ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ինչի՞ կ՚արժանանայ այն մարդը, որ առաքինի կին կը գտնէ:

Պատասխան. Սողոմոն Իմաստուն կը գրէ. «Առաքինի կին գտնողը բարիք կը գտնէ ու Տիրոջմէն շնորհք կը ստանայ» (Առ 18.22):

Դժբախտաբար, այսօրուան մեր ապրած ընկերութիւնը կ՚ապրի արժէքներու անկում, ուր առաքինութիւն, արժանիք, բարութիւն ու ազնուութիւն տեղ չունին, ատոնց փոխարէն հրապարակ իջած են լկտիութիւնը, անբարոյականութիւնը, «ազատութիւն»ը, ինքնախաբէութիւնը, երեւութապաշտութիւնը, եւ այլն:

Այսօրուան ամուսանցող զոյգերուն գրեթէ 80 տոկոսը փոխադարձ շահերու կամ ակնկալիքներու վրայ է, որ կը հիմնուին, այսինքն՝ երկու կողմերն ալ, տղայ կամ աղջիկ, կը նային իրենց «ընտրեալ»ին առաւելութիւններուն, կարողութիւններուն, հնարաւորութիւններուն, գեղեցկութեան, եւ այլն, այս բոլորը սակայն՝ արտաքնապէս, շա՜տ քիչերն են, որոնք ներքինին՝ հոգիին կը նային, շա՜տ քիչերն են, որոնք ազնիւը, բարին, առաքինին ու պարկեշտը կը փնտռեն:

Այսօր, շատ յաճախ ականատես կամ ականջալուր կ՚ըլլանք որոշ ամուսիններու իրենց կիներու գովքը հիւսելուն, անոնց գեղեցկութեան, գայթակղիչ, բարետես ըլլալնուն, եւ այլն, եւ այլն, կարծելով թէ կինը, ըտնրեալը պէտք է անպայման բարետես ըլլայ, գայթակղիչ ու գեղեցիկ…: Բնականաբար, երբ այս տողը կը գրենք չե՛նք նուաստացներ գեղեցիկ ու բարետես կիները, որովհետեւ բարետեսութիւնը, գեղեցկութիւնը, ամէն ինչ Աստուծմէ է, եւ հետեւաբար այդ բոլորին մէջ ամօթ բան չկայ: Խնդիրը մարդուն վերաբերմունքն է այդ բոլորին հանդէպ:

Առակագիրը յստակ կերպով կը յայտարարէ, թէ՝ առաքինի կին գտնողը բարիք կը գտնէ ու Տիրոջմէ շնորհք կը ստանայ: Հետեւաբար, մարդ նախքան գեղեցիկ ու բարետես կին փնտռելը, պէտք է փնտռէ առաքինի կին, որովհետեւ առաքինի կին գտնելով բարիք՝ օրհնութիւն կը գտնէ ու Աստուծմէ շնորհք կը ստանայ: Աւելին, երբ մարդ առաքինի կին գտնէ, ապա միաժամանակ գտած կ՚ըլլայ գեղեցիկ ու բարետես կին ալ, որովհետեւ գեղեցկութիւնն ու բարետեսութիւնը այս պարագային առաքինի կնոջ մնայուն ընկերակիցներն են:

Մարդը, արդարեւ, պէտք է փնտռէ այնպիսի կին, որու հետ ընտանիք կազմելով կարենայ տաքուկ բոյն մը ստեղծել, ուր տիրեն սէրն ու միաբանութիւնը, իրերհասկացողութիւնն ու հանդուրժողականութիւնը, զաւակներու դաստիարակութեան գործին մէջ իրերօգնութիւնը, աստուածավախ զաւակներ ու աստուածավախ օճախ դաստիարակելն ու կազմելը:

Այր եւ կնոջ համար, հետեւաբար, վերը նշուած յատկութիւնները պէտք է առաջնային ըլլան, այլ խօսքով, այր ու կին պէտք է ամուր հիմքերու վրայ կառուցեն իրենց տունը, ընտանիքը, արտաքինին, երեւոյթին շատ ուշադրութիւն պէտք չէ՛ դարձնեն, այլ՝ ներքինին: Բարսեղ Մաշկեւորցի Վարդապետը այսպէս կը խրատէ այրերուն ու կիներուն. «Այրեր եւ կիներ, մենք ո՛չ փափուկ մարմիններու կարիքն ունինք եւ ոչ ալ զարդարուած հագուստներու, այլ՝ ներքին զարդերու եւ փափկութեան։ Կարելի չէ միաժամանակ թէ՛ հոգին եւ թէ ալ մարմինը փափկացնել եւ զարդարել, ինչպէս որ կարելի չէ թէ՛ Աստուծոյ եւ թէ ունեցուածքին ծառայել»: Տակաւին. «Որքա՜ն այրեր ու կիներ կան, որոնք գեղեցիկ հագուելով՝ առաքինութեան զգեստներէն իսկապէս մերկ կը մնան։ Սակայն, հիմա որքա՛ն ալ ըսենք, այդ մերկութիւնը յայտնի չ՚ըլլար, սակայն այնտեղ կը յայտնուի, ուր առաքինութիւններէն մերկ՝ չարութեան հագուստով բոլորն ալ կ՚երեւին, ուր աղքատները փառքով կը զարդարուին, իսկ զարդարուածներն ու փափուկ կեանք ապրողները մերկ ու խայտառակուած՝ գեհեն կը մտնեն»: Իսկ խոնարհութիւն ցուցաբերող ու ոչ պճնասէր կիներուն նոյն վարդապետը այսպէս կ՚ըսէ. «Այն կինը, որ թէեւ զարդեր չի՛ կրեր, պճնասէր չէ, սակայն ինքզինք բարի գործերով չի՛ զարդարեր, այդպիսին պիտի պատժուի»:

Պսակ Ծայրագոյն Վարդապետ Խորէնեանը ամուսին եւ կին յարաբերութեան մասին հետեւեալը կը գրէ. «Հա՜յր որքան քաղցր անուն, ընտանիքին հոգին է այն, նա է որ կը շինէ, նա է որ կ՚երջանկացնէ, կ՚ազնուացնէ ընտանիքին գաղափարը. իր վերին աստիճանի անկեղծ սիրով, իսկ մայրը՝ չքնաղ զգացումներու փունջ մ՚է, որ տան պահապան հրեշտակը կ՚ըլլայ, եւ գնահատողը այն երջանկութեան, որ էրիկին կողմէ կը շնորհուի, կատարեալ մայր մը միայն կրնայ պահպանել հայրիկին վաստակը, եւ ըստ պատշաճի ծախսել. էրիկը՝ իր կինը պաշտպանելու, զանի սիրելու եւ անոր պէտքերուն հասնելու համար, իր անձը կը զոհէ անոր բարօրութեան ճամբուն վրայ, իսկ կինը իր բովանդակ հոգիով հնազանդութիւն եւ հաւատարմութիւն կ՚ուխտէ իր էրկան զոհողութիւններուն փոխարէն»:

Արդարեւ, այր մարդիկ պէտք է ամէն ինչ ընեն, որպէսզի առաքինի, պարկեշտ ու աստուածավախ կին գտնեն, որպէսզի անոնց հետ շարունակեն իրենց կեանքը: Աստուածավախ կին գտնողը, գտած կ՚ըլլայ առաքինի, պարկեշտ ու գեղեցիկ կին, որով այս բոլոր յատկութիւններով զարդարուած կ՚ըլլայ աստուածավախ կինը:

Աւարտենք, ընթերցողներուն ներկայացնելով հետեւեալ պատմութիւնը, որ կը խօսի աստուածավախ եւ միաժամանակ իմաստուն կնոջ յատկութեան մասին:

* Աղքատ կին մը ռատիօկայանի մը ծրագիրներէն մէկուն կը զանգէ, Աստուծմէ օգնութիւն խնդրելով: Անաստուած մըն ալ կը հետեւէր այդ ծրագիրին: Լսելով կնոջ խնդրանքը, կ՚որոշէ վրան խնդալ: Կնոջ հասցէն ձեռք ձգելէ ետք, կը կանչէ իր քարտուղարուհին, եւ կը հրամայէ անոր որ մեծ քանակութեամբ սնունդ գնէ եւ տանի այդ կնոջ: Եւ կը ղրկէ զինք հետեւեալ թելադրութեամբ.

-Երբ այդ կինը հարցնէ քեզի, թէ ո՞վ ղրկեց այս սնունդը, կ՚ըսես անոր՝ սատանան:

Քարտուղարուհին երբ այդ կնոջ տունը կը հասնի, կինը մեծապէս կ՚ուրախանայ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ իր ստացած օգնութեան համար: Ու կը սկսի տեղաւորել ստացածները իր աղքատիկ տան մէջ:

Քարտուղարուհին երբ կը տեսնէ, թէ կինը բան չ՚ըսեր, ինք կը հարցնէ կնոջ.

-Չե՞ս ուզեր իմանալ ո՛վ է ղրկողը:

Կինը կը պատասխանէ.

-Չեմ մտածեր այդ մասին, որովհետեւ եթէ Աստուած որեւէ մէկ բան որոշէ, նոյնիսկ սատանաները կը հնազանդին Անոր (Արաբերէնէ թարգմանուած):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 67

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2023