ՂԵԿԱՎԱՐՈՒՄ. ՆԵՐԿԱՅԻ՞Ս ԴԺՈՒԱՐ Է, ԹԷ ԱՆՑԵԱԼԻՆ
Հասակարութիւններն ու պետութիւնները չեն զարգացած՝ առանց ղեկավարման ու տնօրինման: Որքան ալ բնազանցական ու ընկերային գիտութիւնը հաստատեն, որ մարդկային (մանաւանդ քաղաքական) ղեկավարումը վնաս պատճառած է բնութեան ու տիեզերական համակեցութեան-ներդաշնակութեան, անկարելի է պատկերացնել հաւաքականութիւններու կեանքն ու եղափոխումը առանց ղեկավարման:
Մարդկութիւնը իր գոյութեան սկիզբէն ի վեր ունեցած է իշխող տարր, որ այսպէս ըսած՝ ուղենշած է մարդկային հաւաքական ջանքն ու գործունէութիւնը եւ առաջնորդած է մարդկութիւնը՝ զանազան նպատակներու իրագործման: Տնտեսական կտրուածքով եւ տնտեսագէտներու տեսանկիւնէն բոլոր մարդկային գործունէութիւնները տնտեսական հենք ունին եւ առանց այդ հենքին ու շարժիչականութեան՝ անկարելի է պատկերացնել մարդկային գործունէութիւնը: Մարդ արարածը, ըստ շատ մը փիլիսոփաներու, շահ հետապնդող արարած մըն է եւ մղուած՝ իր շահն ու բարօրութիւնը յառաջ տանելու: Այդ մէկը բնազդային է, իսկ անոր թարգմանութիւնը իրագործուած է քաղաքական տարազով, որուն այսպէս ըսած՝ հիւսքը տնտեսականն է, իսկ առանց տնտեսականին չկայ նոյնիսկ զարգացում եւ յառաջընթաց: Մարդկութեան ղեկավարման եղանակներու եւ գործիքաւորման նիւթը երկար ուսումնասիրութիւններու կը կարօտի, իսկ ղեկավարման ամենաընդունուած ու վերծանելի-ուսումնահունչ ձեւը եղած է հիմնականապէս թագաւորական-պարտադրուածը, որ շաղախուած եղած է կրօնական ալ զօրականութեամբ: Իսկ միաստուածութեան որդեգրումէն ետք նոյնինքն կրօնական տարրը եղած է ղեկավար․ շատ մը օրինակներով նոյնիսկ հասնելով կրօնապետութիւններու:
Թագաւորներէն եւ իշխաններէն ետք ղեկավարումը շատ մը պարագաներու ստանձնեցին կրօնական դէմքեր՝ ըլլան անոնք մարգարէներ, առաքեալներ կամ անոնց հիմնադրած պետութիւններու շառաւիղները: Այստեղ չենք կրնար ընդհանուր բաղտադական մօտեցումներով շարժիլ եւ հաստատագրել, թէ ո՞ր հասարակարգերը աւելի մեծ չափով ապահոված են մարդկային զարգացուածութիւն, բայց նոյն քաղաքական եղափոխութեան տրամաբանութեամբ մարդկութիւնը թօթափած է կրօնատիրութիւնն ալ:
Դժուար է պատասխանել այն հարցին, թէ մարդկութեան ղեկավարումը ի՞նչ ենթահող ունի կամ ունեցած է եւ ի՞նչ բարձրագոյն փիլիսոփայութիւն կը հետապնդէ: Իշխանութեան գործին նախնական ու յարաբերաբար յստակ երեւոյթը շահի սպասարկումն է կամ տուեալ ղեկավարութեան (ինչքան ալ այն ըլլայ ներկայացուցչական, ժողովրդավարական կամ բռնատիրական) մեծ ու փոքր շահերու իրականացումն է, վասն իր շարունակականութեան կամ վասն ժողովուրդի, ազգի, պետութեան, կայսրութեան, միութեան եւ այլն…: Այստեղ չենք կրնար դրժել զանազան վարչակարգերու ազնիւ ու համամարդկային նպատակներու հասնելու բարձր մղումները: Անոնք եղած են, եթէ չըսենք շպարը, ապա շատ անգամներ համեմատական շարժիչ ուժերէն մէկը իշխանութիւններու եւ ղեկավարութիւններու լինելութեան։ Եւ առանց այդ բարոյական ու սկզբունքային արժէքներու, նոյնիսկ ձեւական, պատեհապաշտական ու չինականացուող համարուած իրողութեանց, չի կայանար որեւէ ղեկավարում եւ առանց ազնիւ օրէնսդրութեան ու կանոնակարգի՝ չկայ իշխանութիւն եւ չի շարունակուիր, ինչքան ալ ըլլայ բռնատէր կամ սանձարձակ ու անիշխանական:
Ներկայ դարուն ղեկավարումն ու հաւաքական կեանքի տնօրինումը վերածուեցաւ ինքնին կայացած ընկերային գիտութեան, ուր կան տնտեսական, մշակութային, ընկերաբանական ու հոգեբանական առանցքներ ու կանոններ, հոն կ՚արծարծուին զանազան հարցեր ու կը փնտռուի ղեկավարման-տնօրինման մշտապէս աւելի արդիւնաւէտ ու յառաջադէմ ձեւեր: Ղեկավարման գիտութիւնը սերտ զարգացաւ գործնականացման, գործարարութեան եւ գովազդային աշխարհին հետ, ուր մեր բաց եւ համարկուած աշխարհին մէջ կարեւոր ու վճռական դեր ունեցաւ արդիականացման ու գիտութեան զարգացող ճիւղերու որդեգրման, իւրացման ու ներկայացման համար: Ներկայիս ղեկավարման տիրապետումն ու արդիական կատարումը հիմնական գրաւականներէն է ընկերութիւններու, պետութիւններու յաջողութեան համար եւ ինքնին ղեկավարումը եղաւ ամենաարագ եւ ընդգրկուն հասկացողութիւններէն մէկը: Ճիշդ կոչուած ղեկավարումով ընկերութիւնները յաջողած են եւ օրինակի համար յաղթահարած աղքատութիւնն ու չքաւորութիւնը:
Մեր դարուն իբրեւ տեսութիւն՝ աշխարհի ղեկավարումը աւելի դիւրացած է եւ եթէ այս իրականութեան գումարենք այն փաստը, թէ աշխարհը ամբողջացուած է եւ համակարգուածութեան մղուած, հաւանաբար կը հասնինք այն միտքին, որ գոյութիւն ունին ղեկավարման մեծ կեդրոններ, որոնք կը տքնին աւելի կարգաւորման, նոյնիսկ անկախ մեծ ու բազմաբեւեռային կառոյցներէն: Իրականութիւն է, տնտեսական աճն ու մեծ քանակութեամբ մարդոց բարօրութիւնը այսքան չէ կատարուած որեւէ ժամանակաշրջանին եւ այդ մէկը կրնանք համարձակիլ կապել ղեկավարման ու մեծ համաշխարհային տնօրինման ալ զարգացման հետ: Այո՛, տակաւին աւելի քան 1 միլիառ մարդ աղքատութեան ամենացած մակարդակէն վար կ՚ապրի, բայց գրեթէ բոլորս գիտենք անոնց մասին, մտահոգուած ենք եւ քիչ թէ շատ ջանքներ կը գործադրենք անոնց օգնելու համար:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան