ԱՉԱԶՈՒՐԿՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԳԻՒՂԵՐ
- Սուրիոյ մէջ աչազուրկներու իւրայատուկ գիւղ
- Խորհրդաւոր գիւղը
- Եմէնի Խաշապ գիւղի բնակիչները կուրցած են լոյսէն, սակայն կրնան տեսնել գիշերը
Զանազան երկիրներու մէջ անմարդկային պատերազմները, այլ աղէտներու շարքին, խլած են նաեւ ոմանց տեսողութիւնը: Բարեբախտաբար միշտ կը գտնուին օգնութեան ձեռք երկարողներ, որոնք մասամբ կը փորձեն դիւրացնել անոնց ծանր առօրեան: Այդ մասին յօդուած մը հրապարակած է «Ուիքենտ» կայքը: Իսկ այլ աչազուրկներու, անոնց խորհրդաւոր գիւղերուն մասին գրած է «Քարպ» կայքը:
*
ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԱՉԱԶՈՒՐԿՆԵՐՈՒ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԳԻՒՂ
Պատերազմէն քարուքանդ եղած Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ տեսողութեան խնդիրներ ունեցողներուն օգնելու նախագիծը շուտով կ՚ունենայ 200 բնակարան:
Եազան Հուսէյին Քասամը աչազուրկ իննամեայ տղայ մըն է, որ տեղահանուած է Սուրիոյ հիւսիսային Իտլիպ նահանգի Ապլին գիւղէն:
Երեք տարի ան կ՚ապրէր վրանին տակ, Կիլլ գաղթակայանին մէջ, որ Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող հարիւրաւոր նման վայրերէն մէկն էր, որ կը սպասարկէր աւելի քան 2 միլիոն մարդոց, որոնք տեղահանուած են հակամարտութեան պատճառով:
«Կ՚ուզեմ, որ վրանին տակ մեր թշուառութիւնը վերջանայ, եւ մեզի՝ կոյրերուս համար գիւղ ունենանք», ըսաւ ան:
Տարի մը ետք անոր ցանկութիւնը կատարուեցաւ, երբ ան տեղափոխուեցաւ Նուր գիւղը՝ եզակի բարեգործական նախագիծ մը, որ հիմնադրուած է 2021 թուականին եւ կը հիւրընկալէ տեսողութեան խանգարումներ ունեցողները եւ անոնց ընտանիքները:
«Այժմ ես ամէն օր դպրոց կ՚երթամ եւ կը սորվիմ կարդալ պրէյլեան գիրերով», կ՚ըսէ Եազան:
Ան ի ծնէ կոյր էր եւ երբեք լոյս չէ տեսած: «Ես լաւ կը զգամ այստեղ ընտանիքիս եւ ընկերներուս հետ», կ՚ըսէ ան:
Բարեգործութիւն՝ Սուրիոյ աչազուրկներուն
Նուր գիւղը բնակելի համալիր է Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը, որ կառուցուած է քուէյթեան բարեգործական Պասայէր կազմակերպութեան հետ եւ կը գործակցի տեղւոյն մարդասիրական «Տիա» կազմակերպութեան հետ՝ ըստ Նուր գիւղի ղեկավար Ամէր Մահմուտ Ճարատի:
Իր խնամածներուն նման՝ ինք նոյնպէս աչազուրկ է եւ կը ղեկավարէ աշխատանքը Android ծրագիրի Թոքպեք յաւելուածին հետ, որ կ՚օգնէ աչազուրկներուն՝ գործածել իրենց հեռաձայնները:
Գիւղին նախագիծը ներկայիս ունի 182 բնակարան, որոնցմէ 103-ը պատրաստուած են նորաստեղծ ընտանիքներու համար:
Մինչ այդ բարեգործական կազմակերպութիւնը որո՞ւ կը դիմէ շինարարական աշխատանքը շարունակելու համար: Ծրագիրի տնօրէնը կ՚ըսէ, որ իրենք ստեղծած են համակարգ մը՝ այնտեղ ապրելու կարիքները գնահատելու համար, նոյնպէս նկատի ունենալով ընտանիքին մէջ երեխաներու եւ տեսողութեան խնդիրներ ունեցողներուն թիւը:
«Ծրագրին մէջ ընդունուած իւրաքանչիւր ընտանիք ունի մէկ կամ աւելի աչազուրկ անձ», կ՚ըսէ Ամէր Ճարատ:
«Կան երկու տեսակի աչազուրկներ՝ ի ծնէ եւ անոնք, որոնք կորսնցուցած են տեսողութիւնը պատերազմական վնասուածքներու պատճառով: Ծնունդով աչազուրկները աւելի դիւրին կը յաղթահարեն, քան՝ պատերազմական վնասուածքներ ստացածները», կ՚աւելցնէ ան:
29-ամեայ Ահմէտ Հաթեմ Համիտը կորսնցուցած է տեսողութիւնը 2016 թուականին, երբ իր գիւղին վրայ արձակուած հրթիռին բեկորները հարուածած են զինք:
«Մեր գիւղը կրակի գիծին վրան էր», կ՚ըսէ Համիտ:
Ծագումով Համայի Հաւաշ գիւղէն, որ ժամանակին ծանր մարտերու վայր էր, ան ամուսնացած է եւ ունի երկու երեխայ: Ան այժմ կ՚ապրի Նուր գիւղին մէջ նշելով, որ կեանքը տակաւին դժուար է, քանի որ իր կինը նոյնպէս ծանր վիրաւորուած է նոյն յարձակման ժամանակ:
Ահմէտ իր ընտանիքին միակ աչազուրկն է, բայց հրթիռը, որ անոր տեսողութիւնը խլած է, ոչնչացուցած է նաեւ կնոջ ոտքը, եւ ան այժմ կախեալ է փրոթեզային անդամէ՝ իր առօրեան ապրելու համար:
40-ամեայ Ահմէտ Հապոպը հինգ հոգիէ բաղկացած ընտանիք ունի, ներառեալ՝ կինը եւ երեք դուստրերը: Ինչպէս Եազանը, ան եւս ի ծնէ կոյր էր եւ ապրած է հիւսիս-արեւելեան Իտլիպի արեւելեան Շալախ գիւղին մէջ, մինչեւ տեղափոխուիլը Նուր գիւղ:
«Կնոջմէս լսած եմ Նուր գիւղի մասին, արձանագրուեցանք եւ երեք ամիս ետք տեղափոխուեցանք գիւղ», կ՚ըսէ Ահմէտ:
Հիմնական առօրեայ կարիքները
«Ես այստեղ կեանքը աւելի յարմարաւէտ կը նկատեմ, քան՝ այն մարդիկը, որոնք կը տեսնեն», ըսաւ Նուր գիւղի ղեկավար Ամէր Ճարատ:
Ան կ՚ըսէ, որ հիւսիսային Սուրիոյ քաղաքներուն մեծ մասը, որոնք թատերաբեմ եղած են 12 տարուան հակամարտութիւններու, յոյս չունին տեսողութեան խնդիրներ ունեցողներու եզակի կարիքները բաւարարելու համար:
«Գիւղը ստեղծուած է անոնց կեանքը դիւրացնելու համար: Կայ դպրոց, հանրային պարտէզ, շուկայ եւ մզկիթ, բայց տակաւին չունի բժշկական կեդրոն։ Կեդրոնը պատրաստ է, բայց անոր աշխատանքը դեռ չէ սկսած», կ՚ըսէ ան:
Գիւղը նախագծուած է աչազուրկները նկատի ունենալով
Ճամբաները յատուկ ասֆալթապատուած են աչազուրկներու տեղաշարժը դիւրացնելու համար եւ՝ խնամքով կազմակերպուած, որպէսզի մարդիկ կարողանան իրենց ճամբան համեմատաբար դիւրին անցնիլ: Գիւղի շրջակայքը գտնուող պատերու սալիկները նշուած են պրէյլեան տառերով եւ աչազուրկներու համար այլ միջոցներով:
«Ձեռքս կը դնեմ շէնքին վրայ, որպէսզի ճանչնամ անոր թիւը, մեր բնակարանի թիւը ինն է: Կը սիրեմ ապրիլ գիւղը, վայր մը, ուր վերջապէս կրնամ գտնել ճամբաս՝ առանց օգնութեան, ուր բոլոր բնակարաններու դռները նշուած են Պրէյլի արձանագրութեամբ», կ՚ըսէ Եազան:
Գիւղի այլ բնակիչ մը՝ Ահմէտ Համիտ, կը ճանչնայ իր տունը դրան վրայ չորս թիւով: «Ճամբան ասֆալթապատ է, եւ դիւրին է շրջագայիլ քալելով: Շատ ժամանակ ես առանձին կ՚երթամ մզկիթ կամ շուկայ»:
Բնակարանի սալիկները ունին նախշեր, որոնք կ՚օգնեն աչազուրկներուն աւելի յարմարաւէտ ապրիլ տարբեր սենեակներու մէջ:
«Ես կրնամ առանձին մտնել սենեակներ, ես կը գտնեմ խոհանոցը եւ տան մուտքը՝ դպչելով սալիկներուն: Նուր գիւղ տեղափոխուելէ ետք իմ կեանքս փոխուած է դէպի լաւը, յատկապէս երբ գիտցայ, որ բոլորը աչազուրկ են, ինչպէս ես», կ՚ըսէ Հապոպ:
«Մենք կ՚ուզենք, որ ամսական դրամական օգնութիւն ըլլայ մեզի՝ արժանապատիւ կեանք ապահովելու համար», կ՚ըսէ Ճարատ: Բազմաթիւ բնակիչներ, հակառակ իրենց գնահատանքին եւ զգալի բարելաւուած իրավիճակին՝ կ՚ըսեն, որ կեանքը դեռ դժուար է:
«Ես չեմ կրնար աշխատիլ: Տանս մէջ շատ բաներ կը պակսին եւ ես չեմ կրնար գնել, մենք դրամական կամ պարենային օգնութիւն չենք ստանար: Մեզի դեռ պետք է օգնութիւն՝ մեր երեխաները մեծցնելու համար», կ՚ըսէ Ահմէտ Համիտ:
Հարիւր ընտանիք տեղափոխուած է աւելի ապահով եւ յարմարաւէտ վայր, սակայն կարիքը տակաւին մեծ է, քանի որ Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը աւելի քան երեք հազար աչազուրկ կայ:
ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԳԻՒՂԸ
Աշխարհի խորհրդաւոր գիւղը, ուր կոյր են ոչ միայն մարդիկ, այլեւ՝ անասուները, որոնց շարքին՝ թռչունները:
Մեր աշխարհը լի է բազմաթիւ խորհրդաւոր բաներով:
Դուք հաւանաբար լսած էք բազմաթիւ նման տարօրինակ բաներու մասին, որոնց պատասխանը դեռ չէ գտնուած: Կան բազմաթիւ այլ բաներ, որոնց մենք կը դժուարանանք հաւատալ:
Այս առեղծուածային վայրերուն շարքին ընդգրկուած է նաեւ Մեքսիկայի մէջ գիւղ մը: Այս գիւղին անունը Թիլթեփակ է, ուր բնակիչները բոլորն ալ կոյր են: Անոնք ոչինչ կը տեսնեն: Սակայն ի ծնէ կոյր չեն:
Թիլթեփակը նոյնպէս կը կոչուի Կոյրերու գիւղ:
Ըստ հաղորդուած տեղեկութիւններու, գիւղին մէջ կը բնակին զապոտեկներու քաղաքակրթութեան մարդիկ:
Գաղտնիքն այն է, որ այս գիւղին մէջ, երեխան բացարձակապէս բնականոն կը ծնի: Բայց ծնելէն քանի մը օր ետք ան տեսողութիւնը կը կորսնցնէ բոլորին նման:
Աւելի՛ն. այստեղ նոյնիսկ անասունները կոյր են:
Այս գիւղին մէջ ապրող ցեղի բնակիչները կը կարծեն, թէ անիծուած ծառն է իրենց կուրութեան պատճառը:
Կ՚ըսեն, որ Լաւախուէճա անունով ծառ մը կայ, որուն նայելէ ետք բոլորը՝ մարդոցմէ մինչեւ անասուններ, կը կորսնցնեն իրենց տեսողութիւնը: Այս ծառը տարիներ շարունակ գիւղին մէջն է:
Ի՞նչ յայտնաբերած են գիտնականները:
Գիտնականները համաձայն չեն այս կարծիքին: Անոնք կ՚ըսեն՝ մարդոց կուրութեան պատճառը ծառը չէ, այլ՝ վտանգաւոր եւ թունաւոր ճանճը:
Մասնագէտները կը խորհին, որ այս գիւղի տարածքին մէջ յայտնաբերուած են թունաւոր ճանճեր, որոնց խայթոցէն մարդիկ կը կորսնցնեն իրենց տեսողութիւնը:
Այս մասին տեղեկութիւն ստանալէ ետք Մեքսիկայի կառավարութիւնը փորձած է օգնել գիւղացիներուն:
Բայց կառավարութիւնն ալ չէ յաջողած: Ան փորձած է այս ցեղախումբը բնակեցնել այլ վայրերու մէջ, բայց այդ մարդիկը գոհ չեն մնացած այլ վայրերու մթնոլորտէն:
Գիւղի բոլոր բնակիչները՝ շուրջ 300 անձեր, կ՚ապրին 70 տնակներու մէջ: Այս տնակներէն ոչ մէկը պատուհան ունի:
Կ՚ենթադրուի, թէ ոմանց տեսողութիւնը կը բարելաւուի, եւ այդ պատճառով մնացեալ մարդիկ այդ գիւղին մէջ կը մնան:
ԵՄԷՆԻ ԽԱՇԱՊ ԳԻՒՂԻ ԲՆԱԿԻՉՆԵՐԸ ԿՈՒՐՑԱԾ ԵՆ ԼՈՅՍԷՆ, ՍԱԿԱՅՆ ԿՐՆԱՆ ՏԵՍՆԵԼ ԳԻՇԵՐԸ
Պատերազմէն հեռու Եմէնի գիւղերէն մէկուն մէջ կայ հազուադէպ երեւոյթ մը։
Լահիճ նահանգի Խաշապ գիւղի բնակիչները իրենց տեսողութիւնը կորսնցուցած են լոյսէն, բայց կրնան տեսնել գիշերը եւ ամբողջական մթութեան մէջ:
Մայրաքաղաք Սանաայէն հարաւ-արեւմուտք գտնուող գիւղին բնակիչները, որոնք կը տառապին ծայրայեղ աղքատութենէ, ջուրի եւ ելեկտրականութեան պակասէ, կ՚ըսեն, որ չեն կրնար տեսնել, երբ լոյս է, սակայն անոնց տեսողութիւնը կը լաւանայ, երբ արեւը մայր կը մտնէ:
Եմէնի մէջ նման դէպքերու մասին այլ հաղորդումներ չեն եղած, սակայն բժիշկներ կ՚ըսեն, որ այս երեւոյթը պայմանաւորուած է ծինային խանգարումով, որ կ՚ազդէ գիւղի բնակիչներուն վրայ:
Բժիշկ Հուսիեն Նուֆայլի, որ ուսումնասիրած է այս երեւոյթը, ըսաւ.
«Ասիկա պարագայ մըն է, որ կ՚ազդէ ցանցամաշկի (retina) լոյսի ընկալիչներուն վրայ, որոնք կը ստանան արեւուն լոյսը: Գոյութիւն ունին լոյսի ընկալիչներուն երկու տեսակներ, որոնք լոյս կը ստանան գիշերը եւ ցերեկը: Բայց եւ այնպէս, արեւու լոյս ստանալու համար պատասխանատու ընկալիչներուն հինգ առ հարիւրը կը տառապի խանգարումէ, որ կը յանգեցնէ տեսողութեան կորուստի՝ ցերեկային ժամերուն»:
Նուֆայլի ախտորոշած է խանգարումը՝ որպէս կոնաձեւ տարաճում (cone dystrophy), որ կը յառաջացնէ զգայնութիւն պայծառ լոյսերու նկատմամբ եւ վատ գունային տեսողութիւն:
Բժիշկը նոյնպէս յայտարարեց, որ անոր յաճախ կ՚ընկերանայ ցերեկային կուրութիւնը, լոյսի անհանդուրժողականութեամբ:
Խանգարումը, որ կ՚ազդէ տարբեր տարիքի մարդոց վրայ, բուժում չունի, սակայն յատուկ բժշկական արեւային ակնոցները կրնան օգնել թեթեւցնել լոյսը, որպէսզի խանգարումով տառապողները կարողանան օրուան ընթացքին բնականոն կեանք վարել:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան