ԵՐԳԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
ՔՐԷՅԶԻ - ՓԵԹՍԻ ՔԼԱՅՆ (CRAZY - PATSY CLINE)
Յաճախ կը պատահի այնպէս, որ երաժշտութեան հեղինակ կատարողները կը գրեն երգ մը ու կը կատարեն զայն, սակայն յետոյ ան յայտնի կը դառնայ միայն այլ երգիչի մը կատարումով։ «Քրէյզի» երգն ալ բացառութիւն չէ։ Անոր ալ նոյն ճակատագիրը կը սպասէր։
Երգը գրած է քաունթրի ոճի երգիչ Ուիլի Նելսըն։ Անոր համահեղինակն էր իր ընկերը՝ Օլիվըր Ինկլիշ։ 60-ականներուն Ուիլին գրեթէ անծանօթ քաունթրի երգիչ մըն էր։ Ձայնագրող ընկերութիւնները, թէեւ կը գնահատէին իրեն տաղանդը, այնուամենայնիւ, կը խուսափէին ձայնագրել անոր երգերը, զանոնք համարելով չափազանց խճողուած։
Ուիլին կը յիշէ. «Ես կը սիրէի փորձարկումներ ընել տարբեր հանգաւորումներով եւ բառախումբերով։ Բայց այդ պատճառով իմ երգերու հնչողութիւնը «ձայնագրող հսկաներուն» հաշւոյն չէր գար։ Անոնք կը համարէին, որ իմ երգերը ոչ եկամտաբեր են, եւ չէին ուզեր դրամ վատնել ձայնագրութեան վրայ, համարելով զայն փոխհատուցում չունեցող դրամական կորուստ եւ ժամանակի վատնում։ Պատճառը, թերեւս, այն էր, որ անոնք վարժուած էին անընդհատ լսել մէկը միւսին նմանող հնաոճ երգեր եւ ոեւէ նոր բան, որ տարբեր էր, անոնք կը մերժէին։ Իմ՝ «Քրէյզի» երգի հետ անմիջապէս խնդիր յառաջացաւ։ Խնդիրը այն էր, որ պարզունակ 3 աքորի փոխարէն, երգիս մէջ 4-5 աքորային յաջորդականութիւն կար, բան մը, որ հեռու էր ժողովրդական քաունթ-րի պարզ երգերու կառուցուածքէն։ Երգն ալ, սկիզբը կոչած էի «Stupid» (յիմար)»։
Ուիլին նախ երգը կ՚առաջարկէ Պիլլի Ուոլքըրին, որ կը հրաժարի կատարել զայն, պատճառաբանելով, որ ան աւելի երգչուհիի յարմար երգ մըն է։ Ան միակողմանի սիրոյ մասին է, ուր երգի հերոսը կ՚անդրադառնայ, թէ յարաբերութիւնները աւարտած են, բայց կը շարունակէ տառապիլ անպատասխան սէրէ։
Որոշ ժամանակ անց, երգը, պատահականութեան շնորհիւ կը յայտնուի այդ ժամանակ հանրածանօթութեան գագաթնակէտին վրայ գտնուող քաունթրի երգչուհի Փեթսի Քլայնի մօտ։ Օր մը, երբ Ուիլին կը գտնուէր «Թութսիս օրքիտ լաունճ» (Tootsie՚s Orchid Lounge) պարին մէջ, այնտեղ կը զուգադիպի, որ հոն ըլլայ երգչուհիին ամուսինը՝ Չարլի Տիք։ Ուիլին երաժշտական սարքով կը միացնէ «Քրէյզի» երգը։ Լսելով զայն, Չարլին կը բացագանչէ. «Այս այն երգն է, զոր Փեթսին պիտի կատարէ»։ Եւ, հակառակ այն հանգամանքին, որ անոնք բաւականաչափ գինովցած էին, ճամբայ կ՚ելլեն դէպի Փեթսիի տունը։
Երբ Չարլին կը միացնէ երգը Փեթսիին համար, երգչուհին չի հաւնիր զայն։ Այնուամենայնիւ, ամուսինը կը կարողանայ համոզել իր կինը, որ երգը ճիշդ իրեն համար է: Արտադրիչը՝ Օուըն Պրետլին կը ձեւափոխէ ներդաշնակումը ու երգը բոլորովին այլ տեսք ձեռք կը բերէ։
Երգի ձայնագրութենէն քանի մը շաբաթ առաջ, երգչուհին ինքնաշարժի արկածի մը կ՚ենթարկուի եւ կը կոտրէ կողոսկրը։ Այս պատճառով երգի գործիքային մասը կը ձայնագրուի առանց իրեն։ Երգչուհիին ձայնը՝ միայն շաբաթներ անց է, որ կը ձայնագրուի եւ կը միացուի ընդհանուր երգին։
Փեթսին կը պատմէ. «Ճակատագրի հեգնանքով, կամ ալ գերուժով՝ ես չեմ հասկնար, իմ բոլոր վերջին հիթերու նիւթերը կ՚իրականանան: Ես ունէի երգ, որ կը կոչուէր «Tra-la-la Tringle» («Թրա-լա-լա եռանկիւն», եւ ան եւս ահա յայտնուեցաւ սիրային եռանկիւնի մէջ։ Ես ունիմ երգ մը «I Fall to Pieces» («Ես կը վերածուիմ փշուրներու»), որմէ ետք ինքնաշարժի արկածի ենթարկուեցայ։ Ես կը վախնամ նոյնիսկ մտածել, թէ ինչ կը պատահի ինծի «Crazy» («Խելագար») երգէն ետք…»։
Երգը մտաւ Rolling Stone ամսագրի «500 մեծագոյն երգեր»ու շարքի մէջ, ինչպէս նաեւ տեղ գտաւ Կրեմիի մէջ։
Հետաքրքրական է մի քանի փաստ երգի մասին․
Փեթսին զայն առաջին անգամ համերգի ժամանակ կատարեց յենուած ըլլալով հիւանդանոցային յենակներու վրայ։ Ելոյթէն ետք դահլիճը երեք անգամ յոտնկայս ծափահարեց երգչուհին։
Երգչուհի Լիեն Ռայմս երգած է զայն Սպիտակ տան մէջ, նախագահ Ճորճ Պուշի եւ առաջին տիկնոջ համար, որուն սիրելի երգն էր այս։
Amusement and Music Operator Association-ի հաւաստումով, այս երգը ամերիկացիները ամենէն շատը միացուցած են հանրային երաժշտական սարքերով։
… I’m crazy for feeling so blue
And I’m crazy for loving you….
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան