ԱԿՆԱՐԿ - 31 - ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ՝ ՄԱՐԻ ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԷՆ

- Սիրեցէ՛ք Տէրը, սիրելիներս, սիրեցէ՛ք Տէրը. կ՚աղաչեմ ձեզ՝ սիրեցէ՛ք Տէրը: Ժամանակը կը սուրայ: Դուրսը՝ խաւարին մէջ, հինգ վայրկեանուան հաճոյքի համար մի՛ կորսնցնէք Յիսուսին: Հինգ վայրկեանուան հաճոյքի համար յաւիտենականութեանդ հետ մի՛ խաղար: Մեր կեանքը այս աշխարհին վրայ երազի մը նման է, որմէ յանկարծ պիտի արթննանք: Շա՜տ կարճ է մեր կեանքը: Մտածեցէ՛ք ձեր յաւիտենականութեան մասին: Մտածեցէ՛ք, թէ ժամանակը պիտի գայ երբ Քրիստոս Թագաւորը պիտի ըսէ. «Եկո՛ւր, ժամանակդ աւարտած է…»: Այդ պահուն մասին մտածեցէք:

- Տէր Յիսուս մահուան մասին ըսաւ. «Եթէ հաւատաք Ինծի, մահ պիտի չտեսնէք» (տե՛ս Յհ 8.51, 11.25-26): Տէր Յիսուս չըսաւ, թէ մահուան փորձառութիւնը պիտի չունենանք, այլ ըսաւ՝ մահ պիտի չտեսնենք: Որովհետեւ բոլորս ալ մահուան փորձառութիւնը պիտի ունենանք: Տէրը ըսաւ, մահ պիտի չտեսնենք: Արդարեւ, ի՞նչ է մահը. մթութիւն, խաւար: Եթէ լոյսը կեանքն է, ապա խաւարը մահն է: Տէրը ըսաւ, եթէ Ինծի կը պատկանիք, այն պահուն երբ հոգին կը բաժնուի մարմինէն, Իմ լոյսս պիտի լուսաւորէ ձեզ, որովհետեւ Տէր Յիսուս Ի՛նք լոյսն է, ինչպէս ըսաւ. «Ե՛ս եմ աշխարհի լոյսը: Ով որ Ինծի կը հետեւի՝ խաւարի մէջ պիտի չքալէ, այլ պիտի ունենայ այն լոյսը որ կեանքին կ՚առաջնորդէ» (Յհ 8.12):

- Սատանան, ուշադրութիւն դարձուցէք, սատանան կը փորձէ մարդոց մէջ մտնել անոնց տկարութիւններուն ընդմէջէն, որպէսզի նուաճէ անոնց հոգիները, տապալէ եւ յաւիտենապէս սպաննէ, դժոխք տանի: Տէր Յիսուս մարդուն այդ ամենէն տկար ճամբով եկաւ, որպէսզի փրկէ այդ հոգին եւ յաւիտենական կեանք տայ անոր: Սատանան կը գործէ տկարութեանդ միջոցով, Աստուած ալ կը գործէ տկարութեանդ միջոցով: Բայց մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ, որ մեր տկարութիւններուն ընդմէջէն կը գործէ, եւ ո՛չ թէ մեր կորովին, քաջութեան:

- Տղաներ ու աղջիկներ, ամուսիններ եւ կիներ, ձեր ժամանակը մի՛ կորսնցնէք դիմատետրին վրայ: Ձեր ժամանակը մի՛ կորսնցնէք սին զրոյցներով եւ աննշան բաներու մասին բամբասելով: Հաւատացէք ինծի, ատիկա մեր արժէքաւոր կեանքին եւ մեր ունեցած շա՜տ արժէքաւոր ժամանակին վատնումն է: Ժամանակը ամենէն արժէքաւոր նուէրներէն, պարգեւներէն մէկն է, որ Աստուած մեզի տուած է:

- Տղա՛ս, աղջի՛կս, գացէ՛ք Անոր քով: Եթէ նախապէս չէիք գացած, հիմա, այս գիշեր գացէ՛ք՝ նախքան ձեր քնանալը, կ՚աղաչեմ ձեզի: Սենեակիդ մէջ ծունկի եկուր եւ ըսէ Տիրոջ. «Մինչեւ հիմա կեանքս ուզած ձեւովս ապրեցայ, այս գիշեր ամէն ինչ Քեզի կը յանձնեմ, Տէ՜ր: Կեանքս Քեզի կու տամ, ամբողջ էութիւնս Քեզի կու տամ: Ամէն ինչի մէջ Քեզի՛ կը վստահիմ, եւ այս գիշեր իսկ, Տէ՜ր, կ՚ըսեմ Քեզի. մինչեւ հիմա իմ ձեւովս փորձեցի՝ եւ ձախողեցայ, ողորմելի կերպով ձախողեցայ Տէ՜ր: Տէ՜ր, Քեզի կը յանձնուիմ, այլեւս չեմ կրնար, այլեւս չեմ ուզեր իմ ձեւովս ապրիլ, կամ որեւէ մէկ բան ընել: Կը խնդրեմ Տէր, Քու ուզածիդ պէս ըրէ»:

- Տէր Յիսուս միակն է որ ճշմարտապէս կը սիրէ քեզ:

Ինչպէ՞ս կը վարուիք ձեր կեանքերուն հետ, այն կեանքերուն՝ որ Ես ձեզի տուած եմ:

Կը ծախէ՞ք զիս, ինչպէս Յուդա Իսկարիոտացին ըրաւ:

Կ՚ուրանա՞ք զիս, ինչպէս Սիմոն Պետրոսը ըրաւ:

Սակայն, մոռցա՞ք թէ Ես ի՞նչ ըրի.

Ներեցի Սիմոն Պետրոսին եւ վերահաստատեցի զինք իր պաշտօնին մէջ՝ ըլլալու առաջնորդ Իմ եկեղեցիիս մէջ:

Վերադարձէ՛ք եւ տեսէք, թէ ի՜նչ պիտի ընեմ ձեզի համար: Զղջացէ՛ք: Ձեր կռնակը աշխարհին դարձուցէք, իսկ երեսը զոյգ աշխարհներու՝ երկինքի ու երկրի Արարիչին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսին:

- Եթէ որեւէ մէկ եկեղեցիի առաջնորդ ըսէ ձեզի, թէ՝ «բոլոր մարդկութիւնը նոյն Աստուածը կը պաշտէ, եւ թէ Երկինք երթալու միակ Ճանապարհը Յիսուսը չէ, իւրաքանչիւր ոք իր ձեւով կ՚աղօթէ, որով կրնար երկինք հասնիլ», արդարեւ դուք օձերու եւ իժերու ծնունդ էք, դուք ստախօսներ էք, ձեր հօր՝ սատանային նման: Երկինք երթալու ուրիշ Ճանապարհ չկայ բացի Յիսուսէ: Յիսուսէ դուրս ո՛չ ոք կրնայ ձեզ երկինք տանիլ, Ի՛նքն է միակ Ճանապարհը, որ երկինք կը տանի:

- Հայր մը, որ իր զաւակները կը վիրաւորէ, հայր չէ՛:

Մայր մը, որ իր զաւակները կը վիրաւորէ եւ հաճոյք կը ստանայ անոնց վիրաւորանք պատճառելով, մայր չէ՛:

Եկեղեցւոյ առաջնորդ մը, որ իր զաւակները կը վիրաւորէ, եկեղեցւոյ առաջնորդ չէ՛:

Նախագահ մը, թագաւոր մը, վարչապետ մը, ոեւէ մէկը որ պատասխանատու դիրքի վրայ է եւ իր ենթակայութեան տակ գտնուող մարդիկը կը հետապնդէ ու հաճոյք կը ստանայ վիրաւորելով զանոնք, ապա ան չարի ծնունդ է, եւ պէտք չէ այդ պատասխատանու դիրքերուն վրայ ըլլայ կամ մնայ:

Տէր Յիսուս ըսաւ. «Դուք ծառին նայելով՝ իր տուած պտուղներէն կը ճանչնաք զայն» (տե՛ս Մտ 7.15-20): Արմատներուն լաւ կամ վատ ըլլալը պտուղներէն կարելի է գիտնալ: Արմատները գետնին տակ ծածկուած են. դուն չե՛ս կրնար արմատները տեսնել սովորական աչքերովդ, սակայն դուն կրնա՛ս արմատները տեսնել՝ անոնց տուած պտուղներէն: Դուն չես կրնար տեսնել, թէ ի՛նչ կայ մարդու ներսիդին, սակայն դուն կրնաս ենթադրել, թէ ի՜նչ բաներ կան մարդուն մէջ տեսնելով անոնց գործողութիւններն ու արարքները, գիտնալու համար թէ բարիի՞ ծնունդ են, կամ չարի:

Մեր օրերուն տեսած պտուղները, գործողութիւններն ու արարքները բացարձակապէս չար ծնունդներու արդիւնք են:

- Քրիստոնէութիւնը տկար չէ, որովհետեւ Քրիստոս ամենէն մեծ յեղափոխականն էր, որ աշխարհը երբեւէ տեսած է: Յիսուսէն՝ Մարդու Որդիէն՝ որ Ի՛նքն իսկ Աստուած է, աւելի զօրաւոր մէկը չկա՛յ: Սակայն, որպէս մարդ, Ան ամենէն կատարեալ մարդն է, Իրմէ աւելի զօրաւոր մէկը չկա՛յ: Յիսուս Նազովրեցիէն աւելի զօրութիւն ունեցող ո՛չ ոք կայ:

Եթէ ոեւէ մէկ քրիստոնեայ առաջնորդ խորանին վրայ կանգնելով ըսէ ձեզի, քրիստոնէութիւնը սէր է, Յիսուս ողորմած է, պէտք է միշտ ազնիւ ըլլանք, այս մէկը յիմար ու անիմաստ յայտարարութիւն է: Այո՛, մենք պէ՛տք է յարգալից ըլլանք, մենք պէ՛տք է ազնիւ ըլլանք, սակայն ո՛չ Յիսուս Քրիստոսի հաշւոյն: Դուք չէ՛ք կրնար վախկոտ, երկչոտ ըլլալ, եւ դուք ձեզ քրիստոնեայ կոչել, չէ՛ք կրնար: Որովհետեւ, Քրիստոս բացարձակապէս վախկոտ, կամ երկչոտ չէ։ Ան մեռաւ սկզբունքի մը համար։ Եթէ ձեր կեանքին մէջ սկզբունք, բարոյականութիւն, առաքինութիւն եւ արժէքներ չունիք, լաւ կ՚ըլլայ որ ես երթամ եւ ինքզինքս վառեմ:

Հետեւաբար, եթէ ոեւէ մէկը կ՚ըսէ, թէ Քրիստոնէութիւնը տկար է, ո՛չ, այդպէս չէ: Եթէ քրիստոնեաները տկար ու երկչոտ են, Քրիստոս բացարձակապէս այդպիսին չէ՛:

- Յիսուս իմ սէրս է: Յիսուս իմ երկրպագութիւնս է: Յիսուս իմ պաշտամունքս է: Յիսուս իմ սիրելիս է: Յիսուս իմ տեսողութիւնս է: Յիսուս գլխուս վրայ դրուած փառքի պսակն է: Յիսուս իմ զօրութիւնս է: Յիսուս իմ ապաստարանս է: Յիսուս է ճանապարհը, ճշմարտութիւնն ու կեանքը: Յիսուսն է Ալֆան եւ Օմեկան: Յիսուսն է Առաջինն ու Վերջինը: Յիսուսն է սկիզբը եւ վախճանը: Յիսուսն է իրա՛ւ Հովիւը եւ Իրմէ զատ ուրիշ մը չկայ, որովհետեւ Աստուած բարի է: Յիսուս կեանքն ու յարութիւնն է:

Յիսուս իմ Տունս է, իմ Սէրս, իմ Հայրս, իմ Մայրս, իմ Եղբայրս, իմ Քոյրս, իմ Թագաւորութիւնս, իմ ամէն ինչս: Երբ Անոր հետ եմ ո՛չ մէկ բանի կարօտ եմ, իսկ երբ Անոր մէջ եմ՝ ամէն ինչ ունիմ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2023