Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Ա. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆՑ ԳԻՏՆԱԿԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ներկայ տարին կը նշէ զոյգ տարեդարձները մեծանուն Հայրապետ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ (1943-1952), մեր նախորդ սերունդի ամենէն արժանաւոր հոգեւորականներէն, գիտնական, բացառիկ զարգացումի տէր, Սարդարապատի հերոս եւ իրաւ հայրենասէր Հոգեւոր Հօր։ Յունիս 21-ը, Հայրապետին վախճանան 65-րդ տարելիցն է։

Պետրոս Ա. Սարաճեան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի Սեպտեմբեր 1940 թուականի վախճանումէն ետք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ նորահաստատ Անթիլիասի Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, 1943 թուի Մայիսի 10-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ընտրուեցաւ 75-ամեայ Գարեգին Արք. Յովսէփեանց, Ամերիկայի Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Արեւելեան Թեմի առաջնորդը։ Ընտրեալ Հայրապետը 20-րդ դարու ամենէն զարգացած եւ ընտիր ձեռագրագէտ արուեստաբան հոգեւորականն էր, որ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը աւարտելէ ետք իր համալսարանական ուսումը կատարելագործած էր Գերմանիոյ Պերլինի, Լայփցիկի եւ Հալլէի համալսարաններուն մէջ՝ Մկրտիչ Ա. Խրիմեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ։

ԴԷՊԻ ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱԹՈՌ

Որպէս հայրապետական նուիրակ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Խորէն Ա. Մուրատբեկեան Կաթողիկոսին, 1935 թուականէն ի վեր Գարեգին Արքեպիսկոպոս հեռացած էր Հայաստանէն ցկեանս պահելով իր անդամակցութիւնը Մայր Աթոռի միաբանութեան։ Ընտրեալ կաթողիկոսին ժամանումը Կիլիկեան Աթոռ ուշացաւ երկու տարիով՝ «ի հետեւանս այլ եւ այլ պատճառանաց զորս ոչ կարեմք մի առ մի թուել աստի», ինչպէս ինք կը գրէր իր անդրանիկ կոնդակին մէջ։

1945-ի Յունուար 21-ին, Գարեգին Արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Անթիլիասի Կիլիկեան Աթոռի դպրեվանքի անդրանիկ սան Դերենիկ Վրդ. Փոլատեանի, ծովու ճամբով Նիւ Եորքէն երկար ու փոթորկալից ճամբորդութենէ ետք, Համաշխարհային Բ. պատերազմի վտանգալից տարիներուն, կը հասնէր Փորթ Սայիտ, Եգիպտոս, ապա Գահիրէ, ուր ամպհովանիի տակ Հրաշափառով մուտք կը գործէր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցին, առաջնորդ Տ. Մամբրէ Արք. Սիրունեանի գլխաւորութեամբ։ Թափօրին մաս կը կազմէին ազգային վարժարաններու աշակերտութիւնը, ընդ որս եւ պատանի Դանիէլ Արզումանեան, տողերս գրողը, որոնք «Երբոր բացուին դռներն յուսոյ» երգակցութեամբ, առաջին պատեհութեամբ կը տեսնէին հայոց ընտրեալ հայրապետը։

Երուսաղէմի վրայով, ուր հայրապետական շուքով կը դիմաւորուէր Տ. Կիւրեղ Բ. Հայոց Պատրիարք Իսրայէլեանի եւ միաբանութեան կողմէ, Գարեգին Արքեպիսկոպոս 1945 Մարտ 23-ին կը հասնէր Անթիլիաս։ Երուսաղէմէն իրեն կ՚ընկերակցէին Կիլիկեան Աթոռի միաբաններէն Եփրեմ Արք. Տոհմունի, Զարեհ Ծ. Վրդ. Փայասլեան, եւ Դերենիկ Վրդ. Փոլատեան։ Անթիլիասի մէջ Գարեգին Հայրապետ կը դիմաւորուէր Կաթողիկոսական տեղապահ Տ. Խադ Արք. Աջապահեանի եւ միաբանութեան կողմէ, եւ Հրաշափառով մուտք կը գործէր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճար։ Տեղապահը իր բարի գալուստի խօսքով կը հրաւիրէր ընտրեալտայրապետը «թագաւորելու ո՛չ աւերակաց վրայ եւ ո՛չ ալ ջախջախուած Աթոռի վրայ, այլ աստանդական թափառումէ ետք ինքզինք վերագտած եւ վերակերտած Անթիլիասի ծովափին վրայ՝ յաջորդելով Սահակ, Բաբգէն եւ Պետրոս մեծագործ հայրապետներուն»։

ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՕԾՈՒՄԸ

Գարեգին Հայրապետի կաթողիկսական ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի ունեցան հանդիսաւոր իրադրութեան մէջ 1945 թուի Ապրիլի 8-ին։ Շաբաթ երեկոյ, ի ներկայութեան Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ վեց եպիսկոպոսներու, ընտրեալ կաթողիկոսը կատարեց հայրապետական իր ուխտը մայր տաճարին մէջ, խոստանալով «յանձն առնուլ զպաշտօն զայս եպիսկոպոսապետութեան Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ եւ բոլորապտուղ նուիրմամբ ընծայել զանձն իմ յանվթար կատարումն Աստուածադիր օրինաց եւ կաթողիկոսական պարտուց»։

Կիրակի առաւօտ հանդիսաւոր թափօրը կազմուեցաւ Պոլսոյ նախկին Պատրիարք Զաւէն Արք. Տէր Եղիաեանի հանդիսապետութեամբ եւ մասնակցութեամբ Կիլիկեան Աթոռի տեղապահ Խադ Արք. Աջապահեանի, Լիբանանի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Արտաւազդ Սիւրմէեան, Իրաքի նախկին առաջնորդ Ռուբէն Մանասեան, Դամասկոսի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Եփրեմ Տոհմունի, եւ Եգիպտոսի հայոց առաջնորդ Մամբրէ Սիրունեան արքեպիսկոպոսներու։

Եպիսկոպոսներու ընտրեալ այս փաղանգը նախախնամական, պատմական, եւ ճակատագրական ներքին աղերս մը ունէր հանդիսութեանց հետ, երբ նկատի առնենք իւրաքանչիւրին անցեալը։ Հոն էր Էջմիածնի հարազատ զաւակ, Սարդարապատի մարտին հերոս ու մեծ հայրենասէր Գարեգին Հայրապետ եւ իրեն միաբանակից Ռուբէն Մանասեան Սրբազան։ Հոն էին Արմաշի դպրեվանքի անդրանիկ եւ կրտսերագոյն սաները՝ Զաւէն Պատրիարքն ու Մամբրէ Սրբազան, ինչպէս նաեւ Սիսի հնադարեան կաթողիկոսութեան երկու հաւատարիմ միաբաններ՝ Աջապահեանն ու Տոհմունին, որոնք պատմական ուղիղ կամուրջը կը կազմէին Սիսի եւ Անթիլիասի միջեւ։ Իսկ Արտաւազդ Սիւրմէեան, ձեռնադրուած արմաշական Գնէլ Գալեմքեարեան եպիսկոպոսէն, Կիլիկիոյ կարեւորագոյն Բերիոյ թեմը ծաղկեցնող առաջնորդն էր՝ յետեղեռնեան տարիներուն։

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՏԱՐԱԳ

Եպիկոպոսներու չափազանց քիչ թիւը թէ՛ Մայր Աթոռէն ներս, ուր միայն տեղակալ Գէորգ Արք. Չորեքճեան կը մնար առանձինն, ո՛չ իսկ եպիսկոպոս մը իր կողքին, եւ թէ՛ արտասահմանի մէջ ուր մնացեալ ընտրանին կը պահպանէր աւանդը այնքան հաւատարմօրէն, կրցած էր Անթիլիաս բերել որակով բարձր եւ ներկայացուցչութեամբ նախախնամական յիշեալ վեց եպիսկոպոսները, պատիւը ընծայելու արժանաւորագոյնին՝ Յովսէփեանց Գարեգին Ա. Կաթողիկոսին, յառաջացեալ եւ այլապէս կորովի իր տարիքին։

Գարեգին Հայրապետ ինք մատոյց Ս. Պատարագը եւ կանոնական պահուն ծնկաչոք ստացաւ հայրապետական ձեռնադրութիւն զինք շրջապատող վեց եպիսկոպոսներէն։ Իսկ Ողջոյնի պահուն ընթերակայութեամբ Եղիշէ Վրդ. Տէրտէրեանի եւ Զարեհ Ծ. Վրդ. Փայասլեանի ստացաւ սրբալոյս միւռոնի օծումը, զոր իր գագաթին հեղուց Զաւէն Պատրիարք երբ խաչաձեւ օծմամբ եպիսկոպոսները տարածեցին զայն Հայրապետի գագաթին։

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ

Օծումէն ետք, Գարեգին Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Կաթողիկոսը կրօնաշունչ իր քարոզին բնաբան ընտրեց «Տէր հովուեսցէ զիս եւ ինձ ինչ ոչ պակասեսցի» սաղմոսը։ «Նեղութեան օրերուն արտասանուած այդ աղաղակը այսօր մեր նոր կոչման եւ պաշտօնի նուիրագործման այս րոպէին կենդանանում է մեր հոգու մէջ», հարցադրելով թէ «պիտի կարողանա՞նք օգտակար լինել մեր եկեղեցուն որ յոյսերով յառել է իւր աչքերը մեր գալստեան»։ Վկայակոչելով Հայ Եկեղեցւոյ հին եւ նորագոյն ջահակիրները, անոնց անփոխարինելի գործերն ու արդիւնաւէտ վաստակը, «քրիստոնէական սիրոյ իրականացման եւ աստուածահաճոյ հաստատութիւնների հիմնադրման» որքանով որ ինք պիտի կարենար կատարել իր պարտքը։

Քաջ Հովիւին ապաւինելով, Գարեգին Ա. Կաթողիկոս կը կրկնէր Առաքեալին յորդորը՝ «եթէ Աստուած մեր կողմը լինի», ինչպէս եղաւ մեր հայրերու կողքին ամենածանր նեղութեանց եւ փորձութեանց օրերուն, երբ անհրաժեշտ էր պաշտպանել հայոց կրօնքն ու խղճի ազատութիւնը, հայրենիքն ու մշակոյթը, վկայակոչելով յատկապէս Վարդանանց հերոսները, «Ի՛նչ դժուարութիւն կարող է կասեցնել մեզ մեր օրերին ի սիրոյն Քրիստոսի»։

ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ

Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի գահակալութեամբ նոր շրջան մը սկիզբ առաւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն ներս ինչպէս անձնապէս վկան ըլլալու երջանկութիւնը ապրեցայ ես իմ ուսանողութեան շրջանին, մինչեւ մեր Ընծայարանի երկրորդ տարին երբ վախճանեցաւ Մեծ Հայրապետը։ Անթիլիաս հասած էր անսովոր տաղանդով, պատրաստութեամբ, խանդով եւ անհամեմատ հայրենասիրութեամբ լեցուն հոգեւորական մը, որ Աթոռն ու Դպրեվանքը պիտի վերածէր իսկական հոգեւոր կրթարանի եւ մշակութային «շկոլայի» մը, ինչպէս ինք կը սիրէր որակել։ Արտասահմանի ուշադրութիւնը պիտի դառնար ու կեդրոնանար Անթիլիասի վրայ։ Եթէ Արմաշական մեծոգի առաջնորդները՝ Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոս, Շահէ Արք. Գասպարեան եւ Փառէն Եպսկ. Մելքոնեան Անթիլիասը կեր-տեցին Սահակ Բ. եւ Պետրոս Ա. հայրապետներու տարիներուն, Էջմիածնի զաւակ Գարեգին Կաթողիկոս Յովսէփեանց եղաւ ստեղծագործող ուժը նոյն Աթոռին։

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԿՈՆԴԱԿ

Գարեգին Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս գրաբար լեզուով իսկոյն գրեց իր անդրանիկ կոնդակը՝ «յառաջին ամի աթոռակալութեան Մերում»։ Յիշատակելէ ետք իր ճամբորդութիւնն ու Երուսաղէմի պատմական այցելութիւնը, իր կաթողիկոսական օծման կ՚անդրադառնար աղաչելով հաւատացեալ ժողովուրդին «աղօթել առ Աստուած օգնական լինել նուաստութեանս առ ի կատարել զնուիրականն Մեր ծառայութիւն ի տանն Տեառն յայսմ դժուարին պաշտաման»։ Իր խօսքը ուղղելով Կիլիկեան վտարանդի ժողովուրդին, լսեցէք որդեակք իմ, կ՚ըսէր, որ Համաշխարհային առաջին պատերազմի հետեւանքով «վիրաւորեցաւ ազգ մեր համայն, հողմացրիւ եղեւ եւ Տունն Կիլիկիոյ», որուն վէրքերը շինարար գործքով բուժելու համար Հայրապետը յորդոր կը կարդար բոլորին «առ ի պահպանութիւն եւ ի զարգացումն հոգեւոր բարեաց»։ Հոգեւոր բարիք ըսելով գիտնական Գարեգին Կաթողիկոսի մտքին մէջ կը ցոլանար Հայ Եկեղեցին իր լեզուով, գրականութեամբ, մշակոյթով եւ բարեգործական հաստատութիւններով, որոնց վրայ կ՚աւելցնէր հայ մամուլը իր առօրեայ լրագրութեամբ, որոնք միասնաբար «ունին առաքելութիւն եւ կոչումն որ բարձր է յաչս Մեր ի գործ ժողովրդական դաստիարակութեան»։

Գարեգին Հայրապետ իր Կոնդակով կը յորդորէր իր հաւատացեալ հօտը չմոռնալ թէ մեր ազգի միակ «կենդանի ծառին» ոստերն ենք բոլորս, որ կը բնակինք հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ, եւ երկուստեք հաւատարիմ մնալու ենք թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ արտերկրի հիւրընկալ մեր երկիրներուն հանդէպ։ Իր վերջին խօսքով Հայրապետը կը յորդորէր «զամենեսին հայրական սիրով պահել զաւանդութիւնս հարցն մերոց, սիրել զազգ մեր եւ զեկեղեցի», ըլլալ երկիւղած, բարեպաշտ, պարկեշտ, ընտանեսէր, որպէսզի բոլորին կեանքը օրինակ դառնար դրացի պետութեանց ժողովուրդներուն, «զի փայլեսցէ անուն եւ նկարագիր ժողովրդեանս»։

ՎԱԹՍՈՒՆԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ու Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը հանդիսաւոր իրադրութեան մէջ 1947 թուին նշեցին Կիլիկիոյ Շնորհազարդ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսի ծննդեան 80-րդ, գիտական գործունէութեան 60-րդ, եւ քահանայական ձեռնադրութեան 50-րդ տարեդարձները։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գէորգ Զ. Կաթողիկոսը յատուկ կոնդակով շնորհաւորած էր իր հոգեւոր եղբայրը, սննդակիցն ու դասակիցը ի Մայր Աթոռ, ուր երկու վաղեմի դասընկերներ ճակատագրականօրէն հասեր էին Հայ Եկեղեցւոյ բարձրագոյն դիրքերուն՝ ի սպասաւորութիւն Սուրբ Եկեղեցւոյ։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը աննախընթաց պատիւ մը կ՚ընէր Գարեգին Ա. Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին, եւ «ի տրիտուր Ձեր անձնական բարձր արժանիքների, տալիս ենք Շնորհազարդութեանդ անձնական իրաւունք կրելու Ձեր վեղարի վրայ ադամանդեայ խաչ, հաւատալով որ դրանով Մենք ժողովրդի եւ հոգեւորականութեան ցանկութեան արտայայտիչն ենք հանդիսանում»։ Անձնական իրաւունքի առանձնաշնորհը յայտնապէս կը սահմանափակէր նման բացառիկ արտօնութիւն մը, վերապահելով վեղարի խաչի գործածութիւնը միմիայն Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսին։ Յոբելեար Հայրապետը կը յատկանշուէր այլապէս նաեւ «եկեղեցաշէն, հայրենասէր, առաքինի եւ շիտակ եկեղեցական», յայտնի գիտական օտարազգի շրջանակներուն մէջ։ «Ղարաբաղի սիգապանծ լեռների այս կորովի զաւակը», ինչպէս գրեր էին յայտնի խմբագիրներ, շրջեր էր աշխարհի չորս ցամաքամասերը, տալով ինչ որ անձ մը չէր կրնար տալ իր բովանդակ կեանքի ընթացքին։

Յոբելենական հանդիսութիւնները տեղի կ՚ունենային Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի ժողովասրահին մէջ 1947 Յունուար 12-ին, ուր գլխաւոր բանախօսը կ՚ըլլար Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Կիւրեղ Բ. Իսրայէլեանի ներկայացուցիչը՝ լուսարարապետ Եղիշէ Վրդ. Տէրտէրեան։

ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ

Յոբելենական հանդիսութիւնները արձագանգ գտան Պելճիքայի մէջ Արքայական ակադեմիայի նախագահ Հանրի Կրեկուարի կողմէ, որ ի պատիւ Գարեգին Վեհափառ Հայրապետին ճառ մը արտասանած է հաստատելով որ՝ «Ձեզի հետ է ամբողջ համալսարանական եւ ակադեմական Պելճիքան երբ այսօր մեծ աստիճանաւոր մը կը մեծարէք՝ յանձին Գարեգին Կաթողիկոս Յովսէփեանցի որ դպրութեան մարդ մըն է եւ եկեղեցւոյ մարդ մը, եւ տակաւին գիտութեանց մարդ մը, խորունկ եւ նուրբ ճանաչող մը ձեր ազգային արուեստին»։ Ականաւոր բիւզանդագէտը հայրապետին մէջ կը ճանչնար «համաշխարհային արժէք ունեցող հերոս մը»։

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

«Պայքար», Պոսթոն

Երկուշաբթի, Օգոստոս 7, 2017