ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Զ.

Հիմա կը փափաքի ցուցնել, թէ ո՞վ կրնայ ստանալ այս [հոգեւոր] կերակուրը:

Կ՚ըսէ.

Ի՞ՆՉ Է ՀՕՐ ՏԱԼԸ

Խօսք. «Բոլոր անոնք որ Հայրը Ինծի կու տայ՝ ինծի պիտի գան» (Յհ 6.37):

Մեկնութիւն. Նախ տեսնենք, թէ ի՞նչ է Հօր տալը: Գիտելի է, թէ առաքեալները ի սկզբանէ Հօրմէն ընտրուած են:

Հօր տալը երեք կերպով է. նախ՝ յայտնել հաւատքը, ինչպէս Պետրոսին ըսաւ: Երկրորդ՝ Հօր տալը կամենալն է, որ ընտրեալներուն փրկութեան կ՚ախորժի: Երրորդ՝ տալը դէպի հաւատք առաջնորդելն է, թէ՛ ծածկաբար եւ թէ ալ յայտնապէս, ըստ այնմ. «Որեւէ տունկ, որ երկնաւոր Հայրս չէ տնկած՝ արմատախիլ պիտի ըլլայ» (Մտ 15.13):

Երկրորդ, տեսնենք ի՞նչ է, որ կ՚ըսէ. «Ինծի պիտի գայ» (տե՛ս Յհ 6.37), Ես պիտի երթամ Անոր:

Պատասխան. Երեք պատճառով, նախ՝ Ինքզինք ցոյց կու տայ, որ Գլուխն է, որուն Մենք Հօր Աստուծմէ կը պարգեւուինք, որպէս պարգեւուած ծառաներ մէկու մը իր Հօրմէ: Երկրորդ՝ որովհետեւ Անոր յաղթանակով ու աղաչանքով մարդը շնորհուած կ՚ըլլայ, ըստ Սաղմոսին. «Խնդրէ՛ Ինձմէ ու հեթանոսները քեզի ժառանգութիւն պիտի տամ» (Սղ 2.8): Երրորդ՝ կը ցուցնէ, թէ հակառակ անոր, որ հրեաները չհաւատացին Իրեն, սակայն Քրիստոս բոլոր ընտրեալ ժողովուրդները ունի:

Երրորդ, տեսնենք, թէ հաւատացեալներս ինչպէ՞ս Քրիստոսի կու գանք:

Պատասխան. Երեք կերպով. նախ՝ կամքով, երկրորդ՝ սիրով, երրորդ՝ համբերութեամբ մինչեւ վախճան, որ հաւատքն ու յոյսը ունի ինքն իր մէջ:

Չորրորդ, տեսնենք Քրիստոս ի՞նչ կ՚ընէ:

Պատասխան. Երեք բան, ինչպէս խօսքին մէջ կ՚ըսէ. նախ՝ «Ով որ Ինծի կու գայ, պիտի չմերժեմ զայն» (տե՛ս Յհ 6.37), այսինքն՝ ով որ կատարեալ սիրով ու հաւատքով կու գայ Ինծի, պիտի չմերժուի, որովհետեւ հաւատքէն ու շնորհներէն պիտի չզրկեմ, կ՚ըսէ, այլ՝ անոր բոլոր պարտքերը պիտի շնորհեմ: Երկրորդ. «Անոնցմէ ոչ ոք պիտի կորսնցնեմ» (տե՛ս Յհ 6.39), ո՛չ հաւատքէն եւ ո՛չ ալ շնորհներէն, որ անոր տրուած են, պիտի չկորսնցնեմ: Ապա, յայտնի է, թէ Քրիստոս շնորհը չի՛ վերցներ, որ մարդու մը տրուած է, կամ հաւատքը, կամ քահանայութիւնը կամ ուրիշ որեւէ մէկ բան, ո՛չ մեղքերուն պատճառով, քանի որ եթէ մէկը ինքզինք մեղքին պատճառով կորսնցնէ, կամ շնորհը, այդպիսի ինքզինք է որ կը մերժէ, եւ ոչ թէ՝ Քրիստոս: Երրորդ. «Ես յարութիւն պիտի տամ անոր վերջին օրը» (տե՛ս Յհ 6.39), այսինքն՝ պիտի յարուցանեմ հաւատացեալն ու իր շնորը, ու գործերն ալ անոր հետ պիտի յարուցանեմ:

ԿԱՄՔԻ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Որովհետեւ Ես երկինքէն իջայ՝ ո՛չ թէ Իմ կամքս կատարելու» (Յհ 6.38):

Մեկնութիւն. Այս խօսքէն նախ Արիոսը եւ ապա Նեստորը կը հակառակին: Նախ, Արիոս երկու կողմով կը հակառակի, որովհետեւ երկու հակառակ կամքեր կ՚ըսէ Բանին ու Հօր համար, որպէսզի արարած է ըսէ Բանը եւ կամքը:  Եւ դարձեալ, ընդհանրապէս կամք չունի կ՚ըսեն, որ ցոյց կու տայ, թէ Բանը գործիք է եւ կամք ու զօրութիւն չունի: Առաջինին հակառակ կ՚ըսէ. «Հօր եւ Որդիին կամքը մէկ է», այդ պատճառով մէկ կամքով, որ Հայրը կը կամենայ, նոյնը եւ՝ Որդին կը կամենայ: Տակաւին, կ՚ըսէ Հօր կամքը կատարել, որպէսզի իրարու հակառակ չկարծուին: Երկրորդին հակառակ կ՚ըսէ. «Անձնիշխան կամք եւ զօրութիւն ունի», եւ յայտնի է, թէ՝ «որովհետեւ Ես երկինքէն իջայ»: Եւ դարձեալ՝ Իր կամքով ու զօրութեամբ հաւասար է Հօր կամքին ու զօրութեան: Իսկ Նեստոր. «Երկու կամք կայ Քրիստոսի մէջ իրարու հակառակ. մէկը անստեղծ եւ միւսը՝ ստեղծուած, եւ թէ՝ մարդկային կամք չունի, եւ մարդու գոյացութիւնը նուազ ունի»: Ասոր ալ պատասխանը նոյնն է, որովհետեւ չենք ըսեր մէկ կամք՝ մարդկային կամքը նուազ ըլլալուն համար, այլ՝ մէկ կամք է միաւորութեան պատճառով, նոյնպէս եւ կամքը, որովհետեւ մարդկային բնութեան ստեղծումին սկիզբը Քրիստոսի մէջ միաւորութեամբ եղաւ՝ Բանն Աստուծոյ միացած անբաժանելի միաւորութեամբ: Իսկ ըսելը՝ երկու կամք ու երկու բնութիւն, ասիկա բաժնել է, իսկ երբ կը բաժնես բնութիւնը, կամքն ու գործը, այդ ատեն կը բաժնուի երկու անձի, իսկ երբ երկու անձի կը բաժնես, այդ ատեն մարդացեալ Աստուած չ՚ըլլար, Քրիստոս չ՚ըլլար, որովհետեւ Քրիստոս միաւորութիւն է, եւ դուն քրիստոնեայ չես ըլլար, երբ Ան Քրիստոս չըլլայ, ինչպէս ցոյց տրուեցաւ մէկ կամքի եւ մէկ գործերու մասին նախորդ համարին մէջ:

Իսկ Մեծն Աթանասը ճանապարհորդ կ՚ըսէ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի մասին փրկագործ Պատարագի Խորհուրդին մէջ. «Ճանապարհորդեաց ընդ ամենայն մարդկային կիրս առանց մեղաց եւ յաշխարհակեցոյց եւ յառիթն փրկութեան մերոյ»: Իսկ ֆռանգներուն Ալպերթ Վարդապետը1, կ՚ըսէ, թէ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը յղութեան ժամանակ իսկ ճանապարհորդ ու ըմբռնող էր:  Նախ Աթանասի տեսութիւնը այսպէս է, որովհետեւ ամենէն նուաստ եւ մարդկային կիրքերը աշխարհակեցոյց եւ առիթ մարդոց համար կ՚ըսէ, քանի որ չարչարանքներով, խաչով, մահուամբ ու թաղումով ազատեցանք ու փրկուեցանք մեղքերէն ու դժոխքէն, որովհետեւ մարդկային ամենէն նուաստ կիրքերը, այսինքն՝ չարչարանքը, խաչն ու մահը եւ միւսները փրկութեան ճանապարհորդ էին, որ կամքով կրելով կարգոց ընթացաւ Տէրը  ճանապարհի նմանութեան մէջէն, քանի որ Աստուածաբանը մարդկային ամենէն նուաստ կիրքերուն համար բարեկրութիւն կ՚ըսէ: Աստուած ամէն տեսակի բարիքներու ընդունակ է, հետեւաբար բարի կիրքերը կամաւորաբար կրելը բնական է Աստուծոյ համար եւ ո՛չ թէ օտար կամ ստացական (անբնական):

Դարձեալ, Քրիստոս ճանապարհորդ եւ ըմբռնող եղաւ, որովհետեւ մարդանալով մարդը աստուածացուց եւ ծառայ ըլլալով ծառային տէր ըրաւ, եւ արարած ըլլալով արարիչ եւ ստեղծող ըրաւ առնուածը, եւ չարչարուելով՝ անչարչարելի պահեց, եւ մեռնելով՝ միշտ անմահ մնաց, եւ մնացած բոլորն ալ ա՛յսպէս իմացիր ու հաւատայ:

Դարձեալ՝ ճանապարհորդ, որովհետեւ Աստուած մարդով կը չարչարուէր, եւ մարդը Աստուծմով անչարչարելի կը մնար, Աստուած մարդով կը մեռնէր, եւ Աստուած մարդով անմահ կը մնար եւ մարդը Աստուծմով կը մեռնէր, եւ մնացած բոլորն ալ այսպէս իմացիր:

Դարձեալ՝ ճանապարհորդ, որովհետեւ նախընթաց է մարդը Բանին նուաստական մարդկային կիրքերուն, եւ նախընթաց է Աստուածութիւն մարդկութեան բարձրագոյններուն մէջ, ոչ բաժանմամբ ըստ մասին, այլ՝ միութեամբ եւ համանգամայն: Եւ ըմբռնող, որովհետեւ Աստուած նախընթաց էր մարդուն մարդկայիններուն մէջ, եւ նախընթաց էր մարդը Բանին բարձրագոյններուն եւ աստուածայիններուն մէջ:

Դարձալ՝ ճանապարհորդ, որովհետեւ Աստուած մարդով մարդկային կիրքերը կը կրէր, եւ ըմռնող, որովհետեւ Աստուած մարդով աստուածայինները կը ներգործէր: Ճանապարհորդ, որովհետեւ մարդը Աստուծմով աստուածայինները կը ներգործէր, եւ ըմբռնող, որովհետեւ մարդը Աստուծմով աստուածայինները կը կրէր, այսինքն՝ կը ճանապարհորդէր, որովհետեւ Աստուած մարդով կ՚անօթենար, կը ծարաւնար ու կը մեռնէր, եւ ըմբռնող էր, որովհետեւ Աստուած մարդով ծարաւցածները կը յագեցնէր ու անօթեցածները կը կերակրէր: Եւ Աստուած մարդով կը յառնէր ու մեռեալները կը յարուցանէր եւ անդրադարձեալ: Կը ճանապարհորդէր, որովհետեւ մարդը Աստուածութեամբ մեռեալները կը յարուցանէր, եւ ըմբռնող, որովհետեւ մարդը Աստուածութեամբ կը մեռնէր, եւ միւսները եւս այսպէս իմացիր:

Դարձեալ՝ ճանապարհորդ, որովհետեւ աղօթելով ու երկրպագելով մեզի ճանապարհ բացաւ դէպի Հայրը, եւ ըմբռնող, որովհետեւ Հօր հետ մեր աղօթքներն ու երկրպագութիւնը ընդունեց:

Դարձեալ՝ ճանապարհորդ, որովհետեւ մարդապէս կամքով տգիտցաւ, եւ ըմբռնող, որովհետեւ բոլորին համար գիտէ, ըստ այնմ. «Ինչպէս որ Հայրը զիս կը ճանչնայ, եւ Ես կը ճանչնամ Հայրը», իսկ Առաքեալը կ՚ըսէ, թէ՝ «Անոր մէջ հաւաքուած է Աստուծոյ իմաստութեան եւ գիտութեան ամբողջ գանձերը»:

Որովհետեւ ֆռանգներուն Ալպերթ Վարդապետը կ՚ըսէ, թէ՝ «Քրիստոսի մէջ միաւորութիւնը աստուածային ու մարդկային բնութեանն է», քանի որ Քրիստոս անձամբ եւ բնութեամբ մէ՛կ է միայն: Եւ թէ առնուածը առնողը չէ, այլ՝ առնողն է առնուածը՝ բնութեամբ եւ էութեամբ Աստուած: Եւ այնտեղ միութիւն է, որովհետեւ ինչ որ Աստուծոյ համար կ՚ըսուի, այդ բոլորը մարմինին ու մարդուն համար կ՚ըսուի՝ որ Մարիամէն է, եւ անդրադարձեալ, քանի որ այդ մարդ աստուածային էութիւն է, եւ անդրադարձեալ, եւ Բանին Աստուծոյ բոլոր յատկութիւնները, կ՚ըսուի այդ մարդուն, եւ անդրադարձեալ, եւ թէ պէտք չէ այնպիսի անուններով կոչել զՔրիստոս, որ շփոթութիւն կամ բաժանում կը նշանակէ, այլ՝ միաւորութիւնը կոչել անշփոթ եւ անբանժանելի անուններով: Իսկ անոնք որոնք մարմինը Աստուածութեան հանդերձ բնակութիւն կ՚ըսեն՝ հերետիկոս, եւ հերձուածող, եւ խոտելի կ՚ըսէ, ու կ՚անիծէ, եւ ո՛չ թէ հասարակ բնութիւնը, որ երեք անձերը կ՚ըսէ մարմնացեալ, այլ՝ յատուկ բնութիւնը, որ Որդիին անձին մէջ է կ՚ըսէ մարդու բնութեան հետ միացած է, եւ մարդիկը, որոնք հոգիէ ու մարմինէ միացած են անբաժան ու անշփոթ, Քրիստոսի միաւորութեան կու տայ, ինչպէս Սուրբ Կիւեղն ու Սուրբ Աթանասը կ՚ըսեն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 59

Վաղարշապատ


1 Ալպերթ Մեծ (1193-1280):

Երեքշաբթի, Յուլիս 7, 2020