«ԻՆՁ ՍՆԱՀԱՒԱՏ ՉՀԱՄԱՐԷՔ…»

Երեւանի կեդրոնական փողոցներէն մէկուն մայթին վրայ, վաթսուններուն բարեւ տուող, իր արդուզարդին ուշադիր կին մը, շեղ քայլերով կը յառաջանար եւ դիմակին տակէն լսելի քրքիջ մը կ՚արձակէր: Դէմքէն միայն աչքերը կ՚երեւէին, բայց արդէն բաւարար էր անոնց տեսքէն նկատել տարօրինակ եւ ձայնեղ ուրախութիւն մը: Կը խնդար կինը այն աստիճան, որ, ո՞ւր որ է, աչքերէն արցունք պիտի գլորէր:

Այս օրերուն խնդուք չէ, ժպիտ նշամարելն իսկ հազուագիւտ է, բայց ուրախալի է տեսնել մարդիկ, որոնք կը յաղթահարեն նեղութիւնը եւ կ՚ապրին սովորական:

Խնդուքը նշմարողը ժպիտ մը նետեց ու անցաւ անոր քովէն. թերեւս անցորդները մտածեցին, թէ ան հոգեկան խանգարում ունի, թերեւս ափսոսացին իր հարազատներուն կրած նեղութիւնը պատկերացնելով պահ մը, թերեւս ցաւոտ լուրերու տարափէն ցնդած մը համարեցին զայն... ու անցան, գացին իւրաքանչիւրը իր ապրումներուն համեմատ տպաւորութիւն մը դրոշմելով:

Խնդուքին մէջէն աչքերս որսաց ու անցաւ քովէս, խնդացի ես ալ իրեն նայելով եւ կ՚անցնէի տպաւորութեանս անուն փնտռելով, երբ.

-Ինձ սնահաւատ չհամարէք,- նկատելով թերեւս պարոյկը նայուածքէս, դարձաւ եւ սկսաւ պատմել,- գիտէք չէ՞ այն սնոտիապաշտութիւնը, ըստ որի, երբ դատարկ տուփի դէմից անցնէք, անյաջողութիւն կը սպառնայ ձեզ:

Չէի լսած այս սնոտիապաշտութեան մասին, հետաքրքրութեամբ շարունակեցի լսել զայն եւ մայթեզրին նետուած դատարկ տուփերը նկատելով պատկերն ու պատումը իրար ամբողջացուցին: Դէմքին վրայ կը գծուէր մերթ ուրախութիւն, մերթ անհանգստութիւն: 

Կ՚ուզէր չհաւատալ բանի մը, որ իր մէջ բոյն դրած է թերեւս մանկութենէն, կ՚ուզէր ժխտել իրականութիւն համարածը, անով մեծցածը եւ զայն փոխարինել իրական հաւատքով, բայց դրդում մը կար ներսէն, դրդում մը, որ թոյլ չէր տար չնշմարել եւ չենթարկուիլ սինին, գալիք հնարաւոր դժբախտութեան մը, անյաջողութեան մը թերեւս տեղի ունենալը կը չարչրկէր զայն ներքուստ, թերեւս պատահած համատարած դժբախտութիւններուն հատ մը եւս աւելնալը կանխել կ՚ուզէր այսպիսով:

Կը պայքարէր ան իր մէջ, հաւատքի եւ չհաւատքի պայքարը կ՚եռար աչքերուն մէջ, դէմքին շարժումներուն վրայ խաղը կար անոնց եւ ձայնին ելեւէջներուն մէջ կը բնակէին, երբ կ՚ակնարկէր, թէ ճամբան լրիւ չէր փոխած, այլ պարզապէս քայլերը շեղած էր, որպէսզի ուղղակի դատարկ տուփին դէմէն չանցնի:

Կը խօսէր ու նախադասութիւնները կ՚ընդհատէին քահքահներով, կը խնդայինք երկուքս, ինք կը շարունակէր նոյն նախադասութիւնները կրկնել, կ՚երեւի հնչիւններէս նկատած ըլլալու էր սփիւռքահայու առոգանութիւնը եւ ուրախ էր, որ իր այս խօսքերով կարողացած էր ժպիտ, խնդուք պատճառել զրուցակիցին:

Պատմեց նոյնը երկու անգամ՝ նոյն ձեւով, նոյն ուրախ ընդհատումներով, ապա աւարտեց սինին ժխտումն ու ընդունումը միատեղող նոյն խօսքով՝

-Ինձ սնահաւատ չհամարէք...

Վերջին նախադասութեամբ խնդուքը հետզհետէ ժպիտի կը վերածուէր, նայուածքէն կը փարատէր քիչ առաջուան անհանգստութիւնը, իսկ դէմքը խաղաղութիւն կը հագուէր:

Պայքարը, բոլոր ջանքերով, հասած էր աւարտին եւ կարողացած էր թերեւս զրուցակիցին մտքին մէջ թողուլ այն տպաւորութիւնը, որ ինք սնահաւատ չ«է»:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Մայիս 7, 2021