ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Յաճախ գործ մը կ՚ընենք, սակայն ժխտական արդիւնքի կը հասնինք: Մենք մեզի կ՚ըսենք. «Բայց չէ՞ որ ըրածիս մէջ սխալ բան չկար»: Ի՞նչ է այս վիճակը:

Պատասխան. Առակացին մէջ կը կարդանք. «Մարդուն ճամբան իրեն ուղիղ կ՚երեւնայ, բայց Տէրը սրտերը կը կշռէ» (Առ 21.2):

Մարդ յաճախ կը կարծէ, թէ ինչ ճիշդ ուղղութեան վրայ է: Այդ ունի իր պատճառները, կա՛մ հպարտութիւնը, կամ ուրիշներու լսելու ունակութիւն չունենալը, կամ եսասիրութիւնը: Բոլորին աղբիւրը մէ՛կն է, սատանան, որ այս ձեւերով մարդս կը խաբէ եւ զինք ճշմարտութեան եւ արդարութեան ճամբայէն կը մոլորեցնէ:

Նման վիճակի մէջ մարդ չի՛ յայտնուիր, երբ ինքզինք եւ իր գործերը Աստուծոյ կը յանձնէ, Անկէ առաջնորդութիւն եւ օգնականութիւն կը խնդրէ: Ով որ Աստուծմով սպառազինուած ըլլայ, ապա նման վիճակի մէջ չի՛ յայտնուիր, որովհետեւ իր սիրտը արդէ՛ն իսկ Աստուծոյ յանձնած է եւ Աստուած է որ կ՚առաջնորդէ զինք:

Հետեւաբար, որպէսզի մեր ընթացքը ուղիղ ըլլայ, ուշադրութեամբ վարուինք, թոյլ չտանք որ չարը տարբեր ձեւեր օգտագործելով մոլորեցնէ մեզ ուղիղ ընթացքէն: Ատոր համար մարդ կարիք ունի մնայուն աղօթքի եւ Աստուածաշունչ կարդալուն, որով ինքզինք պաշտպանած կ՚ըլլայ չարի յարձակումներէն ու մոլորութեան առաջնորդող խաբկանքներէն:

Մարդ պէտք է միշտ ինքզինք դատէ, ինքզինք քննէ, որպէսզի վստահ ըլլայ որ չէ՛ հեռացած Աստուծմէ, չէ՛ շեղած ճշմարտութեան ճանապարհէն: Ինքզինք դատելը մարդս հեռու կը պահէ հպարտութենէն եւ եսասիրութենէն, որով գիտակցելով իր հող ըլլալուն, մնայուն կերպով Աստուծոյ շնորհակալութիւն կը յայտնէ, բոլոր այն պարգեւներուն եւ օրհնութիւններուն համար, որ Տէրը շնորհած է իրեն:

Սուրբ Ամպրոսիոս կը գրէ. «Անոնք որոնք իրենց մեղքերը կը դատապարտեն ճշմարիտ քրիստոնեաներ չե՞ն, աւելի լաւ քան անոնք՝ որոնք կը մտածեն պաշտպանել զանոնք: Արդար մարդը իր խօսքին սկիզբը ինքզինք կը մեղադրէ» (Առ 18.17): Ով որ մեղանչած ատեն ինքզինք կը մեղադրէ, ապա այդպիսին արդար է, եւ ո՛չ թէ ան՝ ով ինքզինք կը գովէ»: Իսկ Սուրբ Կղեմէս Աղեքսանդրացին, կը գրէ. «Իւրաքանչիւր անհատի դիմաց դռները կը բացուի, որ Աստուծոյ կը դառնայ արդարացիօրէն եւ ամբողջական սիրտով, եւ Աստուած մեծ ուրախութեամբ կ՚ընդունի ճշմրտապէս զղջացած Իր որդին: Ճշմարիտ զղջումը այն է, որ այլեւս չկապուի այն մեղքերուն՝ որոնցմէ հեռացաւ…, այլ՝ զանոնք ամբողջութեամբ արմատախիլ ընէ իր մէջէն: Զանոնք արմատախիլ ընելով, Աստուած քու մէջդ Իր բնակութիւնը կը հաստատէ: Ըսուած է, թէ անսահման ուրախութիւն եւ տօն կը տիրէ երկինքներուն մէջ Հօր եւ հրեշտակներուն մօտ, երբ մեղաւորը դարձի կու գայ ու կը զղջայ: Այս է պատճառը, որու համար բարձրաղաղակ կ՚ըսէ. “Ողորմութիւն կ՚ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ”»:

Հ. Առակագիրը ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ այս նախադասութեամբ. «Սուտ լեզուով գանձեր վաստակիլը մահը փնտռողներուն հալածած ունայնութիւնն է» (Առ 21.6):

Պ. Այս արտայայտութիւնը գլխաւորաբար ուղղուած է անօրէն եւ անարդար կերպով հարստութիւն դիզողներուն: Այսինքն՝ այն մարդոց, որոնք ուրիշները շահագործելով դրամ կը շահին, խաբելով, գողնալով, ստելով իրենց հարստութիւնը կը մեծցնեն ու կ՚աւելցնեն: Ահա այսպիսներուն է, որ առակագիրը կը նմանցնէ մահ փնտռողներու, որ խորքին մէջ ունայնութիւն է: Ի՞նչ օգուտ մարդուն շատ հարստութիւն երբ այդ հարստութիւնը ո՛չինչով պիտի օգնէ իրեն, կամ ո՛չ մէկ օգուտ պիտի բերէ իրեն:

Անդին, շատ յաճախ մարդիկ բամզաթիւ հարստութիւն ձեռք կը բերեն, սակայն կեանքի մէջ այնպիսի պարագաներու կը հանդիպին, որ իրենց ամբողջ ունեցուածը ո՛չինչ օգուտ կը բերէ իրենց: Տանք օրինակ մը.

Կը պատմուի, թէ մեծահարուստ մը անապատին մէջ կը կորսուի: Իր մօտ եղած ուտելիքն ու ջուրը կը վերջանան, որով կը սկսի տկարանալ ու իր մարմինը այլեւս չի՛ դիմանար տաքին, քրտինքին ու փոշիին: Յանկարծ, հեռուն պայուսակ մը կը տեսնէ: Վազելով կը հասնի պայուսակին՝ յուսալով որ անոր մէջ ջուր գտնէ, որով իր ծարաւը քիչ մը յագեցնէ: Սակայն, կը յուսախաբի, երբ պայուսակը բանալով այնտեղ մարգարիտ կը գտնէ, ու կը բացագանչէ. «Ափսո՜ս, որ ասոնք մարգարիտ են»: Թէեւ մարգարիտը մեծագին ու մեծարժէք է, սակայն, մեծահարուստին այդ դժուարութեան մէջ աւելի նախընտրելի էր պուտ մը ջուրը:

Այս պատմութիւնը կը սորվեցնէ մեզի, որ մարդ պէտք չէ կառչի հարստութենէն, ունեցուածքէն, դրամէն, որովհետեւ այդ բոլորը այսօր կան, վաղը կրնան չըլլալ: Յիշենք Յոբ Երանելիին վիճակը: Պահ կար որ ամէն ինչ ունէր, սակայն պահ եկաւ որ կորսնցուց ամէն ինչ, սակայն, մարդուն համար ամենէն թանկագինը չկորսնցուց՝ զԱստուած չկորսնցուց: Չհեռացաւ Աստուծմէ, ընդհակառակը ա՛լ աւելի կառչեցաւ ու մօտեցաւ Անոր, վստահելով Աստուծոյ անսահման բարութեան, արդարութեան ու ողորմութեան:

Այսօրուան մարդը եւս պէտք է այդպէս վարուի, այսինքն՝ կառչի Աստուծմէ եւ վստահ ըլլայ, որ Աստուած ըստ արժանւոյն ինչ բանի կարիքը որ ունի կու տայ իրեն: Կարեւորը մարդուն կառչածութիւնն է Աստուծմէ եւ ո՛չ թէ ժամանակաւոր հարստութենէն, որ առակագիրի բնորոշումով մահի փնտռտուք է եւ ունայնութիւն:

Աւարտենք Պետրոս Արք. Բերդումեանի մէկ մտածումով՝ հարստութեան պատրանքի մասին.

Հարստութեան պատրանքները երկուքն են.

Նախ՝ [այն պատրանքները, որոնք] կը խաբեն անոնց, որոնք կ՚աշխատին հարստութիւն ձեռք բերել, իսկ անոնք որոնք հարստութեան կը ձգտին, սատանայի փորձութիւններուն մէջ կ՚իյնան. ահա՛ խաբուածը: Բացի աշխարհականներէն, նմանատիպ ախտաւոր եկեղեցականներ ալ կան:

Երկրորդ՝ [հարստութեան այն պատրանքներն են, որոնք կը խաբեն] անոնց, որոնք արդէն [հարստութիւն] ձեռք բերած են, որոհետեւ իրենց գեղեցկութեամբ զգայարանները կը խաբեն, որ ատկէ առաւել մեծ հաճոյք կը ստանան, քան Աստուծոյ խօսքէն: Ուստի, երբ խօսքը կը լսեն, անտեսելով՝ մեծամեծ հոգերով կը վատնեն ժամանակը՝ ցանկալի բաները ստանալու համար, որովհետեւ հոգիէն աւելի մարմինը կը սիրեն: Այսպիսին էր այն պատանին, որ հրըստութեան հետ Աւետարանական կատարելութիւնն ալ կը ցանկար ունենալ նաեւ (տե՛ս Մտ 19.16): Եւ երբ Տէրը ունեցուածքի հանդէպ [պատանիին] մեծ սիրոյ պատճառով, ցոյց տուաւ անհնարինութիւնը, ան խօսքը խեղդեց, թէեւ տրտմութեամբ [ըրաւ այս]:

Թշնամին նենգութեամբ կը խնդրէ ամրոցը՝ խոստանալով խաղաղութիւն եւ հանգստութիւն, բայց երբ կը ստանայ զայն, թոյն կը թափէ: Նմանապէս հարստութիւնը խաղաղութիւն եւ հանգստութիւն կը խոստանայ, բայց երբ [մարդուն] սիրտը կը գրաւէ, անչափելի հոգերով կը լեցնէ, յատկապէս՝ վիշտերով եւ մտազբաղութեամբ: Ա՛յս է հարստութեան պատրանքը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 93

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մայիս 7, 2024