ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Տէրը կը հսկէ՞ մարդու կեանքին:

Պատասխան. Վասնզի մարդուն ճամբաները Տիրոջ աչքերուն առջեւն են ու անոր բոլոր քայլերուն Ինք կը հսկէ (Առ 5.21):

Մարդ արարածը միշտ Աստուծոյ ուշադրութեան կեդրոնն է, այսինքն՝ Աստուծոյ համար յայտնի են անոր բոլոր արարքները, շարժումները, ճամբաները եւ նոյնիսկ մտածումները, որոնք տակաւին բառերու միջոցով տեսք չեն ստացած:

Այս իրողութիւնը նկատի ունենալով, ոմանք կը տարուին պնդելու ըսելով, ուրեմն մարդ Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ պարզապէս խաղալիք մըն է, որ հեռուէն կը կառավարուի: Բնականաբար նման պնդում մը չի՛ կրնար ճիշդ ըլլալ, որովհետեւ յստակ տարբերութիւն կայ գիտնալուն, իմանալուն, միւս կողմէ՝ կառավարելուն մէջ: Գիտնալ, իմանալ չի՛ նշանակեր անպայմանօրէն կառավարել: Աստուած որպէս Ամենակարող Արարիչ լաւապէս գիտէ ու կը ճանչնայ Իր արարածը եւ գիտէ անոր բոլոր քայլերն ու ճանապարհները, բայց ատով հանդերձ Ան չի՛ միջամտեր անոր որոշումներուն, ընդհակառակը, Ան Աստուածաշունչին եւ աշխարհի վրայ Իր դեսպաններուն՝ հոգեւորականներուն միջոցով կը զգուշացնէ մարդուն հեռու մնալէ սխալ ու մոլար ճամբաներէն եւ բռնէ ճշմարտութեան ճանապարհը, որ դէպի կեանք կը տանի:

Մէկ-երկու օրինակներ բերենք Աստուածաշունչէն:

Ադամն ու Եւան անհնազանդութեան գիրկը իյնալէ ետք գիտենք, որ պահուըտեցան Աստուծոյ տեսողութենէն, որովհետեւ հասկցան թէ մերկ էին: Արդարեւ, Ծննդոցի մէջ կը կարդանք.

«…Ու անոնց երկուքին աչքերը բացուեցան ու մերկ ըլլալնին գիտցան եւ թզենիի տերեւներ կտրեցին ու իրենց ծածկոցներ ըրին: Օրուան զով ատենը պարտէզին մէջ պտըտող Տէր Աստուծոյ ձայնը լսելով՝ Ադամ ու իր կինը Տէր Աստուծոյ երեսէն պարտէզին ծառերուն մէջ պահուեցան: Տէր Աստուած Ադամը կանչեց ու ըսաւ անոր.

-Ո՞ւր ես Ադամ:

Եւ անիկա ըսաւ.

-Պարտէզին մէջ Քու ձայնդ լսեցի ու վախցայ, վասնզի մերկ էի ու պահուեցայ:

Եւ Աստուած ըսաւ.

-Ո՞վ յայտնեց քեզի քու մերկ ըլլալդ. արդեօք կերա՞ր այն ծառէն՝ որուն համար քեզի պատուիրեցի, որ անկէ չուտես…» (Ծն 3.7-11):

Եթէ Աստուծոյ եւ Ադամի այս խօսակցութիւնը նկատի ունենանք, այլապէս հաստատօրէն կրնանք ըսել, թէ Աստուծոյ համար մարդը խաղալիք մը չէ, այլ՝ անձնիշխան, ազատ կամք ունեցող արարած մը, որովհետեւ Աստուած երբ որոշեց մարդը ստեղծել, ըսաւ. «"Մեր պատկերին ու նմանութեանը պէս մարդ ընենք: Ան ծովու ձուկերուն ու երկինքի թռչուններուն եւ անասուններուն ու սողացող բոլոր սողուններուն վրայ թող իշխէ": Աստուած Իր պատկերովը ստեղծեց մարդը. Աստուծոյ պատկերովը ստեղծեց զանիկա, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք: Աստուած օրհնեց զանոնք եւ Աստուած անոնց ըսաւ. "Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք ու ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ երկրի վրայ սողացող բոլոր կենդանիներուն իշխեցէք» (Ծն 1.26-28): Այսինքն, մարդը ինքնիշխան է, անձնիշխան, կամքի ու որոշումի տէր, ի՛նքն է որ կը կառավարէ ու կը ղեկավարէ իր կեանքը, եւ ո՛չ թէ Աստուծոյ ձեռքին մէջ խաղալիք մըն է: Այլապէս, օձը համարձակութիւն չէր ունենար մօտենալու մարդու եթէ իմանար, որ մարդը Աստուծոյ սիրած խաղալիքն է…:

Ուրիշ խօսուն օրինակ մըն է Յոբ Երանելիին օրինակը: Յոբի գիրքին առաջին գլուխին մէջ կը կարդանք.

Արդ, օր մը Աստուծոյ որդիները գացին Տիրոջ առջեւ կայնելու: Սատանան ալ գնաց անոնց հետ: Տէրը ըսաւ սատանային. "Իմ Յոբ ծառայիս աղէկ ուշադրութիւն ըրի՞ր: Երկրի վրայ անոր պէս կատարեալ եւ արդար, աստուածավախ ու չարութենէ ետ քաշուող մարդ չկայ": Սատանան պատասխան տուաւ Տիրոջ ու ըսաւ. "Միթէ Յոբ ձրի՞ Աստուած կը պաշտէ: Չէ՞ որ Դուն անոր ու անոր տանը եւ անոր ամէն ունեցածներուն շուրջը ցանկով պատեցիր, անոր ձեռքերուն գործերը օրհնեցիր ու անոր ստացուածքը երկրի վրայ շատցաւ: Հիմա ձեռքդ երկնցուր ու անոր ամէն ունեցածին դպչէ ու պիտի տեսնես թէ ի՛նչպէս քեզի պիտի հայհոյէ": Տէրը ըսաւ սատանային. "Ահա անոր ամէն ունեցածը քու ձեռքդ կու տամ. Միայն թէ իրեն վրայ ձեռք չերկնցնես" (Յոբ 1.6-12): Ապա կը նկարագրէ, թէ ինչպէս Յոբ ետեւ-ետեւի կը կորսնցնէ ամէն ինչ, իր ընտանիքին անդամները, իր ունեցուածքը, հարստութիւնը, մէկ խօսքով՝ ամէ՛ն ինչ, սակայն այդ բոլորէն ետք, այսպէս կ՚արտայայտուի.

"Մօրս արգանդէն մերկ ելայ ու հոն մերկ պիտի դառնամ: Տէրը տուաւ ու Տէրը առաւ, օրհնեալ ըլլայ Տիրոջ անունը": Այս ամէնուն մէջ Յոբ չմեղանչեց ու Աստուծոյ դէմ անզգամութիւն չըրաւ (Յոբ 1.21-22):

Այստեղ ալ ոմանք կը փորձեն աղաւաղել իրողութիւնը, այս անգամ ըսելով թէ Աստուած Ի՛նք է, որ կը չարչարէ կամ նեղութիւն կը պատճառէ Իր արարածներուն: Բայց արդեօ՞ք: Բնականաբար ո՛չ, որովհետեւ եթէ այդպէս ըլլար, Աստուած Իր Միածին Որդին աշխարհ չէր ղրկեր մարդը ազատագրելու եւ յաւիտենական երանութեան ու հանգիստին ժառանգորդ դարձնելու համար: Այստեղ, երբ Աստուած արտօնութիւն կու տայ սատանային վարուելու իր կամեցածին պէս, ատով Իր արարածին նկատմամբ ունեցած վստահութեան յայտարարութիւնն է, որ կը կատարէ: Վերը նշեցինք, թէ Աստուած կանխագէտ է, այսինքն՝ կատարուելիքները նախապէս գիտէ, եւ այստեղ ալ, վստահ էր, որ Յոբ ի՛նչ դժուարութիւններու ալ հանդիպէր, պիտի չուրանար իր Տէրն ու Արարիչը: Այդ վստահութեան ամենէն պարզ ու խօսուն արտայայտութիւնը Տէր Աստուծոյ հետեւեալ խօսքն է Յոբի մասին, թէ՝ երկրի վրայ անոր պէս կատարեալ եւ արդար, աստուածավախ ու չարութենէ ետ քաշուող մարդ չկայ: Իսկ այս խօսքին պատասխանը նոյնինքն Յոբէն կը լսենք իր կրած բոլոր անտանելի չարչարանքներէն, նեղութիւններէն ու կորուստներէն ետք, երբ իր ցաւին ու տառապանքին մէջ կը բարձրաձայնէ, ըսելով. մօրս արգանդէն մերկ ելայ ու հոն մերկ պիտի դառնամ: Տէրը տուաւ ու Տէրը առաւ, օրհնեալ ըլլայ Տիրոջ անունը:

Յոբ Երանելին մեր նման սովորական մահկանացու մըն է, ով սակայն ճի՛շդ հասկցած էր իր ինչ ըլլալը, իր Աստուծոյ ձեռակերտ, աւելին՝ Աստուծոյ պատկերով եւ նմանութեամբ ստեղծուած ըլլալուն հանգամանքը, եւ իր կրած նեղութիւններուն մէջ փոխանակ տրտնջար ու մեղադրէր զԱստուած, թէ զինք խաղալիքի մը վերածած էր Իր ձեռքերուն մէջ, ընդհակառակը, կը խոստովանէր իր ոչնչութիւն առանց Աստուծոյ, այսինքն՝ եթէ Աստուած կամեցած չըլլար իր աշխարհ գալը, ապա ինք ընդհանրապէս գոյութիւն չէր ունենար, իսկ եթէ գոյութիւն ունի՝ ապա Աստուծոյ օրհնութեամբ, որով՝ Տէրը տուաւ ու Տէրը առաւ վստահ խոստովանութիւնը կու տայ:

Յոբ Երանելիի այս պատահարէն կրնան դաս քաղել հետեւեալը, թէ իրապէս որ Աստուած է բոլորին կեանք տուողը եւ կեանքը առնողը, անդին՝ որպէս մարդիկ մերկ կու գանք աշխարհ եւ մերկ ալ պիտի մեկնինք այս աշխարհէն, այսինքն՝ ոչինչով եկանք աշխարհ, այլ խօսքով՝ ոչինչ ունէինք երբ եկանք աշխարհ, այսինքն մեր ձեռքերուն մէջ ոչինչ կար, դատարկաձեռն եկանք, եւ այդպէս ալ պիտի մեկնինք այս աշխարհէն, դատարկաձեռն, սակայն մեկնումի պահը կարեւոր է մեզմէ իւրաքանչիւրին համար, որովհետեւ Աստուծոյ մեզի տուած ինքնիշխան կամքով մենք պէտք է ընտրենք բարին, կատարեալը, որպէսզի բարիով ու կատարեալով հասնինք յաւիտենական Բարիին եւ կատարեալին ու երանական կեանքի հանգիստին:

Վերջին օրինակ մըն ալ առնենք, Պօսող առաքեալը: Շատերուն յայտնի է, որ Պօղոս առաքեալը նախքան Քրիստոսի խօսքին քարոզիչ դառնալը, Քրիստոսի խօսքին հալածիչ մըն էր եւ իր ժամանակաշրջանին ապրող քրիստոնեաները ահ ու սարսափ կ՚ապրէին անոր անունը կամ անոր մասին լսելէ: Եւ իր «առաքելութիւն»ը՝ քրիստոնեաները հալածելու նպատակով երբ Դամասկոս կ՚երթար, իր կեանքի շրջադարձի սկիզբը դարձաւ: Արդարեւ, Գործք Առաքելոցի գիրքին մէջ կը կարդանք.

Գացած ատեն, մինչ Դամասկոսի կը մօտենար, յանկարծ երկինքէն լոյս մը փայլատակեց իր շուրջ: Սօղոս գետին ինկաւ եւ լսեց ձայն մը, որ իրեն կ՚ըսէր.

-Սօղո՛ս, Սօղո՛ս, ինչո՞ւ կը հալածես զիս:

-Ո՞վ ես, Տէ՛ր,- հարցուց ինք:

Ձայնը պատասխանեց.

-Ես Յիսուսն եմ, որ դուն կը հալածես: Հիմա ոտքի՛ ել եւ քաղաք մտիր. հոն քեզի պիտի ըսուի ինչ որ պիտի ընես (Գրծ 9.3-6):

Տէր Աստուած չէ՞ր գիտեր Պօղոսի ով ըլլալը մինչեւ զինք կանչելը, բնականաբար գիտէր, որովհետեւ Անոր համար գաղտնի չէին Պօղոսի կեանքի ընթացքը, անոր ներաշխարհն ու մտածումները: Սակայն, որովհետեւ Աստուած մարդը ազատ կամքով ստեղծած էր, ձգած էր Պօղոսին, որպէսզի իր պրպտումներուն մէջ հանգիստ զգայ, ազատ որոշումներ կայացնէ եւ իր կեանքին ընթացքը գծէ: Եւ Պօղոս առաքեալ նախանձախնդիր ըլլալով իր հաւատքին՝ հրէականութեան, իր հասկացողութեամբ կամ աւելի ճիշդ՝ իր ըմբռնումով ինք ճիշդ կը վարուէր, կարծէք աչքերուն առջեւ մառախուղ կար, որ արգելք կը հանդիսանար Պօղոսին դիմաց տեսնելու ճշմարտութիւնը, եւ Դամասկոսի ճամբուն այդ մառախուղն էր որ վերացաւ եւ Պօղոս ճշմարտութեան լոյսին եկաւ, որով քրիստոնէութեան եւ Քրիստոսի հակառակորդ մը ըլլալէ վերածուեցաւ քրիստոնէութեան պաշտպանի եւ Քրիստոսի հաւատարիմ զինուորի:

Բազմաթիւ օրինակներ տակաւին կարելի է մէջբերել Աստուածաշունչէն, սակայն բաւարարուինք այսքանով: Միւս կողմէ գիտակցինք, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ Ադամ մը, Յոբ մը եւ կամ Պօղոս մը ըլլալ, այլ խօսքով՝ մեզմէ իւրաքանչիւրը կոչուած է Աստուծոյ անդաստանին մէջ ըլլալ առաքինի, քաջ եւ հաւատքի մարտիկ մը, ով իր ազատ կամքով, իր կայացուցած որոշումներով ճշմարիտ ճանապարհը բռնէ, ընթանալու համար այդ ճամբէն եւ հասնելու համար յաւիտենականութեան, չմոռնալով երբեք՝ «որ մարդուն ճամբաները Տիրոջ աչքերուն առջեւն են ու անոր բոլոր քայլերուն Ինք կը հսկէ» (Առ 5.21):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 8

28 օգոստոս 2022, Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2022