ԿԱՆԱՉ ՃԱՆՃԵՐ

Տեսարանը միեւնոյնն է.
Ամառ,
Քրտինք
Եւ երեւակայութիւն մը,
Որ հորիզոնէն անդինը 
Տեսնելու անկարող է:
Տեսնելու անկարող է:

Այսօր վաղուընէ լաւ է,
Բայց սպաննուածներն են 
Որ կը նորոգուին,
Կը ծնին ամէն օր
Եւ երբ փորձեն քնանալ՝
Մահը կը տանի իրենց նիրհէն
Դէպի աներազ քուն մը:

Թիւը արժէք չունի,
Ոչ իսկ մէկը օգնութիւն 
Կը խնդրէ այլէ մը:
Ձայները բառեր կ՚որոնեն 
Բացատին մէջ,
Իսկ արձագանգը կը վերադառնայ 
Յստակ եւ վիրաւոր. 
«Ո՛չ ոք»:

Սակայն մի ոմն կ՚ըսէ.
«Ոճրագործը իրաւունք ունի 
Սպանութեան բնազդը պաշտպանելու»:

Սպաննուածները յամեցած կ՚ըսեն.
«Զոհը իրաւասու է պաշտպանելու 
Իր գոռալու իրաւունքը»:

Աղօթքին ձայները 
Կը բարձրանան մզկիթներէն, 
Կը հասնին նմանօրինակ 
Յուղարկաւորութիւններու:

Կառքերուն վրայ բեռցուած
դագաղները 
Կը թաղուին աճապարանքով...
Քանի ժամանակ չկայ հոգեհանգիստի, 
Այլ սպաննուածներ կու գան, 
Աճապարանքով, 
Տարբեր յարձակումներէ,
Անհատապէս կամ խմբովին...
Կամ ընտանիք մը իր ետին 
Կը թողու որբեր եւ կորսուածներ:

Երկինքը մոխրագոյն է,
Ծովը մոխրագոյնի նման կապոյտ,
Իսկ արեան գոյնը 
Տեսախցիկէն ծածկեցին 
Կանաչ ճանճերու խումբերը:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2022