացաւ մահացու հարուած տալ Սուրիոյ ընդդիմադիր այն ուժերուն, որոնք հանդէս կու գային ոչ-իսլամէտ, չափաւորական ու նոյնիսկ լաիք դիրքերէ։
Կազմակերպութիւնը բաւական կարճ ժամանակի մէջ յաջողեցաւ Սուրիան դարձնել «ճիհատականներու օրրան» ու այդ գործելաոճի ճամբով անդամագրել հիմնականին մէջ օտար՝ ոչ-սուրիացի կռուողներ, որոնք իրենց բնօրրանը լքելով հասան Սուրիա՝ մասնակից դառնալու համար «սուրբ պատերազմ»ի։
Այսքան գործ կատարելէ, նաեւ գետնի վրայ յստակ ու բացայայտ առաւելութիւն մ՚ունենալէ ետք ԻՇԻՊ ապրեցաւ անկումի փուլ մը, որուն պատճառները ցարդ կը շարունակեն մնալ անյայտ։
Հալէպի ծայրամասերուն գտնուող ԻՇԻՊ-ի ջոկատներ ահեղ մարտերու մտան այդ քաղաքի քիւրտ զինեալներուն հետ ու ծանր պարտութիւն կրելէ ետք մասնատուեցան ու տեղի տալով հեռացան։ Այդ փուլը արդէն 2016 թուականի տարեվերջն էր, երբ Սուրիոյ բանակը կը յաջողէր «կոտրել» Հալէպի դէմ գոյացած պաշարման օղակը եւ քաղաքի կեդրոնական հատուածներէն վտարել ԻՇԻՊ-ն ու այլ ահաբեկչական խմբաւորումները։
Այդ փուլէն ետք ալ ընթացք կ՚առնէր Ռաքքան ԻՇԻՊ-աթափելու գործընթացը, որուն մէջ կարեւոր դերակատարութիւն կ՚ունենային արեւմտեան դաշինքի ուժերը՝ գլխաւորութեամբ Միացեալ Նահանգներու։
Երկար չէր տեւեր Ռաքքայի ճակատամարտը ու բաւական կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին ԻՇԻՊ ստիպուած կ՚ըլլար լքել այդ քաղաքն ու թափանցել Տէր Զօր նահանգի մերձակայքը գտնուող անապատային շրջաններ, որոնք յայտնի են «Ալ Պատիյա» անունով։ Անշուշտ այս բոլորը կը կատարուէին Իրաքի մէջ տեղի ունեցող դէպքերէն անմիջապէս ետք, երբ ԻՇԻՊ գրեթէ մահացու հարուած մը ստանալով կը նահանջէր իր ընտրելագոյն քաղաք համարուող՝ Մուսուլէն։
Այս փուլէն ետք սկիզբ կ՚առնէր ԻՇԻՊ-ի «մեծ պարտութեան» ժամանակաշրջանը, որուն մասին համահաւասար յայտարարութիւններ կը կատարէին թէ՛ Մոսկուան եւ թէ Միացեալ Նահանգները։ Նախագահ Թրամփ ռուսերէն քիչ մը աւելի հեռուն երթալով «կ՚աւետէր», որ ԻՇԻՊ «մեծ պարտութիւն» կրեց Սուրիոյ մէջ ու այդ յայտարարութիւններուն զուգահեռ «կ՚աւետէր» ամերիկեան ուժերուն Սուրիայէն ընդմիշտ հեռացումը, որ այնպէս ալ իրականութիւն չէր դառնար։
Ինչ կը վերաբերի ռազմական գործողութիւններուն, ԻՇԻՊ-ի «վերջնական պարտութեան» գրոհները տեղի կ՚ունենային Սուրիոյ Ալ Պաղուզ շրջանին մէջ, ուր ռազմական գործողութիւններու գլուխը կ՚անցնէր Սուրիոյ քրտական «Դեմոկրատական ուժեր»ը։ Հոն եւս պարզ կը դառնար, որ ԻՇԻՊ-ի զինեալներու ջախջախիչ տոկոսը կը պատկանէր ոչ-սուրիացի օտարազգի զինեալներու, որոնցմէ շատեր կը թաքնուէն Ալ Պաղուզէն դուրս եկող քաղաքայիններու շարասիւններուն մէջ ու այդպէսով կ՚երթային դէպի աւելի ապահով շրջաններ։
Անշուշտ մինչեւ Ալ Պաղուզ շրջանի ռազմական գործողութիւններու աւարտը, ու յատկապէս, այդ ճակատամարտի աւարտէն ետք, բոլոր կողմերը կը յանգէին այն եզրակացութեան, թէ ԻՇԻՊ-ի «վերջը եկաւ» ու Միջին Արեւելքի մէջ ընթացք կ՚առնէր նոր փուլ մը, որ կը նշանաւորուէր առանց ԻՇԻՊ-ի, հետեւաբար նաեւ առանց ահաբեկչութեան շրջանի մը սկիզբով, որ սակայն ընդամէնը պատրանք էր, նաեւ սպասողական փուլ բոլոր անոնց համար, որոնք յաջողած էին ճի՛շդ ընկալել եւ նոյնիսկ ճիշդ հասկնալ ԻՇԻՊ-ի գործելաոճը։
Ալ Պաղտատիի երեւումը.
Մեծ հարցականներու սկիզբ
Անցնող երկու տարիներուն ընթացքին եւ յատկապէս այն ժամանակ, երբ իրաքեան Մուսուլը դարձաւ ահաբեկիչներէ զերծ քաղաք մը, լրատուական աղբիւրներ լուրեր սկսան տարածել այն մասին, թէ ԻՇԻՊ-ի գլխաւոր ղեկավար համարուող Ապու Պաքըր Ալ Պաղտատի ծանրօրէն վիրաւորուած ու ապա մահացած է. եղան նաեւ ենթադրութիւններ, թէ Պաղտատի անցած է ընդյատակ, նաեւ հրաժարած է ԻՇԻՊ-ի գլխաւոր առաջնորդի դերէն։
Այդ լուրերու փուլէն ետք առհասարակ լրատուական դաշտի ներկայացուցիչներ լռութիւն պահեցին նշեալ նիւթին ու յատկապէս Պաղտատիին մասին, որուն ճակատագիրը այնքան ալ կարեւոր չէր, որքան անոր ղեկավարած ահաբեկչական խմբաւորման ճակատագիրը։
Ու ահա շաբաթ մը առաջ անոր երեւումը առիթ կը հանդիսանար զանազան մակարդակի վերլուծութիւններու։
Շատ մը վերլուծաբաններ եւ իսլամական հարցերու մասնագէտներ կը յայտարարէին, որ Պաղտատի այս տեսանիւթով կը փորձէր աշխարհին ըսել, թէ ինք չէ սպաննուած ու սովորականին պէս կը շարունակէ իր պաշտօնը։ Ուրիշներ կը յանգէին այն եզրակացութեան, թէ երեւումը առհասարակ կը նպատակադրէր մէկ բան. վախ ու սարսափ տարածել բոլոր այն երկիրներուն մէջ, որոնք վերջին շրջանին ու յատկապէս Պաղտատիի երեւումէն առաջ ալ դարձած էին ծանր ահաբեկչութեան թատերաբեմ։
Տակաւին կար կողմ մը, որ կը հաւատար, թէ Պաղտատի «անհամբեր» կը սպասէր մեծ ահաբեկչութեան մը, որմէ ետք ալ պիտի երեւէր, նաեւ իր «օրհնութիւն»ը՝ ահաբեկչութիւնը իրականացնող իր մարտիկներուն ու խօսէր իրենց կազմակերպութեան ապագայ ծրագիրներուն մասին։
Անշուշտ վաղ է վերջնական եզրակացութեան մը յանգիլ ու ըսել, թէ ճիշդ այդ նպատակին համար էր, որ Պաղտատի երեւան գալով տագնապի կը մատնէր ԻՇԻՊ-ի մասին երկար ժամանակէ ի վեր «լուռ մնացող» լրատուական ծառայութիւնները, սակայն կարեւոր էր հաշուի առնել, որ Պաղտատի կը խօսէր նոր ծրագրերու մասին, նաեւ կը յայտարարէր, թէ իր ղեկավարած ահաբեկչական խմբաւորումը «չէ մեռած»։
Այս առումով ուշագրաւ տեսակէտ կը յայտնէ հայաստանցի արաբագէտ Սարգիս Գրիգորեան, որ նաեւ կը դիտարկէ, թէ Պաղտատի այս երեւումով կը նախապատրաստէր այն փուլը, որ ԻՇԻՊ պիտի թեւակոխէ անոր հեռացումէն ետք։ Գրիգորեան նաեւ չէր բացառեր, որ Ալ Պաղտատիի մօտ եղող եւ իրենց դէմքերը ծածկած զինեալները շատ հաւանաբար դառնան զինք փոխարինող առաջնորդները։
Այս բոլորը անշուշտ ենթադրութիւններու սահմանը չ՚անցնիր ու յստակ է նաեւ, որ այս փուլին ամենակարեւոր հարցը Պաղտատիի երեւման տեսանիւթին իրական ըլլալու հանգամանքի ճշդումն է, ինչ որ ինքնին բաւականին բարդ խնդիր մըն է։
Արդեօք նո՞ր էր տեսանիւթը եւ արդեօք հրապարակուած տեսանիւթին մէջ Պաղտատիի կողմէ հնչեցուած սպառնալիքները իրականութիւն պիտի դառնա՞ն։
Յառաջիկայ փուլը բաւական կարեւոր է այն առումով, որ շատ արագօրէն պարզ պիտի դառնայ, թէ Պաղտատի որքանո՞վ ճիշդ է։ Աւելի՛ն. արդեօք իր ղեկավարութեան տակ մնացող ահաբեկչական բջիջները պիտի կարողանա՞ն ԻՇԻՊ-ի համար «ուժեղ վերադարձ» մը ապահովել։
Սպասենք…
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան