ԱՆՁԻ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ. ԿՈՒՌՔԻ ՎԵՐԱԾՈՒԱԾ ՆԱԽԿԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՀԱՅՏԱՐ ԱԼԻԵՒ

Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի երկրպագութիւնը այնքան չափազանցուած է, որ ամերիկացի պլոկըր Անտրէաս Մոզըր Պաքու եւ Գանձակ կատարած իր այցելութեան ատեն ամէն տեղ բախած է «մեծ առաջնորդ»ի յուշարձաններուն եւ շէնքերուն: Մոզըր իր պլոկին մէջ գրած է երգիծական զեկոյց մը, որմէ հատուածներ կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն՝ զուարճութեան համար:

Մոզըր իր հեգնական յօդուածին սկսած է հետեւեալ կերպով. «Նախքան Ատրպէյճան երթալը, ես ալ, ձեզի պէս, չէի գիտեր Հայտար Ալիեւի մասին: Բայց յետոյ, երկրորդ օրը, արդէն ձանձրացած էի իրմէ…: Անկախ այն բանէն, ուզէք, թէ ոչ, Հայտար Ալիեւ ձեր ընկերակիցը կ՚ըլլայ եւ մնայուն ուղեկիցը՝ Ատրպէյճանի մէջ: Երբ կը թռչիք Պաքու, դուք կը ժամանէք Հայտար Ալիեւի օդակայանը: Երբ գնացքով կու գաք, դուք կը ճամբորդէք Հայտար Ալիեւի ճեպընթացով, կ՚իջնէք Հայտար Ալիեւի կայարանը, կը քալէք Հայտար Ալիեւի պողոտայով՝ դէպի Հայտար Ալիեւի հրապարակ, կ՚անցնիք Հայտար Ալիեւի հիմնարկներու, Հայտար Ալիեւի դպրոցներու եւ Հայտար Ալիեւի համալսարաններու քովէն: Եթէ կ՚ուզէք հանգստանալ Հայտար Ալիեւէն եւ այդ պատճառով կը նախընտրէք ինքնաշարժով ճամբորդել Ատրպէյճանի տարածքին, նոյնն է, դուք բոլոր խաչմերուկներուն, բոլոր շրջադարձերուն, բոլոր շրջանցիկ ճամբաներուն վրայ կը տեսնէք նախկին նախագահին լուսանկարները»:

Մոզըր իր ճամբորդութեան սկսած է՝ այցելելով զբօսայգի, բնականաբար Հայտար Ալիեւի անունով, որ «աւելի մեծ էր, քան որոշ անկախ երկիրներ… Երբ կ՚անցնիս աշխարհի ամենէն լայն փողոցը (12 գիծերով), 10 վայրկեան երթէ ետք կը հասնիս կանգառ. ինքնաշարժի կանգառի՝ Ողիմպիական մարզադաշտի դիմացինին նման: Անիկա այդքան մեծ նախագծուած է, որ Ատրպէյճանի բոլոր ինքնաշարժները կրնան նոյն ժամանակ այնտեղ կանգ առնել: Սակայն անիկա դատարկ է: Քաղաքի հրապարակները նոյնպէս չափազանց մեծ չափերու էին, սակայն հոս հիւսիսքորէական մակարդակի վեհութեան մոլուցք կը տիրէր… Անմիջապէս որ անցնիք Յաղթանակի կամարը (այնքան մեծ, ինչպիսին Փարիզի մէջ է, եւ կասկածները փարատելու համար ըսեմ՝ զարդարուած Հայտար Ալիեւի անունով), որ իրական մուտքն է, պէտք է մօտաւորապէս 2 քիլօմեթր եւս քալէք՝ մինչեւ Հայտար Ալիեւի թանգարան հասնիլը: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս մարդիկ ստիպուած էին քալել թագաւորական պալատի երկար սրահով՝ նախքան թագաւորին հետ հանդիպիլը»:

Կտրելով զբօսայգին եւ անցնելով աղբահաւաքներու եւ քերողներու՝ «մաքրող մոլագարներու» ամբողջ բանակի մը մէջէն՝ Մոզըր յայտնուած է «մեծ առաջնորդ»ի չափազանց մեծ արձանին քով, որուն վրայ ոսկեայ տառերով փորագրուած է անոր անունը, եւ որ տեղադրուած է Հայտար Ալիեւի թանգարանին դիմաց:

«Թանգարանը երեք յարկանի է, ապակիէ գմբէթով, պատրաստուած՝ մեծ քանակութեամբ մարմարէ եւ ոսկիէ ու սպիտակ կաշիէ բազկաթոռներով: Բռնապետին բնորոշ անճաշակութիւն: Եթէ դուք երբեք այցելած էք Քատտաֆիներուն, Հիւսէյիններուն կամ Թրամփներուն, ուրեմն ծանօթ էք ատոր: Ես միակ այցելուն եմ, եւ այդ փաստը այնքան զարմացուցած է գրասեղանին նստած մարդը, որ անջատեց իր «Եութուպ»ի տեսահոլովակը, ցատկեց տեղէն եւ սկսաւ հետեւիլ իմ ամէն մէկ քայլիս, 4-5 մեթր հեռաւորութեան վրայ, եւ ամէն անգամ երբ կը նայէի իրեն, ան կը նայէր իր հեռախօսին: Միայն երկուքս էինք ամբողջ շէնքին մէջ», կը պատմէ Մոզըր:

Թէեւ Հայտար Ալիեւի թանգարանի հսկայական շէնքը շատ տպաւորիչ է, սակայն հոն ոչինչ կայ՝ բացառութեամբ «մեծ առաջնորդի» մասին որոշ քարոզչութենէն: «Թանգարանը միայն Հայտար Ալիեւի կեանքին մասին պատմող տասնեակ ցուցադրութիւններ ունի՝ հարիւրաւոր լուսանկարներով: Կան քանի մը գիրքեր՝ անոր մասին եւ անոր կողմէ գրուած, որոնք պաշտպանուած են ապակիներով: 2 մեթր լայնութեամբ հեռատեսիլի պաստառները պատրաստ են ցուցադրելու անոր կենսագրական լուսանկարները…», կ՚ըսէ Մոզըր՝ աւելցնելով նաեւ, որ տպաւորուած էր Հայտար Ալիեւի լուսանկարներու մեծ հաւաքածոյով. «Հայտար Ալիեւ դաշտի մէջ հողագործներու հետ, Հայտար Ալիեւ զինուորներու հետ, Հայտար Ալիեւ՝ երեխաներու հետ, Հայտար Ալիեւ՝ իբրեւ հնագէտ, Հայտար Ալիեւ՝ ձմերուկով, Հայտար Ալիեւ՝ բազմամարդ շուկային մէջ», կը նկարագրէ Մոզըր:

Մոզըր կը ներկայացնէ Հայտար Ալիեւի կենսագրականը՝ վկայակոչելով մրցանակակիր լեհ լրագրող Ռիչըրտ Քափուսինսքին, որ գրած է. «Սկիզբը Հայտար Ալիեւ «Քա.Կէ.Պէ.»ի ղեկավարն էր Ատրպէյճանի մէջ, իսկ 70-ականներուն՝ հանրապետութեան Համայնավար կուսակցութեան առաջին քարտուղարը: Ան եղած է հետեւորդը Պրեժնեւի, որ զինք նշանակած էր ԽՍՀՄ-ի փոխ-վարչապետ: 1987-ին Կորպաչով զայն հեռացուց այդ պաշտօնէն: Հայտար Ալիեւ մաս կը կազմէր Պրեժնեւի շրջապատին. խումբի մը, որ աչքի կը զարնէր խորունկ կաշառակերութեամբ, ամէն տեսակի շքեղութեան նախապատուութեամբ եւ համընդհանուր այլասերածութեամբ: Անոնք կը բացայայտէին իրենց կաշառակերութիւնը մեծ յանդգնութեամբ՝ առանց ամչնալու»:

«Լեհ լրագրողին նկարագրութիւնը կրնայ ըլլալ թանգարանի, իրականութեան մէջ ամբողջ այգիին կամ, արդարեւ, ամբողջ երկրին կարգախօսը: Ոեւէ մէկուն համար, որ համայնավարութեան ժամանակ արդէն յայտնի էր իր բացայայտ կաշառակերութեամբ, անկախ Ատրպէյճանը իր նաւթահանքերով պէտք էր ըլլար անոր երազանքներուն գագաթնակէտը: Այսպէսով, զարմանալի չէ Ալիեւներու ամբողջ ընտանիքին հանդիպիլ Փանամայի փաստաթուղթերուն մէջ (ստուերային գաղտնի հաշիւներու մէջ)», կը նշէ Մոզըր:

Իր երգիծական յօդուածը Մոզըր կ՚աւարտէ՝ յիշելով Հայտար Ալիեւի այլ զբօսայգիներ՝ Պոտկորիսայի, Մոնթէնեկրոյի, Թիֆլիզի, Պոլսոյ, Անգարայի, Պուտափեշտի եւ Քիեւի մէջ՝ աւելցնելով, որ «շուտով կրնայ ըլլալ նաեւ ձեր հայրենի քաղաքին մէջ: Ասոր համար դուք պարզապէս պէտք է խօսիք ձեր քաղաքային խորհուրդին հետ, իսկ Ատրպէյճան կը վճարէ ամէն բանի համար»:

Իր վերջին նախադասութեան մէջ Մոզըր Ատրպէյճանը կոչած է. «Տարօրինակ երկիր: Բայց գոնէ ես այլեւս ստիպուած չեմ ըլլար այցելելու Հիւսիսային Քորէա»:

Մոզըրի յօդուածէն բացի՝ Ուիքիփետիան ունի ամբողջ բաժին մը՝ «Հայտար Ալիեւի անձի պաշտամունքը» վերնագիրով. անոր մէջ գրուած է. «Ատրպէյճանի մէջ իւրաքանչիւր մեծ ու փոքր քաղաք ունի փողոց Հայտար Ալիեւի անունով, ներառեալ՝ մայրաքաղաք Պաքուի կեդրոնական պողոտաներէն մէկը: Պաշտօնական տեղեկութեան համաձայն, Ատրպէյճանի մէջ կան Հայտար Ալիեւի 60 թանգարաններ եւ կեդրոններ»:

Աւելի՛ն. աշխարհի տասնեակէ աւելի երկիրներու մէջ կան Հայտար Ալիեւի արձանները: Այնուամենայնիւ, Ատրպէյճան Մեքսիքայի մայրաքաղաքին մէջ խայտառակուեցաւ, երբ անոր խելամիտ քաղաքապետական խորհուրդը որոշեց հեռացնել Հայտար Ալիեւի յուշարձանը քաղաքի գլխաւոր պողոտային մէջ գտնուող զբօսայգիէն, որ վերանորոգուած էր Ատրպէյճանի միջոցներով: «Իրաւապաշտպանները դէմ էին արձանին եւ կը մատնանշէին Հայտար Ալիեւի իշխանութեան բռնակալական բնոյթը», հաղորդած էր BBC News-ը:

Իմ խորհուրդը Հայտար Ալիեւի ատրպէյճանցի երկրպագուներուն՝ աւելի շատ մտահոգուեցէք ոչ թէ մահացած Հայտար Ալիեւի, այլ ներկայ նախագահ Իլհամ Ալիեւի ճակատագիրով, որովհետեւ Հայաստանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութիւնը կրնայ շուտով տարածուիլ Ատրպէյճանի մէջ եւ կրնայ աւելի շատ արիւնոտ ըլլալ, քան՝ թաւշեայ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2018